ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը կամ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը (անգլ.՝ United Nations Security Council, ֆր.՝ Conseil de sécurité de l'ONU, արաբ․՝ مجلس أمن الأمم المتحدة, չին.՝ 联合国安全理事会, սպ.՝ Consejo de Seguridad de la ONU), ՄԱԿ-ի մէջ մշտապէս գործող կառոյց է, որու վրայյ, ըստ ՄԱԿ-ի կանոնակարգի 24-րդ յօդուածի, դրուած է աշխարհի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման պատասխանատուութիւնը։ ՄԱԿ-ի վեց կարեւորագոյն կառոյցներէն է։
Անվտանգութեան խորհուրդը ստեղծուած է Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ՝ Ազգերու լիկային կողմէ համաշխարհային խաղաղութիւնը պահպանելու ձախողումները լուծելու համար։ Անոր առաջին նիստը տեղի ունեցած է 1946 թուականի Յունուար 17-ին եւ յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին անիկա մեծ մասամբ ձախողած է Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան եւ անոնց դաշնակիցներու միջեւ պաղ պատերազմի պատճառով։ Այնուամենայնիւ, Անվտանգութեան խորհուրդը թոյլատրեց ռազմական միջամտութիւններ քորէական պատերազմին եւ Գոնկոյի ճգնաժամի ժամանակ, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութիւններ Սուէզի ճգնաժամի, Կիպրոսի եւ Արեւմտեան Նոր Գուինէայի մէջ։ Խորհրդային Միութեան փլուզմամբ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ջանքերը կտրուկ եւ մեծ մասշտապով աճեցան եւ Անվտանգութեան խորհուրդը լիազօրեց խոշոր ռազմական եւ խաղաղապահ առաքելութիւններ Քուէյթի, Նամիպիայի, Գամպոճայի, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի, Ռուանտայի, Սոմալի, Սուտանի եւ Գոնկոյի դեմոկրատական Հանրապետութեան մէջ։
Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւերը սովորաբար կ'իրականացուին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու եւ անդամ պետութիւններու կողմէ կամաւոր կերպով տրամադրուած եւ ՄԱԿ-ի հիմնական պիւտճէէն անկախ ֆինանսաւորուող ռազմական ուժերու կողմէ։ 2019 թուականի Մարտի դրութեամբ կը գործէր տասներեք խաղաղապահ առաքելութիւն՝ 121 երկիրներէ աւելի քան 81,000 անձնակազմով, որոնց ընդհանուր պիւտճէն կը կազմէր գրեթէ 6.7 միլիարդ տոլար։
Պատմութիւն[1]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախապատմութիւն եւ հաստատում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հիմնադրութեան նախորդող դարուն պետութիւններու միջեւ հակամարտութիւնները կարգաւորելու համար պայմանագրերու հիման վրայ ստեղծուեցան բազմաթիւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ համաժողովներ, այդ կարգին՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն եւ 1899 եւ 1907 թուականներու Հաագայի պայմանադրութիւնները: Առաջին համաշխարհային պատերազմի հետեւանքով մարդկային կորուստներու աղիտալի հետեւանքներէն յետոյ, Փարիզի խաղաղութեան համաժողովը ստեղծեց Ազգերու Լիկան՝ աշխարհի ազգերուն միջեւ ներդաշնակութիւնը պահպանելու նպատակով: Այս նորաստեղծ կազմակերպութիւնը կարողացաւ լուծել որոշ տարածաշրջանային հակամարտութիւններ եւ ստեղծել մասնագիտացուած միջազգային կառոյցներ որոշակի ոլորտներու մէջ, ինչպիսիք են կանոնաւոր փոստը, օդագնացութիւնը եւ ափիոնի առեւտուրի ու սպառման վերահսկողութիւնը, որոնցմէ մէկ քանին յետագային դարձան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր ասամպլիայի մաս։ Սակայն Լիկան չունէր գաղութացուած ժողովուրդներու ներկայացուցչութիւն (որոնք այդ ժամանակ կը ներկայացնէին աշխարհի բնակչութեան կէսը): Ի հակադրութիւն ատոր, Լիկային մէջ խոշոր տէրութիւններու՝ ինչպիսիք են Միացեալ Նահանգները, Խորհրդային Միութիւնը, Գերմանիան եւ Ճափոնը, ներկայացուածութիւնը չափազանցուած էր։ Լիկան չկրցաւ կանխել 1931 թուականին Մանճուրիայի ճափոնական ներխուժումը, 1935 թուականին երկրորդ իտալա-եթովպական պատերազմը եւ 1937 թուականին երկրորդ չին-ճապոնական պատերազմը, ինչպէս նաեւ Ատոլֆ Հիթլերի գլխաւորութեամբ նացիստական ընդլայնումը, որ յանգեցուց երկրորդ համաշխարհային պատերազմին։
1942 թուականի նոր տարուայ օրը ԱՄՆ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվելթը, Մեծ Բրիտանիայի վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլը, ԱՄՆ-ի մէջ Խորհրդային Միութեան դեսպան Մաքսիմ Լիթվինովը եւ Չինաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սուն Ցզետունը ստորագրեցին համառօտ փաստաթուղթ, որ հիմնուած էր Աթլանթեան խարտիայի եւ Սուրբ Ճեյմսի պալատի հռչակագրին վրայ։ Այս փաստաթուղթը յետագային յայտնի դարձաւ որպէս Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հռչակագիր։ Յաջորդ օրը քսաներկու այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ ստորագրեցին Խարտիան։ «Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն» թերմինն առաջին անգամ պաշտօնապէս օգտագործուած է, երբ 26 կառավարութիւններ ստորագրած են նոյն հռչակագիրը։ 1945 թուականի Մարտ 1-ին հռչակագրին միացած էին եւս 21 երկիրներ։ «Մեծ քառեակ» թերմինը յօրինուած է չորս խոշոր դաշնակից տէրութիւններու՝ ԱՄՆ-ի, Միացեալ Թագաւորութեան, Խորհրդային Միութեան եւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան համար։ Այս երկիրները կազմեցին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գործադիր ճիւղի միջուկը, որ յայտնի դարձաւ որպէս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդ։
1943 թուականի Մոսկուայի եւ 1944 թուականի կէսերուն Թեհրանի խորհրդաժողովներէն յետոյ, չորս խոշոր դաշնակից տէրութիւններու՝ Խորհրդային Միութեան, Միացեալ Թագաւորութեան, ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնները հանդիպեցան Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Տամպարթոն Օուքսի խորհրդաժողովին մէջ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կառուցուածքին շուրջ բանակցութիւններ վարելու համար։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի կազմը արագօրէն դարձաւ քննարկումներու գերիշխող հարցը։ Ֆրանսան, Չինաստանի Հանրապետութիւնը, Խորհրդային Միութիւնը, Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Միացեալ Նահանգները ընտրուեցան Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներ։ Միացեալ Նահանգները փորձեցին Պրազիլը ներառել խումբին մէջ որպէս վեցերորդ անդամ, սակայն այս առաջարկը մերժուեցաւ ե՛ւ Միացեալ Թագաւորութեան, ե՛ւ Խորհրդային Միութեան կողմէ։ Դամբարտոնի խորհրդաժողովին մէջ եւ յետագայ բանակցութիւններուն վեթոյի իրաւունքի հարցը ամէնավիճայարոյց հարցն էր։ Խորհրդային պատուիրակութիւնը առաջարկեց բոլոր երկիրներուն առանց բացառութեան տրամադրել բացարձակ վեթոյի իրաւունք, որ կը խոչընդոտէր բանաձեւերու քննարկման, մինչդեռ բրիտանացիները առաջարկեցին կանխել հակամարտութեան կողմ հանդիսացող երկիրներուն կողմէ իրենց վեթոյի իրաւունքի կիրառումը հակամարտութեան վերաբերող բանաձեւերուն դէմ։ 1945 թուականի Փետրուարին Եալթայի խորհրդաժողովին մէջ ամերիկեան, բրիտանական եւ ռուսական պատուիրակութիւնները համաձայնեցան «Մեծ հնգեակի» իւրաքանչիւր անդամին վեթոյի իրաւունք տրամադրել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ ձեռնարկուած որեւէ գործողութեան նկատմամբ, բացառութեամբ ընթացակարգային որոշումներու։ Այսինքն՝ մշտական անդամները չէին կրնալ կանխել բանաձեւի քննարկումը։
1945 թուականի Ապրիլ 25-ին ԱՄՆ-ի Գալիֆորնիա նահանգի Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Միջազգային Կազմակերպութիւններու Համաժողովը, որուն մասնակցեցան 50 կառավարութիւններ եւ շարք մը ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ, որոնք մասնակցեցան Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Կանոնադրութեան մշակման։ Համաժողովի ընթացքին Աւստրալիայի պատուիրակութեան անդամ Հերպըրթ Վերվ Էվաթը կոչ ըրաւ լրացուցիչ սահմանափակումներ մտցնել Անվտանգութեան խորհուրդի հինգ մշտական անդամներուն տրուած վեթոյի իրաւունքին վրայ։ Էվաթի առաջարկը մերժուեցաւ, երբ տասը՝ թեր, իսկ քսանը՝ դէմ քուէարկեցին։ Էվաթի առաջարկի մերժման պատճառը ներկաներու վախն էր, որ ատիկա կը յանգեցնէ համաժողովի ձախողման։
