Jump to content

Հանդէս Ամսօրեայ (պարբերաթերթ)

Հանդէս Ամսօրեայ
Handes Amsorya
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1887
Հրատարակիչ Մխիթարեան Միաբանութիւն

«Հանդէս Ամսօրեայ», Վիեննական Մխիթարեան միաբանութեան հիմնած հայագիտական պարբերաթերթերէն մէկն է: «Բազմավէպ»ին հետ միասին, մինչեւ այսօր անընդհատ կը շարունակեն կատարել հայագիտական իրենց աշխատանքը:

«Հանդէս Ամսօրեայ»ն հիմնուած է 1887 Յունուարին[1]: Հիմնադիրը եղած է միաբանութեան անդամ Հ. Արսէն Այտընեան (1825-1902)` գլխաւոր աշխատակից ունենալով Հ. Սերովբէ Տերվիշեանը, Հ. Գրիգոր Գովրիկեանը, Հ. Գրիգորիս Գալեմքեարեանը, Հ. Գաբրիէլ Մենեւիշեանը, Հ. Յակոբոս Տաշեանը, Հ. Ղեւոնդ Յովնանեանը եւ ուրիշներ:

Ամբողջ հայ լրագրութեան եւ պարբերաթերթերու հաւաքածոյին մէջ՝ «Հանդէս Ամսօրեայ» հրատարակութիւնը, միշտ նուիրուած է հայ ազգի պատմութեան[2], լեզուին ու աշխարհագրութեան ուսումնասիրութեան: Ան անդրադարձած է հայագիտական մարզի բոլոր ուսումնասիրութիւններուն: Հիմնական նպատակը եղած է խուզարկել, հետազօտել, լոյս աշխարհ հանել եւ քննարկել ամէն ինչ, որ հայկական է:

Երկար տարիներ պեղած, փորփրած, քրքրած, մշակած է «Հանդէս Ամսօրեայ»ն հայագիտութիւնը եւ իր էջերուն մէջ տպուած նիւթերէն արտատպութեամբ լոյս հանած է ցարդ երկու հարիւր հատոր գիրք, որոնց շարքը կոչուած է «Ազգային մատենադարան» (ցայսօր՝ աւելի քան 220):

«Հանդէս Ամսօրեան» հրապարակած է նաեւ հայկական հարցի վերաբերեալ նիւթեր։ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ ետքը դատապարտած է հայերու ցեղասպանութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան հայաբնակ վայրերուն մէջ, անդրադարձած՝ հայ ազգային-ազատագրական շարժումներու պատմութեան («Ազատութեան շարժումը ԺԵ.-ԺԶ. դարուն հայոց մէջ», 1917), գրած՝ ցեղասպանութեան զոհ գացած հայագէտներուն մասին («Հայ կաթողիկէ կղերին նահատակները», 1920), ողջունած՝ հայկական պետականութեան վերականգնումը («Հայաստանի անկախութիւնը պաշտօնապէս ճանաչուած», «Հայաստանի անկախութիւնը», 1920), ցաւով նկարագրած աւերակ դարձած հայկական բնակավայրերը, մեկնաբանած աւերման պատճառները («Հայ բնակչութիւնը Սեւ ծովէն մինչեւ Կարին», յօդուածաշարը, 1921) եւ այլն։

Միաբանութեան հրատարակած «Հանդէս ամսօրեայ»ն, որ կը հրատարակուի առ այսօր, սակայն արդէն երկար ժամանակ ոչ թէ որպէս ամսագիր, այլ` տարեգիրք: Տպարանը փակուելէ ետք այն կը տպագրուի Հայաստանի մէջ[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։