Jump to content

Աշոտ Ղուլեան

Աշոտ Ղուլեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Աշոտ Հմայակի Ղուլյան
Ծնած է 6 Հոկտեմբեր 1959(1959-10-06)
Ծննդավայր Պաքու, Խորհրդային Միութիւն
Մահացած է 24 Օգոստոս 1992(1992-08-24) (32 տարեկանին)
Մահուան վայր Կիչան, Մարտակերտի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Դրմբոն, Մարտակերտի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Մայրենի լեզու հայերէն
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Երեխաներ երեք որդի՝ Արթուր, Հմայեակ եւ կրտսերը՝ Բեկոր

Բեկոր Աշոտ (իսկական անունը՝ Աշոտ Ղուլեան, 6 Հոկտեմբեր 1959(1959-10-06), Պաքու, Խորհրդային Միութիւն - 24 Օգոստոս 1992(1992-08-24), Կիչան, Մարտակերտի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Դրմբոն, Մարտակերտի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, ԼՂՀ Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր։

Աշոտ Ղուլեան ծնած է Պաքու, 6 Հոկտեմբեր 1959-ին: 1975-ին, Ղուլեաններու ընտանիքը տեղափոխուած է Ստեփանակերտ, ուր ուսանած եւ 8րդ դասարանը աւարտած է Աշոտ։ 1977-ին զօրակոչուած է խորհրդային բանակ, որու շարքերուն մէջ ծառայած է մինչեւ 1979: Զօրացրուելէ ետք, անմիջապէս նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ միաժամանակ երեկոները հետեւելով ուսման։ 1985-ին աւարտելով ուսումը՝ ան ամուսնացաւ եւ Աշոտ ու Նելլի Ղուլեանները ունեցան երեք որդի՝ Արթուր, Հմայեակ եւ կրտսերը՝ Բեկոր, որ ծնաւ հօր զոհուելէն քանի մը ամիս ետք: Ինչպէս որ կենսագիրները կը վկայեն, Աշոտ բազմարհեստ, «ոսկի ձեռքեր» ունեցող վարպետ էր՝ դերձակ, շինարար, ինքնաշարժի վարորդ, փականագործ:

Արցախեան պատերազմ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արցախեան ազգային-ազատագրական շարժման սկզբնական փուլէն իսկ՝ նախազգալով, որ հաւաք-ցոյցերը սպասուող անխուսափելի պատերազմի նախերգանքն են, եւ առանց զէնքի՝ անկարելի պիտի ըլլայ նուաճել ազատութիւնն ու անկախութիւնը, ան գաղափարակից իր ընկերներուն հետ ձեռնամուխ եղաւ ինքնաշէն նռնակներու, ինքնաձիգներու, հրացաններու եւ նռնականետներու պատրաստութեան։ Այդ զէնքերու փորձարկումներուն ժամանակ, Աշոտ երեք անգամ վիրաւորուած է: Անոր ստեղծած առաջին զէնքը 16 կապարի կարճափող հրացանը եղած էր։ Իսկ երբ հասաւ պահը, Աշոտ լծուեցաւ դէպի Արցախ գաղտնաբար զէնքեր փոխադրելու գործին եւ այդպէս իր տեղը գտաւ Արցախեան ֆետայական շարժման ակունքներուն մէջ։ «Բեկոր» իր մարտական մկրտութիւնը ստացաւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանին մէջ՝Իջեւանի ուղղութեամբ, ուր թշնամին արդէն սկսած էր իր ոտնձգութեանց:

Մինչեւ Արցախի «իսկական» պատերազմական գործողութեանց սկզբնաւորումը, Բեկոր մասնակցած է հայդուկային-հրոսակային շատ գործողութիւններու: Այդ շարքին յատկապէս յիշատակելի է Բեկորիի ղեկավարած կարեւոր խափանարարական գործողութիւնը՝ Քարվաճառի մէջ տեղակայուած ՕՄՕՆ-ականներուն ռազմական օգնութիւն տանող ատրպէյճանական ռազմական շարասիւնին վրայ յարձակումը եւ այս վերջինին ոչնչացումը: Դաշնակցութեան անդամագրուելով՝ Բեկոր շատ կանուխէն եւ շատերէն առաջ յանգեցաւ այն համոզումին, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար նախապայման էր ստեղծել մշտական, կանոնաւոր բանակ՝ իր կառուցուածքով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Այդպէս 1991-ին, երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակի առաջին զօրամասերուն կազմաւորումը, Բեկորին առաջարկուեցաւ գլխաւորել առաջին վաշտը, որուն կորիզը նոյնինքն իր ղեկավարած ջոկատն էր։ Բեկոր մասնակցած է Արցախի տարածքին մղուած մարտերու մեծ մասին՝ Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Վերին շէն, Բուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիբեկլու, Խոջալու, Կրկժան, Լեսնոյ, Քարին տակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխաւենդ, Բաշ-Գիւնեփայա, Օրթա-Գիւնեփայա, Դրմբոն…:

Շուշիի ազատագրումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1992-ին Շուշիի ռազմական գործողութեան ժամանակ առաջին վաշտը Բեկորի գլխաւորութեամբ կը մտնէ քաղաք։ Կ'ըսէ, որ 8 Մայիսին առաւօտեան, Աշոտը հեռակապով կը կապուի Արկադի Տէր-Թադեւոսեանի (Գոմանտոս) հետ՝ Կեդրոնական շտապ, եւ հաղորդում, որ յայտնեն ԼՂՀ Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատարին, որ ինքը նստած է Շուշիի բերդի պատին ու կը սպասէ տղոց բարձրանալը։ «Մինչեւ մի քանի վայրկեան կը մտնեմ քաղաք»,- կ'աւելցնէ Բեկորը‌:

24 Օգոստոս 1992-ին Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը եղաւ վերջինը… անզուգական Բեկորին։ Այս անգամ գնդակը մահացու էր, եւ ան հեռացաւ այս աշխարհէն՝ երթալու եւ համալրելու համար անմահ փաղանգը հայոց քաջարի հերոսներուն։

Բեկորի խօսքերէն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Եթէ Ղարաբաղը կործանուի, ապա միայն քաղաքական խաղերու պատճառով պիտի կործանուի - քաղաքականութիւնը ամէնէն սարսափելի գիշատիչն է»։
  • «Ղարաբաղը լոկ սկիզբն է, վերջը պիտի լինի Արեւմտեան Հայաստանը»: