Jump to content

Հայկ Բժշկեան

(Վերայղուած է Հայկ Բժշկեան (ԳԱՅ)-էն)
Հայկ Բժշկեան
Ծնած է 18 Փետրուար 1887(1887-02-18)[1]
Ծննդավայր Թաւրիզ, Իրան[2][3][1]
Մահացած է 11 Դեկտեմբեր 1937(1937-12-11)[2][3][1] (50 տարեկանին)
Մահուան վայր Բուտովոյի հրաձգարան, Q4168396?, Leninsky District, Մոսկուայի մարզ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն և  Խորհրդային Միութիւն
Ազգութիւն Հայ[1]
Ուսումնավայր Ներսիսեան դպրոց[3]
Կոչում փրոֆէսոր[1]
Մասնագիտութիւն զինուորական, քաղաքական գործիչ, ռազմական հրամանատար և համալսարանի դասախօս
Անդամութիւն All-Union Society of Old Bolsheviks?
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[3] և Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն[3]
1967

Հայկ Բժշկեան ծանօթ իբրեւ Գայ (18 Փետրուար 1887(1887-02-18)[1], Թաւրիզ, Իրան[2][3][1] - 11 Դեկտեմբեր 1937(1937-12-11)[2][3][1], Բուտովոյի հրաձգարան, Q4168396?, Leninsky District, Մոսկուայի մարզ, ՌԽՖՍՀ, Խորհրդային Միութիւն), զօրավար, քաղաքական գործիչ, Հնչակեան 6-րդ կամաւորական գունդի հրամանատար[4]:

Կը յաճախէ Արամեան դպրոցը: Հայրը՝ Տիմիդրին, կ’ըլլայ շրջանի Հնչակեան Կուսակցութեան առաջին անդամակցողներէն: 1901-ին Բժշկեաններու ընտանիքը կը հաստատուի Թիֆլիս: Հ. Բժշկեան կը յաճախէ Ներսիսեան վարժարանը: 1903-ին, տակաւին 16 տարեկան պատանի, Հայկ կ’անդամակցի Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան եւ միեւնոյն տարին մաս կը կազմէ Կովկասի փոխարքայ իշխան Գոլիցինի ահաբեկչութիւնը ստանձնած խումբին:

Բժշկեան կը տեղափոխուի Պաքու ու կ’աշխատի «Նոպէլ» գործարանին մէջ։ Կուսակցական քարոզիչի պաշտօնով կը շրջի Պալախանի, Սապունճի եւ Պիպի-Հէյպաթ բանուորական թաղամասերը եւ կը կազմակերպէ բանուորական հաւաքներ: Պալախանիի մէջ կը մասնակցի նաւթարդիւնաբերող բանուորներու արհեստակցական միութեան ստեղծման:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1906 թուականէն Հնչակեան մամուլին մէջ կը սկսին լոյս տեսնել Հայկ Բժշկեան, Հ.Դ.Բժ., Հայկ, Բանուոր Հայկ, H.G. ստորագրութիւնները կրող անոր յօդուածները, ընդհանրապէս նուիրուած Պաքուի բանուորական կեանքին եւ ազգային հրատապ հարցերուն: 1909-ին, Ս․Դ․Հ․Կ․ Պալախանիի մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ ուղղուած շրջաբերականի 5-րդ կէտին մէջ կ’ըսուի. «Որ կը նշանակուի մեր կողմէ Բանուոր Հայկը որպէս պաշտօնական շրջիկ-գործակալ եւ արտաքին յարաբերութեան ներկայացուցիչ, որու միջոցով եւ պիտի դիմել մեզ կարգին եղած ժամանակ»: Հ. Բժշկեան իր այս պաշտօնով քարոզչական-կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանի յատկապէս բանուորական խումբերուն մէջ, որոնք կը կազմէին կուսակցութեան կազմակերպչական կառոյցին կմախքը: Կարճ ժամանակ անց, ան այս մասին ութը էջնոց մանրամասն տեղեկագիր մը կը յղէ վարչութեան: Տեղեկագրին առաջին մասը ցուցակ մըն է, որ կը ներկայացնէ խումբերուն իրական վիճակը՝ ֆիրմայի (գործարանին) անունը, խումբին անունը, ե՞րբ կազմուած է, քանի՞ ամիս առաջ գումարուած է վերջին ժողովը, փրոփականտիստը ո՞վ էր վերջին անգամ, ներկայիս խումբը գոյութիւն ունի՞, քանի՞ անդամ մնացած է, ի՞նչ պատճառներով քայքայուած է, որո՞ւն ցուցմունքներով պատրաստուած է խումբին տեղեկագիրը: Իր տեղեկագրին վերջին երեք էջերով, Հ. Բժշկեան կու տայ իր եզրակացութիւնը խումբերու իրավիճակին մասին, գրուած՝ իրապաշտ եւ ինքնաքննադատական մօտեցումով: Այս գործունէութեան ընթացքին Հ. Բժշկեան անհասկացողութիւն կ’ունենայ Պալախանիի հնչակեան «զինուորական մարմնին» հետ: Վերջիններս կը ձերբակալեն զինք: Հարցին կը միջամտէ կուսակցութեան Պաքուի շրջանի զինուորական ընդհանուր պատասխանատու Արծուիկ (Տիգրան Յարութիւնեան), որ իր խօսքին մէջ կ’ըսէ. «Որ այդ բոլորը ասեկոսեներ ու բամբասանքներ են, որ Բանուոր Հայկին ինքը շատ լաւ կը ճանչնայ, որ անցեալին, նախքան իր Զանգեզուր երթալը սերտ գործունէութիւն ունեցած ենք եւայլն, եւայլն: Իսկ ինչ կը վերաբերի իր արդի գործունէութեան, այդ կը կատարէ որոշ մարմնի ցուցմունքներով եւ եթէ «զինուորական մարմինը» ցանկանայ, կարող է նամակով հրաւիրել ընկ. Ս.-ն եւ բացատրութիւններ պահանջել իր գործունէութեան մասին: Իսկ այժմ ես գիտեմ իր ձերբակալուիլը ձեր կողմէ անիրաւացի եւ կը խնդրեմ թուղթերը յանձնելով իրեն թոյլ տաք երթայ»: «Ընկերական» ձերբակալութենէն 17 ժամ ետք, ազատ արձակուելէն կարճ ժամանակ անց, Հայկ Բժշկեան բանուորական ժողովի մը ընթացքին կը ձերբակալուի ցարական իշխանութեան կողմէ եւ վեց ամիս կը բանտարկուի Պայիրովեան բանտին մէջ:

Թիֆլիս եւ Աստրախան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ազատ արձակուելէն ետք կը տեղափոխուի Թիֆլիս, ուր կը հետեւի հաշուապահական դասընթացքներու: Կ’աշխատի երկաթավաճառի խանութի մը մէջ։ Հոս եւս կը մասնակցի բանուորական շարժումներուն: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի «առեւտրա-արդիւնաբերական ծառայողներու Թիֆլիսի միութիւնը»: 1911 Նոյեմբերին դարձեալ կը ձերբակալուի եւ 3 ամիս Մետեխի բանտին մէջ բանտարկուելէ ետք, կ’աքսորուի Աստրախան, ուր կը հաստատուի նաեւ իր ընտանիքը: Որպէս հաշուապահ կ’աշխատի հայ առեւտրականի մը մօտ:

Համաշխարհային Ա. Պատերազմի սկիզբը, Աստրախանի հայութիւնը եւս խանդավառ ընդունելութիւն ցոյց կու տայ դէպի կամաւորագրութիւնը: Այդ շարժումը կը գլխաւորէ Ս․Դ․Հ․Կ․ Աստրախանի «Էդիլ» մասնաճիւղը: Կը կամաւորագրուին 35 երիտասարդներ, որոնք մարզանքներէ եւ բժշկական քննութիւններ անցընելէ ետք, կը պարզուի որ անոնցմէ 11 հոգին միայն ատակ է զինուորական կեանքի: Այս խումբին խմբապետ կը նշանակուի Հ. Բժշկեան: Խումբին ճակատ մեկնելու առիթով տեղի կ’ունենայ եկեղեցական արարողութիւն, որուն կը հետեւի ողջերթի ժողովրդային հաւաք: Տեղի կ’ունենան ոգեւորիչ ելոյթներ: Յատկանշական կ’ըլլայ Հ. Բժշկեանի հօր՝ Տիմիդրիի ելոյթը, որ «լի զգացմունքով խօսեցաւ եւ արտայայտեց իր անկեղծութիւնը դէպի իր որդին, որդւոյն սուրը եւ ըսելով, այսօր քո հարսանեաց հանդէսն է, ահա քո պսակի կանաչ-կարմիրը, որ իմ ձեռքովս կապեցի իմ սիրելի կտրիճ Հայկս»:

Խումբը կը տեղափոխուի Թիֆլիս եւ կը միանայ կամաւորական Զ. գունդին, որ Ազգ. Բիւրոյի կազմած կամաւորական գունդերէն անկախ, ստեղծուած էր Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ, ռուսական բանակի հրամանատարութեան հաւանութեամբ: Զ. գունդը, կը տեղափոխուի Կարս, զինավարժութիւններ եւ համալրում կատարելու համար:

Կամաւորական Զ. գունդը կը կռուի Էրզրումի դժուարին ճակատին վրայ ու շարք մը յաղթական ճակատամարտերէ ետք, ռուսական բանակին կողքին կը մասնակցի Էրզրումի գրաւման մարտերուն: Հ. Բժշկեան` «Էրզրումի Ճակատէն» եւ «Դէպի Էրզրում» ընդհանուր խորագիրներուն տակ, ռազմաճակատային թարմ լուրերով կ’աշխատակցի Թիֆլիսի կուսակցական օրկան «Գաղափար»ին:

Հ. Բժշկեան իր գրած յօդուածներուն մէջ կու տայ ռազմաճակատին մասին պատմական վաւերական տուեալներ, հանդէս կը բերէ գրական ճաշակ, հայրենասիրական եւ մարդասիրական խոր համոզումներ, հայոց պատմութեան մասին գիտելիքներ եւ հաւատք՝ հայ ժողովուրդի ազգային ձգտումներուն հանդէպ: Պատմելով Էրզրումի ճակատին վրայ խումբ մը ռուս սպաներու հետ իր ունեցած ընկերական հանդիպումին մասին, Հ. Բժշկեան կը գրէ.

Սկսեցի պատմել տեսածս գերեզմանների մասին, համառօտակի պատմելով նմանապէս հայ ազգի սպասելիքները այս պատերազմից, նրա ջանքերը, զոհողութիւնները եւ տուած նիւթական, ֆիզիքական զոհերը: Բանից երեւաց, որ երիտասարդ սպաները հայ կեանքի վերաբերմամբ եւ մանաւանդ վերջին երկու տարուայ շարժման (կամաւորական.- Ե.Ճ.) մասին շատ թիւր հասկացողութիւն են ունեցել, որի պատճառով մեծ հետաքրքրութեամբ լսում էին ինձ երբ սկսեցի պատմել հայերի տառապանքը Տաճկահայաստանում, նրա ապստամբական շարժումները եւ հայկական դատի յառաջացման պատճառներն ու հետեւանքները:


22 Յունիս 1915-ին, Շարեան գետակի մօտ մղուած ծանր ճակատամարտին, Զ. գունդի հրամանատար Գրիգոր Աւշարեան կը նահատակուի: Նոյն ճակատամարտին, Հ. Բժշկեան կը վիրաւորուի: Բուժուելէն ետք կը հետեւի հայ կամաւորական գունդերու սպաներուն եւ հրահանգիչներուն յատուկ զինուորական միամսեայ դասընթացքներուն եւ կը նշանակուի 6-րդ գունդի հրամանատար եւ կը շարունակէ իր մարտական երթը: Ցուցաբերած քաջութեան համար կամաւորական Գունդերու Գործադիր Կոմիտէն զինք կը պարգեւատրէ ոսկեայ թուրով: Ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը եւ Հ. Բժշկեանը կը պարգեւատրէ Գէորգեանը երկու Խաչերով եւ Ս. Աննայի չորրորդ աստիճանի շքանշանով:

Երբ երրորդ անգամ վիրաւորուելով բուժման համար կը գտնուէր Մոսկուա, կը պայթի Ռուսական Յեղափոխութիւնը: Հիւանդանոցէն դուրս գալէն էտք Հ. հրամանատարութեան առընթեր «ռազմապարետային» խումբին պետը կը մեկնի Սամարղանտ, ուր տեղափոխուած էր իր ընտանիքը:

1918-ի սկիզբը, նորահաստատ խորհրդային իշխանութիւնները, շարք մը հրամանագրերով իրաւունք կու տան Միջին Ասիա բնակող հայութեան կամաւորական ջոկատներ կազմել եւ մեկնիլ Հայաստան թրքական բանակներուն դէմ պայքարելու համար: Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին Աշխապատի, Սամրղանտի եւ Դաշկենտի մէջ։ Սամրղանտի ջոկատը, որ վերջնականապէս կը ձեւաւորուի 1918 Փետրուարին, կը դրուի Հայկ Բժշկեանի հրամանատարութեան տակ: Ջոկատի նպատակն էր հասնիլ Պաքու Ստեփան Շահումեանի օգնութեան: Սակայն, կռիւներու ընդլայնման պատճառով դէպի Պաքու տանող ճամբաները կը փակուին եւ Հ. Բժշկեանի ջոկատը կը մեկնի Օրենպուրկ, ուր կը միանայ կանոնաւոր Կարմիր Բանակին: Հ. Բժշկեան իր յետագայ ճակատագիրը կը կապէ Կարմիր Բանակին, իսկ Հայաստանի փրկութիւնը՝ Խորհրդային Միութեան զօրացման հետ:

Կարմիր Բանակին միանալէն ետք, Հ. Բժշկեան կը նշանակուի Ստավրոպոլեան ռազմաճակատի հրամանատարի տեղակալ, ապա Սիպիրիսկի հաւաքական զօրաբանակի (հռչակաւոր 24-րդ «Երկաթիա Սիւիզիա»ն) հրամանատար ապա Ա. յեղափոխական հրամանատար: Իր ջանքերով կը հիմնադրուի Ա. կարմիր կովկասեան հեծելազօրային վայրի տիւիզիան: Իր զօրքերով հակախորհրդային ուժերուն դէմ կը կռուի Ուքրանիոյ, Լեհաստանի, Չեխոսլաւաքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ։

1920-1922 կը հետեւի ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն: 1922-ին կը նշանակուի Խորհ. Հայաստանի զինուորական ժողովրդական կոմիսար (հիմա՝ պաշտպանութեան նախարար), միաժամանակ կը նշանակուի սովետական բանակի յատուկ նշանակութեան զօրամասերու հրամանատար: Հ. Բժշկեանի ջանքերով Հայաստանի մէջ կը բացուի հրամանատարական դպրոց, ուսման եռամեայ ծրագիրով (1923-ին յիշեալ նախարարութիւնը կը վերանայ):

1925-1929 կը հետեւի Ֆրունզէի անուան ռազմական ակադեմիայի դասընթացքներուն: Կը պաշտպանէ իր աւարտաճառը. կը ստանայ փրոֆէսորի կոչում եւ կը նշանակուի նոյն ակադեմիայի ռազմական արուեստի պատմութեան դասախօս (ապա ամպիոնի վարիչ):

Հ. Բժշկեանի գրիչին կը պատկանին ռազմական բնոյթի բազմաթիւ գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ եւ յօդուածներ:

1937-ին որպէս հայրենիքի թշնամի կը գնդակահարուի ստալինեան բռնակալութեան կողմէ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]