Jump to content

Նշան Արծրունի

Նշան Արծրունի
Ի ծնէ Նշան Պլէօխանեան
Ծնած է 1849
Ծննդավայր Ապուչեխ, Ակն
Մահացած է 1895
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Կրթութիւն Կ. Պոլ­սոյ Կայ­սե­րա­կան զին­ուո­րա­կան բժշկա­կան վար­ժա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ, գրագէտ, հանրային գործիչ

Նշան Արծրունի (իսկական ազգանունը եղած է Պլէօխանեան, սակայն հայրենի Վանը յիշեցնածու նպատակով փոխած են Արծրունիի), (1849, Սեբաստիոյ նահանգ, Սե­բաս­տիոյ գա­ւա­ռ, Ակն գաւառակ, Ապու Շէյխ (Ապուշէխ) աւան - 1895), հայ բժիշկ, գրող, ազգային հասարակական գործիչ։

Նշան Արծրունին ծնած է 1849 թուականին, Սեբաստիոյ նահանգի Սե­բաս­տիոյ գաւա­ռի Ակն գաւառակի Ապու Շէյխ (Ապուշէխ) աւանին մէջ՝ վանեցիի ընտանիքի մէջ։ Աւարտած է ծննդավայրի վարժարանի վեցամեայ դասընթացը։ 1867 թուականին մօր հետ տեղափոխուած է Կ. Պոլիս եւ վերցուած զինուորական բժիշկ հօրեղբօր՝ Մինասի խնամքին։ 1867-1871 թթ. սորված է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական վարժարանին մէջ եւ ստացած դեղագործի, ապա նաեւ վիրաբոյժի վկայականներ։ 1871 թուականին արաբական ապստամբութեան ժամանակ օսմանեան բանակի կազմին մէջ, որպէս զինուորական բժիշկ, ուղարկուած է Հիճազ եւ Եմէն։ 1871-1876 թթ., ծառայութեան բերումով, հինգ տարի թափառած է արաբական անապատներուն մէջ եւ դարմանած մալարիայով հիւանդ զինուորներին ու տեղացիներին։ Օսմանեան պետութիւնը գնահատած է Արաբիաիւմ նրա ծառաիւթիւնը եւ նրան պարգեւատրած «Մե­ջի­դիե»-ի Ա կարգի պատվանշանով եւ հարիւրապետի զինուորական աստիճանով։ 1876 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակած է Արաբիա կատարած իր ուղեւորութեան մասին հայերէն գրած «Ու­ղե­ւո­րու­թիւն դէ­պի Արա­բիա» ուսումնասիրութեան թուրքերէն թարգմանութիւնը։ Մէկ այլ աղբիւրի մէջ ըսուած է, որ գիրքի բնագիրը եղած է թուրքերէն, իսկ 1911 թուականին՝ թարգմանուած եւ հրատարակուած է նաեւ հայերէն։ 1877-1878 թթ. Ռուս-թուրքական պատերազմի ժամանակ կրկին զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ, որպէս զինուորական բժիշկ, Կարսի ռազմաճակատ ուղարկուած։ Կարսի մէջ Օսմանեան բանակի պարտութիւնէն ետք, հազարաւոր թուրք զինուորներու հետ գերի ինկած է, քաղաքը գրաւած ռուսական զօրքին, տեղափոխուած Երեւան, ապա՝ Թիֆլիս, ուր, որպէս հմուտ բժիշկ եւ բարձրաստիճան զինուորական, արժանացած է Կովկասեան բանակի երկու բարձրաստիճան հայ հրամանատարներու՝ կեներալներ Միքայէլ Լոռիս-Մածիքովի եւ Արշակ Տէր-Ղուկասեանի համակրանքին եւ շնորհներուն։ Լոռիս-Մածիքովը, որպէս խորին յարգանքի նշան, նրան նուիրած է արծաթէ շքադրամ եւ իր լուսանկարը։

