Ինտրա
Ինտրա | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Տիրան Չրաքեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Ինտրա |
Ծնած է | 11 Սեպտեմբեր 1875[1] |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 6 Յունիս 1921[1] (45 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Սիլվան, Դիարբեքիրի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ[2] |
Կրօնք | յոթերորդ օրվա ադվենտիստների եկեղեցի? |
Ուսումնավայր | Պէրպէրեան Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ, գեղանկարիչ, բանաստեղծ, գրագէտ, գրաքննադատ |
Ստորագրութիւն |
Ինտրա (Տիրան Չրաքեան, 11 Սեպտեմբեր 1875[1], Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 6 Յունիս 1921[1], Սիլվան, Դիարբեքիրի վիլայեթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ բանաստեղծ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1875-ին Պոլիս, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք յաճախած է թաղային դպրոց Պէրպէրեան վարժարան, ուր կրած է Ռէթէոս Պէրպէրեանի խոր ազդեցութիւնը: Մեծանուն կրթական գործիչը խօսելով իր աշակերտին մասին, կը գրէ.- «Լուսալի աչքերով աշխոյժ բայց արդէն խոհուն պատանեկիկ մըն էր, չարաճճի հարցուփորձող ժպիտով մը»: Տիրան Չրաքեան ուշիմ աշակերտ եղած է, մասնաւոր սէր ու հակում ունեցած է նկարչութեան, երաժշտութեան եւ գրականութեան հանդէպ: Իր ստորագրութիւնը կրող քանի մը յաջող իւղանկարներ եւ գծանկարներ մնացած են կարգ մը բարեկամներու մօտ: Ամէն հարցի խորը թափանցելու հետաքրքրութիւնը կը մղէ որ Չրաքեան կլանուի նաեւ գիտութեամբ: Լայն ծանօթութիւններ ձեռք կը բերէ մասնաւորաբար բնապատմութեան ճիւղին մէջ:
Պէրպէրեան վարժարանը աւարտելէ ետք, 1891-ին կը նուիրուի ուսուցչութեան նոյն վարժարանին մէջ։ 1898-ին դարձեալ ուսուցչական պաշտօնով կը մեկնի Տրապիզոն, Սեւ ծովեան շրջան եւ 1900-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Սեւ Ծովէն քաղած ներշնչումները այդ տեղափոխութեան կը պարտի: 1904-1905 տարիներուն նախ կ'անցնի Փարիզ՝ նկարչութեան եւ գրականութեան հետեւելու, յետոյ կ'այցելէ Եգիպտոս ու կը դառնայ Պոլիս: Առաւելաբար անձնական աշխատութեամբ ձեռք կը բերէ իր փափաքած զարգացումը: 1906-ին կը հրատարակէ «Ներաշխարհ»ը, զոր գրի առած էր 1898-1900-ին: Ինտրա կը շարունակէ ուսուցչութեան պաշտօնը վարել Պէրպէրեան, Կեդրոնական եւ Պեզազեան վարժարաններուն մէջ, աւանդելով գլխաւորապէս հայ գրականութիւն: 1908-ին կը հրատարակէ «Նոճաստան»ը, քերթուածներու փոքրիկ հատոր մը: Ինտրա մօտ 15 տարի իր աշխատակցութիւնը բերած է հայ թերթերուն եւ տարեգիրքերուն, զանազան յօդուածներով: Ուշագրաւ է մասնաւորաբար «Ներաշխարհ»ի պաշտպանութեան համար գրած իր ընդարձակ յօդուածաշարքը, ի պատասխան գրաբարագէտ Տիգրան Ելքէնճեանին, որ «Բիւզանդիոն»ի մէջ քննադատած էր այս գործը:
1910 թուականը անկիւնադարձ մը կ'ըլլայ Չրաքեանի կեանքին մէջ։ Յաջորդական ներքին տագնապներ իր մէջ կ'առաջացնեն հոգեփոխութիւն եւ կ'ուրանայ իր անցեալը, գրական վաստակը, նոյնիսկ Իռենան: Նախ կը յարի ոգեհարցութեան, ապա շաբաթապահութեան, դառնալով աւետարանի քարոզիչ: Համաշխարհային Առաջին պատերազմին իբրեւ հասարակ զինուոր կը ծառայէ թուրք բանակին մէջ, բայց կը մերժէ զէնք վերցնել, հաւատարիմ մնալու համար «մարդ չսպանելու» իր սկզբունքին: Իր աշակերտները դրամ կը հաւաքեն եւ զինք կ'ազատեն զինուորութենէ՝ վճարելով անհրաժեշտ փրկագինը: Պոլիս վերադառնալով կը շարունակէ Ս. Գիրքի քարոզչութեամբ զբաղիլ: Կինն ու մէկ հատիկ զաւակը կը հեռանան տունէն՝ անհանդուրժելի գտնելով շաբաթապահ քարոզիչի իր ընթացքը: Խորապէս ցնցուած 1915-ի ահաւոր ոճիրներէն, ընդմիշտ կը կորսնցնէ հոգեկան հաւասարակշռութիւնը եւ անձնատուր կ'ըլլայ մտասեւեռումներու: Այդ օրերուն է, որ կ'այրէ իր բոլոր ձեռագիրները: 1919-1920 տարիներուն կը հիմնէ Աւետարանական լսարան եւ կը քարոզէ Քրիստոսի սէրը եւ հանդերձեալ կեանքի գեղեցկութիւնը: Հոգեկան տագնապը այնուհետեւ արգելք կը դառնայ գրական ամէն ստեղծագործութեան եւ մահուան փափաքը իր հիմնական մտածումը կը դառնայ:
Քեմալական շարժումի օրերուն, Ինտրա մեկնած էր Գոնիա, ուր տունէ տուն պտտելով կը քարոզէր Աւետարանի եւ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնը: Կը ձերբակալուի իբրեւ կասկածելի ու վտանգաւոր անձ, «կիլիկեան յեղափոխական գործիչ» եւ կ'աքսորուի անծանօթ ուղղութեամբ: Տասնեակ օրերու տաժանելի ճամբորդութենէ ետք, իր բախտակիցներուն հետ կը հասնի Տիգրանակերտի դաշտը եւ անօթի, ծարաւ ու հիւանդ, մտրակներու հարուածներու տակ, ի վերջոյ շունչը կը փչէ 11 Սեպտեմբեր 1921-ին, ընկերներուն յանձնարարելով սէր, միութիւն եւ հաւատք: Իր ծանօթներուն վկայութեամբ՝ Ինտրա կեանքի ընթացքին եղած է ստորնութեանց եւ միջակութեանց մոլեգին թշնամի, վերջին ծայր սրամիտ, վիճաբանիլը սիրող, գեղեցիկին առջեւ սարսռացող, զօրաւոր յուզումներ փնտռող եւ այդ յուզումներով գինովնալ սիրող բացառիկ անձ մը:
Գործերը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրական նախափորձերը եղած են ոտանաւորներ՝ գրուած Պէրպէրեան վարժարանի ուսանող եղած օրերուն: «Բիւզանդիոն», «Շիրակ», «Ոստան», «Արեւելք» թերթերուն աշխատակցած է արձակ էջերով, քննադատական փորձերով, ճամբորդական նօթերով եւ իմաստասիրական ու ոգեհարցական ուսումնասիրութիւններով: Թէոդիկի «Ամէնուն Տարեցոյցը» հրատարակած է Չրաքեանի արժէքաւոր նամակները, որոնք յոյս կը սփռեն իր կեանքին եւ հոգեկան բեկումներուն վրայ։ Կը խօսուի նաեւ վէպի մը եւ սիրային արձակ քերթուածներու մասին, որոնք շատ հաւանօրէն յանձնուեցան կրակին, իր հոգեկան տագնապի օրերուն: Հատորի ձեւին տակ Ինտրայէն մեզի հասած են երկու գործեր.-
1) «ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ».- Տպուած 1906-ին, բայց գրուած 1898-1900 շրջանին, այսինքն երբ հեղինակը 23 տարեկան էր տակաւին: Տիրան Չրաքեան 16 Հոկտեմբեր 1900-ին Մ. Կիւրճեանին ուղղած նամակի մը մէջ կը գրէ. «Գիրքս լմցուցի այսօր: Օ՜հ, մեծ, մեծ ազատումը, զոր սակայն, վարժութեամբ դեռ չեմ կրնար կոր չափել. գործին գաղափարը զիս այնքան նեղած էր, որ կարծես թէ դեռ լմնցուցած չեմ զայն. մինչդեռ իսկապէս լմնցաւ այս առտու»:
Գիրքը ձօնուած է իր ուսուցիչ-տնօրէնին՝ Ռ. Պէրպէրեանին: Պէրպէրեան գրած է շահեկան յառաջաբան մը, ուր կը ջանայ մատնանշել Ինտրայի տաղանդին յատկանիշերը: Ինչպէս խորագիրը ցոյց կու տայ, այս գիրքը կը պատկերացնէ Ինտրայի ներքին աշխարհը՝ արտաքին պատկերներու եւ դէպքերու շրջանակին մէջ։ Հոն կը գտնենք բնութեան նկարագրութիւններ՝ «խոկացող» նոճիներով, ձիւնածածկ լեռներու տաճարային խորհուրդով, Պոլսոյ սլացիկ մինարէներով: Ականատես կ'ըլլանք բանաստեղծի ապրումներուն՝ իր սենեակի առանձնութեան մէջ, գիշերուան լամբարի աղօտ լոյսին մէջ։ Մեզ կը փոխադրէ Սեւ Ծովու ափերը կամ բուրգերու ստորոտը, «Առասպելօրէն անրջացած սփինքսին» խորհրդաւոր նայուածքին տակ: Այս գիրքին մէջ կը գտնենք տակաւին պաշտամունքը լոյսին, իր բիւրեղային մաքրութեամբ: Հոս է սէրը՝ Իռենան, «լուսեղէն եւ արփային» այդ էակը, որ ամբողջովին լոյս է ու հոգի: Գիրքը մեր առջեւ կը բանայ նաեւ մանկութեան յիշատակներ, եկեղեցիի զանգակին եւ խունկի բուրումներուն կախարդանքովը անուշցած: Բանաստեղծական այս բոլոր ապրումներուն քովն ի վեր, «Ներաշխարհ»ը կու տայ վկայութիւններ արեւելքի եւ արեւմուտքի իմաստասիրական մտածումներէն, ինչպէս նաեւ արձագանգը կը հանդիսանայ ընկերային հարցերու: Դժուար է այս գիրքին նիւթը ամփոփել, որովհետեւ աւելի վերլուծում է մտածումներու եւ զգացումներու, քան թէ դէպքերու պատմում:
2) «ՆՈՃԱՍՏԱՆ» (1908).- քառասուն հնչեակներու հաւաքածոյ մը, որուն մէջ տեղ գտած բոլոր քերթուածներն ալ ներշնչուած են նոճիներու խորհուրդէն եւ կը սեւեռեն անցաւորէն դէպի յաւիտենական կեանք ձգտող հոգիի մը տագնապանքը: Ինտրա հմայուած է նոճիներու երջանիկ ճակատագրէն, որովհետեւ, ըստ իրեն, անոնք ի վիճակի են ձգտելու յաւերժական լոյսին եւ ճշմարտութեան, իսկ ինք զուրկ է այդ գեղեցկութեանց հասնելու կարողութենէն:
Գրական յատկանիշեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինտրայի գրականութիւնը, իր ամբողջութեան մէջ, անմահութեան եւ անհունութեան հասնելու ձգտում մըն է՝ աննիւթացման եւ հոգեղինացման ճամբով: Այսպէս՝ երբ կը կարդանք «Ներաշխարհ»ը, անմիջապէս կ'անդրադառնանք որ անսովոր, բացառիկ գործի մը առջեւ կը գտնուինք: Այդ գիրքը ոչ բանաստեղծութիւն է եւ ոչ վէպ՝ ընթացիկ իմաստով: Սակայն իր մէջ կը պարունակէ թէ՛ բանաստեղծական եւ թէ վիպային տարրեր: Ամբողջութիւնը խօսակցութիւն մը՝ կը ներկայացնէ իր իսկ հոգիին եւ ապա նաեւ տիեզերական ոգիին հետ:
Ինտրա ոգեղէնի սիրահարն է եւ ամէն ինչ կ'ոգեղինացնէ: Կը խորշի առօրեայ կենցաղէն, նիւթէն եւ նիւթականէն: Յաւիտենականին եւ աստուածայինին գեղեցկութիւններն են, որ զինք կը քաշեն: Իր սէրը, մարմնաւորուած Իռենայի անձով, ամբողջովին մաքրազտուած է աշխարհային եւ մարմնեղէն տարրերէ: Սէրը, Ինտրայի համար, բնութեան մէկ սքանչելի երեւոյթն է, անոր հրաշալի խորհուրդներէն մէկը: Իռենան կը ներկայանայ իրեն իբրեւ Աստուծոյ սրբալոյս մէկ ցոլքը, աննիւթ եւ անհպելի, որուն կարելի է մօտենալ լոկ կրօնական ջերմեռանդութեամբ:
Յաւիտենականութեան եւ անմահութեան գաղափարով լեցուած՝ Ինտրա ինքզինք մաս ու եղբայր կը զգայ բնութեան եւ երկինքին, տեւաբար ձգտելով աւելի աննիւթացման եւ աւելի յաւերժացման: Այս պատճառով է որ մահը իրեն համար բաղձալի բան մըն է, քանի որ առիթ կ'ընծայէ յաւերժութեան մերձենալու:
Գեղեցիկին ու լոյսին երգիչն է ինք, որովհեսեւ գեղեցիկը անանձ է ու վեր կը մնայ առօրեայէն: ԵՍ-էն դէպի ընդհանրականը, շօշափելիէն դէպի անշօշափելին, նիւթէն դէպի ոգեկանութիւն՝ ահա Ինտրայի դաւանանքը, որ յագեցած է նաեւ Գեղեցիկի, Բարիի ու Ճշմարիտի ըմբռնումով, Պէրպէրեանի ազդեցութեան տակ: Մարդուս կեանքը- կը հաւատայ Ինտրա- դէպի տիեզերքի ստեղծիչը տանող ճամբուն վրայ ինկած հանգրուան մըն է: Այս անցքը պէտք չէ որ կաշկանդէ մեզ: Մարդ պէտք է գիտնայ արհամարհել աշխարհային ամէն վայելք, հասնելու համար յաւերժական հոգեղինացման:
«Ներաշխարհ»ին պէս «Նոճաստան»ն ալ կը պատմէ հողեղէն եւ աշխարհային կեանքի ունայնութիւնը: Ինտրա գիտէ միաձուլուիլ բնութեան տարրերուն, ձայներուն եւ գոյներուն հետ: Այս գիծով՝ ան կը մօտենայ համաստուածութեան, տիեզերական եղբայրակցութեան:
Ինտրա կը յորդի «անեզրութեան» գաղափարով: Սկիզբը ԵՍ-ն է, վախճանը՝ Աստուած: Դժգոհ է ընկերութենէն, որովհետեւ կը խորհի թէ ան կը կաշկանդէ մարդուս թռիչքը:
Իր իսկ երկը վերլուծող ընդարձակ յօդուածին մէջ, Ինտրա կը շեշտէ.- «Նիւթ ըսուածը խտացուած, սահմանաւորուած Արփն է. իսկ հոգին՝ սահմանազերծ, անպարագիծ նիւթը: Մարդը փոխանցում մ'է ձեւէն դէպի իմաստը, տեսիլէն դէպի խորհուրդ, թիւէն դէպի Անհուն, իրականութենէն դէպի Գաղափարը»:
Այս ու նման գաղափարներով յագեցած՝ Ինտրա աւելի բանաստեղծ է քան փիլիսոփայ: Արուեստագէտ մը՝ որ կը մտածէ, կ'երազէ, կը հրճուի եւ կը տառապի: Տեսլահար մըն է գինովցած երկինքին եւ անհունին տեսիլքով: Մանուկի մը հիացիկ հոգիով կը քալէ կեանքին մէջ, յափշտակուած ստեղծագործութեան հրաշալիքներէն:
Որքան բովանդակութեամբ, նոյնքան նաեւ ձեւով ու արուեստով անսովոր գործ մըն է «Ներաշխարհ»ը մեր գրականութեան մէջ:
Ահա թէ ինչպէ՛ս կը բնորոշէ Չրաքեան իր գործին բաղադրութիւնը.- «Լեռնագաւառ մ'է դժնդակ սեպութիւններով, բայց նաեւ խաղաղասփիւռ հովիտներով, յստակագիծ պայծառերանդ հեռուներով, բայց միանգամայն միգամած սարերով ու խաւարին խորքերով լի»:
Այն շրջանին (1890-1900), երբ Պոլիսը գրեթէ պարպուած էր իր յայտնի դէմքերէն եւ գրականութիւնը տժգունած, աշնան դեղին տերեւներու վերածուած, գրական անարիւն էջերու տաղտկալի այս հանդէսին մէջ երկու բացառիկ խառնուածքներ կը ծաղկին, լուռ ու մունջ, գրեթէ կորսուած իրենց մեկուսի անկիւններէն ներս: Անոնցմէ մէկը Միսաք Մեծարենցն է, միւսը՝ Տիրան Չրաքեանը: Երկուքն ալ օժտուած են խոր զգայնութեամբ, երկուքն ալ մեծ արուեստագէտ ու վեր իրենց շրջապատի միջակութիւններէն: Ճիշդ այդ պատճառով ալ երկուքն ալ անտեսուած մնացին երկար ատեն:
Ինտրա, Մեծարենցի նման, բանաստեղծ է եւ նոյն ատեն ունի նկարչական շատ հարուստ զգայարանք: Աշխարհը կը տեսնէ շարունակ գունագեղ պատկերներով: Ամէն մէկ էջին մէջ կը ստեղծէ լոյսի եւ ստուերի խաղեր, կը կենդանացնէ բնութիւնը եւ մինչեւ իսկ թանձրացեալ իրականութեան մէջ կը վերածէ ծովուն ձայնն ու աղի համը:
Ինտրայի ոճը բարդ է: Փոխանակ անջատ նախադասութիւններ կազմելու, ան կ'աշխատի մտքերը ձուլել ընդհանրացումներու մէջ:
Գրեթէ բնաւ չի գործածեր մաշած կաղապարներ: Ամէն մէկ նախադասութեան եւ ստեղծած պատկերին վրայ իր անձին կնիքը կայ: Գերազանցօրէն ինքնատիպ հեղինակ մըն է այնպէս որ Ինտրայի մէկ էջը բաւարար է զինք զատելու ուրիշներէ:
Զարտուղի ճամբաներէ քալող այս մեծ գրագէտը ունի անշուշտ իր թերութիւններն ալ: Ինտրայի ոճը շատ ծանրաբեռնուած է բազմայարգ նախադասութիւններով, ոլորուն բառերով: Ճիշդ այս պատճառով «Ներաշխարհ»ի ընթերցումը կը յոգնեցնէ թերեւս բայց չի ձանձրաձներ: Տեղ-տեղ Ինտրա կը դառնայ շատաբան, այսինքն շատ կը բացատրէ եւ շատ կը վերլուծէ, առանց ընթերցողին տալու անձնական գիւտին հաճոյքը: Բառերու հեղեղի մը ներքեւ յաճախ կը խեղդէ մտածումի եւ նկարագրութեան իրականութիւնը: Մերձիմաստ կամ նոյնիմաստ բառերու տարափները կը տեղան՝ առաջ բերելով պրկուած ու ծանր պարբերութիւններ: Հայկազեան բառարանին հարստութիւնը եւ մեր կէտադրութեան նշանները զինք չեն գոհացներ: Իր ներքին յոյզերն ու մտածումին նրբութիւնները արտայայտելու համար կը յօրինէ նոր բառեր եւ կէտադրական նոր նշաններ:
Եթէ երբեմն յաջող են Ինտրայի կերտած բառերը (ինչպէս՝ հիանուաղ, խնկաթեւ, միւռոնացում, եւլն.) շատ անգամ սակայն խժալուր կը դառնան՝ իրենց բռնազբօսիկ կառոյցով. Օրինակ՝ ժանտարերգ, ծովաժուարդ, տիտանուագային, ծածկայուն, եւլն.:
Հակառակ այս բոլորին, Ինտրայի գործը կը պահէ իր մնայուն արժէքը, իբրեւ վկայութիւնը արուեստագէտ բացառիկ խառնուածքի մը, որ նոյն ատեն իր մէջ կը կրէր բանաստեղծի գերազգայուն հոգի եւ իմաստասէրի տագնապող միտք:
Երկերու մատենագիտութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ներաշխարհ, Կ. Պոլիս, 1906, 252 էջ:
- Ներաշխարհ, Պէյրութ, 1955, 192 էջ:
- Ընտիր երկեր, Պէյրութ, 1974, 320 էջ:
- Երկեր. Նոճաստան, Այլ բանաստեղծութիւններ, Արձակ էջեր, Քննադատական յօդուածներ, Նամակներ Վէրժինին, Երեւան, 1981, 432 էջ:
- Ներաշխարհ, Երեւան, 2006, 208 էջ:
- Հովին ձայնը (Երկեր), գիրք Ա. Ներաշխարհ, Նոճաստան, Երեւան, 2014, 504 էջ:
- Հովին ձայնը (Երկեր), գիրք Բ. Էսսեներ, Յօդուածներ, Գրական դիմանկարներ, Գրախօսութիւններ, Երեւան, 2014, 456 էջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 https://armenianprelacy.org/2022/09/08/birth-of-diran-chrakian-september-11-1875/
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 272. — ISBN 978-2-905686-93-0