Jump to content

Խելք

Փորագրութիւն Ռոպերթ Ֆլատի Utriusque cosmi maioris scilicet et minoris Metaphysica, physica atque technica Historia գիրքէն, 1617

Խելք կամ միտք, իմացութեան, բանականութեան, մտածողութեան[1], ճանաչողութեան[2], ըմբռնման, ընկալման, յիշողութեան, ընդհանրացնելու, գնահատելու եւ որոշում ընդունելու գործընթացքներու ամբողջութիւն է։ Խելքը կ'որոշուի զգացողութիւններով, յոյզերով, հասկացողութեամբ, յիշողութեամբ, ցանկութիւններով, անհատական առանձնայատկութիւններով ու դրդապատճառներով, ինչպէս նաեւ ենթագիտակցութեամբ[3]։ Անիկա սովորաբար կը սահմանիւը իբրեւ անհատի մտածելու եւ գիտակցելու կարողութիւն[4]: Խելքը ունի երեւակայութեան, ճանաչողութեան ու գնահատման ուժ եւ պատասխանատու է զգացմուններու եւ յոյզերու մշակման, որուն պատճառով կը ձեւաւորուին վերաբերմունք եւ գործողութիւն:

Փիլիսոփայութեան, կրօնի, հոգեբանութեան, ճանաչողական գիտութեան մէջ գոյութիւն ունին հնագոյն աւանդութիւններ, թէ ինչէ կազմուած է խելքը եւ որոնք են անոր առանձնայատկութիւնները:

Խելքի բնոյթին վերաբերող հարցերէն մէկը հոգեֆիզիքական խնդիրն է, որ կ'ուսումնասիրէ խելքին կապը գլխուղեղի եւ նեարդային համակարգի հետ: Մինչ գիտական հայեացքները կը ներառէին կրկնապաշտութիւնն ու գաղափարապաշտութիւնը, որոնք խելքը կը նկատէին ոչ ֆիզիքական երեւոյթ[5]: Ժամանակակից տեսակէտները կը կեդրոնանան նիւթապաշտութեանի եւ գործնականութեան վրայ, որոնք խելքը մօտաւորապէս կը նոյնականացնեն ուղեղի հետ կամ կը մօտեցնեն ֆիզիքական երեւոյթներին, ինչպիսիք են նէյրոններու աշխուժութիւնը[6]: Միւս հարցը կը վերաբերի «խելք» ունեցող տեսակներու կեցութեան:

Խելքի մասին կարեւոր միտքեր ունին փիլիսոփաներ Փլաթոնը, Ռենէ Տեքարտը, Կոթֆրիտ Լայպնիցը, Ճոն Լոքը, Ճորճ Պերկլին, Տէյվիտ Հիումը, Իմանուիլ Քանտը, Գէորգ Վիլհելմ Ֆրիտրիխ Հեկելը եւ Արթուր Շոփենհաուերը[7]: Հոգեբաններ Զիկմունտ Ֆրոյտը եւ Ուիլիամ Ճէյմսը, ինչպէս նաեւ դաստիարակներ Ալան Թիւրինկը եւ Հիլարի Փուտնամը կը զարգացնեն խելքի բնոյթի մասին ազդեցիկ տեսութիւններ: Մարդու խելքի նմանօրինակ ունակութիւն ունենալու կարելիութիւնները կ'ուսումնասիրուին արհեստական բանականութեան մարզին մէջ, որ սերտօրէն կը համագործակցի կիպեռնետիկայի եւ տեղեկութեան տեսութեան հետ, որպէսզի հասկնայ, թէ ինչպէս ոչ կենսաբանական մեքենաներու կողմէ տեղեկութեան վերամշակումը կը համեմատուի կամ կը տարբերակուի մարդու բանականութեան մէջ կատարուող մտաւոր երեւոյթներու հետ:

Խելքը նաեւ կը նկարագրուի իբրեւ գիտակցութեան հոսք, ուր զգացումի տպաւորութիւններն ու մտաւոր երեւոյթները ենթակայ են մշտական փոփոխութեան[8][9]:

Յաճախ միտք կամ մտաւորական կը կոչեն գիտնականները, նոպելեան մրցանակակիրները, խորհրդականները, վելուծաբաններն ու մասնագէտները, որոնք կը զբաղին մտաւոր աշխատանքով[10][11][12]։

Կը նկատուի, որ խելքը այն յատկութիւնն է, որ բնորոշ է բացառապէս մարդուն, այնուամենայնիւ, կան տեսութիւններ, որոնք կը նկատեն, որ հաւանաբար կենդանիները նոյնպէս օժտուած են խելքով։ Որոշ տեսութիւններ կ'ենթադրեն, որ գոյութիւն ունի միայն մէկ` վերմարդկային բանականութիւն (բացարձակ բանականութիւն), կայ այլ տեսութիւն մը, որ խելքը կը նկատէ էութեան համընդհանուր յատկութիւն:

Ստուգաբանութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հին անգլերէնի մէջ, բնօրինակ իմաստը կը կապուի յիշողութեան հետ, եւ ոչ թէ ընդհանուր առմամբ՝ միտքի: Սկովտիոյ մէջ բառը կը պահպանէ այդ իմաստը[13]:

Խելքի ընդհանրացումը միտք, կամք, զգացում եւ յիշողություն եւ այլ մտային կարողութիւններու հետ աստիճամաբար կը զարգանայ ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերուն[14]:

Լատինական հոմանիշներուն կարելի է վերագրել «իմացութիւն» ( լատ.՝ intellectus - «հասկացողութիւն, ճանաչողութիւն») եզրը, որ կը նշանակէ բանականութիւն, դատողունակութիւն, մտաւոր ունակութիւններ. փորձէն սորված, յարմարած, գիտելիքները կիրարկել շրջակայ միջավայրը ղեկավարելու համար կամ վերացական մտածել[15][16]։

Ռուսական «խելք» («ум») խօսքը թարգմանական գրականութեան մէջ յաճախ կ'օգտագործուի որպէս սանսկրիտ չիթթա եզրի թարգմանութիւն, անգլերէն՝ mind եւ գերմաներէն՝ geist (ոգի)[17]։ «Միտք» բառը կ'օգտագործուի Տեքարտի «Մտքի ղեկավարման կանոնները» (լատ.՝ Regulae ad directionem ingenii) ստեղծագործութեան մէջ։

Ռուսերէնի մէջ եզրը կը յիշատակուի Իկորի գունդի մասին ասքին մէջ[18]։ Աստուածաշունչի սինոտային թարգմանութեան մէջ «խելք» բառով (Աստուծոյ խօսք) կը թարգմանուի այն, ինչ որ սլաւոնական եկեղեցական իմաստով կը մատնանշուի ինչպէս՝ սիրտ (Եզեկիէլ 28:2)[19][20]։ Սակայն խելք (оумъ, լատ.՝ sensum) եզրը կը հանդիպի նաեւ սլաւոնական եկեղեցական Աստուածաշունչի թարգմանութեան մէջ (Կոր 2:16, 14:20[21], Փիլ 4:7[22]), որտեղ խելքը (լատ.՝ mens, հին յուն․՝ νοῦς) կը հակադրուի հոգիին, իբրեւ ըմբռնելու ունակութիւն (Կոր 14:14)[21]։

Քննարկման առարկայ կը հանդիսանան խելքի մաս կազմող յատկանիշները: Որոշ հոգեբաններ կը պնդեն, որ միայն «բարձր» իմացական գործընթացքները կը կազմեն խելքը, յատկապէս՝ գիտակցութիւնն ու յիշողութիւնը[23]: Այս տեսանկիւնէն, զգացումները, ինչպէս են՝ սէրը, ատելութիւնը, վախն ու ուրախութիւնը, աւելի պարզունակ կամ ենթակայական բնոյթ ունին եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է դիտարկուին խելքէն առանձին: Միւսները կը պնդեն, որ տարբեր խելացի եւ յուզիչ վիճակները կարելի չէ առանձնացնել, որովհետեւ անոնք ունին նոյն բնոյթն ու ծագումը եւ պէտք է ատոնք նկատի առնել՝ որպէս խելքի ամբողջական մաս:

Աւելի յաճախ խելքը կ'օգտագործուի որպէս մատծողութեան հոմանիշ[24]:

«Խելքի» յարաչափեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդու մտային համակարգի տարբերակող առանձնայատկութիւնները կազմող յարաչափերուն կը վերագրուին.

  • աշխատանքային յիշողութեան ծաւալը, կանխատեսումներ ընելու, գործիքային գործունէութեան, տրամաբանելու ընդունակութիւնը[25]
  • արժէքաւոր տեղեկութիւններու համակարգուած ընտրութեան բազմամակարդակ (նէյրոններու 6 շերտեր) դասակարգումը [26]
  • գիտակցութիւնը[27]
  • յիշողութիւնը[28]։

«Խելքի» տեղը գիտակցութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտակցութիւնը (բնորոշ է միայն մարդոց) առարկայական իրականութեան արտացոլման եւ շրջակայ միջավայրի նկատմամբ մարդու վերաբերմունքի նպատակաուղղուած կարգաւորման բարձրագոյն ձեւն է: Ձեւաւորուած գիտակցութեան գործընթացքներուն մէջ ինքնադիտումը կը տարբերակէ երեւոյթներու երեք հիմնական խումբեր.

  1. ընկալումները եւ անոնց մտաւոր վերամշակումը
  2. յուզական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնները
  3. կամային մղումները։

Այս տարբերակումը ունի վերացական բնոյթ այն իմաստով, որ անյայտ են գիտակցութեան այնպիսի վիճակներ, ուր այդ տարրերէն որեւէ մէկը բացարձակապէս կը բացակայէր։ Բայց անոնց քանակական եւ որակական տարբեր համադրութեան կարելիութիւնը եւ մէկը միւսին յանգեցնելու անկարելիութիւնը կը ստիպէ տարբերակել զանոնք այնպէս, ինչպէս կը տարբերակենք շօշափելի առարկաներու ձեւը եւ գոյնը, որոնք երբեք չեն դիտուիր մաքուր ձեւով։ Մտային կամ ճանաչողական գործունէութեան մէջ հոգեկան գործընթացքներու հիմնական խումբերէն առաջինը կը կրէ խելք անունը։ Այդ խումբի երեւոյթներու բազմազանութիւնը եւ երկու միւս խումբերու գործընթացքներու նկատմամբ տարբերակուած մտային գործընթացքներու քանակական գերակշռութիւնը յանգեցուցած են եւ մինչեւ օրս յաճախ կը շարունակեն յանգեցնել «խելք» հայեցակարգի շրջանակներու չափէն աւելի ընդլայնման եւ ամբողջ գիտակցութեան երեւոյթներու համախումբը անոր հետ նոյնացնելուն։ Միւս կողմէ, այն դերը, որ բարեկիրթ մարդու մտային գործունէութեան մէջ կը կատարեն ընկալման վերամշակման ամենաբարդ գործընթացքները, կը յանգեցնէ հասկացողութեան շրջանակները նեղացնող նոյնպիսի անհամապատասխանութեան եւ խելքը զայն գործընթացքներու հետ նոյնացնելուն, որոնց համախումբը կը կոչուի դատողութիւն, բանականութիւն եւ այլն։

Հոգեբանութեան մէջ եռամաս բաժանումը համընդհանուր տարածում կը ստանայ, հիմնականին մմէջ, Քանտի շնորհիւ։ Հոգեկան գործունէութիւնը կարելի է ուսումնասիրել կա՛մ անոր տարրերով (ընկալում, ուշադրութիւն, կապեր, յիշողութիւն, խելք, բանականութիւն, դատողութիւն), կա՛մ քանի որ անոնք միացած են անհատական հոգեբանութեան մէջ եւ կը բնութագրեն անհատի մտային առանձնայատկութիւնը: Մարդկային գիտակցութեան բնորոշ առանձնայատկութիւնը այն է, որ զգայարաններու միջոցով կարելի եղածին չափ ընկալուող նիւթը մտային գործողութիւններու երեւոյթներու միայն չնչին մասն է արտաքին աշխարհի երեւոյթներու անթիւ բազմազանութեան մէջ։

Խելք, փորձ եւ զգայարաններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լորա Պրիճմեն (1829-1889). երկու տարեկանին կարմիր տենդով (скарлатина) հիւանդանալու պատճառով կորսնցուցած է տեսողութիւնը, լսողութիւնը, մասամբ համի եւ հոտառութեան զգացումները։ Գրագիտութիւն սորված է, վարած է օրագիր, գրած է բանաստեղծութիւններ: Անոր ճակատագիրը պատմութեան մէջ մտած է, որպէս կոյր-խուլ մարդոց մտային ուսուցման փաստացի առաջին յաջող դէպքերէն մէկը։
Մարիի սենեակ փիլիսոփայական գիտափորձ, որ առաջարկած է աւստրալիացի փիլիսոփայ Ֆրենք Ճեքսընը (անգլերէն՝ Frank Cameron Jackson)։ Անոր մէջ կը փորձուի հերքել մտքի նիւթապաշտութեան պատկերացումը։

