Ռոմանթիք Ուղղութիւն
Ռոմանթիք ուղղութիւն, 18-րդ դարու մէջ դասական ուղղութեան արդէն կը հակադրուի գրական նոր հոսանք մը՝ սենթիմենթալիզմ (զգացապաշտութիւն) կամ նախառոմանիթիզմ, որ ծագելով Անգլիա, կը տարածուի Եւրոպայի մէջ։ Նշանաւոր դէմքեր են՝ Սթերն («Սենթիմենթալ ճանապարհորդութիւն»), Կէօթէ («Երիտասարդ Վերթերի տառապանքները»), Ժան Ժաք Ռուսօ («Էլոիզ»), Աբբա Պրեւօ («Մանոն Լեսքօ») եւայլն։
Սենթիմենթալիզմը կարճատեւ կեանք ունեցաւ, սակայն հող պատրաստեց աւելի հզօր հոսանքի մը համար, որ ռոմանթիզմն էր։
Պատմութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռոմանթիզմը ձեւաւորուեցաւ Ֆրանսա, 18-րդ դարու վերջերը։ Անոր առաջացման նախադրեալները կապուած էին 1789-ի ֆրանսական մեծ յեղափոխութեան հետեւանքներուն[1]։
Պուրժուական յեղափոխութիւնը չարդարացուց ընկերային բարեփոխումներու շուրջ ակնկալուած յոյսերը։ Լուսաւորիչ գործիչներու երազած «բանականութեան թագաւորութիւնը» չիրականացաւ։ Նոր հասարակարգը արդարութիւն չբերաւ։ Յեղափոխութեամբ յաղթանակած դրամատէր դասակարգը չուշացաւ մէջտեղ հանել իր թերութիւնները, չիրականացուց «եղբայրութիւն, ազատութիւն, հաւասարութիւն» կարգախօսը։ Ընդհանուր հիասթափութեան հայելիներ դարձան արուեստագէտները, որոնք կ՛արտայայտէին տագնապալի հոգեվիճակ, բուռն երազանք՝ նոր, գեղեցիկ, արդար իրաւակարգի մասին։ Ընդհանուր հիասթափութենէ ծնած նոր գաղափարախօսութիւնը արուեստի մէջ ծնունդ տուաւ ռոմանթիզմին (romantisme)։
Ռոմանթիզմը սկիզբէն ի վեր միատարր չէր։ Ընկերութեան տարբեր դասակարգերը նոյն ձգտումները չունէին։ Տապալած բարձր, ազնուական դասակարգի տրամադրութիւնները արտայայտող թեւը իր հայեացքը անցեալին կ՛ուղղէր, կ՛իտէալականացնէր միջնադարեան աւատապետական յարաբերութիւնները, իր փառքի օրերը։ Այս թեւը յետադիմական ռոմանթիզմ կոչուած է։
Շատ աւելի առողջ ու արդիւնաւէտ եղաւ յառաջադէմ ռոմանթիզմը, որու մեծագոյն ներկայացուցիչներէն են՝ Պայրըն, Շէլի (Անգլիա), Հիւկօ (Ֆրանսա)[2], Հայնէ (Գերմ.), Պուշկին (Ռուսիա), որոնք հանդէս եկան գրեթէ համանման յատկանիշերով։
Ռոմանթիզմի հիմնական յատկանիշերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յառաջադէմ ռոմանթիքները, արտայայտելով ժողովրդական տրամադրութիւնները, ցանկալի հասակարգի մասին իրենց պատկերացումը կ՛որոնէին ապագայի մէջ։ Անոնք յաճախ կը հասնէին գոյութիւն ունեցող կարգերու ժխտումի, յեղափոխական պայքարով այդ կարգերը վերափոխելու կոչի։
- Ռոմանթիք գրագէտներու հիմնական յատկութիւններէն է, որ կեանքի պատկերումի մէջ առաջ կը մղուի փափաքելին, երազելին։ Ռոմանթիք գրագէտը յաճախ գիտակցաբար կը հրաժարի իրականութիւնը ներկայացնելէ եւ կը պատկերէ իր երեւակայութեան մէջ ունեցած իտէալական աշխարհը, այսինքն իրականութիւնը կը վերակերտէ համաձայն իր իտէալին։ Այս առթիւ Րաֆֆին կ՛ըսէ, թէ գրագէտը «ստեղծում է այնպիսի տիպարներ, որոնք ներկայի մէջ դեռ ծնուած չէին, այլ ապագայում պէտք է յայտնուէին»։
- Ռոմանթիք տիպարները ընդհանրապէս բացառիկ անսովոր բնոյթ ունին, զօրեղ ու հպարտ բնաւորութիւններ են, ազատութեան կամ այլ բարձր, համամարդկային իտէալներու համար պայքարելու վճռականութեամբ տոգորուն։
- Ռոմանթիք հերոսի նկարագրի եւ գործունէութեան ընթացքը կը զարգանայ ո՛չ թէ իրականութեան, շրջապատի հանգամանքներով պայմանաւորուած, այլ յաճախ, հեղինակի փափաքի համաձայն կրնայ գործել, առանց հոգեբանական հիմնաւորումի եւ պայմաններու յարմարութեան։
- Հակադրուելով դասական դպրոցին՝ ռոմանթիքները հրաժարեցան անոնց սահմանած խիստ կանոններէն, հռչակեցին արուեստագէտի կատարեալ ազատութիւնը նիւթի, սեռերու, միջոցներու ընտրութեան մէջ։ Զարգացուցին ազատութեան առաւել հնարաւորութիւն տուող արձակ սեռերը՝ վէպը, վիպակը։
- Եթէ դասականները կը ներկայացնէին վեհն ու ազնիւը, ապա ռոմանթիքները չքաշուեցան միաձուլել գեղեցիկն ու այլանդակը, բանաստեղծականը ու չորը, դրականը ու ժխտականը, նոյն հերոսին մէջ յաճախ հակադրելով ներքինը ու արտաքինը։
- Ռոմանթիքները արուեստը պալատներէն իջեցուցին խրճիթները, ընտրելով ու ներկայացնելով բազմազան հարցեր եւ որպէս հերոս առնելով ամենախոնարհ դասակարգի մարդիկ։
- Ռոմանթիք երկի մէջ մեծ տեղ կը տրուի հեղինակի անհատական զգացմունքներուն, վերաբերմունքին։ Անոր յուզական ներկայութիւնը կը զգացուի դէպքերու ընդմէջէն, միշտ հակուած դէպի ազնիւը, գեղեցիկը, համամարդկային բարձր իտէալներ։ Ան յաճախ կրնայ նաեւ ընդհատել դէպքերու ընթացքը եւ պատմական-զգացական-վերլուծական շեղում կատարել, որ նպատակ ունի ընթերցողի քով դրական յոյզեր ու վերաբերմունք արթնցնել։
- Ռոմանթիք հերոսը յաճախ կը հանդիսանայ հեղինակի անձնական գաղափարներու ուղղակի արտայայտիչը, որ տիպարը կը զրկէ կենդանի, ինքնուրոյն նկարագիր ըլլալէ եւ կը դարձնէ հեղինակի խօսափողը։
- Ռոմանթիք ուղղութեան հետ կը կապուի գրականութեան շեշտուած ազգային ոգի հաղորդելը, ազգային հոգեբանութեան, երազներու, ձգտումներու դրսեւորումը։
- Ռոմանթիքներու քով արտակարգ արժէք կը ստանայ կենդանի բնութեան պատկերը՝ հակառակ դասականներու սիրած բնութեան շքեղ, բայց մեռեալ, քարացած պատկերին։ Բնութիւնը սովորաբար կը ներկայացուի իր կատարելութեան մէջ, տարերային վիճակներով, որ յաճախ կը ծառայէ դէպքերու կամ հոգեվիճակներու, բացայայտումին։ Բնութիւնը ընդհանրապէս կ՛անձնաւորուի, կ՛առնէ մարդկային յատկանիշեր եւ կը ներկայացնէ հերոսին դրական կամ ժխտական յոյզերը։
- Դէպի ժողովուրդը երթալու իրենց մօտեցումով՝ ռոմանթիքները մեծապէս արժեւորեցին ժողովրդական բանահիւսութիւնը, հաւաքեցին, մշակեցին եւ օգտագործեցին իրենց ստեղծագործութեանց մէջ։
Հայկական ռոմանթիզմի հիմնական յատկանիշերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայկական ռոմանթիզմը իր լաւագոյն արտայայտութիւնը ստացաւ 19-րդ դարու 30-40-ականներէն, Խ.Աբովեանի եւ Ղ. Ալիշանի ստեղծագործութեանց մէջ, հանդէս բերելով հետեւեալ յատկանիշերը.
