Jump to content

Կեչառիսի Վանքային Համալիր

Կեչառիսի վանքային համալիր

Կեչառիսի վանքային համալիր, հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Կոտայքի թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցի Կոտայք մարզի Ծաղկաձոր քաղաքի հիւսիս-արեւմուտքը՝ կառուցուած 11-13րդ դարերուն, միջնադարեան Հայաստանի նշանաւոր կրօնական ու մշակութային կեդրոն։ Ընդգրկուած է Ծաղկաձորի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ։

Կեչառիսի մէջ ապրած եւ գործած են ժամանակի խոշոր գիտնականներ ու քաղաքական գործիչներ՝ Գրիգոր Մագիստրոսը, Վասակ Խաղբակեանը, բանաստեղծ Խաչատուր Կեչառեցին եւ ուրիշներ։ Համալիրը կը գտնուի Հրազդանի շրջանի Ծաղկաձոր աւանի հիւսիս-արեւմտեան մասին մէջ։

Բաղկացած է չորս եկեղեցիներէ՝

  • Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի
  • Սուրբ Նշան եկեղեցի
  • Սուրբ Կաթողիկէ եկեղեցի
  • Սուրբ Յարութիւն եկեղեցի

գաւիթէ եւ երկու մատուռէ, որու գլխաւոր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, կառուցուած է 1033 թուականին Գրիգոր Մագիստրոսի կողմէ, որու մասին կը վկայէ հարաւային մուտքի վերի արձանագրութիւնը։

Կեչառիսի վանքին մէջ թաղուած են նաեւ սելճուկներու դէմ մղուած ճակատամարտին զոհուած Ապիրատեան Գրիգոր իշխանը (1099), Մեծ իշխան Պռոշը (1284

Վանքը դարերու ընթացքին բազմիցս աւերուած ու վերանորոգուած է։ 1223 թուականին Պատրոն Վաչէն նորոգած է Սուրբ Նշան եկեղեցին, 1248 թուականին Խաչենի Խոյախան բերդի տէր Վախթանգի որդի Հասան իշխանը իր կնոջ՝ Բաղաց թագաւորի դուստր Մամքանի հետ վերանորոգած է թաթար–մոնկոլներու աւերած Կեչառիսի շէնքերը։ 1947-1949 թուականներուն վանքի տարածքը բարեկարգուած է ու պարսպապատուած, շէնքերու տանիքները ծածկուած են քարէ սալիկներով։

1998-2001 թուականներուն աւստրիահայ բարերար Վլատիմիր Յարութիւնեանի միջոցներով Կեչառիսի վանքը ամբողջովին վերականգնուած է։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գմբէթաւոր դահլիճ է, բեմի երկու կողմերուն երկյարկանի աւանդատուներով։ 1828 թուականի երկրաշարժէն քանդուած գմբէթէն պահպանուած է թմբուկի մաս մը, որ սակայն, նախնականը (12-նիստանի, տեքորաթիւ կամարաշարով) չէ։

Արտաքին յարդարանքը զուսպ է, արեւելեան ճակատը մշակուած է երկու «հայկական խորշերով», որոնցմէ պատուհաններ բացուած են դէպի բեմ։ Ամբողջ յօրինուածքին իշխողը եղած է 10,4 մ տրամագիծով գմբէթը։ Խորանի երկու կողմերուն մէջ երկյարկանի աւանդատուներ են։ Եկեղեցւոյ արեւմուտքին կից է ուղղանկիւն յատակագիծով (14,8 մ X 16,5 մ), չորս սիւներով կեդրոնակազմ գաւիթը (XII դարի վերջ), որու կեդրոնական մասը ծածկուած է երդիքաւոր ութնիստ գմբէթով, անկիւնային մասերը՝ քարէ հարթ սալերով, իսկ միւսները՝ թաղով։ Ի տարբերութիւն ճակատներու պարզութեան, ներքին մասը հարուստ ձեւաւորուած է։

Կաթողիկէ եկեղեցին ուղղանկիւն, ներքուստ խաչաձեւ գմբէթաւոր շէնք է՝ չորս անկիւններուն երկյարկանի աւանդատուներով։ Կաթողիկէն իր յարդարանքով Կեչառիս վանքի եկեղեցիներէն ամէնաշքեղն է։

Հիմնական յուշարձանախումբէն արեւմուտք, 120 մ հեռու, կանգուն է վանքի չորրորդ՝ Ս. Յարութիւն փոքրիկ եկեղեցին, որ, ըստ շինարարական արձանագրութԵան, կառուցուած է 1220 թուականին։ Անոր գլանաձեւ թմբուկով գմբէթը նստած է երկայնական պատերուն կից որմնամոյթերը՝ բեմի անկիւններուն եւ իրարու կապող կամարներու վրայ։ Արեւմտեան ճակատին կից գաւիթը եկեղեցւոյ յօրինուածքի հետ արտաքինէն ամբողջութիւն մը կը կազմէ։ Կեչառիս վանքի վանահայրերէն մէկ քանին թաղուած են բարձրագմբէթ այս փոքրիկ ուղղանկիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Գլխաւոր եկեղեցւոյ հարաւը կը գտնուի սլացիկ համաչափութիւններով գմբէթաւոր Ս. Նշան ոչ մեծ եկեղեցին, որ գլխաւոր եկեղեցիէն կը բաժնուի քանի մը խաչքարերով։ Ան որոշակի թուագրուած չէ, սակայն, ելլելով XI դարի ճարտարապետութեան բնորոշ ձեւերէն եւ այն պատմական տեղեկութենէն, որ Գրիգոր Մագիստրոսը Կեչառիսի մէջ 1051 թուականին եւս մէկ եկեղեցի կառուցած է, կ'ենթադրուի, որ վերջինս Ս. Նշանն է։

Երրորդ՝ Կաթողիկէ եկեղեցին տեղադրուած է համալիրի հարաւային մասը՝ Ս. Նշանի կողքին, որ կառուցած է իշխան Վասակ Խաղբակեանը 1203-1214 թուականներուն։ Խաչքար մըն ալ պահպանուած է վանական համալիրի հարաւային մասին մէջ գտնուող Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ, որ եկեղեցիներէն ամէնաշքեղն է։ Փորագիր արձանագրութեան համաձայն՝ այս եկեղեցին կառուցուած է Վեցիկ ճարտարապետին կողմէ՝ Վասակ Խաղբակեան իշխանի հրամանով։

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Սուրբ Նշան եկեղեցիներու միջեւ պահպանուած է վանական համալիրի առաջին եկեղեցւոյ հիմնադիրի՝ Գրիգոր Մագիստրոսի գերեզմանի աւերակները։

Արտաքին տեսքը ստացած է կառոյցներու բազմապիսի ու տարբեր չափերու ծաւալներու փոխադարձ ներդաշնակ համաչափութիւններու շնորհիւ։ Այս ամբողջը կը խմբաւորէ եւ կը կազմաւորէ Ս. Գրիգոր եկեղեցին։ Միաժամանակ Կեչառիս վանքը ողջ կերպարով համահունչ է բնապատկերին։

Կեչառիսի տարածքին կան 12-րդ եւ 13-րդ դարերու բազմաթիւ խաչքարեր, որոնցմէ աչքի կը զարնեն Վեցիկ ճարտարապետի մահարձան-խաչքարը (13-րդ դար), զոր կանգնեցուցած են անոր ճարտարապետ եղբայրները։

Կեչառիսը եղած է գրչութեան կեդրոն։ Պահպանուած եւ մեզի հասած են այնտեղ գրուած եւ ընդօրինակուած հայերէն ձեռագիրներ[1]։


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայաստանի եւ հարակից շրջանների տեղանունների բառարան», հտ 3, էջ 91