Jump to content

Մեհեան (հանդէս)

Մեհեան
Մեհեան
Տեսակ գրական ամսագիր?
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1 Յունուար 1914
Հիմնադիր Կոստան Զարեան
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն

«Մեհեան», գրական-գեղարուեստական միամսեայ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1914 թուականին (7 համար), Կ․ Պոլսոյ մէջ։ Տնօրէն-խմբագրապետ՝ Կոստան Զարեան, խմբագիրներ՝ Գեղամ Բարսեղեան, Յակոբ Քիւֆեճեան (Օշական)։ Արեւմտահայ իրականութեան մէջ 1910-ական թուականներուն ծագած, այսպէս կոչուած, հեթանոսական գրական շարժման (մեհենական հոսանք) ներկայացուցիչներու հրատարակութիւն։ Ձգտած է բարձրացնել գրականութեան դերը Ժողովուրդի բարոյական նկարագրի ձեւաւորման գործին մէջ, նպաստած հայ ժողովուրդի տարանջատուած հատուածներու հոգեւոր միասնութեան, մերժած է «ռուսահայ», «թրքահայ», «կովկասահայ» հասկացութիւնները գրական ասպարէզին մէջ։ Անդրադարձած է Ռուբէն Զարդարեանի, Գեղամ Տէր Կարապետեանի, Յակոբ Մնձուրիի, Հրանդ Նազարեանցի, Տիրան Չրաքեանի (Ինտրա), Լեւոն Շանթի, Վրթանէս Փափազեանի եւ ուրիշներու ստեղծագործութիւններուն։ Քննադատական յօդուածներով բարձրացուցած է գրական արժէքներու վերագնահատման հարցը։ Աշխատակցած են Դանիէլ Վարուժանը, Վահան Թէքէեանը, Յակոբ Սիրունին, Լեւոն Էսաճանեանը, Ռ․ Շիշմանեանը եւ ուրիշներ։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։