Եգիպտոս, պաշտօնապէս՝ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն։ Երկիր մըն է հիւսիսային Ափրիկէի մէջ։ Իր տարածքին մէջ կ'իյնայ նաեւ Սինայի շրջանը, որ կը սեպուի երկրային կամուրջ դէպի Ասիա։ Եգիպտոս ունի 1.001.450 քարակուսի քմ. տարածութիւն։ Եգիպոսի դրացիներն են Լիպիան՝ արեւմտուքէն, Սուտանը՝ հարաւէն, ու Կազայի գօտին եւ Իսրայէլը՝ արեւելքէն։ Երկրին հիւսիսը կը գտնուի Միջերկրականի ծովափը, իսկ արեւելքէն՝ Կարմիր ծովը։
Եգիպտոսը ամենամեծ բնակչութիւն ունեցող Ափրիկեան երկիրներէն մէկն է։ Բնակչութեան մեծամասնութիւնը Նեղոս գետի ափերուն կը բնակի, քանի որ հոն է որ հողագործութիւնը կարելի է։ Այլ շրջանները Սահարայի անապատին մաս կը կազմեն։
Եգիպտացիներուն մեծ զանգուածը կ'ապրի քաղաքներու մէջ, ընդհանրապէս Գահիրէ եւ Աղեքսանդրիա։