Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս
Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնի հրատարակութիւն, որ լոյս կը տեսնէ 1970-էն ի վեր Լիբանանի մէջ։
Հրատարակութիւն եւ խմբագիրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հանդէս»ի հրատարակութեան մտայղացումը կը պատկանի Դոկտ. Երուանդ Քասունիին, որ եղած է նաեւ առաջին տասը հատորներուն խմբագիրը։
«Հանդէս»ին հիմնական նպատակներէն է ստեղծել փոխհաղորդակցութեան կամուրջ մը հայրենի եւ սփիւռքահայ հայագէտներու միջեւ։
Տարբեր տարիներու «Հանդէս»ի խմբագիրներ եղած են Երուանդ Քասունին, Լեւոն Վարդանը, Ժիրայր Դանիէլեանը, Արա Սանճեանը, Պարոյր Աղպաշեանը, Կարօ Յովհաննէսեանը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, «Հանդէս»ը ունեցած է անկանոն հրատարակութիւն (դադրած է 1985-1991), սակայն 1991-էն ի վեր, անիկա կը շարունակէ հրատարակուիլ կանոնաւորապէս։ ԺԱ. հատորէն ի վեր «Հանդէս»ի խմբագիրն է Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան։ Խմբագրական կազմին մաս կը կազմեն (2015) Դոկտ. Արտա Էքմէքճի, Դոկտ. Արշալոյս Թօփալեան, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան (պատասխանատու քարտուղար), Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը։ «Հանդէս»ը ունի նաեւ Խորհրդատու Մարմին, բաղկացած հայաստանցի եւ սփիւռքահայ մասնագէտները։
Բովանդակութիւն եւ բաժիններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի առանձնայատկութիւններէն է հայագիտական լայնածիր յօդուածներու հրատարակութիւնը։ Ըստ խմբագիրներուն աշխարհայեացքին, հայութեան առնչուող ամէն նիւթ, եթէ ունի գիտական հիմք, հայագիտութիւն է։ Առ այդ այնտեղ կը հրատարակուին այլաբնոյթ յօդուածներ, առանց բովանդակային սահմանափակման։
«Հանդէս»ի հիմնական բաժիններն են. «խմբագրական», «յօդուած-ուսումնասիրութիւն», «հաղորդում», «հրապարակում», «գրախօսական», «մահագրական», «Հայկազեան Համալսարանի Հայագիտական Ամբիոնի հրապարակային գործունէութեան տեղեկագրութիւն»։
«Հանդէս»ի իւրաքանչիւր հատոր, մանաւանդ ԺԱ. հատորէն ետք ունի խմբագրական խօսք, ուր կ՚արտայայտուին հայագիտութեան տարբեր խնդիրներու եւ նիւթերու շուրջ «Հանդէս»ի խմբագրական կազմին տեսակէտերն ու կեցուածքները։
«Հանդէս»ը լոյս կ՚ընծայէ նաեւ մահագրականներ, որոնք ունին կենսագրական եւ մատենագիտական լուրջ արժէք։
«Հանդէս»ին մէջ լոյս կը տեսնեն արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն յօդուածներ։ Հայերէն յօդուածները կ՚ունենան անգլերէն ամփոփում, իսկ օտարալեզու յօդուածները՝ հայերէն։
Մինչեւ հատոր ԼԴ.՝ 2014, «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ը լոյս ընծայած է աւելի քան 1000 յօդուած, 15,500 էջ ընդհանուր էջաքանակով։ 30րդ հատորէն ի վեր անիկա ունի ISBN ճանաչում։
Մատենագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1998-ին եւ 2010-ին, լոյս կը տեսնեն «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի Մատենագիտութիւն» զոյգ հատորները աշխատասիրութեամբ Սագօ Օգնայեանի։