Գառնիի Հեթանոսական Տաճար
Գառնիի հեթանոսական տաճար, հին հայ հեթանոսական տաճար Կոտայքի մարզի համանուն գիւղին մէջ, Ազատ գետի աջ ափին: Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձան է[1]:
Առաջին անգամ կը յիշուի Տակիտոսը՝ «Gornea» ձեւով: Ամրոցը կառուցուած է հաւանաբար (Ք․ա․) Բ. դարուն:
Աւանդութիւններէն մեկնած՝ Մովսէս Խորենացի Գառնիի հիմնադրումը կը վերագրէ Հայկ նահապետի ծոռան՝ Գեղամին, որու թոռնիկին՝ Գառնիկի անունով ալ, կոչուած է Գառնի:
․․․ կը շինուի դաստակերտ մը եւ անունը կը դնէ Գեղամի, որ յետոյ անոր թոռնիկին՝ Գառնիկի անունով կոչուեցաւ Գառնի: - Մովսէս Խորենացի, Հայոց պատմութիւն[2]
|
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Միջնադարեան մեր մատենագիտութեան մէջ Մովսէս Խորենացիի յօրինած աւանդութիւնը ճանչցուած է իբրեւ ճշմարիտ՝ իրական: ԺԴ. դարու ձեռագիրի մը մէջ ալ դաստակերտ-ամրոցի հիմնադրման տարին կը համարուի Ք․ա․ 2166 թուականը:
Գառնիի դերը մեծ է յատկապէս հելլենիստական շրջանի (Ք․ա․) Գ.-Ա. դարերուն եւ անոր յաջորդած դարերու հայկական մշակոյթի էական գիծերը վեր առնելու տեսանկիւնէն: Այս շրջանի քաղաքներու կառուցապատման, ճարտարապետական ու կենցաղային արժէքներու մասին հիացմունքի խօսքեր ձգած են Ստրապոնը, Պլուտարքոսը, Ապպիանոսը: Անոնց վկայութիւններէն մեկնած ակնյայտ է, որ հայերը, փոխ առնելով Արեւելքի եւ Արեւմուտքի քաղաքակրթութեան լաւագոյն դրսեւորումները, յատկապէս քաղաքաշինական նուաճումները, իրենց երկրին մէջ ստեղծած են քաղաքներու ու քաղաքային կենցաղի նոր ձեւ մը, որ օրինակ պէտք էր ծառայէր դրացիներուն համար: Խօսելով հայկական մշակոյթի մասին՝ Նիկողայոս Մառ կը գրէ, որ հայ ժողովուրդը «գեղարուեստի ազնուացնող նմոյշներ կու տայ իրենց բռնակալներուն, ամէն ազգի մատչելի ճարտարապետական գիծերու ներդաշնակ երաժշտութեամբ»: Ալեքսանտր Սահինեան կը գրէ.
Հին Հայաստանի ճարտարապետական առանձին յուշարձաններու մնացորդները, հայրենի եւ օտարերկրեայ մատենագիտական տեղեկութիւնները աներկբայօրէն ցոյց կու տան նախաքրիստոնէական Հայաստանի մէջ զարգացման նշանակալից աստիճանի հասած ճարտարապետական մշակոյթի գոյութիւնը:[3]: |
Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակուելէ ետք, նոր կրօնի քարոզիչները զօրքերու միջոցով կ'ոչնչացնեն երկրի նախաքրիստոնէական շրջանին ստեղծուած հեթանոսական պաշտամունքի գրեթէ բոլոր յուշարձանները[4]: Միայն առանձին տեղերու մէջ որոշ մեհեաններ յարմարեցուած են նոր կրօնի պահանջներուն եւ վերածուած քրիստոնէական պաշտամունքի տաճարներու կամ ծառայած աշխարհիկ նպատակներու: Նման հազուագիւտ երեւոյթ է Գառնիի տաճարը:
Արդէն պարզուած է, որ ամրոցի այժմու կիսաւեր պարիսպները, կառուցուած են Ք․ա․ Գ.-Բ. դարերուն: Ք․ե․ Ա. դարու կէսերուն զայն աւերած են հռոմէական զօրքերը: Ա. դարուն, 70-ական թուականներուն, Գառնին վերականգնած է Տրդատ Ա․ թագաւորը: Իր ձգած յունարէն արձանագրութեան մէջ ան կ'անուանուի «անառիկ ամրոց», իսկ Փաւստոս Բիւզանդը՝ «արքունի ամուր ամրոց»[5]: Արտաշէսեան եւ Արշակունեաց թագաւորներու օրով Գառնին եղած է նշանաւոր ամրոց, զօրակայան եւ ամարանոց, իսկ Դ. դարուն՝ եպիսկոպոսանիստ բնակավայր: Ամրոցը աւերուած է արաբական նուաճումներու ատեն, իսկ վերականգնած է Ժ. դարու սկիզբը՝ Աշոտ Բ. Բագրատունիի օրով:
Գառնիի ամրոցը աւելի քան կէս հազարամեակ եղած է հայ արքաներու ամառնային նստավայրը:
Կառուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տրդատ Ա.-ը Ք․ե․ 65-ին կը մեկնի Հռոմ Ներոնի կայսեր մօտ՝ թագադրուելու: Մինչ այդ Հայաստանի մէջ Հռոմի ազդեցութիւնը վերականգնելու նպատակով պատերազմ կը սկսի (54-63 թուականներ) Պարթեւաստանի դէմ, որ վերջ կը գտնէ հայ-պարթեւական ուժերու յաղթանակով: Հռենատայի պայմանագրով (64 թուական) կ'որոշուի, որ հայոց արքայ Տրդատ Ա.-ը իր թագը պիտի ստանայ Ներոնէն:
Հռոմէական զօրքերը 59-ին գրաւած, աւերած ու հրկիզած են Հայաստանի մայրաքաղաք Արտաշատը: Ներոնի ցուցմունքով Կորպուլոնը Տրդատ Ա.-ի հետ 64-ին ստորագրած է Հռենատայի հաշտութեան պայմանագիրը, ճանչցած է Մեծ Հայքի անկախութիւնը, իսկ Տրդատը՝ Հայաստանի թագաւոր, պայմանով, որ ան մեկնի Հռոմ եւ թագադրուի Ներոնի ձեռքով: 65-ին, Տրդատ Ա. իր ընտանիքով՝ կնոջ ու երեխաներուն, եղբօրորդիներուն, ինչպէս նաեւ երեք հազար հայ ու պարթեւ հեծելազօրքի, շքախումբի եւ հռոմէական յատուկ զօրամասի մը ուղեկցութեամբ, ցամաքով կ'ուղղուի Հռոմ: Անոնց ամէնէն հանդիսաւոր ու փառահեղ ընդունելութիւնը ցոյց կու տան: Ուղեւորութեան ամբողջ ծախսը (օրական մօտ 200.000 տինար-տրաքմէ, այսինքն՝ շուրջ 160.000 ռուպլի) կը վճարէր Հռոմէական կայսրութիւնը:
Ներոն կայսրը Տրդատը կ'ընդունի սիրալիր: Ներապոլիս եւ Հռոմ քաղաքներուն մէջ ի պատիւ անոր կը կազմակերպուին շքեղ հանդէսներ ու մրցախաղեր: Ներոն Տրդատ Ա.-ը կը թագադրէ Հռոմի ֆորումին մէջ՝ բազմութեան եւ զօրքի ներկայութեամբ: Այդ իրադարձութիւնը կը նկարագրէ Տիոն Կասիոսը. այդ օրը Տրդատ, բռնադատելով իր հպարտութիւնը, պատեհութեան եւ անհրաժեշտութեան առջեւ կը դառնայ ծառայամիտ, առանց ուշադրութիւն դարձնելու, թէ ստորացուցիչ խօսքեր պիտի բարբառէր իր ստանալիք պարգեւին յոյսով: Ան կ'ըսէ.
Ես, ո՛վ վեհապետ, Արսակէսի հետնորդն եմ, Վոլոգեսոս եւ Պակորոս թագաւորներու եղբայրը, իսկ քու՝ ծառադ: Ու եկած եմ ես քեզի, իմ աստուծոյս, երկրպագելու, ինչպէս Միթրային, եւ թող ինծի համար կատարուի այն, ինչ որ դուն կը կամենաս. քանզի դուն ես իմ վիճակը եւ իմ բախտը:[6]: |
Իսկ Ներոն անոր կը պատասխանէ.
Եւ դուն լաւ ըրիր անձամբ այստեղ գալով, որպէսզի իմ ներկայութիւնս վայելես. եւ այն ամէնը, ինչ որ քու հայրդ քեզի ժառանգութիւն ձգեց, քու եղբայրներդ չպահպանեցին, ես բոլորը քեզի կը պարգեւեմ եւ քեզ կը դարձնեմ Հայաստանի թագաւոր, որպէսզի թէ՛ դուն եւ թէ՛ անոնք հասկնան, թէ ես կրնամ թագաւորութիւններ եւ՛ վերացնել, եւ՛ պարգեւել [7] |
Կորպուլոնի աւերած Արտաշատը վերաշինելու համար, Ներոն Տրդատի կը նուիրէ 50 միլիոն տինար-տրաքմէ, այսինքն՝ շուրջ 40 միլիոն ռուպլի, ինչպէս նաեւ Արտաշատը վերականգնելու համար՝ հռոմէացի բազմաթիւ արհեստաւորներ: Տրդատ ունէր շինարարական աշխատանքներու ընդարձակ ծրագիր: Ան չի բաւարարուիր Ներոնի տուած արհեստաւորներով եւ «… մեծ դրամ խոստանալով, կը ձգտի իրեն հետ Հայաստան տանիլ այլ վարպետներ եւ արհեստաւորներ, բայց Կորպուլոն արգելք կը հանդիսանայ, թոյլ տալով թագաւորին իրեն հետ տանիլ միայն անոնք, որոնք տուած էր կայսրը»: Տրդատ Ա. 66-ին իր ուղեկիցներով կը վերադառնայ Հայաստան եւ օգտուելով խաղաղ ու բարենպաստ պայմաններէն, կը զբաղի շինարարական աշխատանքներով՝ կը վերաշինէ աւերուած Արտաշատը՝ «Հայոց Կարթագենը» եւ այլ բնակավայրեր: Ան կը վերակառուցէ նաեւ Գառնիի բերդը եւ անոր ներսը՝ նոր շէնքեր, որոնց մէջ է՝ Գառնիի տաճարը:
Պաշտամունք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ'ենթադրուի, որ տաճարը նուիրուած է արեւի աստուած Արեգ-Միհրին[8]: Հայ արքաները, յատկապէս Տրդատ, իրենց աստուած-հովանաւորը կը համարէին Միթրան, եւ բնական է թիւին մէջ այն ենթադրութիւնը, որ հզօր Հռոմի դէմ յաղթանակէն ու անոր իսկ կողմէն թագադրուելէ ետք, վերադառնալով հայրենիք, իր գահանիստ վայրին մէջ կը կառուցուի Գառնին, տաճար՝ նուիրուած իր հովանաւոր-աստուած Միհրին[9]: Միհրը, իբրեւ լոյսի, ճշմարտութեան խորհրդանիշ, յաճախակի պատկերուած է ցուլի (խաւարի) դէմ մենամարտելու ատեն:
Ա. Կ. Տեւեր կը գրէ..․
․․․ Գառնիի հեթանոսական տաճարը նուիրուած է Արեւի աստուծոյ պաշտամունքին, հնարաւոր է, որ այդ աստուածութիւնը ժողովուրդին մէջ կը կրէր Արեգ անունը, իսկ Արշակունիներու թագաւորական առօրեայ կենցաղին մէջ կը կոչուէր Միհր, այսինքն՝ Միթրա:[10] |
Բարենորոգումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դ. դարու առաջին տարիներուն տաճարին ներսը եւ դուրսը կատարուած են բարենորոգման աշխատանքներ. անիկա կը վերափոխուէր իբրեւ «տուն հովանոց»: Վերածուած են դուրսի զոհասեղանները, ներսի կուռքը, ծածկուած է երդիքի բացուածքը, վերցուած է երդիքէն թափող ջուրերու հեռացման համար յատակին վրայ ստեղծուած քարակերտ կազմածը, եւ այդ մասը սալայատակուած է: Վերափոխուած է տաճարին մուտքը՝ զայն յարմարեցնելով բնակութեան համար[11]:
Գառնիի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած որոշ բեկորներու ուսումնասիրութիւնը այն եզրակացութեան կը յանգին, որ քրիստոնէական կրօնի ընդունումէն ետք, հեթանոսական տաճարը վերակառուցուած է եւ անոր մէջ ստեղծուած է եկեղեցին: Այդ տեսակէտին են Խաչատուր Տատաեանը, Յա. Սմիռնովը, Կ. Վ. Տրեւրը: Անոր համակարծիք չէ Ալեքսանտր Սահինեանը[12]: Ըստ անոր՝ եկեղեցին եղած է, բայց անիկա կառուցուած է հին տաճարի արեւմտեան կողմին մէջ: Այդ քառակերտ եկեղեցին կառուցուած է Է. դարուն, որու աւերակները ցարդ նոյն տեղին մէջ են[13]:
