Սփարթի կամ Սպարտա (յուն.՝ Σπάρτη), Լաքոնիա նահանգի քաղաք,Պելոպոնես, Յունաստան։ Կը գտնուի ծովուն մակարդակէն 210 բարձրութեան վրայ, Թայիղեթոս լերան արեւելեան լանջերուն, համանուն հին քաղաքին կեդրոնէն հարաւ, Էւրոթաս գետի աջ ափին։ Կը համարուի Եւրոթաս լեռնահովիտին գիւղատնտեսութեանառեւտրական կեդրոնը։ Սփարթիի մէջ զարգացած են սնունդի, կերպասի, ծխախոտի եւ քիմիական մանրարդիւնաբերութիւնները։
Սպարթիին շուրջը տարածուած կանանչապատ դաշտը լեցուն է ձիթենիներով, նարնջենիներով, լիմոնի ծառերով, թթենիներով եւ ուրիշ ծառերով։ Քաղաքին հարաւ-արեւմտեան կողմը կը բարձրանայ վայրի գեղեցկութեամբ Թայիղեթոս լեռը, իր բարձր գագաթներով։ Իսկ արեւելեան կողմը կը գտնուի Փարնոնաս եղեւնիի եւ ուրիշ ծառերով պատուած լեռնաշղթան։
Շրջանը ունի դարաւոր պատմութիւն․ հնադարեան, Միջնադարեան եւ Ժամանակակից շրջան։ Սփարթի եւ Լաքոնիա անուններուն կը հանդիպինք յունական դիցաբանութեան մէջ․ Հոմեռոսի «Իլիատա» եւ «Ոդիսական»։ Եղած է Միկինեսեան քաղաքակրթութեան գլխաւոր թագաւորութիւններէն։
Ք․Ա․7-րդ դարէն մինչեւ Ք․Ա․5-րդ դար Յունաստանի տարածքին մէջ տիրապետող քաղաքներէն եղած է։ Աթէնքին հետ միշտ մրցակցութեան մէջ եղած է։
Ժամանակակից Սփարթի քաղաքը հիմնադրուած է 1834 թուականին։
Քաղաքը հարաւային Պելոպոնեսին կարեւոր խաչմերուկ է։ Անկէ կ՛անցնին Ղիթիօ-Թրիփոլի ճամբան, թիւ 39 ազգային մայրուղին, եւրոպական E961 երթուղիին մասը։ Թիւ 71 մայրուղին կը կապէ Սփարթին Մեղալոփոլիսին։Թիւ 82 ազգային ճանապարհը կը կապէ Սփարթին Փիլոսին՝ Պելոպոնեսի հարաւ-արեւմտեան քաղաք։