Վեր. Եղիա Ս. Քասունի

Վեր. Եղիա Ս. Քասունի
Ծնած է 5 Փետրուար 1874(1874-02-05)
Ծննդավայր Այնթէպ, Հալէպի գաւառ, Հալէպի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է Մարտ 1913 (39 տարեկանին)
Մահուան վայր Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվանիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք Աւետարանական
Մասնագիտութիւն հոգեւորական, պատմաբան

Վեր. Եղիա Ս. Քասունի ծնած է 5 Փետրուար, 1874-ին, Այնթապի մէջ։ 1959 թուականի Մարտին, Ֆիլատելֆիոյ ԱՄՆ մէջ, 85 տարեկանին կը մահուան։ Ամբողջ 65 տարիներ անսակարկ նուիրումով ու հաւատարմութեամբ ծառայեց հայ ժողովուրդին: Բազմավաստակ կրթական մշակ, եկեղեցական գործիչ ու պատմաբան: Իր ետին ձգելով անկորնչելի ժառանգութիւն մը, որուն, աւա՜ղ, ցարդ կը պակսի գիտական լիիրաւ գնահատանքի խօսքը:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 5 Փետրուար, 1874-ին, Այնթապի մէջ, ուր նաեւ 1879-1888 տարիներուն կը ստանայ իր նախակրթութիւնը: Մինջանկեալ, 1883-1884 տարիներուն, տնտեսական դժուար պայմաններու բերումով կը ստիպուի հրաժարիլ դպրոցէն, հետեւելու համար թաղեգործութեան: Այս տարիներուն՝ Վարդանանց դպրոցի գիշերային դասընթացքներուն հետեւելով միատեղ, իր իսկ վկայութեամբ՝ «Հօրս հետ տան մէջ կ՛ուսումնասիրէինք Սուրբ Գիրք, Քրիստոնէական Վարդապետութիւն ... ու Հայոց Պատմութիւն այսինքն՝ Չամշեանի Պատմութեան «Կիւլիւզարի Թեվարիխ» անուն հայատառ համառօտագրութիւնը ... »:

1888-1895 տարիներուն ան ուսանող է Այնթապի Գոլէճին մէջ։ Յաջորդ երկու տարիներուն՝ ուսուցիչ Մարաշի Ամերիկեան Աքատեմի-ի մէջ:

1908-ին կ՛անցնի Գերմանիա, ուր Պերլինի մէջ կը հետեւի մանկավարժական դասընթացքներու:

1910-1915 տարիներուն, ուսուցիչ՝ Մարաշի Գերմանական Մանչերու Վարժարանին մէջ, երբ միաժամանակ կը հետեւի Աստուածաբանական Վարժարանի կարգ մը դասընթացքներուն: Յետոյ՝ աքսորի տառապանքի ու բանտարկութեան տարիներ Սուրիոյ մէջ՝ Հաւրանէն մինչեւ Դամասկոս:

Վեր. Եղիա Ս. Քասունի որպէս հովիւ, ուսուցիչ եւ տնօրէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1919-1937 տարիներուն Վեր. Եղիա Ս. Քասունի որպէս հովիւ եւ ուսուցիչ յաջորդականօրէն բնակութիւն կը հաստատէ Պոլիս, Քեսապ, Դամասկոս, կրկին Պոլիս ու ապա: Հալէպ:

1937-1944 տարիերուն Պէյրութի մէջ ան կը վարէ Հայ Աւետարանական Բարձրագոյն Վարժարանի (Հայ Աւետ. Գոլէճ) տնօրէնութեան պաշտօնը:

Իր ուսուցչական ասպարէզի ամբողջ ընթացքին, Վեր. Եղիա Ս. Քասունի կը մնայ հայերէն լեզուի, հայ եկեղեցւոյ եւ հայկական մշակութային արժէքներու ջերմ պաշտպանն ու անձնազոհ քարոզիչը: Համիտի բռնակալութեան շրջանին ան մեզի կը դասաւանդէր Հայոց Պատմութիւնը թէ՛ բերանացի եւ թէ՛ գրաւոր: Աշխարհագրութեան դասի միջոցին իսկ առիթը կը գտնէր անդրադառնալու հայ պատմական դէմքերու եւ դէպքերու՝ խանդավառուած ոճով ...», կը վկայէ իր ուսանողներէն Բժիշկ Յ. Տէր Ղազարեան:

Որպէս եկեղեցական գործիչ, ան իր անխախտ հաւատքին միացուցած է անխարդախ նկարագիր մը, որուն խորթ էր ընկերութեան մէջ այնքան օգտագործուած «դիւանագիտութիւն»ն ու «առաձգականութիւն»ը:

Ծննդեան 70 ու 80-ամեակներուն նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1944-ի Ապրիլ-ին: Պէյրութի մէջ, Հայ Աւետ. Ա. Եկեղեցիի նախաձեռնութեամբ տեղի կ՛ունենայ Վեր. Եղիա Ս. Քասունի.ի 70-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնը: Իսկ

1954-ի Մայիսին՝ Հայ Աւետ. Մեսրոպեան Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ, ծննդեան 80-ամեակին նուիրուած յոբելինական հանդիսութիւնը:

1957-ին Վեր. Եղիա Ս. Քասունի կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:

Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի ուսումնասիրութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ուսումնասիրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրթական ու եկեղեցական իր աշխատանքներու կողքին, Վեր. Եղիա Ս. Քասունի կը նուիրուի հայ ժողովուրդի քաղաքական ու մշակութային պատմութեան ուսումնասիրութեան: Զինուած գիտական մտածողութեամբ ու անկաշառ պայծառատեսութեամբ, ինքնավստահ բազմաթիւ լեզուներու (գրաբար, օսմաներէն, անգլերէն, գերմաներէն, ֆրանսերէն ու յունարէն) հմտութեամբ, բայց մանաւանդ համբերատար ու մանրազնին աշխատանքով, ան կը ձեռնարկէ հայ ժողովուրդի պատմութեան հին ու նոր բազմաթիւ հարցերու վերլուծումին ու լուսաբանման:

Հակառակ իր նիւթական անցուկ պայմաններուն, ու մինչեւ 1937 թ. ապրած անդաստական կեանքին, ու դեռ հակառակ Համաշխարհային Բ. Պատերազմին պարտադրած նոր անձկութիւններուն, ու 1944-էն ետք թոշակառուի իր շատ համեստ կեցութեան, Վեր. Եղիա Ս. Քասունի կը յաջողի յամառ ու մեթոտիկ աշխատանքով յաղթահարել բոլոր դժուարութւնները եւ ստեղծել պատմագրական ու բանասիրական այն պատկառելի ժառանգութիւնը, որ աւելի քան երբեք կը մնայ իր ժողովուրդին հանդէպ անոր ունեցած սիրոյն ու հաւատքին անկորնչելի գրաւականը:

Քննական մեծ ու փոքր ուսումնասիրութիւններ տարբեր ստորագրութիւններով[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր առաջին քննական ուսումնասիրութիւնը՝ «Աբրահամ եւ Հայկ» խորագրով, Վեր. Եղիա Ս. Քասունի կը հրատարակէ

«Հանդէս Ամսօրեայ»ի 1907Փետրուարի համարին մէջ, ՍԵՊ ստորագրութեամբ, որուն կը յաջորդեն յիսունէ աւելի իր մեծ ու փոքր ուսումնասիրութիւնները, որոնք լոյս կը տեսնեն

«Հանդէս Ամսօրեայ»ի Վիեննա, «Րահնիւմա»ի Պոլիս,«Աւետաբեր»ի Հալէպ,

«Հայաստանի Կոչնակ»ի Նիւ Եորք,

«Զարթօնք»ի Պէյրութ, «Պատանեկան Արձագանք»ի Պէյրութ, «Ջանասէր»-ի Պէյրութ, «Ամենուն Նոր Տարեցոյցը»ի Պէյրութ, «Ծիածան»ի Պէյրութ,

«Սեւան»ի Հալէպ,

«Ակօս»ի Պէյրութ, «Հասկ» եւ «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ի Անթիլիաս մէջ, «Եղիա Պէհնիսլեան», «Ե. Տիշոեան», «Ե. Քասունի» եւ «Եղիա Ս. Քասունի» ստորագրութիւններով: Մինչեւ 1951թ. Վեր. Եղիա Ս. Քասունի մամուլի մէջ հրատարակած ուսումնասիրութեանց մատենագիտական ամբողջական ցանկին համար տես՝ Գէորգ Ա. Սարաֆեան խմբ., «Պատմութիւն Անթէպի Հայոց», (Բ. Հատոր), Լոս Անճելըս, 1953, (էջ 626-629):

Ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մամուլի մէջ լոյս տեսած իր բազմաթիւ ուշագրաւ ուսումնասիրութիւններէն կ՛արժէ յիշել՝

  • «Գող Վասիլ» «Ակօս» 1949-1959, (գիրք ԻԹ., Լ., ԼԱ.):
  • «Ժամանագրական Ճշդումներ Հեթանոս Հայ Արշակունեաց Պատմութեան» «Ակօս», 1956 Թիւ 10-12, 1957 (Թիւ 1-7):
  • «Հայոց Նպաստը Աշխարհի Քաղաքակրթութեան» «Հայաստանի Կոչնակ» 1959 (Թիւ 7-42):
  • «Գր. Հ. Գալուստեանի խմբագրած Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ Հերոս Զէյթուն» Նիւ Եորք, 1934 հատորին մէջ։ Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի գրչին կը պատկանին
  • «Մարաշի Պատմութիւնը» (էջ 193-219), եւ «Մարաշի Տեղագրութիւնը» (էջ 250-267) բաժինները:

Ուշագրաւ աշխատասիրութիւններ՝ Պատմութիւն Անթէպի Հայոց[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւն Անթէպի Հայոց երկհատոր աշխատասիրութեան մէջ իր գրչին արգասիքն են հետեւեալ բաժինները՝

  • «Անթէպի Աշխարհագրականն ու Տեղագրականը» (Ա. հատոր, էջ 39-91):
  • «Անթէպի եւ Շրջանակին Պատմութիւնը» (Ա. հատոր, էջ 92-327):
  • «Հայ Աւետարանականութիւնը Անթէպի Մէջ» (Ա. հատոր, էջ 492-560):
  • «Աստուածաբանական Ուսումը Անթէպի Մէջ» (Ա. հատոր, էջ 804-808):
  • «Կեդրոնական Թուրքիոյ Գոլէճի Պատմութիւնը» (Ա. հատոր, էջ 809-858):
  • «Աղջկանց Ամերիկեան Բարձր. Վարժարանը» (Ա. հատոր, էջ 867-877):
  • «Անթէպի Հայոց Բարբառը» (Բ. Հատոր, էջ 313-380):

Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի հրատարակչական աշխատասիրութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հրատարակչական աշխատասիրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առանձին հատորներով հրատարակուած Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի աշխատասիրութիւններէն առանձնապէս կ՛արժէ յիշատակել:

  • «ՓԻԼԱՐՏՈՍ ՀԱՅԸ» (Կոմմագենացի) ծածկանունով, Հալէպ, 1930, 95 + ԺԶ էջ:
  • «ԱՇՈՏ ՈՂՈՐՄԱԾ ԵՒ ԻՐ ՇՐՋԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ», Պէյրութ, 1939, 70 էջ:
  • «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐ» (Բ. Շարք), Պէյրութ, 1945, 58 էջ:
  • «ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐ» (Բ. Շարք), Պէյրութ, 1946, 72 էջ:
  • «ԼՈՒՍԱՇԱՒԻՂ – ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ» 1846-1946, Պէյրութ, 1947, ԺԸ + 603 էջ:
  • «ՆԱԽԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» (Հայաստանի Քննական Պատմութիւնը Նորքարային Շրջանէն 600 Ն.Ք.), Պէյրութ, 1950, Ի + 752 էջ:
  • «ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՊԱՏՄՈԻԹԻՒՆԸ» (Նորքարային Շրջանէն Մինչեւ Ոսկեդար), Պէյրութ, 1954, 325 էջ:
  • «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԻՆ ՀԱՅ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ», Պէյրութ, 1959, 316 էջ:

Հրատարակչական անտիպ աշխատասիրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ կը նշէ, որ Վեր. Եղիա Ս. Քասունիի աշխատասիրութիւններէն անտիպ կը մնան հետեւեալները՝

  • «ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ» (Ե-ԺԷ. Դարեր)
  • «ՊԱՏՄԱՔՆՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ»
  • «ՄԵԾՆ ԱՂԵՔՍԱՆԴՐԷ ՄԻՆՉԵՒ ՄԵԾՆ ՏԻԳՐԱՆ»
  • «ՀԱՅ ԱԶԳԻ ԾԱԳՈՒՄԸ»
  • «ՀԱԹԵԱՆՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԱՐՐԻ-ՄԻՏԱՆՆԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ»
  • «ԱՍՈՐԻ ՑԵՂԻՆ ԴԵՐԸ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
  • «ԱՂՈՒԱՆԻՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՀԱՅ ԿԻՆԵՐ» (Գ. Շարք)
  • «ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» (2)
  • «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԿՈՒՆՔԸ ԺԱ-ԺԲ. ԴԱՐԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՆՈՐ ԱՐԴԻՒՆՔԸ» (3)

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]