Jump to content

Զգայարաններ

Զգայարաններ, մեզ շրջապատող միջավայրը ճանչնալու եւ ընկալելու ընթացքը կը կատարուի մեր զգայարաններուն միջոցով: Ունինք հինգ զգայարաններ, որոնք մեզի տեղեկութիւններ կը հայթայթեն մեր շրջապատին մասին՝ տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք եւ շօշափելիք:

Տեսանելիքը զգայարանք մըն է, որ կարելի կը դարձնէ տեսնել մեր շրջապատը: Մեր աչքերը հաստատուած են ոսկրային խոռոչներու մէջ, որոնք կը կոչուին ակնախորշ: Վեց մկաններ աչքը կրնան դարձնել ամէն ուղղութեամբ եւ այսպիսով կարելի կ'ըլլայ նայիլ վեր, վար եւ կողմնակի:

  • Ցանցենիին ջղային բջիջները, որոնք լոյսի նկատմամբ զգայուն են, ճառագայթները կը վերածեն լուսանշաններու:
  • Տեսողութեան ջիղը այդ լուսանշանները կը ղրկէ ուղեղին, որ շրջուած նկարը կը շտկէ:
  • Լոյսի ճառագայթները աչքին մէջ կը մտնեն եղջերենիէն, որ զայն կը բեկանէ:
  • Ճառագայթները կ'անցնին մինչեւ աչքի ոսպնեակէն, որ ուռելով կամ կծկուելով շրջուած յստակ նկար մը կու տայ ցանցենիին վրայ, որ նաեւ ակնագունդին խորքը գտնուող աչքին «պաստառ»ն է:
  • Ճառագայթները կ'անցնին բիբին ընդմէջէն գունաւոր ծիածանաթաղանթի կեդրոնը գտնուող սեւ անցքէն: Բիբը կը կծկուի, երբ լոյսը շատ զօրաւոր ըլլայ եւ այսպիսով աչքը կը պաշտպանուի:
  • Արտաքին ականջը, տեսանելի մասը, կը հաւաքէ թրթռացումները եւ կը փոխանցէ թմբուկին, լսողական անցքի միջոցաւ:
  • Ականջին թմբուկը պրկուած մորթի պզտիկ կտոր մըն է լարական անցքին ծայրը, որ կը թրթռայ եւ թրթռացումները կը փոխանցէ երեք ոսկրիկներուն, որոնք են մուրճը, սալիկը, եւ ասպանդակը:
  • Ոսկրիկները թրթռացումները կը փոխանցեն ներքին ականջին:
  • Թրթռացումները կ'անցնին խխունջէն, ուր անոնք կը վերածուին թրթռանշաններու եւ կը ղրկուին ուղեղին:
  • Ուղեղը կը մեկնաբանէ այդ թրթռանշանները՝ զանոնք վերածելով ձայներու:

Մեր մորթը կը պարունակէ շօշափելիք միլիոնաւոր ընկալուչներ: Ասոնք կը հակազդեն հինգ տեսակ ազդեցութիւններու՝ ճնշումի, հպումի, տաքի, պաղի եւ ցաւի: Անոնք այս տեղեկութիւնները ուղեղին կը փոխանցեն ջիղերու միջոցով:

Քիթը ունի հոտի ընկալուչ բազմաթիւ բջիջներ: Այս բջիջները կը գտնուին քթային լորձնաթաղանդին տակը: Հոտաւէտ իրերը կ'արտադրեն քիմիական կազեր, որոնք կը տարածուին օդին մէջ։ Հոտառական ընկալուչներ զգայուն են այս քիմիական կազերուն նկատմամբ: Երբ զանոնք կը յայտնաբերեն, ուղեղին տեղեկութիւններ կը ղրկեն այդ զանազան հոտերու մասին, որոնցմէ մաս մը հաճելի են, ուրիշներ՝ նուազ: Մեր քիթին հոտառական բջիջները կարող են զանազանել շուրջ 3000 տարբեր հոտեր:

Մեր լեզուն ծածկուած է մանրիկ ցցուածքներով՝ քմային պտկիկներով, որոնք մեզի կը փոխանցեն կերակուրներուն եւ խմիչքներուն համը: Կան չորս տեսակի պտկիկներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը յատկացուցած է հետեւեալ համերէն մէկուն՝ լեղի, քաղցր, աղի եւ թթու:

Մեր հաւասարակշռութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խխունջը եւ իր երեք անցքերը կը պարունակեն հեղուկ մը, որ կ'երերայ մեր ամենադոյզն շարժումներէն: Ջիղերը կը յայտնաբերեն հեղուկին դիրքը խողովակին մէջ եւ նշաններ կը ղրկեն ուղեղին, որ շուտով կը գիտակցի, եթէ իյնալու վրայ ենք: Եթէ պարողի պէս մեր մարմնին առանցքին շուրջ արագ կերպով դառնանք, անցքերու հեղուկին նուրբ հաւասարակշռութիւնը կը խախտի եւ մենք գլխու պտոյտ կը զգանք:

Երբ մսինք, մազը բարձրացնող մկանները, որոնք կը գտնուին իւրաքանչիւր մազիկի արմատին մօտ, կը կծկուին եւ մազիկները կը ցցուին: Այս է, որ կը յառաջացնէ փշաքաղութիւն: Եթէ, նաեւ բան մը քեզ վախցնէ, դարձեալ կրնաս փշաքաղիլ: