Հադրութ

Բնակավայր
Հադրութ
ազրպ.՝ Hadrut
Երկիր Արցախ
ԲԾՄ 720 մեթր
Պաշտօնական լեզու ազրպէյճաներէն
Բնակչութիւն 4100 մարդ (2015)
Կը գտնուի ափին Գոզլու?
Ժամային գօտի UTC+4։00

Գետահատ, Հադրութ, քաղաք Արցախի հարաւարեւելեան մասը՝ Հադրութի շրջանի վարչական կեդրոնն է։ Ստեփանակերտէն շուրջ 50 քմ հարաւ-արեւելք։ Քաղաքը այսօր ունի շուրջ 4500 բնակիչ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հադրութի հիմնադրման ժամանակը յայտնի չէ։ Քաղաքի եւ անոր շրջակայքի տասնեակ յուշարձանները կը վերաբերին հեթանոսական, վաղ քրիստոնէական եւ միջնադարեան ժամանակաշրջաններուն։ Հադրութ պարսկերէն կը նշանակէ «գետահատ», «գետամէջ» կամ բառացի՝ երկու գետերու միջեւ (բնակավայրի երկու կողմերով կը հոսին երկու գետակներ, որոնք կը միախառնուին Հադրութի ստորին մասը՝ Խորը աղբիւրի մօտ)։ 19-րդ դարուն, Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միանալէն ետք, քանի մը տասնամեակու ընթացքին քառապատկուած է Հադրութի բնակչութեան թիւը։ Աշխուժացած են արհեստները, որոնց թիւը 20-րդ դարու սկիզբը շուրջ 25 էր։ Յայտնի էին որմնադիրները, դարբինները, հիւսները, ոսկերիչները, գորգագործները, մե3տաքսագործները։ Հադրութը, Շուշիէն ետք, երկրամասին մէջ երկրորդ արհեստագործական կեդրոնն էր։ 1913-ին ունէր 2795 բնակչութիւն, կը գործէր մետաքսակարժական երկու գործարան, օղեթորման եւ գինիի պատրաստման 46 արտադրամաս, ոսկերչական եւ գորգագործական 6 արհեստանոց, կղմինդրի 2 գործարան։ Հադրութի մետաքսը ներկայացուած է համաշխարհային ցուցահանդէսներու. 1882-ին Մոսկուայի տօնավաճառին մէջ այն արժանացած է պրոնզէ, իսկ 1883-ին ԱՄՆՖիլատելֆիա քաղաքին մէջ՝ ոսկիէ մետալի։ 1918-ին հադրութցիները ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուած են Զանգեզուրի վրայ յարձակման գնացող թրքական զօրքերուն։ Խորհրդայնացումէն ետք, բռնի յայտնուելով Ազրպէյճանական ԽՍՀ կազմին մէջ, Հադրութը զրկուած է իր զարգացման հնարաւորութիւններէն, փակուած են գրեթէ բոլոր արդիւնաբերական ձեռնարկութիւնները, կտրտուած կամ արմատահան եղած են հարիւրաւոր շահութաբեր թթենիի այգիներ։ 1988Ղարաբաղեան շարժման շնորհիւ Հադրութի բնակչութիւնը ազգային վերածնունդ ապրած է։ Քաղաքի բնակիչները համայն արցախահայութեան հետ պայքարեցան իրենց ազատութեան համար։

Հադրութի քաղաքային յուշահամալիր

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ռուսաստանի հայ համանյքի հովանաւորութեամբ Հիմնադրամը համայնքին մէջ կառուցած է խմելու ջուրի ջրագիծ, իսկ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ԱՄՆ արեւելեան շրջանի տեղական մարմնի ֆինանսաւորման շնորհիւ գիւղին մէջ կը գործէ գիւղտեխնիկայի կայան։ Քաղաքի բնակիչները կը զբաղուին նաեւ խաղողի, հացահատիկի եւ անասնապահական մթերքներու արտադրութեամբ։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մայիս 2013-ին Հայաստան համահայկական հիմնադրամը Դրախտիկի մէջ շահագործման յ9անձնեց երկու ենթակառոյց։ Հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ այստեղ կառուցուած է 50 երեխայի համար նախատեսուած մանկապարտէզ[1],[2]։ Հիմնադրամի Թորոնթոյի տեղական մարմինի հովանաւորութեամբ ալ Մայիսէն կը գործէ համայնքային կեդրոնը[3] (բուժկէտ, ծննդասենեակ, հանդիսութիւններու դահլիճ, համակարգչային կեդրոն, գրադարան, գիւղապետարան)։

Ճարտարապետութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Հադրութը օղակուած եղած է պաշտպանական շարք մը բերդ-ամրոցներով։ Հիւսիս-արեւելքը պահպանուած են «Բերդի մուտք» անունով հին բերդապարիսպի հետքերը, հարաւը՝ «Ծծախաչ» անունով բերդի, հիւսիսը՝ «Վնեսաբերդի», հարաւ-արեւելքը՝ «Ցորաբերդի» պարիսպներու եւ աշտարակներու առանձին մասեր։ Հադրութը, գաւառով հանդերձ, բազմիցս ենթարկուած է պարսիկներու, արաբներու, սելճուքեան թուրքերու, թաթար-մոնղոլներու, օսմանեան թուրքերու աւերածութիւններուն, սակայն, միշտ վերակառուցուած է։ Այդ կը վկայեն Հադրութի եւ շրջակայ գիւղերու Սպիտակախաչ վանքի, Շախկախի, Շինատեղի, Անապատի, Սուրբ Յարութիւն, Սուրբ Աստուածածին, Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ամենափրկիչ, Սուրբ Գրիգոր վանքերու ու եկեղեցիներու (9-17-րդ դդ.) վիմագրերը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ յուշարձաններ։ 19-րդ դարուն կազմակերպուած է Հադրութի կանոնաւոր յատակագիծով կառուցապատումը. անխաթար պահպանուած են քաղաքի հին հատուածը (շրջկեդրոնի ստորին մասէն մինչեւ վերին գե3րեզմանատունը), փողոցի երկու կողմերը հայկական ժողովրդական ճարտարապետութեան արժէքաւոր կառոյցներ՝ պատշգամբաւոր բնակելի տուներ (1-3-յարկանի), խանութներ, արհեստանոցներ։ Հադրութի մէջ կը տպագրուի «Դիզակ» թերթը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]