Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցի
Ղպտի Ուղղափար Եկեղեցի Ղպտի եկեղեցին հիմնուած է Մարկոս Աւետարանիչին կողմէ շուրջ 42 թուականին, որ այս օրերուն կը կոչուի արեւելեան ուղղափառ քրիստոնէական եկեղեցի: Ղպտիները կը նախնըտրեն կոչել իրենց հետեւորդները հին առաքելական եկեղեցւոյ հետ: Ղպտիները իրենք զիրենք կը նկատեն հին եգիպտացիներուն յաջորդները, որովհետեւ անոնց լեզուն շատ կը նմանի հին եգիպտացիներուն լեզուին:
Այս օրերուն, Ղպտիներուն լեզուն գրեթէ չ'օգտագործուիր, այլ պահպանուած է միայն եկեղեցիներէն ներս: Ղպտիներուն հիմնական կեդրոնը կը նկատուին Եթովպիան եւ Եգիպտոսը:
Ըստ առաջին ուսումնասիրողներուն, Եգիպտոսի մէջ առաջին քրիստոնեայ հասարակութիւնը հիմնած է Մարկոս Աւետարանիչը, երբ առաջին անգամ այցելած է Աղեքսանդրիա, եւ դարձած առաջին եպիսկոպոսը, սակայն քսան տարի ետք անցած է Հռոմէացիներուն ձեռքը: Մինչեւ այսօր Մարկոսի մասունքները կը պահուին Աղեքսանդրիոյ Ղպտի եկեղեցւոյ մէջ:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին յայտնուած է 451-ին, քաղկեդոնի չորրորդ տիեզերական ժողովին, երբ Աղեքսանդրիոյ Պատրիարքը դատապարտած է կրօնական հասարակութիւնը եւ ստիպած է յայտարարել բաժնելու իր եկեղեցին, այս դէպքէն ետք ամբողջ Եգիպտոսը մնացած է Բիւզանդական կայսրութեան իշխանութեան տակ, եւ այս պատճառով ղպտիները հալածանքի ենթարկուած են հերետիկոսներ նկատուելնուն համար:
Բիւզանդական կայսրութեան կը յաջորդէ մահմետական արաբական տիրապետումը եւ Օսմանեան կայսրութիւնը, որոնք իրենց անգութ օրէնքներով Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին հալածանքի կ'ենթարկեն, կը քանդեն եւ ուրիշ բազմաթիւ վնասներ կը հասցնեն եկեղեցւոյ, նոյնիսկ հաւատացեալներուն:
Եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը հիմնուած է (Monophysites) անունով, այսինքն՝ անդրադառնալ միայն աստուածային էութեան Յիսուս Քրիստոսին եւ մերժել, որ ան երբեք մէկ մարդ չէ եղած, անոնք կը հաւատան որ մարդկային բուն էութիւնը յաջորդած է Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինէն եւ հեռացած է անոր աստուածային նկարագիրէն, ուղղափառ եկեղեցին կը շեշտէ, որ Յիսուս Քրիստոս երկու աշխարհ ունի, այսինքն՝ թէ՛ Աստուած է եւ թէ մարդ. այս աստուածաբանական հարցերը հարցեր ստեղծած են արեւելեան եկեղեցիներուն միջեւ:
Տօներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտական եկեղեցւոյ տօները նման են Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ տօներուն, անոնք կը տօնեն Տիրոջ մեծ ու փոքր տօնակատարութիւնները տարուան ընթացքին:
Ղպտիները Մարիամ Աստուածածինին նուիրուած ունին երեսուներկու տօն, որոնք ամէնէն կարեւորը կը նկատուին իրենց համար, անոնք օրուան ընթացքին կը կատարեն եօթը ժամերգութիւններ Ղպտերէն լեզուով:
Ղպտի Եկեղեցին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ղպտիներուն հիմնական եկեղեցին կը նկատուի Ս. Մարկոսի եկեղեցին Աղեքսանդրիոյ մէջ, նոյն քաղաքին մէջ կան երկու տաճարներ Ս. Պօղոսն ու Ս. Պետրոսը, որոնք հրաշքով պահպանուած են:
Եկեղեցւոյ հետեւորդները ամբոխներ կը սեպէին, 1995-ին, երբ երկիրին ժողովուրդին թիւը կը հասնէր ութ միլիոնի եւ սփիւռքի մէջ ալ կար երկու միլիոն:
Ղպտի եկեղեցին ունի նաեւ հինգ միաբնութենական ակնարկ մը, որոնցմէ են Հայը, Սրիանին, Եթովպական, Մալանկարա եւ Էրիթրեա ծուխերը, ի վերջոյ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցին անուն մը ունէր, եւ տակաւին կը փորձէ նոյն պատկերներով շարունակել, թէեւ ան փոքր կղզի մը կը ներկայացուի, քրիստոնէական կրօնքին ովկիանոսէն ներս:
Ղպտի եկեղեցին մինչեւ այսօր վատ վիճակի մէջ է, որովհետեւ կը գտնուի ընդհանրապէս մահմետական աշխարհէն ներս:
Այսօր ղպտի Պապը կը նախագահէ Եգիպտոսի Գահիրէի Աբասիա թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Մարկոս Ղպտի տաճարին: Եկեղեցին կը հետեւի ղպտիական ծէսին իր պատարագով, աղօթքներով եւ նուիրական ժառանգութիւններով, ունենալով մօտաւորապէս 25 միլիոն անդամ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Երկիրին ամէնէն մեծ քրիստոնէական դաւանանքն է:
Դ.-Է. դարերուն Ղպտի եկեղեցին աստիճանաբար կ'ընդարձակէ Ակսումեան կայսրութեան եւ Նուբիայի երեք թագաւորութիւնները Նոբաթիայի եւ Ալոդիայի, մինչդեռ Նուբիական երրորդ թագաւորութիւնը Մակուրեան սկիզբը կը ճանչնայ Ղպտի Պապին իշխանութիւնը, միանալով Հռոմէական կայսրութեան պետական եկեղեցւոյ:
ԺԲ. դարուն, եկեղեցին իր նստավայրը կը տեղափոխէ Աղեքսանդրիայէն Գահիրէ, նոյն դարուն Ղպտիները կը սկսին փոքրամասնութիւն ըլլալ Եգիպտոսի մէջ:
Հաւատքի աւանդութինը մարդկային միտքի ազատ եզրակացութեան հետ ներդաշնակեցնելու առաջին համակարգուած փորձը չէ ստեղծուած ոչ Հռոմի մէջ, ոչ ալ Աթէնքի մէջ այլ՝ Եգիպտոսի մէջ: Եգիպտացի քրիստոնեաները Գ. դարուն կ'երթան անապատ եւ հոն կը մնան աղօթելու եւ աշխատելու եւ իրենց կեանքը նուիրելու Աստուծոյ երկրպագելու եւ պաշտելու:
Քրիստոնեաներու վանականներու դասակարգը կը ստեղծուի Եգիպտոսի մէջ եւ մեծ դեր կ'ունենայ Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ հպատակութեան, բնականութեան եւ նուաստութեան էութեան ձեւաւորման գործին շնորհիւ Եգիպտական անապատներու մեծ հայրերու իրենց ուսմունքներուն եւ գրութիւններուն:
Ե. դարուն վերջին կային հարիւրաւոր վանքեր ու հազարաւոր քարայրներ, որոնք ցրուած են Եգիպտոսի անապատին մէջ, այս վանքերուն մէջ շատ փոփոխութիւններ եղած են եւ մինչեւ այսօր կ'ունենան նոր կոչումներ:
Ամբողջ քրիստոնէական վանականներու դասակարգը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը հետեւի Կապադովկիոյ Կեսարիոյ մեծ արքեպիսկոպոսին՝ Ս. Պասիլին, որ Փոքր Ասիոյ վանական շարժման հիմնադիրն ու կազմակերպիչը եղած է: Ան Եգիպտոս կ'այցելէ շուրջ 357-ին եւ անոր կը հետեւին արեւելեան ուղղափառները: Ս. Ջերոմը, որ կը թարգմանէ Աստուածաշունչը Լատիներէն լեզուով, կու գայ Եգիպտոս եւ Երուսաղէմ շուրջ 400 թուականին եւ իր նամակներուն մէջ կը գրէ իր փորձառութիւններուն մանրամասնութիւնները: Պենետիկտոսը Զ. դարուն կը հիմնէ Պենետիկտիական միաբանութիւնը Ս. Պախոմիոսի նման միաբանութիւն մը, բայց աւելի խիստ պայմաններով, բազմաթիւ ուխտաւորներ կ'այցելեն անապատին հայրերը, որ ընդօրինակեն իրենց հոգեւոր եւ կարգապահ կեանքը:
Աստուածաբանական վիճաբանութիւնը տեղի կ'ունենայ Ե. դարուն Կոստանդնպուլսոյ մէջ պատրիարք Նեստորեոսի ուսմունքներուն շուրջ, որ կ'ուսուցանէր, թէ Աստուծոյ խօսքը չէր միացած մարդկային էութեան հետ: Երբ այդ մասին հաղորդագրութիւնները կը հասնին Ս. Մարկոսին, Աղեքսանդրիոյ Ս. Կիրիլ պապը շտապ աշխատանք մը կը կատարէ ուղղելու այս խօսքը խնդրելով Նեստորիոսէն, որ ապաշխարհէ:
Դ. դարուն Արիոս անունով Աղեքսանդրացի մը կը սկսի Աստուածաբանական վիճաբանութիւն մը Քրիստոսի էութեան մասին, զոր կը տարածէ քրիստոնէական աշխարհին եւ մինչեւ այս օրերը ծանօթ է իբրեւ Արիոսականութիւն:
Նիկիոյ տիեզերական ժողովը կը գումարուի 325-ին Կոստանդինի հրաւէրով, երբ Աղեքսանդր Ա. Պապը կը խնդրէ ժողով մը գումարել՝ ըննդէմ հերետիկոսներուն, Ս. Հոսիոս Կորդովացիին նախագահութեամբ՝ վերջ տալու այս պայքարին եւ հաւատքի հանգանակը ձեւակերպելու համար, որ ծանօթ է Նիկիական հանգանակ անունով:
381-ին Աղեքսանդրիոյ Պապը Տիմոթէոս Ա. կը նախագահէ երկրորդ տիեզերական ժողովին, որ ծանօթ է իբրեւ Կոստանդնուպոլսոյ տիեզերական ժողով, դատելու Մակեդոնիոսը, որ ժխտած էր Սը. հոգիին աստուածութիւնը:
Երբ 451-ին Մարկիանոս կայսրը կը փորձէ միացնել բաժնուած եկեղեցին, Պապ Դիոսկորոսը (Աղեքսանդրիոյ Պապը), որ հետագային կը տարագրուի, կ'ըսէր, թէ կայսրը պէտք չէր միջամուխ ըլլար եկեղեցւոյ գործերուն, որուն իբրեւ հետեւանք կայսրը կայսերական հրովարտակով խիստ կարգապահական միջոցներ կը գործադրէ Դիոսկորոս Պապին նկատմամբ: 449-ին Դիոսկորոս Պապը կը գլխաւորէ Եփեսոսի Բ. ժողովը, որ քաղկեդոնական պատմաբաններու կողմէ կը կոչուէին «Աւազակային ժողով»:
Եփեսոսի ժողովը կը հաստաէ Ս. Աթանասի ուսմունքը եւ Մարիամի տիտղոսը իբրեւ «Աստուածամայր», նաեւ դաւանանքի ներածութիւնը կը ձեւակերպուի հետեւեալ կերպով.
Մենք կը պատուենք քեզ, ով ճշմարիտ Լոյսի Մայր, եւ մենք կը փառաւորենք քեզ, ո՜վ Սուրբ եւ Աստուծոյ մայր, որովհետեւ դուն մեզի համար ծնունդ տուիր մեր աշխարհին փրկիչը: Փա՛ռք քեզ, մեր վարդապետ եւ մեր թագաւոր, Քրիստոս, առաքեալներու հպարտութիւնը, արդարներու ցնծութիւնը, եկեղեցիներու պատուարը եւ մեղքերը ներողները: Մենք կը հաւատանք Սուրբ երրորդութիւնը մէկ Աստուածութեան մէջ, կ'երկրպագենք քեզի, կը փառաւորենք քեզ, Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր ողորմեա, Տէ՜ր օրհնէ մեզ, Ամէն:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Ղպտիական սրբապատկեր [[Տիրոջ Գերեզմանին տաճարին մէջ, Իսրայէլ
-
Յիսուս Քրիստոսը, ղպտի սրբապատկեր
-
Ժամանակակից ղպտի վանք
-
Ղպտի հոգեորականներ
-
Տար էլ Մոհարրա Վանքը
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Betts Robert B. (1978)։ Christians in the Arab East: A Political Study (2nd rev. հրտրկթն․)։ Athens: Lycabettus Press։ ISBN 978-0-8042-0796-6
- Brock Sebastian P. (2016)։ «Miaphysite, not Monophysite!»։ Cristianesimo Nella Storia 37 (1): 45–52։ ISBN 9788815261687
- Carroll, Warren (1 March 1987), The Building of Christendom, Front Royal: Christendom College Press, ISBN 978-0-931888-24-3, https://books.google.com/books?id=5nXYAAAAMAAJ, վերցված է 2018-05-30
- Cannuyer Christian (2001)։ Coptic Egypt: The Christians of the Nile։ "Abrams Discoveries" series։ New York: Harry N. Abrams, Inc.։ ISBN 978-0-810-92979-1
- Charles Robert H. (2007) [1916]։ The Chronicle of John, Bishop of Nikiu: Translated from Zotenberg's Ethiopic Text։ Merchantville, NJ: Evolution Publishing։ ISBN 978-1-889758-87-9
- Grillmeier Aloys (1975) [1965]։ Christ in Christian Tradition: From the Apostolic Age to Chalcedon (451) 1 (2nd revised հրտրկթն․)։ Atlanta: John Knox Press։ ISBN 9780664223014
- Grillmeier Aloys, Hainthaler Theresia (1996)։ Christ in Christian Tradition: The Church of Alexandria with Nubia and Ethiopia after 451 2/4։ Louisville: Westminster John Knox Press։ ISBN 9780664223007
- Meinardus Otto (1 October 2002)։ Two Thousand Years of Coptic Christianity։ Cairo: American University in Cairo Press։ ISBN 978-977-424-757-6։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 20 May 2008-ին
- Meyendorff John (1989)։ Imperial unity and Christian divisions: The Church 450–680 A.D.։ The Church in history 2։ Crestwood, NY: St. Vladimir's Seminary Press։ ISBN 978-0-88141-055-6
- Morgan Robert (2016)։ History of the Coptic Orthodox People and the Church of Egypt։ FriesnPress։ ISBN 978-1-4602-8027-0
- Ostrogorsky George (1956)։ History of the Byzantine State։ Oxford: Basil Blackwell
- Partrick Theodore (June 1996)։ Traditional Egyptian Christianity: A History of the Coptic Orthodox Church։ Greensboro, NC: Fisher Park Press։ ISBN 978-0-9652396-0-8
- Butcher E. L. (1897)։ Story of the Church of Egypt (արաբերեն) (text file հրտրկթն․)։ London: Smith, Elder & Co.։ ISBN 978-0-8370-7610-2
- Iskandar Adel, Hakem Rustom (January 2006)։ «From Paris to Cairo: Resistance of the Unacculturated»։ The Ambassadors Online Magazine։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 9 December 2010-ին։ արտագրուած է՝ 9 June 2007
- Wolfgang Kosack, Novum Testamentum Coptice. Neues Testament, Bohairisch, ediert von Wolfgang Kosack. Novum Testamentum, Bohairice, curavit Wolfgang Kosack. / Wolfgang Kosack. neue Ausgabe, Christoph Brunner, Basel 2014. 978-3-906206-04-2.
- Winkler Dietmar W. (1997)։ «Miaphysitism: A New Term for Use in the History of Dogma and in Ecumenical Theology»։ The Harp 10 (3): 33–40