Հին Կորնթոս

Հին Կորնթոս եւ ներկայ Կորնթոս քաղաքը դիտուած Աքրոքորինթոս բլուրին գագաթէն․ նկարը հիւսիս կը նայի եւ Կորնթոսի Ծոցը

Հին Կորնթոս ((յունարէն) Αρχαία Κόρινθος), Յունաստանի Պելոպոնեսի շրջանի կարեւոր քաղաք-պետութիւն։ Հին Կորնթոսը կը գտնուի ներկայ համանուն քաղաքին՝ Կորնթոս, հարաւ արեւմուտքը Աքրոքորինթոս բլուրին ստորոտը։ Բնակուած է Նոր Քարի շրջանէն (Ք․Ա․ 5000-3000):

Աքրոքրինթօ բերդին մուտքը

Հին Կորնթոսին ռազմական դիրքը անոր կը ներէր հսկել Կորնթոսի Նեղուցը եւ եղած է հին աշխարհի առեւտուրի ամենագլխաւոր խաչմերուկը, մինչեւ Աթէնքի զարգացման տարիներուն։  Հին Կորնթոսը հին աշխարհի ամենահարուստ քաղաքը կը սեպուի ըլլալ։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պղինձէ դարաշրջանին, Կորնթոս անունը կը տեղեկագրուի բազմաթիւ հնագոյն առասպելներու մէջ, օրինակ՝ Սիսիֆօ Sisyphos, Վելլերեֆոնտի Bellerophontes, Իասօնաս Jason, Միտիա Μήδεια Médée եւ այլն։  Հոմեռոսը «Նաւերու ցանկին մէջ» νεών κατάλογος - Catalogue of Ships Կորնթոսը կը նշէ մասնակցի Տրոյեան պատերազմին։

Դորացիներու կամ «Յունական ցեղերու» արշաւանքէն ետք, Դորացիներ Կորնթոս կը հաստատուին, վտառելով հին բնակիչները։  Անոնք Կորնթոս կը հաստատեն ազնուականներու վարչակարգը։

Արխայիքի շրջան (հնադար)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թրիիրիս

Ք․Ա․ 7-րդ դարուն կը հաստատուի Τυραννία Թիրանիա( բռնակալ) վարչակարգը։

Այս ժամանակաշրջանի վերջաւորութեան, Կորնթոսի մէջ տեղի կ՛ունենան հսկայ կառուցումներ։ Նոյնը կը պատահի նաեւ Կորնթոսի գաղթօճախներուն մէջ։  Առաջին անգամն է որ կը կառուցուի թրիիրիս τριήρης 3 շարք թիավարողներով ռազմանաւը, որ իր ժամանակին համար մեծ արագութեամբ կ՛ընթանար․ կառուցողը՝ Վաքհիատիս Ամինոքլիս Կորնթոսցին Αμεινοκλής Κορίνθιος։  

Դասական ժամանակաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունապարսկական պատերազմներուն ժամանակ, Կորնթոսցիները յունական քաղաք-պետութիւններու ղեկավարներէն էին ընդէմ՝ պարսիկներուն։  Սալամինայի ճակատամարտին կը մասնակցին 40 նաւերով, իսկ Փլաթէեսին՝ 5 000 զինուորներով։

Աթէնքին հետ ունեցած առեւտրական մրցակցութիւնը, կ՛առաջացնէ Պեղոպոնեզեան պատերազմը։  Կորնթոս եւ Սփարտան ուրիշ քաղաք-պետութիւններու հետ կը դաշնակցին ընդէմ Աթէնքին։

Այս ռազմական գործողութիւններէն ետք, Կորնթոսի մէջ միջ-քաղաքացիական պատերազմ կը ծագի։ Կը յաղթեն ժողովրդավարականները եւ Կորնթոս կը դաշնակցի Աթէնքին եւ Թիվային Θήβα հետ։  Կորնթոսեան Պատերազմին, որ կը վերջանայ Ք․Ա․ 386, Աթէնք-Կորնթոս դաշնակից ուժերը կը կռուին Սպարտային դէմ (ծանօթ իբրեւ Հերոնեայի վճռական ճակատամարտ, ուր կը պարտուին Աթենացիներուն եւ Թիվացիներուն Θήβα միացեալ ուժերը)․ տես Յունաստան, Յունապարսկական պատերազմներ։

Յաջորդող տարիներուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ափոլոնասին տաճարը

Ք․Ա․336 թուականին, Մեծն Աղեքսանտր Կորնթոսին մէջ պարսիկներուն դէմ յունական քաղաք-պետութիւններուն դաշնակցութիւնը կը կազմէ։  Յաջորդող տարիներուն Կորնթոսին հզօրութիւնը կամաց կամաց կը տկարանայ։

Հռոմէական շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 146 թուականին, Կորնթոսի ճակատամարտին, յոյները կը պարտուին Կորնթոսի Նեղուցի կռիւին եւ կը յաջորդէ քաղաքին աւերումը հռոմէացիներուն կողմէ։

Ք․Ա․ 44 թուականին, հռոմէացիները Կորնթոսը կը վերակառուցեն, կը վերաբնակեցնեն եւ քաղաքը կրկին կը զարգանայ։ Ափոլոնաս տաճարին շուրջն է որ քաղաքը կը մեծնայ եւ կ՛ընդգրկէ խանութներ, փոքր տաճառներ, աղբիւրներ, լոգանքի վայր եւ ուրիշ հանրային շէնքեր։

51-52 թուականներուն Կորնթոս կ՛այցելէ Պօղոս Առաքեալը։

Բիւզանդական շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական կայսրութեան երկուքի բաժանման շրջանին, 395 թուականին, Կորնթոսը կ՛անցնի արեւելեան կայսրութեան իշխանութեան տակ (Բիւզանդական Կայսրութիւն)։  Երկու մեծ երկրաշարժներու ընթացքին՝ (365 եւ 375) քաղաքը կը քանդուի։

Աքրոքորինթոս եւ Ափոլոնասին տաճարը

408 – 450 թուականներուն Նեղուցը ամրացնելու համար, էքսամիլիոն Εξαμίλιον պատը կը կառուցուի․  Էքսամիլիոն պատը Նեղուցին երկայնքին կառուցուած պաշտպանութեան պարսպապատ մըն է։  Հռոմէացիները կը շինեն՝ Գաղթականութեան ժամանակաշրջանին, հիւսիսէն ներխուժող Բարբարոս ցեղերէն նեղուցը պաշտպանելու համար։

Քաղաքը եւ շրջակայքը կրկին մեծապէս կը տուժեն 551 եւ 856 թուականներուն երկրաշարժներէն։

13-րդ դարուն  Աքայեան Իշխանութեան մաս կը կազմէ (Frankish Principality of Achaea)։ Ապա կ՛անցնի Լատիններու ձեռք եւ 14-րդ դարու վերջաւորութեան՝ Պելոպոնեսի (կամ՝ Մորիաս) շրջանին մէջ «Մորիասի Բռնապետութիւն» կոչուած (Despotate of the Morea) իշխանութեան։

1458 թուականին հակառակ Աքրոքորինթոսի զօրաւոր դիմադրութեան, Կորնթոսն ալ ինչպէս Յունաստանի մնացեալ շրջանները կ՛իյնայ Օսմանեան տիրապետութեան տակ։

Նորագոյն Շրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքը կորսնցուցած է իր վաղեմի հմայքը, սակայն հակառակ իրարայաջորդ երկրաշարժի ցնցումներուն պատճառած մեծ աւերներուն կը շարունակէ վերապրիլ մինչեւ ԺԹ․ դարու կէսերուն, երբ հիմնովին կը կործանուի 1853 թուականի ահաւոր երկրաժարժէն։ Նոր քաղաքը կը վերակառուցուի Հին Կորնթոսէն 3 քմ․ դէպի հիւսիս արեւմուտք։

Պեղոպոնեզին հիւսիս-արեւելեան մաս․ Կորնթոս եւ Թենէա (Կորնթոսի քաղաքներէն)

Աշխարհագրական Դիրք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լութրաքի

Հին Կորնթոսը կառուցուած է Աքրոքորինթոս ժայռոտ բլուրին ստորոտին։ Կորնթոսի Նեղուցին արեւմտեան մասին եւ Կորնթոսի Ծոցին հարաւ արեւելեան կողմը։

Հին Կորնթոսի շրջանին քաղաքները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին Քեխրիէս

Հին Կորնթոսի թիկունք նաւահանիստներն էին Լեխէօ Λέχαιο (քաղաքին հիւսիսը եւ Կորնթոսի Ծոցին ափերուն) եւ Քեխրիէս Κεχριές (քաղաքին արեւելքը, Սարոնիքոս Ծոցին ափերուն)։

Նեղուցին հարաւային մասին, հոն ուր Տիոլքոսը կը սկսի (տես Կորնթոսի Նեղուցը) կառուցուած էր ծովեզերիայ Սխինունտաս քաղաքը։ Անոր կողքին կը գտնուէր Իսթմիա (=Նեղուց) սրբավայրը. նուիրուած Փոսիտոնաս աստուծոյ, ուր ամէն երկու տարի մարզական խաղեր կը կազմակերպուէին։

Իրէօ սրբավայրը

Նեղուցին հիւսիսային կողմը կը գտնուէին Թերմես θέρμες ․ տաք ջուրերու լոգանքի համար հսկայ շինութիւններ (արդի Լութրաքի* քաղաքին մօտ)։

  • ԼութրաքիԿորնթոսի Ծոցին արեւելեան ծայրամասին եւ Կորնթոսի Նեղուցին հիւսիս արեւելեան կողմը գտնուող ծովեզերիայ քաղաք, աշխարհածանօթ՝ անոր ջերմ ջուրի լոգանքներուն համար։

Թերմէսին հիւսիսը կը գտնուէր Իրէօ Ηραίο սրբավայրը։ Հին Կորնթոսին հարաւը կը գտնուէր Սոլիղիան, այսօրուան Սօֆիքօ ծովեզերիայ գիւղին Σοφικό Κορινθίας տեղը։ Իսկ Թենէան Τενέα կը գտնուէր այսօրուան Հիլիոմոտի Χιλιομόδι Κορινθίας գիւղին տեղը։

Հին Կորնթոսի գաղթօճախները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ափոլոնիա․ Աղոնոթեթիին տաճարը
Հին Կորնթոսի գաղթօճախները

Կորնթոսցիները, իբրեւ կարեւոր առեւտրական ուժ, հիմնած էին մանաւանդ արեւմուտքը, գաղթօճախներու զօրաւոր ցանց մը։ Այս ձեւով շրջաններուն վաճարականութիւնը կը հսկէին։

Արեւմուտքի գաղթօճախներ․-[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յոնիական կղզիներէն՝ Լեֆքատա Λευκάδα եւ Քերքիրա Κέρκυρα

Յունաստանի ցամաքամասի Յոնիական ծովեզերիայ շրջաններէն՝ Աքթիօ Άκτιο եւ Ամվրաքիա Αμβρακία

Ատրիաթիքի Ծովուն հիւսիսային կողմը՝ Էփիտամնոս Επίδαμνος (արդի անունը՝ Տիրահիօ Δυρράχιο) եւ Ափոլոնիա Απολλωνία այժմ Ալպանիոյ ծովափներ․

Հարաւային Իտալիոյ ծովեզերիայ շրջաններէն՝ Սիրաքուսես Συρακούσες Syracuse։

Վերոնշեալ գաղթօճախներով, Կորնթոսցիները կը հսկէին արեւմտեան Միջերկրականի առեւտուրը։

Հիւսիսային Յունաստանի գաղթօճախներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիւսիսային Յունաստանի մէջ, իրենց ամենակարեւոր գաղթօճախը Փոթիտէան Ποτίδαια վերանուանուած՝ Քասանտրիա Κασσάνδρεια էր (Խալքիտիքի Χαλκιδική թերակղզիին առաջին ոտքի նեղուցին վրայ․ տես Մեծն Աղեքսանտր)։ Այս շրջանն է որ Կորնթոս - Աթէնք մրցակցման առարկայ կ՛ըլլայ եւ Պեղոպոնեզեան պատերազմին ծագման՝ գլխաւոր պատճառներէն։[1][2][3][4][5][6][7][8]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կորնթոս

Աթէնք

Սելանիկ

Փիրէա

էգէական Ծով

Աղեքսանտրիա

Միջերկրական Ծով

Կորնթոսի Ծոց

Կորնթոսի Նեղուցը

Կորնթոսի Ջրանցքը

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Կորնթոսի քաղաքապետութիւն(յունարէն)
  2. Յունաստանի շրջապտոյտ / Կորնթոսեան ․ Փաւսանիաս (հին յունարէն)(յունարէն)
  3. Թրիիրիս(յունարէն)
  4. Պեղոպոնեզեան պատերազմը․ Թուքիտիտիոս․ թարգմ․՝ Էլեֆ․ Վենիզելոս, գիրք Ա․(յունարէն)