Jump to content

Հրաչ (Հայկ Թիրիաքեան)

Հրաչ
Ծննդեան անուն Հայկ Թիրիաքեան
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Հրաչ
Ծնած է 1871
Ծննդավայր Տրապիզոն
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Անգարա, Անգարայի Վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն Հ.Յ.Դ. անդամ
Աշխատավայր Ա­զա­տա­մարտ
Վարած պաշտօններ Հայ Ազգային ժողովի պատգամավոր?
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ամուսին Իսկուհի Պալճեան
Երեխաներ Բաբգէն, Հերմինէ եւ Նուարդ

Հրաչ (Հայկ Թիրիաքեան) ( 1871, Տրապիզոն - 1915, Եղեռնի զոհ), դաշնակցական յայտնի գործիչ եւ անդամ։

Ծնած է Տրապիզոն՝ 1871-ին[1]: Հողագործութեան հետեւած Նանսիի մէջ, Ֆրանսա: Ուսանողական շրջանին է, որ Արմէն Գարօ (Գարեգին Փաստրմաճեան) եւ ինք խորապէս կ'ազդուին 1895Համիդեան ջարդերէն, եւ Զէյթունի ապստամբութեան գործնական օգնութիւն ցուցաբերելու նպատակով եւ դիմելով Ժընեւ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ին կեդրոնը, կը տրամադրուին յեղափոխական գործունէութեան:

Այդ շրջանին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը ծրագրած էր Պոլսոյ մէջ մեծ շարժում մը՝ «Վրէժխնդրական գործ մը կատարել ուժանակի եւ ռումբերու օգտագործութեամբ», Իբր պատասխան համիտեան վայրագութիւներուն, որպէսզի Եւրոպական պետութիւններու հետաքրքութիւնը արթնցնեն Հայկական հարցին շուրջ, որոնք նոյն տարուան՝ 1896 թուականի Մայիսին, պաշտօնապէս յայտարարած էին սուլթանին, թէ առաջին իսկ առիթին երբ Պոլսոյ մէջ խառնակութիւններ պատահի, իրենց 12 մարտանագերու զինուորները ցամաք պիտի ելլէին, մայրաքաղաքին մէջ կարգ հաստատելու համար:

Հրաչ (հազիւ 25 տարեկան) եւ տարեկից երիտասարդներու խումբ մը որոշած էին իրենց կեանքը զոհել այդ ձեռնարկին մէջ, եւ ստրուկներու անուանումը ջնջել իրենց ժողովուրդին ճակատէն, վախկոտներու բազմութեան քաջութիւն ներշնչել, եւ սարսափի մատնել բռնակալ Համիտը, որուն ապրած կեանքը կատարեալ մղձաւանջ մըն էր իրեն համար:

Պանք Օթոմանի գրաւման մասնակիցները, Մարսէյ

Հրաչը Պանք Օթոմանի գործողութեան 3 ղեկաւարներէն մէկն էր[2], Բաբգէն Սիւնիի եւ Արմէն Գարօյի կողքին[3]. գործողութեան աւարտին, տղոց պահանջած բարեբոխումները կատարելու Եւրոպական հիւպատոսներու խոստումներով, անոնք զինուորական շոգենաւով կը տարուին Ֆրանսայի Մարսեյլ քաղաքը, ուր 17 օր կը բանտարկուին առանց որեւէ մեղադրանքի կառավարութեան կողմէ: Բանտէն ազատ արձակուելէն ետք Հրաչ, Գարոյի հետ կ'անցնի Ժընեւ, ուր կը մնայ չորս ամիս:

1897-ին իբրեւ պատասխանատու կը գործէ Պուլկարիոյ մէջ։ Հոն որոշումներ կը տրուին Պոլսոյ մէջ նոր շարժումներ կազմակերպելու, յունաթրքական պատերազմին առթիւ: Հրաչ կ'երթայ Օտեսա եւ Կովկաս, դրամ ու զէնք հասցնելու Պոլսոյ մարմնին եւ կը յաջողի իր նպատակին մէջ։ Կիլիկիոյ շրջանին մէջ շարժում ստեղծելու համար՝ կ'երթայ Կիպրոս ու հոն զէնքեր կը փոխադրէ, որոնք կը բռնուին անգլիական մաքսատան կողմէ:

ՀՅԴ Երկրորդ ընդհանուր ժողովին (1898 թուականին Թիֆլիս, Վրաստան) կը մասնակցի իբրեւ Կիպրոսի պատգամաւոր:

Հրաչ ժամանակ մը կը մնայ նաեւ Եգիպտոս ու կը զբաղի Լեռնավայրի գործերով: 1901 թուականին կ'ամուսնանայ Վառնայի մէջ ու Պաթումի ճամբով, Հոկտեմբեր 5-ին կը հասնի Իզմիր, իսկ շաբաթ մը ետք իր կինը՝ Տիկին Իսկուհին կը միանայ իրեն: Տարի մը կը մնայ քաղաքին մէջ, ու կը զբաղի յեղափոխական կազմակերպութեամբ:Թուրքերը, հայ լրտեսներու եւ հարուստ հայերու միջոցով կը ջանային ձեռբակալել յեղափոխականները: Ահաբեկումի կ'ենթարկուին ոստիկան Մագսուտ եւ Գարեգին լրտեսները, ինչպէս նաեւ մեծահարուստ Պալեօզեանը: Ահաբեկիչներէն Խորէնը (Պետրոս Ազիզով) դեռը կատարելէ վերջ, կը ձերբակալուի ցմահ եւ յետոյ կը կախուի: Ոստիկանութիւնը կրցած էր լուռ առնել նաեւ Հրաչի բնակավայրին մասին, ի վերջոյ ան նաեւ կը ձեռբակալուի եւ ցմահ բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ 1903 Յունուար 22-ին: Տիկին Իսկուհին եւս հինգ ամիս կը մնայ կանանց բանտ, ուր կը ծնի իր աղջիկ զաւակը Հերմինէն. Իրեն հետ միասին բանտն էր մէկ տարեկան Բաբգէնը:

Տիկին Իսկուհին իր երկու զաւակներով կ'աքսորուի Սամսոն, եւ հոն կը մնան հինգ տարի: ՀՅԴ կուսակցութեան եւ ազգականներու կողմէ վարձուած առագաստանաւ մը զանոնք կը փախցնէ Սոխու, ուր կը հասնին 1908Յուլիս 12-ին, Թուրքիոյ Սահմանադրուեան հռչակումէն մէկ օր վերջ:

Հրաչ դժնդակ կեանք մը կ'անցնէ Պոտրումի բանտը այս մասին իր յուշերուն մէջ կ'ըսէ. «Պոտրումի կեանքս բաւական տառապագին ըլլալուն, այդ մէկը գրի առած եմ առանձին երկու փոքրիկ գրքոյկներու մէջ, եւ ընկերներուս նամակով մը եւ ուրիշ թուղթերով ուղարկած եմ Ժընեւ, պահեստի: Այնտեղ մանրամասն պատմած եմ վերջին տարուայ (1908) բանտային կեանքիս վերաբերեալ բոլոր հետաքրքիր դէպքերը»: Իսկ իր կնոջ մասին կը գրէ. «Խեղճ Իսկուհին, ինչե՜ր քաշեց 8 տարի Սամսոնի եւ Իզմիրի բանտերուն մէջ, եւ յետոյ ալ, երբ կ'ուզէր փախչիլ ու ազատիլ աքսորականի տառապալից կեանքէն, նոր դէպքեր պատահեցան: Երկու օր, մինչեւ առագաստանաւ մտնելը՝ լեռներուն վրայ, գիշեր, ցերեկ, սարսափով եւ յոյսով թափառեր են եւ առագաստանաւը ժամանելով երբ հասաւ Սոխումի մօտերը, սխալ ծովեզք դուրս եկած էին են, եւ եթէ դուրս ելլելէ վերջ, խոհեմութիւն համարելով գետին նստած չմնային, ապահովաբար պիտի գնտակահարուէին:

Իսկուհիի այս 7 տարուան տառապանքը կ'արժէր գրի առնել իսկապէս: Թելադրեցի իրեն այդ տխուր տարուան յիշատակները գրէ մէկ տեղ եւ պահէ: Ասով կը վերջացնեմ կեանքիս փուլի մը համառօտ պատմութիւնը»:

Բայց այդ պատմութիւնը չվերջացաւ. Սկսաւ գիտակից ու անձնուէր յեղափոխականին նոր կեանքը: Օսմանեան Սահմանադրութեան շրջանին սկսաւ «Ազատամարտ»-ի վարչական գործերը: Իսկ Ապրիլ 24-ի սարսռալի օրը, երբ կը սկսէր ձերբակալութիւնը հայ յեղափոխականներու ու մտաւորականներու, Հրաչ յաջողած էր ազատիլ: Բայց անունի, մականունի եւ բնակավայրի նոյնութեան պատճառով իր տեղ կը ձերբակալուի ու կ'աքսորուի[4] հայ նպարավաճառ մը: Հրաչի յեղափոխականի բարոյականը իրեն թոյլ չի տար, որ իրեն փոխարէն ուրիշ անմեղ մը դատապարտուի, անձնատուր կ'ըլլայ ու իր պնդումով ազատ կ'արձակուի իր անուանակիցը:

Հրաչ գիտակցօրէն ու հաւատարմօրէն ծառայեց իր ուխտին եւ նահատակուեցաւ աքսորի ճամբուն:

Տիկին Իսկուհին, որ Պանք Օթոմանի դէպքէն ի վեր մասնակցած էր յեղափոխական գործունէութեան եւ մեծ կորով ներշնչած էր Հրաչին ու իր ընկերներուն, ամուսնին կորուստէն վերջ, ինք մեծցուց եւ դաստիարակեց իր երեք զաւակները՝ Բաբգէնը, Հերմինէն եւ Նուարդը: Քաջ եւ տիպար հայուհին մահացաւ 1930 Նոյեմբեր 14-ին Զակազիկի մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Tasnapetean Hrach (1990)։ History of the Armenian Revolutionary Federation, Dashnaktsutiun, 1890-1924։ Oemme Edizioni 
  2. Lapçinciyan Teotoros (1919)։ Houshartsun nahadoug medavoraganouti (Armenian)։ էջ 35 
  3. Peter Balakian, (2009)։ The Burning Tigris։ [S.l.]: HarperCollins։ էջ 103։ ISBN 0061860174 
  4. Kévorkian Raymond H. (2010)։ The Armenian genocide: a complete history (Reprinted. հրտրկթն․)։ London: I. B. Tauris։ էջ 253։ ISBN 1848855613