Կարելի է պատկերացնել հոգեւոր աշխարհ, որուն ընկալման շրջանակը սահմանափակուած է գրեթէ բացառապէս շօշափման տպաւորութիւններով (կոյր եւ խուլ Պրիճմենը)։ Այդ պայմաններուն մէջ կարելի է բաւական բարդ պատկերացումներու ձեւաւորում, բայց հոգեբանական կեանքը պիտի առանձնանայ խիստ միակողմանիութեամբ։ Տեսողական եւ լսողական ընկալումներէն մտային զարգացման համար աւելի մեծ նշանակութիւն ունին, ըստ երեւոյթին, լսողական ընկալումները, քանի որ անոնք սերտ կապ ունին ձայնային խօսքի հետ, որուն ալ մարդը հիմնականին մէջ պարտական է նախորդ սերունդներու կուտակած մտային փորձէ օգտուելու կարելիութեան համար։ Խուլհամրերը, որոնք կրթութիւն չեն ստանար ամբողջ կեանքի ընթացքին, կը մնան թերահաս մակարդակի վրայ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ խլութիւնը կախեալ չէ ուղեղի ընդհանուր վնասուածքին հետ։

Բայց զգայարաններու լիովին անվնաս ըլլալու պարագային ալ անոնց վրայ ազդող ոչ բոլոր տպաւորութիւններն են, որ մարդկային գիտակցութեան մէջ կը մտնեն ինչպէս նիւթ, որ պիտանի է հետագայ մտային վերամշակման համար: Այդ նպատակի համար ամէն օր ստացուող տպաւորութիւններու մեծ մասը շատ անհասկնալի եւ լղոզուած են։ Այն բանի համար, որ անոնք ընկալումներ դառնան, բնախօսական բնոյթի պայմաններէն բացի անհրաժեշտ են մտաւոր անհատին բնորոշ մտային ունակութիւններու պայմաններ: Տպաւորութիւնները կը դառնան յստակ ընկալումներ միայն այն պարագային, երբ անոնք մարդու գիտակցութեան մէջ կը հանդիպին ձայնադարձիկներու, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն յիշողութիւններու տեսքով պատկերներ, որոնց համատեղ խթանումը կը մեծցնէ զգայական գրգռումը։ Բուսական աշխարհին անծանօթ մարդը ծաղիկը դիտելու ժամանակ զարմանալիօրէն սակաւ ընկալումներ պիտի ստանայ՝ բուսաբանի հետ համեմատած։ Նոյն զգացողութիւնը կ'ունենան ոչ մասնագէտները, օրինակ, մեքենաներու ցուցահանդէս այցելելու ժամանակ։ Այդ պարագային կարելի է, որ գիտակցութիւն ներթափանցեն եզակի ուժեղ տպաւորութիւններ, սակայն անոնք անոր մէջ չեն մնար եւ չեն իւրացուիր, քանի որ կապի մէջ չեն մտներ անտեղեակ մարդու պատկերացումներու եւ հասկացողութիւններու հետ եւ կը մնան անհետեւանք` հետագայ մտային վերամշակման իմաստով:

Արտաքին տպաւորութիւններու ամբողջ ոլորտի հետ կապուած այս վիճակին մէջ կը գտնուի երեխայի գիտակցութիւնը լոյս աշխարհ գալու սկզբնական շրջանին: Քանի դեռ արտաքին աշխարհի տպաւորութիւնները ամուր հետքեր չեն յառաջանար յիշողութիւններու համար, չի յառաջանար նաեւ հոգեբանական յարաբերութիւններու այն շերտը, որուն մէջ հետագայ բոլոր տպաւորութիւնները անմիջապէս կը միահիւսուին նախորդող մտաւոր ձեռքբերումներու հետ։ Նոյնիսկ այն պարագային, երբ յաճախ կրկնուող տպաւորութիւնները երեխայի գիտակցութեան մէջ արդէն ամուր հետքեր կը ստեղծեն, անոր ընկալումներու քանակը կ'առանձնանայ չափազանց աղքատիկութեամբ եւ միակողմանիութեամբ, որ կը համապատասխանէ անոր փոքրաթիւ եւ միանման յիշողութիւններուն։ Նոյնքան խղճուկ եւ միակողմանի են վայրենիի ընկալումները։

Կրթութիւնը եւ գիտութիւնը կը բարձրացնեն արտաքին տպաւորութիւններու նկատմամբ մեր զգայունութիւնը` մեր գիտակցութեան մէջ ստեղծելով արտաքին աշխարհի հետ համահունչ ամենատարբեր տպաւորութիւններ: Ընկալման գործընթացի վրայ պատկերացումներու առկայ պահուստի ազդեցութեան աւելի կարեւոր հետեւանքն է մեր վրայ գործող տպաւորութիւններու միջեւ ընտրութիւն ընելու կարելիութիւնը: Երեխայի գիտակցութեան բովանդակութիւնը լիովին կախեալ է զայն շրջապատող իրադրութեան պատահականութիւններէն. անոր վրայ կը գործեն միայն տուեալ պահի աւելի ուժեղ գրգիռները, անկախ երեւոյթներու ներքին կապէն։

Մեծահասակներու մօտ, ընդհակառակը, ընկալման գործընթացը աւելի ու աւելի կ'ենթարկուի իւրաքանչիւրի այն հակումներուն, որոնք կը ձեւաւորուին անձնական հոգեկան փորձով։ Մարդու կողմէ առաւելապէս կ'ընկալուին այն տպաւորութիւնները, որոնք արձագանգ կը գտնեն անոնց կուտակուած պատկերացումներով եւ կապերով։ Այս ուղղութեամբ ամէն մէկ քայլը հարաճուն կերպով կը զօրացնէ աշխատանքի գործընթացքը, այնպէս որ, ի վերջոյ, մեր մտային աշխարհի տպաւորութեան մօտ ամենաչնչին ակնարկը անգամ կը յառաջացնէ յստակ եւ պարզորոշ ընկալում: Այս ձեւով կ'ապահովուի մարդկային անհատի ամբողջականութիւնը, կը ստեղծուի մտային անհատականութիւն: Ըսուածէն կը պարզուի, որ մեր մտային կեանքի բոլոր հոսանքներուն վրայ լուրջ ազդեցություն ունի յիշողութիւնը։

Խելք եւ յիշողութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յիշողութիւնը գիտելիքի, տեղեկութեան եւ փորձի մտապահումն ու պահպանումն է, ինչպէս նաեւ՝ անհարժեշտության պարագային վերարտադրումը: Չնայած անոր, որ յիշողութիւնը միշտ ալ փիլիսոփայութեան մէջ մշտապէս քննարկուող թեմաներէն մէկն է, սակայն ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարի սկիզբը յիշողութիւնը դերեւս կ'ուսումնասիրուէր իբրեւ ճանաչողական հոգեբանութեան նիւթ: Վերջերս անիկա կը դառնայ գիտութեան նոր ճիւղերէն մէկը, որ կը կոչուի Ճանաչողական նեարդաբանութիւն, որ ճանաչողական հոգեբանութեան եւ նեարդագիտութեան միասնութիւնն է:

Յիշողութեան զարգացումը մտային զարգացման հետ չկապող համանման պատկերացումը դիւրիմացութեան հետեւանք է։ Մեր յիշողութիւնները ոչ միայն կը ձեւաւորեն այն ցանցը, որուն մէջ կը միահիւսուին նոր տպաւորութիւնները, այլեւ մասամբ կ'որոշեն այն ընկալումներու ընտրութիւնը, որոնք մեր գիտակցութիւնը պիտի մտնեն իբրեւ թարմացնող նիւթ, եւ այն տեղը, ուր անոնք կը գրաւեն հոգեբանական յարաբերութիւններու ընդհանուր ցանցին մէջ։ Անոնք կ'ազդեն ստացուող ընկալումներբւ ոչ միայն քանակի, այլ նաեւ՝ որակի վրայ։ Ժամանակակից քաղաքակիրթ մարդը կուռքի մէջ չի տեսներ այն, ինչ որ անոր մէջ կը տեսնէ նախնադարեան ցեղի ափրիկեան վայրենին։ Անզգայ դարձող առարկան կը փոխուի «անզգայ զանգուածի» ազդեցութեամբ, ինքն ալ իր հերթին կը ձեւափոխէ անիկա` անոր հետ համակցութեան մէջ մտնելով։ Ծերութեամբ կամ կաթուածի ազդեցութեամբ պայմանաւորուած յիշողութեան թուլացումը կը յանգեցնէ մտային կեանքի անկման եւ մտային անհատականութեան կորուստին: Անձը անօգնական կը դառնայ այնպիսի պատահական զօրաւոր տպաւորութիւններու առջեւ, որոնք չեն համընկնիր իրարու հետ եւ այդ պատճառով, կը մնան առանց հետագայ մշակման։ 

Յիշողութիւն – մտաւոր զարգացում. այս հակադրութիւնը, որուն մասին նշուեցաւ, կը հիմնուի յիշողութիւնը ընդհանրապէս անոր որոշ յատուկ տեսակներու հետ նոյնականացնելու հետ։ Վերացական մտածելակերպը սովորութիւն դարձնելով կարելի է, օրինակ, որ թուլնան հաստատ յիշողութիւնները, քանի որ վերացարկումը կը կայանայ հոն, ուր բարդ եւ տարատեսակ պատկերացումներու միացման պատճառով կը վերանան անոնց որոշակի յատկանիշները։ Այս գործընթացքի ծայրայեղ աստիճաններուն որոշակի յատկանիշները նոյնիսկ կրնան բոլորովին բացակայիլ եւ փոխարինուիլ որեւէ խորհրդանիշով կամ նշանով։ Այդ աստիճաններուն կարելի է այն երեւոյթը, զորս Կիոթէն կը բնութագրէ հետեւեալ բառերով. «Wo die Begriffe fehlen, da stellt ein Wort zur rechten Zeit sich ein» («Ուր հասկացողութիւնները կը բացակային, խօսքը ճիշդ ժամանակին կը դադրի»), այսինքն, որեւէ որոշակի հիմքէ զուրկ հաստատ պատկերներու եւ յիշողութիւններու ձեւով գաղափարներու յառաջացումը ստորջրեայ քար է, որուն այնքան յաճախ բախած են փիլիսոփայական մտահանգութիւնները։ Սակայն այստեղէն կարելի չէ յիշողութեան համար ընդհանուր առմամբ անբարենպաստ եզրակացութիւն ընել, այլ ընդհակառակը, վերացական մտածողութիւնը կ'ենթադրէ յիշողութիւններու բարդ եւ տարաբնոյթ համալիր առկայութիւն։

Խելք եւ ուշադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Երեխաները կեդրոնացած վիճակի մէջ։ Ուշադրութիւնը մեծապէս կը նպաստէ մտային գործունէութեան ընթացքին վրայ` բարձրացնելով մեր ընկալունակութիւնը

Մտային գործունէութեան ընթացքին վրայ ազդող այլ կարեւոր գործօն մըն է ուշադրութիւնը։ Անիկա արդէն իր ազդեցութիւնը կը ձգէ ընկալման գործընթացքներու վրայ` բարձրացնելով մեր ընկալունակութիւնը այն տպաւորութիւններու նկատմամբ, զորոնք անիկա կ'ուղղուի։ Անոր դերը աւելի զգալի է ընկալումներու վերամշակման գործընթացքներուն մէջ։ Եթէ կ'ընկալուին միայն տպաւորութիւնները, որոնք իրենց արձագանգը կը գտնեն մեր գիտակցութեան ազգայ զանգուածի մէջ, ապա այդ կապը, յամենայն դէպս, փոխադարձ է, եւ ընկալումը մեր գիտակցութեան մէջ կ'աշխուժացնեն նախկին հոգեկան փորձին համահունչ հետքերը միայն։ Զարգացած գիտակցութեան մէջ իւրաքանչիւր նոր ընկալում այնքան շատ նմանատիպ համահունչ հետքեր կը գտնէ, որ անկէ բխող պատկերացումներու ակամայ հոսքը կրնայ ընդունիլ խիստ բազմազան եւ երբեմն բոլորովին ցաքուցրիւ բնոյթ։

Վերջինս կը նկատուի այն պարգաներուն, երբ յոգնածութեան ազդեցութեան տակ մենք «ամբողջովին ազատութիւն կու տանք» պատկերացումներու մեր միացութիւներուն։ Այդ պարագաներուն գիտակցութեան մէջ կը սլանան պատկերացումներու քաոսային հատուածներ, որոնք իրար հետ յաճախ կը միանան միայն պատահական արտաքին կապով եւ մեզ այնքան հեռու կը տանին մեր մտորումներու սկզբնական ելակէտէ, որ, երբ կը փորձենք ջանքեր գործադրել մեր մտքի անցած ճամբան վերանայելու համար, յաճախ փակուղիի առջեւ կը կանգնինք մեր միտքերու զիկզակներու մէջ խճճուելով։

Աւելի խիստ ձեւով ատիկա կը նկատուի հոգեկան հիւանդներու «գաղափարներու մրրիկի» ժամանակ։ Ուշադրութիւնը մեր պատկերացումներու ընթացքին մէջ կը ներդնէ ծրագրաւորուածութիւն. մեզի անյայտ կարճ ուղիով, տուեալ ընկալման հետ համահունչ «ռեզոնատորներու» միջոցով ան կը զօրացնէ այն ամէնը, ինչ որ կը համապատասխանէ անհատի բոլոր ծրագիրներուն, ցանկութիւններուն եւ պահանջներուն եւ այդպիսով որոշակի սահմաններ կը ստեղծէ պատկերացումներու հոսքի համար: Ուշադրութեան կայունութիւնը, անոր կեդրոնացնելու կարողութիւնը, ըստ երեւոյթին, սերտօրէն կախեալ է անձի յուզիչ բնութագիրի, խորութեան եւ անոր զգացումներու կայունութեան հետ, իսկ վերջինս կ'որոշուի գիտակցութեան մէջ գոյութիւն ունեցող հզօր, սերտօրէն իրար հետ կապուած պատկերացումներու եւ գաղափարներու խումբի հետ։ Հաւանաբար, անով կը բացատրուի, որ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու մեծ ընդունակութիւն յաճախ կը նկատուի «նեղ» եւ «միակողմանի» մարդոց մօտ։

Կայուն ուշադրութեան համատեղութիւնը գիտակցութեան գաղափարական բովանդակութեան լայնութեան եւ բազմակողմանիութեան հետ միասին կու տան հանճարներ։ Սխալը, որ յաճախ մարդիկ կ'ըսեն գիտնականի «ցրուածութեան» եւ ամէն մանրուքի առիթով դասերէ շեղող երեխայի «ցրուածութեան» մասին, կը յառաջանայ երկու հակադիր երեւոյթները միացնելէ. վերջին պարագային ատիկա կ'արտայայտուի բանի մը վրայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու լիակատար անկարողութեամբ (երեւոյթ է, որ յաճախ կը դիտուի մեծահասակներու մօտ յոգնածութեան ազդեցության տակ), առաջին պարագային` ներքին աշխատանքի վրայ ուշադրութեան այնպիսի խոր կեդրոնացումով, որ ուրիշ ոչինչ ի վիճակի է գիտակցութեան մէջ ներթափանցել։ Այս վիճակի բարձր աստիճաններու ամբողջ գիտակցութիւնը կլանած մտային աշխատանքի դիմաց հետին ծրագիր կրնայ մղուիլ նոյնիսկ մահացու վտանգը (օրինակ է` Արքիմետի մահէն առաջ կեանքի վերջին վայրկեանները)։

Խելք եւ յոգնածութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մտային գործունէութեան ընթացքը կարեւոր որոշիչ գործօն կը հանդիսանայ անձի «յոգնածութիւնը»։ Անիկա շատ մեծ է թուլամիտներու, ապուշներու մօտ, նաեւ ծերունական հիւանդութիւններէ մտային կեանքի կազմալուծման պարագային։ Յոգնածութիւնը վարժութիւններու ազդեցութեամբ նուազելով, ծանօթ ոլորտներու մէջ զբաղուածութեան պարագային աւելի քիչ նկատելի դրսեւորուելով, միեւնույն ժամանակ, ինչպէս ցոյց կու տան վերջին հետազօտութիւնները, յիշողութեան եւ ուշադրութեան նման խիստ անհատական է եւ կը մտնէ անձնային մտային բնութագիրի մէջ՝ իբրեւ անոր էական նշաններէն մէկը։ Յոգնածութեան յատուկ պարագաներ կան, երբ անիկա ուղղակիօրէն կը կապուի բարձր տպաւորուողականութեան հետ։ Այդ պարագաներն ալ կը յանգեցնեն այն տեսութեան յառաջացման, որ հանճարը կը հաւասարեցնէ հոգեկան խանգարում ունեցողի հետ, քանի որ հանճարեղութիւնը յաճախ կ'ուղեկցուի կտրուկ արտայայտուած նեարդով եւ փսիխասթենիայով։ Կապուած ըլլալով զօրացած տպաւորուողականութեան հետ եւ վերջինիս մէջ գտնելով իր ուղղումը, այս յոգնածութիւնը չի բացառեր (բարենպաստ պայմաններու մէջ) իր ծաւալով մեծ աշխատանքներ կատարելու կարելիութիւնները:

Խելք եւ զգացումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Գանգագուշակութեան քարտէս ԺԴ. դար[29]. հոգեկան գործընթացքները գլխուղեղի որոշակի մասի հետ համադրելու առաջին փորձերէն է

Մտային գործունէութիւնը մեղմացնող ազդեցութիւն կը ցուցաբերէ զգացումներու վրայ։ Վառ զգացումներու հետ կապուած պատկերացումը միացութեան մէջ մտնելով պատկերացումներու այլ շարքերու հետ, անոնց մէջէն կ'ընտրէ այլ զգացողութիւններու հետ կապուած պատկերացումներ, որոնք որոշակի չափով կը չեզոքացնեն սկզբնական զգացումը։ Բայց, միեւնոյն ժամանակ, ան կը խորացնէ զանոնք. եթէ բարդ միացութեան անդամներէն մէկը կը կապուի մեզի յուզած զգացումի հետ, եւ զգացումը որքան աւելի տարաբնոյթ եւ բարդ է, այնքան աւելի յաճախ ամենաբազմազան առիթներով մեր յիշողութեան մէջ պիտի յայտնուի այդ զգացողութեան յիշողութիւնը։ Տարածուած պատկերացումը այն մասին, որ «կրթութիւնը մարդոց աւելի երջանիկ չի դարձներ», ուստի հիմնաւոր է, եթէ երջանկութեան չափանիշը նկատենք անմիջական կենսուրախութիւնը, այլ ոչ թէ հոգեւոր կեանքի սաստկութիւնը եւ լիարժէքութիւնը. վայրենիներն ու երեխաները իրենց չզարգացած յիշողութեամբ, աւելի անմիջական եւ կենսախինդ են, քան կրթուած մարդը, որ կը պահպանէ անցեալի տառապանքներու յիշողութիւնները, որոնք ապագայի մասին մտածումները կը գունաւորեն տխրութեան եւ հոգածութեան երանգներով։ Առաջիններու զգացումները պայծառ են, բայց աւելի մակերեսային են։ Որակական իմաստով մտային գործունէութիւնը յատկապէս կ'ազդէ համակրական զգացողութիւններու ընդլայնման։ Անոր ազդեցութիւնը այդ առումով այնքան կտրուկ է, որ յայտնի բանաձեւը` «Ամէն ինչ հասկնալ, կը նշանակէ ամէն ինչ ներել», արդարացիօրէն կարելի է պարզաբանել այսպէս` «Ամէն ինչ ճանչնալ, կը նշանակէ ամէն ինչ սիրել»։

Մտային գործունէութիւնը կ'ուղեկցուի յատուկ «մտային զգացումներով»։ Մտային զգացումները, այլ վեհ յոյզերու համանմանութեամբ, իրենց սաստկութեամբ կը զիջին աւելի նսեմ զգացումներու (անոնց ի յայտ գալու պահին), բայց կը բնութագրուին թարմանալու անհամեմատ աւելի մեծ ընդունակութեամբ։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին գրեթէ անընդմեջ ուղեկցելով մեր մտածողութեան, անոնք լայն մտահորիզոնով զարգացած անհատի հոգեկան տրամադրութիւններու հիմնական ֆոնին կը հաղորդեն ճկունութիւն եւ կայունութիւն եւ կրնան վերանալ միայն բացառապէս ծանր ցնցումներու ազդեցութեամբ, որոնք կը կոտրեն հոգեկան ինքնութիւնը: Մտային գործունէութիւնը կը ցուցաբերէ կտրուկ դանդաղեցնող ազդեցութիւն արտաքին տպաւորութիւններու նկատմամբ մեր շարժումներու տեսակէտէն։ Օրգանական աշխարհի ֆիլոգենեզի մէջ նոյնպես այսպիսի ձգձգում կ'առաջանայ, որ կը կրէ աւելի բարդ միջավայրի մէջ օրկանիզմներու յարմարողականութեան մեքանիզմներէն մէկը ըլլալու իմաստ: Բացի պարզագոյն տպաւորութիւններէն, որոնք նոյնիսկ ժամանակակից մարդուն մօտ կը յառաջացնեն պարզ դարձաշարժումներ (դարձաշարժումի հազը շնչառական կոկորդի մէջ օտար մարմինի իյնալու պարագային, փսխումը եւ այլն), օրկանիզմի վրայ կը գործեն երեւոյթներ, որոնք կը ձեւաւորուին շարք մը յաջորդական տպաւորութիւններէ։

Մտային գործունէութեան պաշտօնը կը կայանայ, երբ այդ տպաւորութիւններէն առաջինին ազդեցութեան պարագային կարենայ հետաձգել գործը, յաջորդ տպաւորութիւններուն գործելու կարելիութիւն ստեղծէ, կարելիութիւն տայ համատեղելու նոր ընկալումը նախկին փորձի մասին յիշողութիւններու հետ եւ մշակէ նպատակահարմար եւ ծրագրաչափ արձագանգ։ Գիտակցութեան միջոցով մշակուած շարժումներու բարդ շարքերը տպաւորութիւններու բարդ շարքերու կը կերպարանափոխուին շնորհիւ բնազդային ունակութեան, այսինքն այնքան արագ կ'ընթանան, որ սովորաբար չեն թափանցեր գիտակցութեան մէջ եւ կը նմանին դարձաշարժումին։ Մտաւոր գործունէութեան այնքան բնորոշ է շարժումներու ձգձգման հակումը, որ միայն դէպի մտքի դաստիարակութեան կողմը հոգեկան զարգացման միակողմանի ուղղութեան պարագային դիւրութեամբ կը յառաջանան «կաթուածահարութեան» երեւոյթներ։

Հոգեկան գործընթացքներու բնական շարքը (ընկալում, մտային վերամշակում, կամային արձագանգ) յաճախ չի կատարուիր լրիւ ձեւով կամ հլու երազայնութեան ազդեցութեան տակ, որովհետեւ դաստիարակութիւնը կարգապահութիւնը կը փոխարինէ ինքնագործունէութեամբ ու հրամանի կատարման տեղը կը դնէ անձի մտային աշխատանքէն բխող կամային գործը։ Այստեղէն կրնայ յառաջանալ մտային եւ կամային ոլորտներու այն տարօրինակ տարանջատումը, որ այնքան յաճախ խոցած է բարոյագէտները եւ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ յայտնի բանաստեղծութեան մէջ. «Vdéo meliora proboque, deteriora sequor» («Կը տեսնեմ եւ կը հաստատեմ լաւագոյնը, բայց կը հետեւիմ ամէնէն գէշին», Օվիտիուս, «Մետամորֆոզներ»)։ Անհատի գործողութիւնները այդ ժամանակ կ'առաջնորդուին գլխաւորապէս բնազդական բնոյթ ձեռք բերած սովորութիւններով եւ չեն յենիր անոր մտային աշխարհի, գիտելիքներու, համոզումներու եւ հայեացքներու վրայ: Մտային գործընթացքէն կամային մղումներուն անցումը կարելի է միայն, առաջինին յայտնի ուժին պարագային, այդ իսկ պատճառով այդպիսի երեւոյթը կը նկատուի նոյնիսկ ուժեղ կամքով օժտուած մարդոց մօտ յոգնածութեան պահերուն ու իրմէ կը ներկայացնէ նեւրասթենիայի հաստատուն ախտանիշներէն մէկը, որ կ'անդրադառնայ մտային գործընթացքներու ոչ այնքան որակի, որքան՝ ուժին վրայ։

Կապը ուղեղի հետ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ռենէ Տեքարտի կողմէ առաջ քաշած միտք-մարմին երկատման պատկերազարդում[30]. տեղեկութիւն զգայական անդամներու միջոցով կը հասնի ուղեղին եւ այնտեղէն` ոչ նիւթական հոգի

Կենդանիներու մօտ ուղեղը կեդրոնական նեարդային համակարգի հսկողութեան կեդրոնն է, որ պատասխանատու է մտածողութեան համար: Կենդանիներու մեծ մասի մօտ ուղեղը կը գտնուի գլխուն մէջ՝ պաշտպանուած գանկոսկրով, որ կը փակէ հիմնական զգայական ապարատները՝ տեսողութիւն, լսողութիւն, հաւասարակշռութիւն, համտեսել, հոտառութիւն: Բոլոր ողնաշարաւորները ունին ուղեղ, իսկ որոշ անողնաշարաւորներ ունին կեդրոնական ուղեղ կամ նեարդակծիկ: Պարզագոյն կենդանիները, ինչպէս՝ սպունգները, որոնք ընդհանրապէս ուղեղ չունին: Ուղեղը կրնայ ունենալ բարդ կազմութիւն: Օրինակ, մարդուն ուղեղը կազմուած է 86 միլիառ նէյթրոններէ[31][32]:

Հասկացողութիւնը կապն է ուղեղի եւ հոգեկան-ֆիզիքական խնդիրի յարաբերակցութեան հետ, որ փիլիսոփայութեան պատմութեան կեդրոնական խնդիրներէն մէկն է[33]: Կան երեք մեծ փիլիսոփայական դպրոցներ, որոնք կը մեկնաբանեն մտածողութեան վերաբերեալ հարցերը.

  1. երկապաշտութիւն
  2. նիւթապաշտութիւն
  3. գաղափարապաշտութիւն

Երկապաշտութիւնը կ'ենթադրէ, որ միտքը գոյութիւն ունի ուղեղէն անկախ[34]: Նիւթապաշտները կ'ենթադրեն, որ մտային երեւոյթները նոյնական են նէյրոններու հետ: Գաղափարապաշտները կը կարծեն, որ միայն մտային երեւոյթներ գոյութիւն ունին[35]:

Շատ փիլիսոփաներ անհաւանական կը նկատէին այն հանգամանքը, որ ճանաչումը կրնայ իրականացուիլ ֆիզիքական նիւթի միջոցով, ինչպէս՝ ուղեղի հիւսուածքները (նեարդաբջիջները եւ սինապսները)[36]: Ռենէ Տեքարտը, որ շատ կը մտածէր խելք-ուղեղ յարաբերակցութեան մասին, կարելիութիւն գտաւ բացատրելու դարձաշարժումներն ու վարքի այլ պարզ ձեւերը՝ մարդու մարմինի նկարագրութեան մէջ: Չնայած ան չէր հաւատար, որ բարդ միտքերը եւ, մասնաւորապէս, լեզուն կրնան բացատրուիլ՝ յղում ընելով միայն ֆիզիքական ուղեղին[37]:

Մարդու խելքի զարգացման պատմութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարդկային միտքի զարգացումը կը վերաբերի քանի մը տեսութիւններու, որոնց նպատակն է նկարագրել, թէ ինչպէս է մարդու միտքի զարգացումը կապուած մարդու ուղեղի զարգացման եւ լեզուի ծագման հետ[38]:

Անթրոպոգենեզի ժամանակացոյցը կը կազմէ մօտաւորապէս 7 միլիոն տարի: Ելլելով այդ ժամանակագրական սանդղակէն, առաջին 3 միլիոն տարիներուն եղած են Սախելանթրոփները, յաջորդ 2 միլիոն տարուան ընթացքին՝ Աւստրալոպիտեկները եւ վերջին 2 միլիոն տարուան ընթացքին՝ մարդ (լատ.՝ Homo) տեսակները (հին քարի դար):

Մարդու միտքի շատ գիծեր, ինչպէս՝ միտքի տեսութիւնը, սուգը, ծիսակարգը, գործիքներու եւ խորհրդանշաններու օգտագործումը ի յայտ կու գան նաեւ կապիկներու մօտ:

Միտքի զարգացման տեսութիւնը կը ներառէ.

  • Ռոպին Տանպարի ընկերային ուղեղի վարկածը[39]
  • Ճէֆրի Միլլըրի սեռական ընտրութիւնը մարդկային զարգացման մէջ[40]
  • Կենսոլորտային գերիշխանութիւն-ընկերային մրցակցութիւնը[41], որ բացատրուած է Մարք Ֆլինի, Տէյվիտ Կերիի, Քարոլ Ուորտի կողմէ՝ հիմնուելով Ռիչարտ Ալեքսանտրի աշխատանքի վրայ
  • Միտքի գաղափարը՝ իբրեւ լաւ առողջութեան եւ հիւանդութիւններու դիմակայման ազդակ:

Խելք եւ փիլիսոփայութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խելքի փիլիսոփայութիւնը փիլիսոփայութեան ճյուղ է, որ կ'ուսումնասիրէ խելքի բնոյթը, հոգեկան իրադարձութիւնները, հոգեկան գործընթացքները, հոգեկան յատկությունները, գիտակցութիւնը եւ անոնց յարաբերակցութիւնը ֆիզիքական մարմինին հետ: Հոգեֆիզիքական խնդիրը, այսինքն՝ հոգեկան եւ ֆիզիքական երեւոյթներու փոխյարաբերութիւնը, կը դիտարկուի իբրեւ խելքի փիլիսոփայութեան կեդրոնական խնդիր, չնայած կան նաեւ այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին խելքի բնոյթին եւ կապուած չեն ֆիզիքական մարմինին հետ[42]: Խոսէ Մանուէլ Ռոտրիկես Տելկատօն կը գրէ. «Ժամանակակից տարածուած օգտագործումով հոգին եւ խելքը յստակ չեն տարանջատուիր եւ շատ մարդիկ, քիչ թէ շատ գիտակցութեամբ, մինչեւ այսօր կը զգան, որ հոգին թէ՛ կարելի է, որ խելքը դուրս գայ, թէ՛ ձգել մարմինը՝ իբրեւ անկախ մասնիկ»[43]:

Երկապաշտութիւնն ու միապաշտութիւնը երկու հիմնական դպրոցներն են, որոնք կը փորձեն լուծել միտքի եւ մարմինի խնդիրը: Ըստ երկապաշտութեան դիրքորոշման, միտքն ու մարմինը որոշակիօրէն անջատ են իրարմէ: Անիկա կը մեկնաբանուի Փլաթոնի[44], Արիստոտելի[45][46][47] եւ Նիայայի, Սանքհեայի, Եոկայի դպրոցներու կողմէ, բայց աւելի յստակ կերպով կը բացատրէ Ռենէ Տեքարտը՝ ԺԷ. դարուն[48]: Ճիշդ երկապաշտութիւնը կը պնդէ, որ խելքը առանձին գոյութիւն ունեցող անդամ է[49]:

Ի. դարու փիլիսոփայ Մարթին Հայտեկերը կու տայ այն կարծիքը, որ խելքի նիւթական փորձն ու աշխուժութիւնը հասկանալի չեն տեքարտեան «ճիշդ» եզրերուն մէջ, որոնք ունին ընդհանուր յատկություններ: Անիկա կը կապուի անոր հետ, որ նիւթական եւ բարձրորակ փորձի բնոյթը անհամատեղելի կամ կամ սեմանտիկօրէն անհամեմատելի է որոշ ճիշդ յատկութիւններ կրող հայեցակարգերու հետ: Անիկա հիմնարար գոյաբանական փաստարկ է[50]:

Ճանաչողական գիտութեան փիլիսոփայ Տանիէլ Տենեթը, օրինակ, կը պնդէ, որ չկայ այնպիսի հասկացողութիւն, ինչպէս՝ պատմողական կեդրոնը, որ կը կոչուի «խելք», բայց անոր փոխարէն գոյութիւն ունի զգայական մուտքերու եւ ելքերու համախումբ. «ծրագրային ապահովման» տարբեր տեսակներ, որոնք կ'աշխատին իրարու հետ զուգահեռ[51]: Հոգեբան Պ. Ֆ. Սքիներ կը պնդէ, որ խելքը բացատրական յօրինուածք է, ինչ որ կը շեղէ ուշադրութիւնը վարքի բնական պատճառներէ[52]: Նա խելքը համարեց՝ «սև արկղ» եւ մտածեց, որ մտավոր գործընթացները կարող են ավելի հասկանալի լինել՝ որպես գաղտնի վերբալ վարքի ձեւեր[53][54]:

Ըստ փիլիսոփայութեան տոքթոր Տէյվիտ Չալմերսի մեկնաբանութեան, խելքը բացայայտելու երրորդ անձի մօտեցումը եւ գիտակցութիւնը արդիւնաւէտ չեն կրնար ըլլալ, օրինակ, ուրիշի ուղեղը կամ մարդու վարքը դիտարկելու համար, բայց՝ առաջնային անձի մօտեցումը անհրաժեշտ է: Առաջնային անձի նման նորարարական հետազօտութիւնը ցոյց կու տայ, որ խելքը իրականութեան մէջ կ'առանձնանայ ուղեղէն: Կ'ենթադրուի, որ ծնելու ժամանակ խելքը ունի հաշուողական գիտելիքներ, իբրեւ անիկա հայեցակարգի արտացոլում, ուր՝ թուաբանութիւնը կարծես կը բացատրէ տիեզերքի կառուցուածքն ու գործառոյթը[55]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «УМ Толковый словарь Ожегова онлайн»։ slovarozhegova.ru։ արտագրուած է՝ 2017-01-06 
  2. «Толковый словарь Даля онлайн»։ slovardalja.net։ արտագրուած է՝ 2017-01-06 
  3. «Mind» (անգլերեն)։ արտագրուած է՝ 2016-02-06 
  4. [https://անգլերէն՝ en.oxforddictionaries.com/definition/mind "mind - definition of mind in English
  5. Clark, Andy (2014). Mindware. 198 Madison Avenue, New York, 10016: Oxford University Press. pp. 14, 254–256.
  6. Smart, J. J. C., "The Mind/Brain Identity Theory", The Stanford Encyclopedia of Philosophy (Fall 2011 Edition), Edward N. Zalta (ed.), [1]
  7. http://leiterreports.typepad.com/blog/2016/01/20-most-important-philosophers-of-mind-since-wwii.html
  8. Karunamuni N, Weerasekera R. (Jun 2017). "Theoretical Foundations to Guide Mindfulness Meditation: A Path to Wisdom". Current Psychology.
  9. Karunamuni N.D. (May 2015). "The Five-Aggregate Model of the Mind" (PDF). SAGE open. 5 (2).
  10. Лучшие умы США спорят, означает ли нынешний кризис смерть капитализма
  11. Президент собрал лучшие умы поговорить о детях
  12. Лучшие умы Омска разрабатывают проект в сфере нанотехнологий
  13. "mind - definition of mind in English | Oxford Dictionaries". Archived 2017-08-19 at the Wayback Machine. Oxford Dictionaries. Retrieved 2017-08-19.
  14. "Online Etymology Dictionary". www.etymonline.com. Retrieved 2017-01-02.
  15. Encyclopaedia Britannica, 2012 [2]
  16. Encyclopaedia Britannica, 2012 [1]
  17. «СОЗНАНИЕ ИЛИ УМ? (о выборе терминов для переводов буддийских текстов)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-10-21-ին։ արտագրուած է՝ 2018-08-21 
  18. Спала князю умь похоти или туга умь полонила.
  19. Пророки Книга Йехезкеля
  20. Книга пророка Иезекииля
  21. 21,0 21,1 Первое послание к Коринфянам
  22. Послание к Филиппийцам 4:7
  23. Başar, Erol (2010). Brain body mind oscillations in scope of uncertainty principle. New York: Springer. p. 5.
  24. Israel, Richard; North, Vanda (2010). Mind Chi Re-wire Your Brain in 8 Minutes a Day ; Strategies for Success in Business and Life. Chichester: John Wiley & Sons. p. 12. ISBN 1907321373. Retrieved 18 April 2015.
  25. Марков А. Эволюция человека. Обезьяны, нейроны, душа. М.: Астрель. 2011. — 512 с.ISBN 978-5-271-36294-1
  26. Хокинс Д., Блейксли С. Об интеллекте. М.: ООО "И. Д. Вильямс, 2007. — 240 с.ISBN 978-5-8459-1139-1
  27. Рамачандран В. С. Рождение разума. Загадки нашего сознания. М.: ЗАО «Олимп-Бизнес», 2006. — 224 с.ISBN 5-9693-0022-5
  28. Кандель Э. В поисках памяти. Возникновение новой науки о человеческой психике. М.: Астрель. 2012. 736 с. ISBN 978-5-271-36938-4
  29. Oliver Elbs, Neuro-Esthetics: Mapological foundations and applications (Map 2003), (Munich 2005)
  30. Descartes, R. (1641) Meditations on First Philosophy, in The Philosophical Writings of René Descartes, trans. by J. Cottingham, R. Stoothoff and D. Murdoch, Cambridge: Cambridge University Press, 1984, vol. 2, pp. 1-62.
  31. Whishaw, Bryan Kolb, Ian Q. (2010). An Introduction to Brain and Behavior (3rd ed.). New York: Worth Publishers. p. 72. ISBN 978-0-7167-7691-8. Retrieved 11 May 2012.
  32. Sherwood, Lauralee (2011). Fundamentals of Human Physiology (4th ed.). Belmont, CA: Brooks/Cole Cengage Learning. p. 91. ISBN 978-0-8400-6225-3. Retrieved 11 May 2012.
  33. Patricia Smith Churchland, Neurophilosophy: toward a unified science of the mind-brain, MIT Press, 1989
  34. Hart, W. D. (1997): ‘Dualism’, pp. 265-7 in S. Guttenplan (ed.), A Companion to the Philosophy of Mind, Blackwell
  35. A.R. Lacey, A Dictionary of Philosophy, 1996
  36. Neurophilosophy, Ch. 6
  37. Descartes, Description of the human body
  38. Harnad, S. R., Steklis, H. D., & Lancaster, J. E. (1976). "Origins and evolution of language and speech". Annals of the New York Academy of Sciences.
  39. Social Brain Hypothesis
  40. Miller. The Mating Mind. ISBN 0-8058-5749-4.
  41. "Flinn, M. V., Geary, D. C., & Ward, C. V. (2005). Ecological dominance, social competition, and coalitionary arms races: Why humans evolved extraordinary intelligence" Archived 2007-06-04 at the Wayback Machine. (PDF). Retrieved 2007-05-05.
  42. Kim, J. (1995). Honderich, Ted, ed. Problems in the Philosophy of Mind. Oxford Companion to Philosophy. Oxford: Oxford University Press.
  43. James M.R. Delgado (1969). Physical control of the mind; towards a psycho civilized society. Toronto: Fitzhenry & Whiteside Limited. p. 25.
  44. Plato (1995). E.A. Duke; W.F. Hicken; W.S.M. Nicoll; D.B. Robinson; J.C.G. Strachan, eds. Phaedo. Clarendon Press.
  45. Robinson, H. (1983): ‘Aristotelian dualism’, Oxford Studies in Ancient Philosophy 1, 123–44.
  46. Nussbaum, M. C. (1984): ‘Aristotelian dualism’, Oxford Studies in Ancient Philosophy, 2, 197–207.
  47. Nussbaum, M. C. and Rorty, A. O. (1992): Essays on Aristotle's De Anima, Clarendon Press, Oxford.
  48. Descartes, René (1998). Discourse on Method and Meditations on First Philosophy. Hacket Publishing Company.
  49. Hart, W.D. (1996) "Dualism", in Samuel Guttenplan (org) A Companion to the Philosophy of Mind, Blackwell, Oxford, 265–7.
  50. Hubert Dreyfus, "Critique of Descartes I" (recorded lecture), University of California at Berkeley, September 18, 2007.
  51. Dennett, Daniel (1991). Consciousness Explained. Boston, Massachusetts: Little Brown.
  52. Skinner, B.F. About Behaviorism 1974, page 74–75
  53. Skinner, B.F. About Behaviorism, Chapter 7: Thinking
  54. A thesis against which Noam Chomsky advanced a considerable polemic.
  55. Rosenberg, A. Irving (2013). MIND According to Logos: The Brain Reveals Its Own Secrets: What Neuroscientists Would Like to Know. CreateSpace Independent Publishing Platform.