Jump to content

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն (ՄԿՀ)
Հին Խորհրդանշան
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ԴԻՐՔ
Նիկոսիա
Կիպրոս
Տեղեկութիւններ

Միջնակարգ-Երկրորդական Գիտական/Առեւտրական

Գիշերօթիկ/Ցերեկեայ

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն (ՄԿՀ), նախկին երկրորդական գիշերօթիկ վարժարան, Նիկոսիա, Կիպրոս:

Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը սփիւռքահայ կեանքէն ներս մեծ աւանդ ունեցած երկրորդական երկսեռ վարժարան էր 1926-էն մինչեւ 2005:

Հիմնուած ազգային բարերարներ՝ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելգոնեան եղբայրներու կողմէ, 79 տարիներու ընթացքին բարձր մակարդակի ուսում պարգեւած ու դաստիարակած է շուրջ 40 երկիրներէ ժամանած հայ պատանիներ:

Ժամանակագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

15 Փետրուար 1924-ին հիմնաքարը կը դրուի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, Նիկոսիայէն 3 քիլոմեթր (2 մղոն) հեռաւորութեան վրայ գտնուող բլրակի մը վրայ։ Աշխատանքները կը սկսին եգիպտահայ ճարտարապետ՝ Կարօ Պալեանի նախագիծին հիմամբ: Համալիրը կը համախմբէ զոյգ եռայարկ դպրոցական շէնքեր, բարերարին մենատունը, հիւանդանոց, ուսուցիչներու բնակարաններ, 35 մեթր բարձրութեամբ ջրամբար, խոհանոց, լուացարան, բաղնիք, մառան, արհեստանոց, մեքենատուն ու գոմ:

Շինարարական աշխատանքները կ’աւարտին 24 Դեկտեմբեր 1925-ին: 3 Փետրուար 1926-ին բացումը կը կատարուի տղոց, իսկ Մայիսին՝ աղջկանց շէնքերուն:

Ընդհանուր պատկեր հիմնադրութեան օրերէն

Շնորհիւ Պոլսոյ Պատրիարք՝ Զաւէն Եղիայեանի ազգանուէր աշխատանքին, Սեպտեմբեր 1926-ին Մեծ Եղեռնի հետեւանքով որբացած հազարաւոր հայորդիներէն 350-ը բախտը կ’ունենան հաւաքուելու այս նորակառոյց որբանոցին մէջ, վերատեսչութեամբ Զաւէն Պատրիարքին եւ տնօրէնութեամբ Լեւոն Թաշճեանի:

1927-ին բացումը կը կատարուի մատենադարանին ու ընթերցասրահին: Նոյն տարին կը կազմուի Հաստատութեան երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Բարսեղ Կանաչեանի: Աւելի ուշ կը կառուցուին նաեւ մարզադաշտեր, հովոց, տպարան եւ օժանդակ շինութիւններ:

1928-ին տեղի կ’ունենայ Ա. դաշտահանդէսը (մարզահանդէս), որ աւանդութեան վերածուելով կը շարունակուի տասնամեակներ շարունակ: Նոյն տարին, Մելգոնեանը դարձաւ բարձրագոյն Նախակրթարան:

1930 Յուլիս 6-ին Հաստատութիւնը իր առաջին 24 շրջանաւարտները կու տայ:

1932 Հոկտեմբեր 4-ին Հաստատութեան «7-րդ Արիներու Խումբը» սկաուտական խումբը կը հիմնուի:

1934 Սեպտեմբերին Հաստատութեան կրթական աստիճանը նախակրթարանէն կը բարձրացուի երկրորդական վարժարանի ու կը բացուի վարժապետանոցը, տեսչութեամբ Վահան Թէքէեանի, որուն կը յաջորդէ Պօղոս Գէորգեան:

1935 Սեպտեմբերին մանկավարժական բաժինը կը բացուի:

1937 Ապրիլ 13-ին «Այգ» պարբերաթերթը կը հրատարակուի, որ որոշ ընդհատումներով (1941-1947, 1957-1958, 1965-1969, 1983-1992), կը շարունակուի մինչեւ 2006-ին:

1937 Յունիս 8-ին Արհեստից Վարժարանը կը կատարուի:

1937 Սեպտեմբերին առեւտրական բաժինը կը բացուի:

1938-ին սկիզբը Մելգոնեան Անմահ Բարերարներու գերեզմաններուն վրայ փայտաշէն տաղաւար մը կառուցուեցաւ:

1940 Մարտ 13-ին Կիպրոսի կառավարութիւնը Հաստատութիւնը կը ճանչնայ իբրեւ երկրորդական վարժարան:

1942 Յունիսին Արհեստից Վարժարանը կը գոցուի:

1950 Մարտ 18-ին Հաստատութեան «9-րդ Արենուշական Խումբը» կը հիմնուի:

1950 Սեպտեմբերին գիտական բաժինը կը բացուի:

1952 Յունուար 13-ին Կիպրոսի եւ Լիբանանի մէջ Հաստատութեան 25-ամեակը կը նշուի:

1954 Ապրիլ 24ին Անմահ Բարերարներու դամբանին հիմնարկէքը տեղի կ’ունենայ:

1956 Յունուար 15-ին Հաստատութեան 30-ամեակը կը նշուի: Նոյն օրը Անմահ Բարերարներու մարմարակերտ դամբանին բացումը կը կատարուի (ճարտարապետ՝ Մարտիրոս Ալթունեան, քանդակագործ՝ Լեւոն Մուրատօֆ), ուր կ’ամփոփուին բարերար եղբայրներուն աճիւնները:

1956 Սեպտեմբերին մանկավարժական բաժինը կը վերակոչուի վարժապետանոցի բաժին: Նոյն տարին Մելգոնեանի սաները կը սկսին մասնակցիլ անգլիական G.C.E.-ի քննութիւններուն:

1962 Ապրիլ 14-ին Հաստատութեան 35-ամեակը կը նշուի:

1963 Յունիսին Հաստատութիւնը G.C.E.-ի քննութիւններուն պաշտօնական կեդրոն մը կը դառնայ:

1964 Յունիսին առեւտրական բաժինը կը գոցուի:

1964 Սեպտեմբերին ճեմարանական բաժինը կը բացուի:

1965 Ապրիլ 30-ին Հաստատութիւնը կը ճանչցուի իբրեւ պետական երկրորդական վարժարաններու հաւասար ուսման մակարդակով վաւերացուեցաւ:

1966 Փետրուար 17-20-ին Հաստատութեան 40-ամեակը կը նշուի:

1966 Սեպտեմբերին արուեստի բաժինը կը բացուի:

1967 Յունիսին վարժապետանոցի բաժինը կը գոցուի:

1968-ին սկիզբը «Ցոլք» պարբերաթերթը կը հրատարակուի, որ կը շարունակուի մինչեւ 1991-ին:

1972 Ապրիլ 16-ին Հաստատութեան սկաուտներուն 40-ամեակը կը տօնուի: Նոյն օրը արիներու յուշարձանին բացումը կը կատարուի:

1973 Յունիսին ճեմարանական բաժինը կը գոցուի:

1974 Յուլիս 20-ին թրքական ներխուժումին ընթացքին, Մելգոնեանի տարածքին ու շէնքերուն վրայ կ’իյնան ռումբեր, որոնք նիւթական մեծ վնասներ կը պատճառեն:

1974 Սեպտեմբերին առեւտրական բաժինը կը վերաբացուի:

1975 Յունիսին արուեստի բաժինը կը գոցուի:

1977 Ապրիլ 12-ին Հաստատութեան սկաուտներուն 45-ամեակը կը տօնուի: Նոյն օրը արիներու նոր յուշարձանին բացումը կը կատարուի:

1981 Մայիս 6-9-ին Հաստատութեան 55-ամեակը կը նշուի:

1981 Մայիս 8-ին Հայոց այբուբենին ու Մայր Հայաստանին նուիրուած զոյգ յուշարձանին բացումը կը կատարուի:

1983-ին խումբ մը Մելգոնեանցի սաներ կ’այցելեն Հայաստան, Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով:

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան համայնապատկերը՝ 1986-ին

1984-ին Ապրիլին հիմը կը դրուի «Հայ Մշակոյթի Շաբաթ»ուան տօնակատարութիւններուն, որոնք կը յարատեւեն մինչեւ 1995:

1986-ին Մայիս 10-18-ին Հաստատութեան 60-ամեակը կը նշուի: Նոյն տարին տօնակատարութիւնները Երեւան, Աթէնք եւ Լոս Անճելըս նաեւ տեղի ունեցան:

1986-էն 1988-ին միջեւ, Հաստատութեան մէկ երրորդ տարածքը (62,189 քառակուսի մեթր) կը վաճառուի: Վաճառքին նպատակը կ’ըլլայ հասոյթը ներդնել նոր մասնաշէնքի մը, գոց մարզադաշտի մը եւ առեւտուրի կեդրոնի մը շինարարութեան: Առեւտուրի Կեդրոնէն յառաջացած եկամուտը նեցուկ պիտի կանգնէր դպրոցին, թեթեւցնելով անոր տնտեսական դժուարութիւնները: Վերջին տարիներուն, այդ Կեդրոնէն ստացուած վարձքերը բաւարար էին նիւթապէս պահելու համար դպրոցը:

1986 Հոկտեմբերին Հաստատութեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ՝ Սեպուհ Աբգարեանին, Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէին հրաւէրով կ’այցելէ Հայաստան, ուր 10 համերգներ կու տայ, Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

1987 Մայիս 24-ին նոր մասնաշէնքերուն (գիշերօթիկ եւ ճաշասրահ, ուսուցիչներու բնակարաններ եւ գոց մարզադաշտ) հիմնարկէքը կը կատարուի:

1989 Հոկտեմբեր 21-ին նոր գիշերօթիկին բացումը կը կատարուի:

1990 Ապրիլ 14-ին գոց մարզադաշտին բացումը կը կատարուի: Նոյն տարուան աւելի ետք, նոր շէնքերուն առջեւ Ալեք Մանուկեանի մարմարեայ կիսանդրին կառուցուեցաւ:

1990-էն 1991-ին միջեւ, Հայոց պատմութեան, գիրերու եւ արուեստներու կարեւոր սիւներ պատկերացնող աւազաքարէ կիսանդրիներու շարք մը կը ստեղծագործուի (Յովհաննէս Այվազովսկի, Յակոբ Մեղապարտ, Կոմիտաս Վրդ. Սողոմոնեան, Զօրավար Անդրանիկ Օզանեան, Վահան Թէքէեան, Մովսէս Խորենացի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց):

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան գիշերօթիկը

1996 Ապրիլ 17-21-ին Հաստատութեան 70-ամեակը կը նշուի: Նոյն տարուայ Յուլիս 5-7-ին տօնակատարութիւնները Լոս Անճելըս նաեւ տեղի կ’ունենան:

1998 Յունիս 12-ին «Հայեացք» քառալեզու (Հայերէն, Անգլերէն, Պուլկարերէն, Յունարէն) պարբերաթերթին առաջին թիւը լոյս կը տեսնէ: Մայիս 1999-էն հինգալեզու պարբերաթերթ դարձաւ (Հայերէն, Անգլերէն, Ռուսերէն, Պուլկարերէն, Յունարէն), որ կը շարունակուի մինչեւ Յունիս 2004-ին:

1999 Յունիսին Հաստատութեան կայքէջը կը բացուի (http://www.melkonian.ac.cy Archived 2005-03-18 at the Wayback Machine.):

2000 Փետրուար 4-ին Հաստատութեան արենոյշներու նոր սենեակը կը բացուի:

2000 Ապրիլ 26-29-ին Հաստատութեան արենուշական շարժումի 50-ամեակը կը նշուի:

2001 Ապրիլ 7-ին Մելգոնեան փողոցի անուանակոչութեան արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ:

2001 Ապրիլ 5-8-ին Հաստատութեան 75-ամեակը կը նշուի:

2004 Մարտ 16-ին Հ.Բ.Ը. Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը կ’որոշէ 2005 Յունիսին փակել Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը: Այդ տարին դպրոցը ունէր շուրջ 250 աշակերտ:

2004 Մարտ 17-ին, Հաստատութեան դարպասներուն մօտ տեղի կ’ունենայ բողոքի ցոյց մը, ի դէմ Հաստատութիւնը փակելու Հ.Բ.Ը. Միութեան որոշման:

2004 Մարտ 26-ին, Կիպրոսի Խորհրդարանը Մ.Կ. Հաստատութեան փակումը միաձայն քուէարկութեամբ կը մերժէ:

2004 Մայիս 27-ին, Հաստատութեան ուսուցիչներն ու պաշտօնեաները գործադուլ կը յայտարարեն, բողոքելով փակման որոշումին դէմ:

2004 Սեպտեմբերին Հաստատութեան կայքէջը կը փակուի:

2005 Յունիս 11-ին Հաստատութիւնը իր վերջին 23 շրջանաւարտները կու տայ:

2005 Յուլիսին, 79 տարի շարունակ, «նահատակուած մեր ցեղին տալով զաւակներէն լաւագոյնն ու բարին», Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ «Տաճարն սրբանուէր թանկագին» կը մարէ լոյսերը «ճշմարտութեան, բարիին»..., ազգին ու հայրենիքին տուած ըլլալով 1,817 շրջանաւարտներ: 2006-ի ու 2007-ի շրջանաւարտները իրենց ուսումը կ’ամբողջացնեն Nicosia American Academy-ին մէջ:

2006 Ապրիլ 2-ին Հաստատութեան արիական շարժումի 75-ամեակըկը նշուի:

2007 Մարտ 2-ին Կիպրոսի Ներքին Գործոց Նախարարութեան Քաղաքաշինութեան Բաժանմունքը, առաջքը առնելու համար Մելգոնեան կալուածին հաւանական վաճառքին ու ձեւափոխումին, զոյգ շէնքերը կը հռչակէ «ազգային ժառանգութիւն», իսկ որբերուն ցանած պուրակը՝ «կանաչ գօտի»: 2010 Օգոստոս 6-ին Թուարկուած տարածքը փոփոխութեան կ’ենթարկուի մէկ այլ նախարարի կողմէ:

2007 Յունիս 17-ին խորհրդանշական հանդիսութիւն տեղի կ’ունենաւ Մելգոնեան Բարերարներու դամբանին առջեւ, մասնակցութեամբ Հաստատութեան վերջին 21 շրջանաւարտներուն որոնք Նիկոսիոյ Աﬔրիկեան Ճեմարան կը յաճախէին անցնող երկու տարիներուն:

2007 Սեպտեմբերէն մինչեւ Դեկտեմբեր 2009-ին, Մելգոնեանի պատմական զոյգ շէնքերը Աղլանճայի Միջնակարգը կը տրամադրուին, երկամեայ գործածութեան համար:

2015 Ապրիլ 2-ին Կիպրոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու միացեալ ու միաժամանակ թողարկուած դրոշմաթուղթերու պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի կ’ունենայ:

2016 Յուլիս 16-17-ին Հաստատութեան 90-ամեակը կը նշուի:

  • Ամենապատիւ Զաւէն Արք. Տէր Եղիայեան (1925-1927)
  • Լեւոն Թաշճեան (աւագ ուսուցիչ, 1925-1927)
  • Գրիգոր Կիրակոսեան (1927-1936)
  • Դոկտ. Յակոբ Թօփճեան (1936-1944)
  • Պօղոս Գէորգեան (Տնօրէնի պաշտօնակատար, 1944-1945)
  • Դանիէլ Ս. Ոսկեան (1945-1956)
  • Բիւզանդ Եղիայեան (1956-1959)
  • Յարութիւն Այվազեան (Տնօրէնի պաշտօնակատար, 1959-1960)
  • Խաչեր Գալուստեան (1960-1964)
  • Ասատուր Պետեան (1964-1976)
  • Սօսի Պօյաճեան-Պետիկեան (1976-1985)
  • Դոկտ. Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեան (1985-1988)
  • Արթին Այվազեան (աւագ ուսուցիչ, 1988-1990)
  • Դոկտ. Վահէ Կապուճեան (1990-1992)
  • Անդրանիկ Տաքէսեան (աւագ ուսուցիչ, 1992-1993)
  • Յակոբ Գասպարեան (1993-1996)
  • Անի Լաչինեան-Մակարեան (1996-2005)

Անմահ լուսոյ, ճշմարտութեան, բարիին
Տաճարն է այս սրբանուէր թանկագին,
Ան մեզ տուաւ նահատակուած մեր ցեղին
Զաւակներէն լաւագոյնը ու բարին։

           Օ՛ն, ողջունենք անձկագին,
          Մեծ Բարերարն ազգային,
          Ու իր կանգնած կրթական
          Այս Տաճարը պատուական։

Ձեռք ձեռքի տանք մենք քոյր-եղբայր կաթոգին,
Միշտ դէպի վեր, դէպի յառաջ խմբովին,
Ու մեր սիրտը թո՛ղ արեւով ու լոյսով
Հարուստ ըլլայ, առաքինի, անխռով։

           Օ՛ն, ողջունենք անձկագին,
          Մեծ Բարերարն ազգային,
          Ու իր կանգնած կրթական
          Այս Տաճարը պատուական։

Ըլլանք հպարտ՝ աշխատանքով կորովի,
Արուեստներու ու գիտութեանց ծարաւի,
Յարկն այս վսեմ, Ազգիս տունը լուսեղէն,
Շող մը կաթէ մե՛ր մտքին մէջ իր սրտէն։

          Փա՛ռք ու պատի՛ւ յաւիտեան՝
          Լուսոյ անշէջ վառարան՝
          Կրթարանին Մելգոնեան,
          Փա՜ռք ու պատի՜ւ յաւիտեան:
 

Յիշողութեան պուրակ (առջեւի անտառ)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հիմնական մուտքին երկու կողմերը, աղջկանց եւ տղոց շէնքերուն դիմաց, ցանուած են հարիւրաւոր նոճիներ: Այս պուրակը զգացական եւ պատմական մեծ արժէք ունի ողջ հայութեան համար, որովհետեւ ցանուած է Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին՝ Եղեռնը ապրած որբերու կողմէ, եւ աշխարհի մէջ միակն է ուր կենդանի պուրակով մը յարգուած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

Մելգոնեան հաստատութեան գրադարանը կը հաշուէր աւելի քան 30,000 հատոր գիրք, ընդ որում ձեռագիր մատեաններ:

Մելգոնեան եղբայրներու դամբարանը

Կարապետ Մելգոնեան կը մահանայ 23 Յուլիս 1934-ին, 85 տարեկանին, Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուրկէ 19 Օգոստոս 1934-ին զմռսուած մարմինը կը փոխադրուի Նիկոսիա ու մեծ շուքով թաղուեցաւ զոյգ շէնքերուն միջեւ։ Ինը ամիս ետք, 13 Յունուար 1935-ին, նոյն հանգստարանին մէջ կը զետեղուին նաեւ Գրիգոր Մելգոնեանին աճիւնները: 1954-1955-ի միջեւ կը կառուցուի մարմարեայ դամբարան մը՝ (ճարտարապետ՝ Մարտիրոս Ալթունեան, քանդակագործ՝ Լեւոն Մուրատօֆ), ուր կայ մարմարակերտ խաչքար մը, բարերարներու կիսանդրիները, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Անմահ Բարերար Գրիգոր Մելգոնեան 1842-1920», «Անմահ Բարերար Կարապետ Մելգոնեան 1849-1934»: Դամբարանը կ'ըլլայ ուխտավայր՝ իւրաքանչիւր Մելգոնեանցիի համար, ուր ամէն տարուան Յունուարի երկրորդ Կիրակի օրը՝ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին, աշակերտութիւն եւ ուսուցչակազմ իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցանէին Մելգոնեան անզուգական բարերարներու անմոռաց յիշատակին:

Մելգոնեանցիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապրելով նոյն յարկին տակ, ստանալով նոյն կրթութիւնը, Մելգոնեանցիները կը դրսեւորեն ընդհանուր բնաւորութիւններ, որոնք բնորոշ են մելգոնեանցիներուն: Իրարու հանդէպ ունին ընկերա-ընտանեկան կապեր: Եթէ մելգոնեանցիներ իրարու հանդիպին, անկախ տարիքի կամ ընկերային դիրքի տարբերութեան. մտերմիկ մթնոլորտ մը կը ստեղծուի: Մելգոնեանցիներ խումբով կամ առանձին կ'այցելեն Մելգոնեան, վերապրելու դպրոցական շրջանի յուշերը:

Տարբեր գաղութներու մէջ կը գործեն ՄԿՀ Սանուց Միութիւններ, որոնք, մինչեւ դպրոցին յանիրաւի փակումը, տարբեր գործունէութիւններով օգտակար կ'ըլլային Հաստատութեան, իսկ 2005-էն ետք, անոնք կը փորձեն դատական միջամտութեամբ վերաբանալ դպրոցը: Առ այսօր, ՄԿՀ Սանուց Միութիւններ, վառ կը պահեն Մայր Կրթարանին վաստակը զանազան աշխատանքներով: Առաւել գործունեայ աշխատանք կը ծաւալեն Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի Սանուց Միութիւնները:

  • 1979-1980 տարեշրջանին, հիւանդանոց տանող ճամբուն աջ կողմը, Պարոն Սեպուհ Աբգարեան կը կանգնեցնէ հայոց Այբուբենը եւ Մայր Հայաստանը ներկայացնող յուշարձան մը: Անիկա բաղկացած է երկու բարձր աւազաքար վահանակներէ, ուր փորագրուած են հայերէնի գիրերն ու հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը. «Ճանաչել զԻմաստութիւն եւ զխրատ, Իմանալ զԲանս Հանճարոյ»:
  • 1990-1991 տարեշրջանին Վահէ Կապուչեանի թելադրանքով, հայրենի քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեան կը քանդակէ Հայ ժողովուրդին եօթը հանճարներուն արձանները: Անոնց վրայ համապատասխանաբար կը կարդանք հետեւեալները:
  • Լեւոն Թոքմաճեան կը քանդակէ նաեւ Հ. Բ. Ը. Միութեան նախագահ Ալեք Մանուկեանի արձանը, որ տեղադրուած է նոր մասնաշէնքին դիմաց: Վրան կարելի է կարդալ հետեւեալը:
    • Ալեք Մանուկեան - Alex Manoogian
  • Գոյութիւն ունէր նաեւ յուշարձան մը սկաուտական տաղաւարին քովը, որ կը խորհրդանշէր փոքրերու պաշտպանութեան եւ մեծերուն հնազանդելու արժէքները: Անիկա բաղկացած էր իրարու վրայ խոնարհած երկու սիւներէ:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։