Սարգիս Սողանալեան
Սարգիս Սողանալեան | |
---|---|
Ծնած է | 6 Փետրուար 1929 |
Ծննդավայր | Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սիրիայի պետություն, Ֆրանսական գաղթօճախներ, Ֆրանսա |
Մահացած է | 5 Հոկտեմբեր 2011[1] (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Hialeah, Մայամի-Տէյտ Շրջան, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն |
![]() ![]() ![]() |
Մասնագիտութիւն | ձեռնարկատէր |
Սարգիս Սողանալեան (6 Փետրուար 1929, Ալեքսանտրէթ, Ալեքսանտրէթի Սանճաք, Սիրիայի պետություն, Ֆրանսական գաղթօճախներ, Ֆրանսա - 5 Հոկտեմբեր 2011[1], Hialeah, Մայամի-Տէյտ Շրջան, Ֆլորիտա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), յայտնի զինավաճառ, յայտնի նաեւ «մահուան վաճառական» ծածկանունով[2]։
Կենսագրական գիծեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սողանալեան ծնած է Հայաշէն, Փետրուար 6, 1929-ին։ Հօր մահէն ետք, անոր ընտանիքը փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ան չէ կրցած աւարտել Նոր Հաճըն թաղամասի վեցամեայ դպրոցի ընթացքը։
Պատանի տարիքին նետուած է կեանքի ասպարէզ՝ իբրեւ ինքնաշարժներու լաւ գիտակ ու հմուտ մասնագէտ։ Իր յաճախորդները դարձած են Լիբանանի նախագահներն ու վարչապետները, այնուհետեւ՝ Յորդանանի թագաւորական ընտանիքի անդամները։
Ան տիրապետած է անգլերէն, ֆրանսերէն, հայերէն, թրքերէն ու արաբերէն լեզուներուն, նաեւ կրցած է հաղորդակցիլ իտալերէն ու սպաներէն լեզուներով։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սողանալեան Նիւ Եորքի մէջ գերմանական «Վոլքսվակըն» վաճառանիշով ինքնաշարժներու վաճառքի ներկայացուցիչը դարձած է, եւ աւելի ուշ ալ՝ Ամերիկայի ամբողջ տարածքին եւրոպական շարք մը ինքնաշարժներու ներկայացուցիչը։
Յաջորդող տարիներուն Սողանալեանի հետաքրքրութիւնները տարածուած է օդանաւային բեռնափոխադրումներու վրայ, որմէ անցած է դէպի զէնքի փոխադրումներ ու զինավաճառութիւն:
Յիշարժան է Իրաքին մատակարարած 130 ուղղաթիռներու փոխադրութեան պատմութիւնը։
1958-ին, Սողանալեան ամուսնացած է Պէյրութի մէջ, ուսուցչուհի Շիրլի Ատամզի հետ, սակայն 1970ականներուն ամուսնալուծուած է կնոջմէն։
Ան Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան հետ գործակցելով՝ մեծ քանակութեամբ զէնք մատակարարած էր Իրաքի նախագահ Սատտամ Հիւսէյնի ուժերուն, Իրաք-Իրան պատերազմի ընթացքին[3]։ Ան զէնք մատակարարած էր նաեւ Նիքարակուային։
20-րդ դարու մեծագոյն զինավաճառներէն մէկը կը նկատուէր եւ միաժամանակ սերտօրէն կը համագործակցէր ամերիկեան գաղտնի գործակալութիւններու հետ։
Ամերիկայի իսկ քաջալերանքով, ան Իրաքի վաճառած է ռազմական ուղղաթիռներ ու հրթիռային համակարգեր, սակայն հետագային աղմկայարոյց դատական բազմաթիւ հարցեր շղթայազերծուած են իրեն դէմ՝ նոյն ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ։
Իբրեւ բարերար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սարգիս Սողանալեան բարերարութիւններ ըրած է ազգային հաստատութիւններուն։ Ան կառուցած է Մայամիի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ նիւթապէս օգնած է նաեւ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինին, երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի օրով։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 http://www.nytimes.com/2011/10/06/world/middleeast/sarkis-g-soghanalian-arms-dealer-dies-at-82.html
- ↑ «Sarkis Soghanalian»։ The Telegraph (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-11-20
- ↑ «Սարգիս Սողանալեանի սրտին մէջ կ՚ապրէր Հաճընի անպարտելի հերոսներուն հայրենասիրութիւնը»։ nt.am։ արտագրուած է՝ 2020-11-20