Պաղ պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ստեղծման յաջորդող տասնամեակներու ընթացքին, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր ջանքերը կաթուածահար եղան Միացեալ Նահանգներու, Խորհրդային Միութեան եւ անոնց դաշնակիցներու միջեւ պաղ պատերազմի սրման պատճառով։ Ընդհանուր առմամբ, Խորհուրդի լիազօրութիւնները կը սահմանափակուէին պաղ պատերազմի հետ կապ չունեցող հակամարտութիւններով (այս կանոնէն միակ բացառութիւնը Անվտանգութեան խորհուրդի 1950 թուականի բանաձեւն էր, որ Միացեալ Նահանգներուն եւ անոր կոալիսիոնին իրաւունք կու տար ետ մղել հիւսիսային Քորէայի ներխուժումը հարաւային Քորէա, որ ընդունուեցաւ Խորհուրդին մէջ՝ (Խորհուրդին մէջ Խորհուրդի բացակայութեամբ): 1956 թուականին ստեղծուեցան ՄԱԿ-ի առաջին արտակարգ ուժերը՝ Սուէզի պատերազմն աւարտելու համար։ Սակայն, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը չկրցաւ միջամտել՝ կանխելու Հունգարական յեղափոխութենէն յետոյ Խորհրդային Միութեան կողմէ Հունգարիայի ներխուժումը։ Պաղ պատերազմի բաժանումները կաթուածահար ըրին Անվտանգութեան խորհուրդի Ռազմական շտապի կոմիտէի աշխատանքը, որ ստեղծուած էր ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 45-րդ եւ 47-րդ յօդվածներուն համաձայն՝ ՄԱԿ-ի ուժերը վերահսկելու եւ ՄԱԿ-ի ռազմական պազաներ ստեղծելու համար։ Կոմիտէի գոյութիւնը սահմանափակուեցաւ միայն թուղթի վրայ, մինչեւ 1950-ականներու կէսերը անիկա ստիպուած եղաւ հրաժարիլ իր պարտականութիւններու մեծ մասէն։
1960 թուականին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը խաղաղապահ ուժեր տեղակայեց Քոնկոյի մէջ (ONUC), որ կը նկարագրուի որպէս ՄԱԿ-ի ամէնամեծ ռազմական ուժը իր առաջին տասնամեակներու ընթացքին։ Ուժերու տեղակայման նպատակն էր վերականգնել կարգ ու կանոնը Գաթանկա անջատողական նահանգին մէջ եւ զայն վերադարձնել Գոնկոյի դեմոկրատական Հանրապետութեան վերահսկողութեան, նպատակ, որուն ուժերը հասան 1964 թուականին։ Այնուամենայնիվ, որոշ տէրութիւններ շրջանցեցին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը եւ սկսան ուղիղ բանակցութիւններ 1970-ականներու որոշ խոշոր հակամարտութիւններու վերաբերեալ, ինչպիսիք են Քուպայի հրթիռային ճգնաժամը եւ Վիեթնամի պատերազմը։ Կեդրոնանալով պաղ պատերազմի հետ կապ չունեցող փոքր հակամարտութիւններու վրայ՝ Անվտանգութեան խորհուրդը 1962 թուականին արեւմտեան Նոր Գուինէայի մէջ տեղակայեց Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ժամանակաւոր Գործադիր Մարմինը, իսկ 1964 թուականին՝ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը Կիպրոսի մէջ, վերջինս դառնալով ՄԱԿ-ի ամէնաերկարատեւ խաղաղապահ գործողութիւններէն մէկը։
Կազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անվտանգութեան խորհուրդը բաղկացած է տասնհինգ անդամէ, որոնցմէ հինգը մշտական անդամներ են՝ Չինաստանը, Ֆրանսան, Ռուսաստանը, Միացեալ Թագաւորութիւնը եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Այս մշտական անդամները Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին յաղթանակ տարած մեծ տէրութիւններն են։ Մշտական անդամները կրնան վեթօ դնել որեւէ որոշման վրայյ, այդ կարգին՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մէջ նոր անդամներու ընդունման կամ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնի թեկնածուներու վերաբերեալ որոշումներու վրայյ։ Մնացած տասը անդամները կ'ընտրուին տարածաշրջանային հիմունքներով՝ երկու տարի ժամկէտով։ Մարմնի նախագահութիւնը ամսական հիմունքներով կը փոխուի իր անդամներուն միջեւ։[2]
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (արաբերեն) مجلس الأمن التابع للأمم المتحدة, 2025-02-18, https://ar.wikipedia.org/wiki/%D9%85%D8%AC%D9%84%D8%B3_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D9%85%D9%86_%D8%A7%D9%84%D8%AA%D8%A7%D8%A8%D8%B9_%D9%84%D9%84%D8%A3%D9%85%D9%85_%D8%A7%D9%84%D9%85%D8%AA%D8%AD%D8%AF%D8%A9#, վերցված է 2025-05-05
- ↑ (արաբերեն) مجلس الأمن التابع للأمم المتحدة, 2025-02-18, https://ar.wikipedia.org/wiki/%D9%85%D8%AC%D9%84%D8%B3_%D8%A7%D9%84%D8%A3%D9%85%D9%86_%D8%A7%D9%84%D8%AA%D8%A7%D8%A8%D8%B9_%D9%84%D9%84%D8%A3%D9%85%D9%85_%D8%A7%D9%84%D9%85%D8%AA%D8%AD%D8%AF%D8%A9#, վերցված է 2025-05-05