- Հայկական ռոմանթիզմը, եւրոպականի հետ իր նմանութիւններով հանդերձ, մեր երկրի իւրայատուկ քաղաքական-ընկերային պայմաններու համաձայն՝ ունէր տեղային բնոյթ։ Ան ունէր առաւել գաղափարական շեշտուածութիւն, ազգային մտահոգութիւնները ու իտէալի փնտռտուքը հիմնական տեղ կը գրաւէին անոնց երկերու մէջ եւ իրենց կնիքը դրին հետագայ հայ գեղարուեստական մտքի վրայ։
- Հայ ռոմանթիք ուղղութիւնը իր բնոյթով տեմոկրատ ու աշխարհիկ է։ Գրականութեան մէջ կը մտնէ գիւղացին՝ իր հարցերով։ Ռոմանթիքները փորձեցին իրենց իտէալը փնտռել մարդու մէջ, անոր հոգեկան աշխարհին մէջ, բայց քանի որ կեանքը չէր գոհացներ իրենց սպասումները՝ անոնց հերոսները եղան յաճախ անիրական, հեղինակի երազանքի դրօշմով։
- Յառաջդիմութեան, ազատագրութեան, հայրենասիրութեան եւ այլ վսեմ տիեզերական գաղափարները լայն զանգուածին հասցնելու համար անոնք բարեփոխեցին նաեւ լեզուն՝ դասական մեռեալ գրաբարը փոխարինելով ռամկական լեզուով, զոր մշակեցին եւ եղան նոր աշխարհաբարի կերտիչները։
- Հակառակ դասականներու, որոնք հայրենիքի ազատագրութեան յոյսը աւանդաբար կը կապէին Եւրոպայի հետ, ռոմանթիքները շարժման անցուցին ներքին ուժերը, խանդավառեցին, հայրենասիրական հրով այրեցին հայ հոգիները, անոնց մէջ վերարծարծեցին մարող ազգային արժանապատուութիւնը եւ մղեցին դէպի ազատագրական պայքար։ Անոնք եղան հայ յեղափոխական գաղափարախօսութեան սերմանիչները, եւ իրենց ստեղծած հերոսները ապագայ յեղափոխականներու նախատիպարները դարձան։
- Ինչպէս Եւրոպայի մէջ՝ հայ կեանքի բարեփոխման հետեւանքով արժեւորուեցաւ ժողովուրդը։ Ժողովուրդը դիտուեցաւ ո՛չ միայն իբրեւ ոյժ, այլ նաեւ՝ իբրեւ ստեղծագործող։ Ռոմանթիքները զբաղեցան ժողովրդական բանահիւսութեամբ՝ հաւաքեցին, մշակեցին ու հանրութեան ներկայացուցին հայ ժողովրդական դարաւոր մշակոյթի գանձերը, որով մեծապէս հարստացուցին գրականութիւնը։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, 5-րդ հատոր
- Մանուկ Աբեղեան, Երկեր, 4-րդ հատոր, Երեւան, 1970:
- Հայ նոր գրականութեան պատմութիւն, առաջին հատոր, Երեւան, 1962:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Greenblatt et al., Norton Anthology of English Literature, eighth edition, "The Romantic Period – Volume D" (New York: W.W. Norton & Company Inc., 2006)
- ↑ « Préface de Cromwell où l’auteur se pose en théoricien et en chef de file du romantisme. À la tragédie classique, il oppose le drame moderne, qui doit mêler, comme le fait la nature-même, le sublime et le grotesque, ces deux éléments de la réalité. » Gaëtan Picon, Dictionnaire des auteurs, Laffont-Bompiani, 1990, t. II, p. 550, (ISBN 978-2-221-50156-6</nowiki>).