Ասպարէզ
Ասպարէզը մարդու մը անձնական ուսումի, աշխատանքի եւ ուրիշ կեանքի երեւոյթներու ճանապարհն է: «Ասպարէզ» բառը կը գործածուի տարբեր իմաստներով եւ այս պատճառով ունի տարբեր սահմանումներ:
Սահմանում եւ ածանցաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ասպարէզը Օքսֆըրտ Անգլերէն բառարանին մէջ, բացատրուած է որպէս «մարդու մը յառաջդիմութիւնը կեանքին ընթացքին:» Այս բացատրութեան մէջ կը հասկնանք թէ, ասպարէզը կը վերաբերի մարդու մը կեանքի տարբեր ընթացքներուն եւ անոնց կատարած փոփոխութիւններուն, օրինակ՝ դպրոցը եւ ետքը գործն ու աշխատանքը: Ասպարէզ ըսելով նաեւ կը հասկնանք այդ գործը կամ պաշտօնը որ անձ մը կը ստանցնէ ու անոնք կը պարտադրեն ճշգրիտ ուսում եւ յատուկ դասընթացքներ[1]: Եւ այս մէկը կը համարուի մարդու մը կեանքի աշխատանքը[2]: Այսպիսով, ասպարէզը շարք մը աշխատանքներ են, օրինակ՝ «ասպարէզ դասաւանդութեան մէջ:» կամ «ասպարէզ առեւտուրի մէջ:»:
Պատմական փոփոխութիւններ ասպարէզներու մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
20-րդ դարու վերջաւորութեան, պաշտօններու ու զբաղումներու մէջ մեծ տագնապ մը սկսաւ, որովհետեւ յառաջդիմած ուսումը միայն ուսանած մարդոց առիթը կ'ուտար լաւ գործերու եւ պաշտօններու: Ու այս պատճառով, ասպարէզի մասնագէտներ ունեցանք որպէսզի ուսանող սերունդին օգնեն իրենց ասպարէզի որոշումներուն մէջ:
Ասպարէզի ղեկավարութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ասպարէզի ղեկավարութեան կարողութիւնը բացատրուած է խաժատիպ օրինակով (Միացեալ նահանգներու, Գանատայի, Աւսրտալիոյ, Սքոթլանտի եւ Անգլիոյ մէջ[3])[4], այդ կը պարունակէ ունենալ տարբեր կարողութիւններ, օրինակ ասպարէզ մը համացանցի աշխատանքին մէջ[5]:
Ասպարէզի ղեկավարութիւն ունենալու համար, պէտք է անձը որոնէ աշխատանքի զետեղման սպասարկութեան մասին, աւարտէ իր ասպարէզի կարեւոր ուսումը եւ վերջապէս կատարէ փոփոխութիւններ:
Ասպարէզի որոշում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երբ անձը ասպարէզ մը կը որոշէ, պէտք է նկատի առնէ իր բնական տաղանդը, աշխատած կերպը, ընկերական մթնոլորտը, կեանքի եւ գործի հաւասարակշռութիւնը, հանգստութիւնը, ճնշումը եւ վերջապէս նիւթական յաջողութիւնը: Իսկ եթէ ասպարէզ որոշելը շատ դժուար կը թուի, աւելի դիւիրինը այն է որ ընտրել այդ ճամբան որ ամենաճիշդը կը թուի:
Մի քանի մարդիկ կը դիմեն ասպարէզի մասնագէտներու ու խորհրդատուներու, խնդրելով անոնց օգնութիւնը իրենց որոշումներուն մէջ: Ինչպէս նաեւ կ'ըսուի թէ եթէ անձ մը, դպրոցին կողքին, մէկ տարի եւս դասընթացքի հետեւի եւ բարելաւէ իր ուսումը կ'ունենայ 17.8% աւելի լաւ ամսական: 2010 թուականին, Միացեալ նահանգներուն մէջ յայտարարուեցաւ թէ 90%-ը Ամերիկացի աշախատողներուն ունին միայն երկրորդական ուսումի վկայական, 64%-ը համալսարան յաճախած են իսկ 34%-ը ունին համալսարանի վկայական[6]:
Ամենամեծ դժուարութիւններ էն մէկը այնէ որ մարդիկ կարող չեն իրենց ուսումի նիւթական պէտքերը ապահովել եւ այս պատճառով ապագային կը մնան անգործ[7]:
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ career. dictionary.reference.com. 2012. Retrieved 20120-02-10.
- ↑ career. The Free Dictionary. 2013. Retrieved 2012-02-10.
- ↑ Careers Blueprint. Excellence Gateway. Retrieved on 2014-01-11.
- ↑ Hooley, T., Watts, A. G., Sultana, R. G., & Neary, S. (2013)։ «The 'blueprint' framework for career management skills: a critical exploration»։ British Journal of Guidance & Counselling 41 (2): 117։ doi:10.1080/03069885.2012.713908
- ↑ Hooley, T. (2012)։ «How the internet changed career: framing the relationship between career development and online technologies»։ Journal of the National Institute for Career Education and Counselling (NICEC) 29: 3
- ↑ DeVol, R., Shen, I., Bedroussian, A., Zhang, N. (2013). A Matter of Degrees: The Effect of Educational Attainment on Regional Economic Prosperity. Milken Institute
- ↑ Brennan, Susan. (2013-02-13) How Colleges Should Prepare Students For The Current Economy – Yahoo Finance. Finance.yahoo.com. Retrieved on 2014-01-11.