Jump to content

Բարոյագիտութիւն (գիրք)

Բարոյագիտութիւն Փիլիսոփայական Ակնարկ
Հեղինակ Սարգիս Քէհեաեան
Երկիր Հայաստան (Ա․ հրատարակութիւն), Լիբանան (Բ․ հրատարակութիւն)
Լեզու Հայերէն (Արեւմտահայերէն)
Հրատարակող Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին (Ա․ հրատարակութիւն), Կաթողիկոսութիւն Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (Բ․ հրատարակութիւն)
Հրատարակչական թուական

2018 (Ա․ հրատարակութիւն)

2021 (Բ․ հրատարակութիւն)
Էջ

383 էջ (Ա․ հրատարակութիւն)

630 էջ (Բ․ հրատարակութիւն)


Բարոյագիտութիւն ամբողջական անուանումով՝ Բարոյագիտութիւն - Փիլիսոփայական Ակնարկ (անգլերէն՝ Ethics – philosophical approach)։

Բովանդակութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքին մէջ Տոքթոր Քէհեաեան կ՚անդրադառնայ բարոյագիտութեան պատմութեան` նախասոկրատեան շրջանէն մինչեւ Ժ. (10-րդ) դար, մեթա-բարոյագիտութեան, բարոյագիտութեան տեսութիւններու եւ քննադատութիւններու, կիրառական բարոյագիտութեան, արեւելեան կրօնաիմաստասիրութեան (կրօնափիլիսոփայութեան) բարոյագիտութեան` Հնդկաստան, Չինաստան, Ճափոն, Պարսկաստան, եւ բարոյագիտութեան հիմնական հասկացողութիւններուն:[1]

Աշխատութիւնը կը պարունակէ նաեւ կրճատումներու, մատենագիտական անուններու եւ բառերու ցանկեր:[1]

Հրատարակութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիրքին առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, 2018 թուականին. կը բաղկանայ 383 էջերէ։[2] Իսկ երկրորդ հրատարակութիւնը լոյս տեսած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանէն՝ վերստուգուած եւ ընդարձակուած, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի մեկենասութեամբ: Կը բաղկանայ շուրջ 630 էջերէ, 10 մասերէ։[1]

Գիրքին լեզուաբանական նշանակութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 Լոյս Տեսաւ «Բարոյագիտութիւն – Փիլիսոփայական Ակնարկ» Աշխատութիւնը, Ազդակ Օրաթերթ՝ https://www.aztagdaily.com/ 21-Հոկտեմբեր-2023։ Արտագրուած է՝ 13-Սեպտեմբեր-2023։
  2. ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ: ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարան, գիրքի ոանգարան։