Տիլոսեան Դաշինք
Տիլոսեան Դաշինք․ Ք․Ա․ 5-րդ դարու ընթացքին մօտաւորապէս 150 հին յունական քաղաք-պետութիւններու քաղաքական եւ զինուորական միութիւն, Աթէնքի ղեկավարութեամբ։
Պատմական ակնարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պարսկական պատերազմներու աւարտին, Ք․Ա․478-ին, Աթէնքի նախաձեռնութեամբ կը հիմնուի Տիլոսեան Դաշնադրութիւնը՝ յունական քաղաք-պետութիւններու միջեւ պայմանագիր։ Տիլոսեան դաշինք կը կոչուի, որովհետեւ Տիլոս դաշնադրութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ։ Անոր գանձը հոն կը պահուէր մինչեւ Ք․Ա․454, երբ Փերիքլիս զայն Աթէնք կը փոխադրէ։
Ըստ Թուքիտիտիս պատմաբանին, Դաշնադրութեան նպատակն էր՝ «վրէժը առնել վշտակրութիւններէն որոնցմէ տառապեցան, կողոպտելով պարսից արքային երկրամասը» (εκδικηθούν τα δεινά που υπέφεραν λεηλατώντας την επικράτεια του (Πέρση) βασιλέως)։ Գործնականին մէջ, դաշինքին նպատակը երեք մասի բաժնուեցաւ․ յաջորդ արշաւանքի մը նախապատրաստութիւն, պարսիկներէն իրենց վրէժը առնել եւ աւարի բաժանման կազմակերպութիւն։ Դաշնադրութեան մաս կազմողները երդում տուին ունենալ նոյն բարեկամներ ու թշնամիներ եւ ծով թափեցին երկաթեայ ձողեր, որպէս խորհրդանշան իրենց բարեկամական զգացումներուն։
Դաշնադրութեան անդամներուն պարտաւորութիւններն էին նաւերով եւ զինուորներով մասնակցիլ պարսիկներուն դէմ մեծ քաղաք-պետութիւններէն եղած յարձակումներուն եւ կամ պարսիկներու յարձակումներէն յառաջացած պաշտպանութեան գործողութիւններուն։ Իսկ աւելի փոքր քաղաք-պետութիւնները կը մասնակցէին գումարով մը․ Էղինան կը մասնակցէր արծաթի առաւելագոյն բաժինով։ Տարիներու ընթացքին, մասնակիցները կը նախընտրեն գումարով մը մասնակցիլ, այդ պատճառով կը հաստատուի կայուն սահմանեալ գինի մը հատուցումը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Հնադարեան Յունաստան - Ք․Ա․ 146, Մարթին Թոմաս, 2000(անգլերէն)
- ↑ Հին յունական պատմութեան դարպաս․ Թուքիտիտիս Պատմութիւններ 1․96․1-1․99․3(յունարէն)
- ↑ Բրիտանական հանրագիտարան․ Տիլոսեան Դաշնադրութիւն(անգլերէն)
- ↑ Տիլոսեան Դաշինք․ մասնակցողներուն պարտաւորութիւնները, էջ 282-283, Ռաֆայէլ Սիլէյ(անգլերէն)
- ↑ Քալիֆորնիոյ Համալասարան․ Յունական քաղաք-պետութիւններուն էջ՝ 282, 251-253, 239-248, 262․․ Ռաֆայէլ Սիլէյ, 28-10-1976(անգլերէն)