Jump to content

Մուտրոսի պայմանագիր

Բրիտանական Ագամեմնոն ռազմանաւը, ուր Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիրը ստորագրուեցաւ
Լիմնոս կղզի, Էգէական ծով, Յունաստան

Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիրը ստորագրուած է 30 Հոկտեմբեր 1918-ին (հակառակ անոր թէ ստորագրուեցաւ 31 Հոկտեմբերի, կը յիշուի 30 Հոկտեմբերը), Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Դաշնակից պետութիւններուն միջեւ, Էգէական ծովուն Լիմնոս կղզիին Մուտրոս նաւահանգիստին բացերը խարիսխ նետած բրիտանական «Ագամեմնոն» (Աղամեմնոն) ռազմանաւին վրայ։

Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիրը իր 24 յօդուածներով, Օսմանեան կայսրութեան պարտութիւնն ու անձնատուութիւնը հաստատագրող միջազգային իրաւական փաստաթուղթն է։

Արեւելեան ռազմաճակատին վրայ, Օսմանեան կայսրութեան հարաւային սահմաններուն ամբողջ երկայնքին, Սեպտեմբեր 1918-ի առաջին իսկ օրերէն՝ Դաշնակից ուժերու ռազմական իրարայաջորդ յաղթանակներու ճնշումին տակ, արագօրէն սկսած էր թրքական եւ գերմանական միացեալ զօրքերուն նահանջը։

Համաձայնագիրը կը ստորագրեն Օսմանեան կայսրութեան նորակազմ կառավարութեան ծովուժի նախարար Ռաուֆ Բէյ եւ Դաշնակից ուժերուն կողմէ ծովակալ Գալթորփ (Somerset Arthur Gough-Calthorpe)։

Մուտրոսի պայմանագրով, Դաշնակիցները՝

  • Իրենց անմիջական հսկողութեան տակ կ՛ առնեն օսմանեան նոր կառավարութեան կազմը։
  • Կը պարտադրեն բացուին Տարտանելի նեղուցը եւ Վոսփորը դէպի Սեւ ծով, ինչպէս նաեւ անոնց բերդերուն յանձնումը իրենց։
  • Կը տիրանան թրքական ռազմանաւերուն եւ ազատ երթեւեկ կ՛ ունենան Օսմանեան կայսրութեան տարածքին նաւահանգիստներուն։
  • Թրքական պետութեան կը պարտադրեն զինուորական դատաստանի ենթարկել Ա․ Աշխարհամարտի ընթացքին թրքական իշխանութեանց գործադրած ցեղասպանական ոճիրներուն իթթիհատական պատասխանատուները։
  • Պաթումին կը տիրանան։
    Մուտրոսի ծոցը
  • Երկաթուղային ցանցին հսկողութիւնը կը ստանձնեն։
  • Թուրքերուն կը պարտադրեն Հիժազ, Ասիր, Եմէն, Միջքագետք՝ Իրաք, օսմանեան Թրիփոլիթանիա (օսմ․ թրք․ ایالتولايت طرابلس غرب) եւ Քիրինայիքա շրջաններուն բերդերուն, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիթանիա եւ Քիրինայիքա նաւահանգիստներուն յանձնումը։  
  • Տարտանել (Հելիսփոնտոս)
    Կը պահանջեն թրքական նորակազմ կառավարութենէն, որ զինադադարի պայմանները պարտադրէ թրքական բանակէն վերապրած այն զօրքերուն, որոնք Մուսթաֆա Քեմալի հրամանատարութեան տակ կը մերժէին իրենց զէնքերը յանձնել ու կը սպառնային պատերազմը շարունակել։

Պայմանագրին առնչութիւնը Հայկական հարցին հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուտրոսի պայմանագիրը կը նախատեսէ Հայաստանի ու հայութեան իրաւունքներուն եւ շահերուն ուղղակիօրէն առնչուող յօդուածներ։  Թրքական պետութիւնը կը պարտաւորուի՝

Յօդուած 4 - Թուրքական զօրքերուն կողմէ ռազմագերի բռնուած կամ ընդհանրապէս ձերբակալուած հայերը հաւաքել Կոստանտնուպոլիս եւ զանոնք առանց խոչընդոտներու դաշնակիցներուն յանձնել:

Յօդուած 11 - Թրքական զօրքերը դուրս բերել Անդրկովկասէն, ինչպէս եւ տեղական ուժերէ կազմուած մնացեալ զօրքերը հեռացնել, «եթէ Դաշնակիցները պահանջեն ատիկա՝ տեղւոյն վրայ իրավիճակը ուսումնասիրելէ յետոյ»:

Յօդուած 16 - Թրքական զօրքերը դուրս բերել Կիլիկիայէն։

Ինչպէս նաեւ ըստ յօդուած 24-ի՝ «Հայկական նահանգներէն որեւէ մէկուն մէջ անկարգութիւններու պարագային, Դաշնակիցները իրենց իրաւունք կը վերապահեն գրաւելու անոնց մէկ մասը»:

Սակայն յատկանշական է թէ սոյն պայմանագիրը ժամացուցակ չի ճշդեր։

Պայմանագրի հետեւանքներն ու հոլովոյթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անմիջական հետեւանքներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուտրոսի պայմանագիրը անգլիական դիւանագիտութեան յաղթանակ մըն է։ Անգլիան կ՛ ամրացնէ իր գերիշխանութիւնը արեւելքի մէջ՝  կը ժառանգէ Գերմանիան, իսկ Ֆրանսային եւ Իտալիոյ շահերը մէկդի կը դրուին։   Վերջիններս կը ցուցնեն իրենց դժգոհութիւնը։

Վերապահութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարգ մը պատմաբանները, կը պնդեն թէ Մուտրոսի զինադադարին պայմանները Դաշնակիցներու անունով Թուրքիոյ պարտադրած անգլիացի ծովակալ Գալթորփը չունէր Դաշնակից միւս պետութիւններուն լրիւ համաձայնութիւնը, որովհետեւ յօդուածները Լոնտոն կը խմբագրուին եւ ծովակալ Գալթորփին հեռագրով չղրկուած հազիւ երեք օր առաջ մնացեալ դաշնակիցները տեղեակ կը պահուին։  Ուրիշ պատմաբաններ ալ, դիտել կու տան, թէ Ա․ Աշխարհամարտի յաղթական Դաշնակիցները ինչպէս աշխարհաքաղաքական միւս գօտիներու պարագային, նաեւ Մուտրոսով նախատեսուած շրջաններու վերաբերեալ, իրենց սկզբնական խոստումներն ու յանձնառութիւնները շուտով կը մոռնան, երբ իրար միջեւ թափ կ՛ առնէ գաղթատիրական մրցապայքարը։

Մուտրոսի պայմանագրին տրամադրութիւններն ու յօդուածները ենթակայ միջազգային-բանակցային քննարկման

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մուտրոսի զինադադարի պայմանագրին տրամադրութիւններն ու յօդուածները միջազգային-բանակցային քննարկման առարկայ կը դառնան անոր ստորագրութենէն երեք ամիս ետք, 18 Յունուար 1919-ին, Փարիզի մէջ բացուած Հաշտութեան խորհրդաժողովի ընթացքին, որ քանի մը ամիս տեւեց։

Փարիզի խորհրդաժողովը կը հաստատէ Մուտրոսի պայմանագրին տրամադրութիւնները եւ թրքական պետութեան վրայ դրուած պարտաւորութիւնները։ Ինչպէս օրինակ, Դաշնակից ուժերու գերագոյն խորհուրդի որոշումով Օսմանեան կայսրութենէն կ՛ անջատուին Հայաստան, Սուրիա, Պաղեստին, Արաբական Թերակղզի եւ Միջագետքը:

Դաշնակից պետութիւնները ոչ մէկ լուրջ քայլի կը ձեռնարկեն իրագործելու համար Մուտրոսի զինադադարին այն պայմանները, որոնք միւս արդար դատերու շարքին նպաստաւոր էին նաեւ ու մանաւանդ Հայկական Հարցի արդարացի լուծման համար։  

Մուսթաֆա Քեմալ եւ անոր շուրջ խմբուած թրքական բանակի երիտասարդ սպաները առաջին իսկ օրէն կը մերժեն ճանչնալ Թուրքիոյ պարտութիւնը հաստատագրող պայմանագիրը։

Մուտրոսի պայմանագրին ստորագրութեան ժամանակ, յոյն վարչապետ Էլեֆթերիոս Վենիզելոս Փարիզ կը գտնուէր։

Պայմանագրին կը յաջորդէ ֆրանսական արշաւանքը Խրիմ (որուն յոյներն ալ կը մասնակցին) եւ ամիս մը ետք յունական բանակին արշաւական յառաջղացացը Փոքր Ասիա (Զմիւռնիա

Մուտրոսի զինադադարի պայմանագիրը, յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, մեռեալ տառ կը մնայ եւ հինգ տարի ետք յաջորդող Լոզանի դաշնագիրը կը բարդէ զայն։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]