Ռումանիոյ Հայերը
Ռումանիոյ Հայերը, Ռումանիոյ Հանրապետութիւն, պետութիւն Եւրոպայի հարաւ-արեւեիքը։ Տարածքն է 238,4 հզ. ²քմ.: Մայրաքաղաքը՝ Պուխարեստ:
Ռումանիոյ հայկական գաղութը Եւրոպայի հնագոյն գաղութներէն մէկ է։ Կ'ենթադրուի, որ Բիւզանդական կայսրութեան կազմակերպած բռնագաղթերուն հետեւանքով, արդէն 5-12-րդ դարերուն հայերու հոծ զանգուածներ բնակեցուած են Ռումանիոյ տարածքին։
967-ին Աքերմանի մէջ գտնուած է թուագրուած արձանագրութեան բեկոր մը, որ նոյնպէս կը վկայէ հայերու գոյութեան մասին Ռումանիոյ մէջ՝ նախքան Բագրատունիներու թագաւորութեան անկումը։
Ռումանիոյ մէջ հայերու վաղեմի եւ ստուար բնակութեան վկայութիւնն են հայկական բազմաթիւ տեղանուններու, երբեմնի հայաշատ գրեթէ բոլոր քաղաքներուն մէջ հայկական թաղամասերու ու փողոցներու առկայութիւնը։ Հայերը Ռումանիա գաղթած են Անի-Ղրիմ-Աքերման ճանապարհով։ Անոնց հոսքը Ռումանիա բազմացած է Անիի անկումէն (11-րդ դար) ետք։ Ռումանիոյ մէջ հայերու հաստատման պաշտօնական տարեթիւը կը համարուի 1350-ը՝ Պոթոշանի մէջ առաջին եկեղեցւոյ հիմնադրման տարին։ Անոնք ունեցած են իրենց հոգեւոր թեմը, որ 1365-էն ենթարկուած է Լվովի հայկական եպիսկոպոսութեան։ 14-րդ դարուն Ռումանիոյ մէջ հայերու թիւն այնքան աճած է, որ իշխան Ալեքսանտր Բարեպաշտը 1401-ի հրովարտակով Սուչավա մայրաքաղաքին մէջ անոնց համար հիմնած է առաջնորդական թեմ' Յովհաննէս եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ։ 1408-ի հրովարտակով ան Լվովէն հրաւիրած է հայ վաճառականներ եւ բնակեցուցած Սուչավա, Սիրետ, Չեռնովցի քաղաքներուն մէջ, անոնց շնորհելով շարք մը արտօնութիւններ (նուազ հարկերով առեւտուր կատարելու իրաւունք): 1418-ին նոյն իշխանի հրաւէրով Լեհաստանէն 3 հազար հայ ընտանիք գաղթած է Ռումանիա։ Մեծ թիւով հայեր Ռումանիա եկած են, երբ թուրքերը գրաւած են Կ. Պոլիսը (1453) եւ Ղրիմը (1475): 16-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 16-րդ դարու սկիզբը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ջալալիներու ասպատակութիւններէն եւ Իրանի շահ Ապպաս Ա․-ի բռնագաղթերէն խուսափած շատ հայեր ապաստանած են Ռումանիոյ հիւսիսային (Մոլտաւիոյ) եւ հարաւային (Վալախիոյ) քաղաքներուն մէջ։ 17-րդ դարու 2-րդ կիսուն Լեհաստանի հայերու բռնի կաթոլիկացնելու քաղաքականութիւնը շատերուն ստիպած է Ռումանիոյ մէջ ապաստան գտնել։ 17-րդ դարուն գաղթած հայերուն զգալի մասը հաստատուած է երկրի արեւմտեան մասին՝ Թրանսիլվանիոյ մէջ։ Յետագային, երբ մարզն անցած է Աւստրո-Հունգարիոյ տիրապետութեան տակ, հայերը կաթոլիկացուած են եւ ձուլուած՝ ժամանակի ընթացքին։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հայերը Ռումանիոյ Մէջ», Յ. Ճ. Սիրունի, «Հայրենիք» ամսագիր, թիւ 1, 8-րդ տարի, Նոյեմբեր 1929: