Յիշողութիւն
Յիշողութիւնը միտքի այն ունակութիւնն է, որուն միջոցով տեղեկութիւնը կամ տուեալները կը պահուին[1]։
Յիշողութիւնը կը գտնուի ուղեղին հիփոքամփ կոչուած շրջանին մէջ: Ան զետեղուած է ուղեղին մէկ կողմը` քունքերուն տակ: Ան ունի ձիաձուկի ձեւ:
Գիտնականները կրցած են ճշդել այդ շրջանը, ուր կը գտնուի յիշողութիւնը` ուսումնասիրելով հիւանդ անձերու ուղեղը. անոնց յիշողութիւնը այլեւս չէր գործեր: Նկարները ցոյց տուած են, թէ հիփոքամփն էր, որ փճացած էր յիշողութեան վերաբերող հիւանդութեան պարագային: Սակայն յիշատակները կազմելու համար, ուղեղէն բազմաթիւ շրջաններ միասին կ'աշխատին:[2][3]
Յիշատակներու դասակարգում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հիփոքամփին մէջ կը հասնին մարդու հինգ զգայարաններուն հայթայթած բոլոր տեղեկութիւնները: Հիփոքամփը զանոնք կը զտէ եւ կ'ուղարկէ դէպի ուղեղին այս բաժինները, որոնք անոնց իմաստ կու տան եւ զանոնք կը շարեն իրենց ճիշդ տեղը:
Տեղեկութիւններու պահպանում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տեղեկութիւններ անդադար կը հասնին ուղեղին: Մարդ չի կրնար բոլոր այդ տեղեկութիւնները պահել:
Յիշողութիւնը նոյն ժամանակ կը նշանակէ մոռացում, կարգ մը տեղեկութիւններ մէկ կողմ դնելու ընտրութիւնը:
Նոյն ժամանակը, յիշողութիւնը կը ղեկավարուի ըստ մարդը հետաքրքրող կամ օգտակար մանրամասնութիւններու, սորվելու կամ չսորվելու փափաքին:
Փոքրերուն եւ չափահասներուն ուղեղը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փոքրերուն եւ չափահասներուն ուղեղին բաղադրութիւնները տարբեր են, որովհետեւ անոնք տարբեր բառերով կը հետաքրքրուին: Ասոր կողքին, մանկութեան ժամանակ յիշատակներու յիշողութիւնը տակաւին չէ կազմուած: Կարելի է յիշել դէպք մը, սակայն ոչ թէ այն, որ երբ եւ ուր տեղի ունեցած է անիկա: Այս ձեւով, մարդիկ իրենց մանկութենէն շատ քիչ յիշատակներ կ'ունենան:
4-էն 12 տարեկանի միջեւ յիշողութիւնը կը կազմուի, սակայն ան նուազ ճշգրիտ կ'ըլլայ չափահասի ուղեղէն: Ուղեղին կառուցուածքը կը փոխուի երբ մարդ մեծնայ, եւ յիշողութեան ցանցերը կը հաստատուին: Ամէն ինչ կը զարգանայ մինչեւ պատանեկութիւն:
Յիշողութեան կորուստ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յիշողութիւնը բարդ եւ դիւրաբեկ աշխատանք մըն է: Կեանքի կարգ մը ծանր դէպքեր կրնան զայն խանգարել:
Ուղեղին զօրաւոր հարուած մը կրնայ նաեւ յառաջացնել յիշողութեան խանգարումներ:
Ալզհայմըրի հիւանդութիւնը ուղեղը կը փճացնէ եւ կը յառաջացնէ յատկապէս յիշողութեան կորուստ: