Տուշման
Տուշման | |
---|---|
Ծնած է | 8 Մարտ 1966 |
Ծննդավայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 3 Յուլիս 1992 (26 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Միւրիշէն, Մարտունիի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ուսումնավայր | Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | զինուոր |
Տուշման (Վարդան Ստեփանեան, 8 Մարտ 1966, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 3 Յուլիս 1992, Միւրիշէն, Մարտունիի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), Արցախեան պատերազմի հերոս, ֆետայի:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արցախեան պատերազմի հերոս Վարդան Տուշման Ստեփանեանը ծնած է 1966 թուական Մարտ 9-ին Երեւանի մէջ։ Սովորած է Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի թիւ 32 միջնակարգ դպրոցին մէջ։ Աչքի ինկաւ գերազանց առաջադիմութեամբ: Մանկութեան տարիներուն շատ ժամանակ անցուցած է գրադարանին մէջ, ուր կ՛աշխատէր անոր մայրը: Ընթերցած է Չարենց, Թումանեան, Շիրազ: 1983 թուականին աւարտելով դպրոցը աշխատանքի կ՛անցնի Պրտէ գործուածքներու գործարանին մէջ։ 1984 թուականին կամաւոր ծառայութեան անցած է Աֆղանիստանի մէջ՝ սովետական բանակի կազմին մէջ։ Ան կ՛երազէր տիրապետել ռազմական արուեստի ամբողջ հմտութիւններուն: «Աֆղանիստան ծառայելու գացի կամաւոր, կ՛ուզէի լաւ կռուիլ սովորել եւ կռուեցայ: Վատ զինուոր չեմ եղած եւ միշտ հաւատացած եմ, որ օր մը Հայոց բանակի զինուոր պիտի ըլլամ»: Զորացելէ ետք Տուշման կ՛ընդունուի Երեւանի պետական համալսարանի «Իրաւաբանական» հիմնարկ[1]:
Արցախեան շարժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1988 թուականէն Տուշման ամբողջապէս կը նուիրէ Արցախեան շարժման, ժողովուրդին ազատագրական շարժման, ճանաչում ու յարգանք ձեռք բերել ժողովուրդի շրջանին եւ թեռեւս կենդանութեան օրոք կը դառնայ իսկական հերոս: «Ամօթ է այն երիտասարդներուն համար, որոնք կը գնանան Ռուսաստան եւ այնտեղ կը դառնան հնոցապան կամ մեխանիկ: Թուրքիան մեր դարաւոր թշնամին է, ո՞վ պէտք է դառնայ զինուոր կամ սպա, ո՞վ պէտք է կռուի»: Վարդան միշտ առանձնացած է իր հայրենասիրութեամբ, իր բարոյական սկզբունքներով, գրագէտ գործունէութեամբ: «Ես կոմունիստ չեմ, ոչ ալ հնչակ կամ դաշնակ: Ես իմ երկրին զինուորն եմ», - յետոյ աւելցուց, որ կոչնչանան բոլոր այն մարդիկ ու կուսակցութիւնները, որոնք կը վնասուին ազգի շահերուն:
Արցախեան պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արցախեան պատերազմի առաջին տարիներուն համագործակցած է Հայ Դատի ռազմական թեւին հետ: Արցախի մէջ զէնքի պակաս կար եւ 1989 թուականին Վարդան յատուկ առաջադրանքով կը մէկնի Մոսկուա, ուրկէ աներեւակայելի ճանապարհով, ազատելով թեռեւս գոյութիւն ունեցող Սովետական միութեան ստուգումներէն, կրնայ Հայաստան հասցնել զէնք ու զինամթերք, որ յետոյ կ՛ուղարկուի Շուշիի Բերդաձոր գիւղը: Այնուհետեւ ընկերոջ՝ Արմեն Երիցեանի հետ կը ստեղծէ ռազմական «Ասպէտ» դպրոցը, ուր կը պատրաստուէին Արցախ մեկնող ֆետայիները:
«Զէնք վերցնել ու երթալ կռուելու արդեն իսկ մեծ հերոսութիւն է, իսկ ինչ որ ալ ըլլայ զինուորը`լաւ թէ վատ, կախուած է հրամանատարէն»: Հետագային Վարդանը կը ստեղծէ նոյնպիսի դպրոց նաեւ Արցախի մէջ։ Շատ բարդ էր Արցախ մեկնող նորակոչիկներու գործը: Վարդանը կը ոգեշնչէր պատանի զինուորներուն: Յետոյ ձեռքը կը վերցնէ բուռ մը հող ու կ՛ուտէ եւ կը պահանջէ, որ այդպէս ընեն նաեւ տղաները: Յետոյ կը սկսէր խոսիլ, որուն միտքը այն էր, որ մեր երկիրը, մեր հողը մեր մայրն է, եւ աշխարհի մէջ անոնցմէ աւելի քաղցր բան չի կայ: «Սիրեցէք զայն, ինչպէս կը սիրէք ձեր հօրն ու մօրը, որովհետեւ մեր հողը մեր բոլորիս ծնողն է»: Իսկ պատերազմ երթալով կ՛ուժգնանէր: Կատաղի մարտեր տեղի կ՛ունենային Երասխավանի, Ասկերանի, Շահումեանի շրջաններուն մէջ։ Վարդանը կ՛անցնի Կոռնիձոր (Корнидзор): Ընկերները անոր կը կոչեն «Տուշման»: Այս մականունը անոր տուած էին թուրքերը, որոնց դէմ կը կռուէր եւ որոնց սարսափ կը ներշնչէր: Այնուհետեւ Տուշման կը մասնակցի Իջեւանի եւ Նոյեմբերեանի շրջաններուն տեղի ունեցող մարտերուն: Այնուհետեւ, մշակոյթի աշխատողի փաստաթղթերով կ՛անցնի Արցախ, ուր կը մասնակցի Պատարա եւ Ասկերանի շրջանի Տահրաւ գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման:
1991 թուական Հոկտեմբեր 30-ին «Դաշնակցութիւն» բանակին կազմին մէջ, որուն հրամանատարն էր Աշոտ Ղուլեանը (Բեկոր Աշոտ), կը մասնակցի ԼՂՀ Հադրութ շրջանի Տող գիւղի ազատագրման մարտերուն: Այնուհետեւ Վարդանի բանակը կը մտնէ Քարագլուխ գիւղ, որ ազրպէյճանցիներու կողմէն իրականացուած «Օղակ» օբերացիոյ արդիւնքին մէջ աւերակ դարձած էր։ Վարդանի տղաներուն յաջորդ յաղթանակը Ստեփանակերտի արուարձան Կրկժանի` ազրպէյճանական ամուր հենակետի, ոչնչացման ուղղուած օբերացիան էր` 1992 թուական իւնուար 22-ին: Կրկժան ուղիղի կապ ունէր Շուշիի հետ, ուրկէ թուրքերը անընդհատ մարդկային ու ռազմական կը համալրէին ստանալ: Կրկժանի համար մղուող դիրքային մարտերը տեւեցին աւելի քան մէկ ամիս եւ ահա եկած էր վճռական յարձակման անցնելու պահը: Հայկական գրոհը սկսաւ գիշերը՝ երկու ուղղութեամբ: Իրականացուած գործողութեան մէջ իրենց մեծ դերը ունեցան Տուշմանի տղաքը՝ շուրջ 40 կռուողներ: Անոր խումբը յարձակելով թիկունքէն՝ անակնկալի բերաւ ազերիներուն: Քարին Տակի յաղթանակը դարձաւ հայկական ուժերու առաջին խոշոր յաղթանակը Արցախեան պատերազմին: Այս հայերու իրար յաջորդող յաղթանակներու սկիզբն էր՝ 1992 թուական Փետրուար 10-էն սկսած հայկական ուժերը իրար ետեւէն ոչնչացուցին Մալիպէյլ, Գուշչուլար եւ Լեսնո (Մեշալու) գիւղերու ազրպէյճանական կրակակէտերը: Այդ յաղթանակներու ողջ քաղցրութիւնն ու դառնութիւնը զգաց եւ ինքը՝ Տուշմանը, որ մարտերու անմիջական մասնակիցն էր:
Յաջորդ կարեւորագոյն յաղթանակներէն էին Խոջալուի կրակակէտերու ոչնչացումը (Փետրուար 25-26-ի գիշերը) եւ Ստեփանակերտ-ի օդանաւակաեանի ու Ստեփանակերտ-Ասկերան ինքնաշարժի ճանապարհներու բացումը՝ ազատումը ազերիներէն: Գործողութիւնը իրականացուեցաւ փայլուն կերպով եւ դարձաւ անգնահատելի յաղթանակ ԼՂՀ-ի մայրաքաղաքի ու շրջափակման մէջ գտնուող բնակավայրներու անուտանգութեան ապահովման համար: Այս յաղթանակները կարեւոր նշանակութիւն ունեցան նաեւ Շուշիի ազատագրման համար: Խոջալուի ազատագրման ժամանակ Բեկոր Աշոտի ուժերը յարձակման անցած են Ասկերանի շրջանի Քյարտուկ գիւղէն:
Շուշիի ազատագրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տուշմանը վստահութիւն կը ներշնչէր տղաներուն: Անոր համոզուածութիւնը, որ հայերը անպայման կազատագրեն Արցախ աշխարհի պատմական Շուշի մայրաքաղաքը, կը ոգեպնդէր տղոց:
«Հայրենիքի անունէն սխրանքներ գործել եւ հաւատալ յաղթանակին - ահա այս է մեր ուժի աղբիւրը»: Եւ հայ զէնքի, հայ զինուորին իսկական սխրանքը դարձաւ հնամենի Շուշիի ազատագրումը ազրպէյճանաթրքական 72-ամեա օգուպացիայէն: Անառիկ բերդ յիշեցնող Շուշի մտած ստորաբաժանումներուն մէջ առաջիններէն էր Բեկոր Աշոտի գլխաւորած 1-ին դաշնակցական վաշտը, որուն մէջ կը մտնէր նաեւ Տուշման Վարդանի գլխաւորած խումբը: Մայիս 7-8-ի գիշերը Շուշիի ուղղութեամբ իրականացուց հրետանային զօրաւոր յարուած, որմէ ետք սկսաւ գրոհը: Տուշմանի կռուողները յարձակման սկսան քաղաքի արեւելեան կողմէն եւ արդեն առաւոտեան ազատագրած էին Շուշիի շրջանէն թաղամասերը: Շոշ գիւղի կողմէն սկսաւ գնդապէտ (այժմ՝ ճեներալ-մայոր) Արկադի Կարապետեանի գլխաւորած գումարտակի գրոհը: Հիւսիս-արեւմուտքէն գրոհին միացան նաեւ Բեկոր Աշոտի գլխաւորած ուժերու մնացած մասը: հարաւէն յարձակում գործեցին Նուէր Չախոեանի, այսպէս կոչուած «աֆղաններու» վաշտը, ինչպէս նաեւ Ժիրայր Սեֆիլեանի եւ Աշոտ Խաչատուրեանի գլխաւորած գումարտակները: Նոյն ժամանակ գնդապէտ Սեյրան Օհանեանի գլխաւորած ուժերը շրջանակեցին քաղաքը հարաւ արեւմուտքէն՝ ազատագրելով Քեսալար (Кесалар), Բաշքենդ (Башкенд), Ջաւադլար եւ ուրիշ բնակավայրեր՝ ընդհանուր առմամբ 17: Շուտով յարձակման միացաւ նաեւ Վալերի Չիտչեանի գումարտակը: Սամուէլ Պապաեանի գլխաւորած բանակը Բերձորի կողմէ փակեց ազրպէյճանցիներու հնարաւոր օգնութեան ճանապարհը:
Առաւոտեան դէմ հայկական ուժերը իրականացուցին միասնական գրոհ: Շուշիի մէջ ձգուած էր մարդասիրական միջանցք՝ թշնամիին հեռանալու համար (Բերձորի (այն ժամանակ՝ Լաչին) կողմէն): Մայիս 9-ին կէսօրին մօտ քաղաքը ազատագրուեցաւ: Մարտին դաշտին մէջ բազմաթիւ զոհեր ձգելով, ձգուած մարդասիրական միջանցքով, թշնամին դիմեց փախուստի: Հայկական կողմը տուաւ 27 զոհ եւ շուրջ 180 վիրաւոր: Ազրպէյճանական կողմը տուաւ շուրջ 300 զոհ եւ 700 վիրաւոր: Որպէս ռազմավար հայկական կողմին մնաց թշնամիին ամբողջ հրետանին, զէնքերը եւ այլն: Շուշիի ազատագրումէն ետք ընկերները երկար բնտրեցին Վարդանին եւ գտան հայկական գերեզմանոցին մէջ։ Ան շամբէյն կը լեցնէր հին գերեզմանաքարերուն՝ «Մեր պապեր, Շուշին ազատագրուած է, հանգստացէք»[աղբիւրի կարիք ունի]:
Պատերազմի հետագայ ընթացքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մայիս 11-ին Տուշմանի խումբը Հայկի Էջմիածինի խումբին հետ շարժեցաւ Զարիսլու գիւղի ուղղութեամբ՝ պաշտպանելու ռազմական նշանակութիւն ունեցող ինքնաշարժի ճանապարհը: Այդ ժամանակ ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը իր առաջ խնդիր դրած էր վերադարձնել Շուշին: Փախելով Տուշմանի գլխաւորած ուժերուն հետ, ազրպէյճանցիները կատաղի մարտերէն ետք կը դիմեն փախուստի՝ մարտի դաշտին մէջ ձգելով մեծ քանակութեամբ ռազմավար՝ այդ թիւին «T-72» դանկեր, ինչպէս նաեւ կրելով զգալի մարդկային կորուստներ: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ յաղթական մուտք դէպի Լիսագոր եւ Բերձոր (այն ժամանակ՝ Լաչին): Իրականացուեցաւ Տուշմանի երազանքը՝ տուն վերադառնալ Շուշի-Լաչին ճանապարհով: Պատերազմի օրերուն հերոսին մայրը՝ տիկին Զարուհին, անոր կողքին էր եւ կ՛օգնէր որդիին: Ծանր ու դաժան մարտերուն Վարդանը շատ անգամ վիրաւոդուած է: «Բուժուելու օրերուն ան կը տանջուէր անոր համար, որ այլեւս չի կրնար երթալ կռուելու», - կը պատմէ Վարդանի մայրը՝ տիկին Զարուհին: 1992 թուական Մայիսին հրամանատարութեան որոշմամբ ստեղծուեցաւ Շուշիի առանձին գումարտակ: Հրամանատարի փոխարինող դարձաւ Տուշմանը: 1992 թուական Յունիսին ազրնէյճանական զինուժը՝ հզորացած Կիրովաբադի մէջ գտնուող սովետական 4-րդ բանակի 23-րդ փաժանումի ուժերով, լայնածաւալ յարձակում սկսաւ Արցախի վրայ։ Շահումեանի շրջանի գրաւմամբ ոգեւորուած թշնամիին յաջողեցուց գրաւել նաեւ ԼՂՀ Ասկերանի շրջանի Դահրազ (Даграз) եւ Ակբուլագ (Акбулаг), ուրկէ բացուեցաւ ուղիղ ճանապարհ դէպի հարաւ՝ Միւրիշեն: Ստանալով այս տագնապալի լուրերը Յունիս 14-ին Վարդանը արդեն Արցախի մէջ էր, ուր Միւրիշենցի Ագո-ի հետ սկսաւ սահմանի այդ հատուածին մէջ թշնամիին հակայարուած տալու աշխատանքներ նախապատրաստել:
Հերոսի մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ես պատերազմին շատ պէտք եմ, ինծի գնդակ չի դպչիր, իսկ եթէ զոհուիմ, միայն դաւադիր ականէն կ՛ըլլայ»: Վարդանը զոհուեցաւ 1992 թուական Յուլիս 3-ին, երբ իր զինուորական ընկեր Երոի (Արմեն Երիցեան) եւ Արայիկի (Արա Աւագեան) հետ մարտական առաջադրանք կը կատարէր ԼՂՀ Մարտունիի շրջանի Միւրիշեն գիւղի մոտակայքին: «Եթէ զոհուիմ` զինուած, մաքուր հագած կու գաք թաղմանս ու գլուխիս տակ դաշոյն կդնէք, որ այդ աշխարհին մէջ ալ պայքարիմ»: Վարդանի մարմինը հանձնուեցաւ իր այդքան սիրելի հողին՝ Երեւանին, հայ զինուորներուն գերեզմանոցին՝ Եռաբլուրի մէջ:
Հերոսի յիշատակին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Որքան մենք մեր ազգը կը սիրենք, գոնէ քիչ մըն ալ ազգը մեզ սիրէ:»
Ժողովուրդը մեծ յարգանքով ու հպարտութեամբ կը յիշէ ու կը գնահատէ այն, ինչ ըրած է իր համար Վարդանը: Վարդանը հետմահու պարգեւատրուած է «Մարտական խաչ» առաջին եւ երկրորդ աստիճանի շքանշաններով, «Շուշիի ազատագրման» եւ «Մօր երախտագիտութիւնը Արցախ աշխարհի հերոս զաւակներուն» մետալներով: Վարդանի անունով կը կոչուի ազատագրուած Շուշիի փողոցներէն մէկը, ինչպէս նաեւ ԵՊՀ ԱՄՆ-իոններէն մէկը, բազմաթիւ դպրոցներուն մէջ կան Վարդանի անունը կրող դասարաններ: Վարդանին նուիրուած է Դաւիթ Ամալեանի երգերէն մէկը, ինչպէս նաեւ Գագիկ Հայկազունու «Հպարտ գնացէք երգը»: Որդիին զոհուելէն ետք մայրը՝ տիկին Զարուհին, հակառակ ունեցած բոլոր դժուարութիւններուն, կրցաւ վերանորոգել բնակարանը եւ անոր տունը դարձնել տուն-թանգարան՝ ընդարձակ գրադարանով: Մուտքը այստեղ ազատ է եւ այցելութիւններու պակաս չ՛ըլլար: Այստեղ կու գան սփիւռքէն, ինչպէս նաեւ աշակերտներ, ուսանողներ, պատերազմի ընկերները: «Մեր Տուշմանը Տուշմաններէն-մեր Տուշման Վարդանը»-Այս վերնագիրը կը կրէ Տուշմանին նուիրուած Արամայիս Սահակեանի գիրքը, որ նուիրուած է տուն-թանգարանին: 2009 թուական մարտ 9-ին, Վարդանի ծննդեան 42-րդ տարեդարձին, անոր անուան գրադարան-տուն թանգարան առաջին այցելութիւնը կատարեց մարտական ընկերը՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սեյրան Օհանեանը եւ թանգարանի յուշամատեանին մէջ հանպատրաստէն այսպիսի տողեր գրեց. «Ես կը խոնարհիմ մեր բոլոր հերոսներու յիշատակի առջեւ, որոնց շնորհիւ այսօր հայ ժողովուրդը իր խաղաղ կեանքով կ՛ապրը: Ես կը խոնարհիմ Վարդանի ոգիին առջեւ, որ այսօր ալ կը սփռուի Հայաստանով մէկ եւ կը դաստիարակուի մատաղ սերունդին, եւ կը խոնարհիմ մայրերուն առջեւ` մասնաւորապէս տիկին Զարուհիին, որ անոնք կը պահպանէ ու կը բազմապատկէ հերոսներուն սխրագործութիւնները»: 2009 թուական Յուլիս 3-ին ԼՂՀ Մարտունիի շրջանի Միւրիշեն գիւղին մէջ, այնտեղ, ուր զոհուած էր Վարդանը, կանգնեցուցին նոր յուշարձան:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Տուշման (Վարդան Ստեփանեան, 1966-1992). Արցախեան Ազատամարտի ֆետայական խոյանքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-05-28-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-08
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Վարդան (Տուշման) Ստեփանեան(անգլերէն):