Թիֆլիսի մէջ ծանօթացած է անւանի մշակութային գործիչ, «Մշակ» թերթի խմբագիր Գրի­գոր Արծ­րու­նիի հետ, որուն խնդրանքով պատերազմական յուշեր ու զանազան յօդուածներ տպագրած է «Մշա­կ»ի մէջ` «Պլէ­օ­խան» ծածկանունով։ Վերադառնալով ռուսական հսկողութեան տակ գտնուող Կարս, հրատարակած է Թրքահայաստանի ազատագրութեան նուիրուած «Կարս Հա­յաս­տա­նի» (նման անունով պարբերական մատենագիտական որեւէ ցուցակին մէջ կամ որեւէ աղբիւրի մէջ չկայ - խմբ.) եռօրեայ հայրենաշունչ թերթը, զոր, սակայն, 2-3 թիւ հրատարակուելէ ետք, քաղաքական նկատառումներով եւ բարեկամներու խորհրդով ընդհատուած է, քանի որ կարնար վնաս հասցնել Թուրքիա բնակող իր հարազատներուն։ 1880 թուականի Հոկտեմբեր 16-ին, Կարսի Ազգային առաջնորդարանն ու կրթական մարմինները, անոր շնորհած են «Գնա­հա­տա­կան վկա­յա­գիր»` անձն­ուէր ծա­ռա­յու­թեան հա­մար։ 1881 թուականին, Կ. Պո­լիս վե­րա­դար­ձած է եւ զա­նա­զան պաշ­տօն­ներ վա­րած։ 1881-1888 թուականներուն, բնակ­ած է Սե­բաս­տիոյ նա­հան­գի, Սե­բաս­տիոյ գա­ւա­ռի, Ակն գա­ւա­ռա­կի կեդրոն՝ Ակն քա­ղա­քի մէջ, ապա` Խարբերդի նահանգի Տերսիմի գաւառի Չմշկածագ աւանին մէջ եւ քաղաքապետական դեղագործի ու վիրաբոյժի պաշտօններ վարած։ Այդ ընթացքին բազմիցս այցելած է Տերսիմ եւ իր համակրելի բնաւորութեամբ դարձած՝ տեղի քիւրտ ցեղապետերու սիրածին։

Կազմած է Հայաստանի ազատագրութեան համար ապստամբութեան ծրագիր, սակայն գտնելով, որ այդ դժուարին եւ կանխահաս է, հրաժարած է այդ միտքէն։ 1889 թ. Յունուարին, Երզնկայի մէջ կազմուած Հայ տնտեսական միութեան հրաւէրով մեկնած է Երզն­կա` վի­րա­բոյժ եւ դե­ղա­գործ աշ­խա­տե­լու։ 1889 թուականին, Երզն­կա­յի Օս­մա­նեան իշ­խա­նու­թիւ­նը անոր ամ­բաս­տա­նած է իբ­րեւ ռու­սա­կան լրտես, որ 1877-1878 թուականներուն՝ Ռուս-թուր­քա­կան պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ, որպէս թէ՝ նպաս­տած է Կարս բեր­դա­քա­ղա­քի անկ­մա­ն, քա­նի որ Կար­սի զին­ուո­րա­կան յա­տա­կա­գի­ծը, որպէս թէ՝ ու­ղար­կած է ռու­սա­կան բա­նա­կի կե­նե­րալ Ար­շակ Տէր-Ղու­կա­սո­վին։ Տու­նը խու­զար­կե­լու ընթացքին, Անիի մէջ՝ Կարսի առաջ­նոր­դի,Գամառ Քաթիպայի (Ռափայէլ Պատկանեան) եւ ու­սու­ցիչ­նե­րու հետ լու­սան­կար­ուած պատ­կե­րը եւ մի քա­նի նոր հե­ղի­նա­կած եր­գեր յայտ­նա­բե­րած են։ 1889 թուականին 5 տար­ուան տա­ժա­նա­կիր բան­տար­կու­թեան դա­տա­պարտ­ուած է։ 1894 թուականին, Լիպիոյ (Ափ­րի­կէի հիւ­սի­սը) Թրի­պո­լիս քա­ղաք աք­սոր­ուած է։ 1895 թուականին Յունուա­ր 1-ին, ֆի­զի­կա­պէս քայ­քայ­ուած ու հո­գե­պէս ջլատ­ուած վի­ճա­կի մէջ մա­հա­ցած է Թրի­պո­լի­սի իտա­լա­կան հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ` 46 տարեկան հասակին։ Թաղուած է Թրիպոլիի յունական գերեզմանոցում։ Թողած է մի քանի թատերական եւ բժշկական գործեր, որոնցմէ մի քանին՝ խարդախաբար, հրատարակած են ուրիշներ (Վ. Արծրունի, «Արեւ», 1932, Յունուար)։

Աշ­խա­տու­թիւն­նե­րը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ուղեւորութիւն դէպի Արաբիա (թուրքերէն բնագիր), 1876։
  • Ուղեւորութիւն դէպի Արաբիա (հայերէն թարգմանութիւն), թերթոն «Աշ­խա­տանք» թերթում, Զմիւռնիա, 1911 թ.։
  • Պոտուրեան Մկրտիչ, Հայ հանրագիտակ, Պուքրէշ, 1940։
  • Պարսամեան Մկրտիչ, Ակն եւ ակնցիք, Փարիզ, 1952։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Ստեփանեան Գ., Կենսագրական բառարան, հ. Ա., Երեւան, 1973։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։