Երկրաշարժ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1679-ին Գառնիի տաճարը կը քանդուի ուժեղ երկրաշարժի մը հետեւանքով: Կործանած տաճարին մասերը, նրբաքանդակ սիւներու կտորները եւ պատերուն քարերը, խոյակները կ'իյնան տաճարին շուրջը, ինչ որ հնարաւոր կը դարձնէ տաճարին վերակազմութիւնը իր նախնական տեսքով: Մինչ այդ, հարկ է յիշատակել այն փաստը, որ տաճարին վերականգնման հարցը յարուցուած է 1880-ական թուականներուն, երբ հնագէտ կոմս Ա. Ա. Ուվարովի առաջարկով կը նախատեսուէր տաճարին քարերը տեղափոխել Թիֆլիս եւ այնտեղ վերականգնել զայն: Քարերու տեղափոխումը յանձնարարուած էր Երեւանի նահանգապետին, որ բարեբախտաբար, չի կատարեր այդ յանձնարարականը՝ արհեստագիտական անհնարին պայմաններ հիմնաւորելով:[15]:
Գառնիի տաճարի հետազօտութեամբ գրաւուած են Նիկողայոս Բունիաթեանը[16], Բաբգէն Առաքելեանը[17], Ն. Տոկարսկին եւ այլ հեղինակներ[18]:
Ուսումնասիրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինչ այդ՝ 1909-1911 թուականներուն, Նիկողայոս Մառի արշաւախումբը առաջինը եղած է, որ պեղած ու բացած է Գառնիի հեթանոսական տաճարը, այնուհետեւ ՀՀ Գիտութիւններու ակադեմիոյ մէջ 1948-էն գործող արշաւախումբը (ղեկ. Բաբգէն Առաքելեան)՝ ամրոցին ճարտարապետական ամբողջ համալիրին (ամրաշինական ու քաղաքաշինական կառոյցներու) մնացորդները: 1930-ականներուն Նիկողայոս Բունիաթեանը փորձած է վերականգնել տաճարը:
1949-ին, ԳԱ հնագիտական արշաւախումբը կը ձեռնարկէ Գառնիի կանոնաւոր պեղումները Բաբգէն Առաքելեանի ղեկավարութեամբ: Այդ արշաւախումբին հետ ալ Գառնիի ճարտարապետական կառոյցի իր ուսումնասիրութիւնը սկսաւ Ալեքսանտր Սահինեանը:
Գառնիի տաճարի վերականգնման նախագիծը կառավարութիւնը կը հաստատէ 10 Դեկտեմբեր 1968-ին: Յունուար 1969-ին կը սկսին վերականգնման աշխատանքները: Այստեղ եւս աշխատանքները կը ղեկավարէր Ալեքսանտր Սահինեանը: Վերականգնումը կ'աւարտի 1975-ին՝ տաճարի կառուցումէն ճիշդ ԺԹ. դար եւ կործանումէն շուրջ երեք դար ետք:
Ճարտարապետութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաճարը հելլենիստական շրջանի ճարտարապետութեան բնորոշ պերիպտեր տիպի կառոյց է (պերիպտեր՝ չորս կողմէն սիւնաշարերով եզերուած աղօթասրահ): Կանգնած է բարձր պատուանդանի վրայ, որու գլխաւոր մուտքէն առաջ ունի ինը աստիճանէ բաղկացած քարէ սանդուխներ: Եռանկիւն ճակտոնը (հիւսիսային ճակատ) եզերուած է ատամնաշարի եւ բուսական ու երկրաչափական քանդակներու հարուստ համադրութեամբ: Երկթեք տանիքը ծածկուած է պազալթէ սալիկներով՝ միացուած արճճով, ամրացուած գամերով: Վիմագրական, մատենագիտական ու հնագիտական նիւթերու համատեղումով արդէն պարզուած է, որ տաճարը կառուցած է Տրդատ Ա. թագաւոր, իր թագաւորութեան 11-րդ տարին, այսինքն՝ Ք․Ե․ 77-ին:
Մասնագէտներու մեծագոյն մասը տաճարը կը համարէ «հռոմէական», «յունահռոմէական» յուշարձան կամ անոր ճարտարապետութիւնը կը կապէ հելլենիստական ընդհանուր արուեստի հետ՝ գրեթէ միշտ ընդգծելով (աւելի կամ պակաս չափով) յուշարձանի ճարտարապետական-կառուցողական արուեստին մէջ դրսեւորուող տեսակի առանձնայատկութիւնները[19]:
Մէկ մասը, յուշարձանը կը դիտէ իբրեւ հայկական-հելլենիստական կառուցուածք, իսկ որոշ հեղինակներ, ճիշդ հակառակը, զայն կը համարեն «պատահական», «օտար մարմին» մը հայկական հողին վրայ: Մառ, հայկական ճարտարապետութեան մէջ կը տեսնէր երկու ուղղութիւն՝ առաջինը տեղական, երկրորդը՝ կազմաւորուած յունահռոմէական ճարտարապետութեան ազդեցութեան ներքեւ[20]:Մառ կը գրէ.
… այլ ժողովուրդներէն կրած ազդեցութիւններն ալ այնպէս իւրացուած է, որ այդ ստացածին վրայ դրոշմած է իր սեփական ազգային կնիքը:[21] |
Ալեքսանտր Սահինեան այն կարծիքին է, որ Գառնիի տաճարը յունահռոմէական, ընդհանուր հելլենիստական ու տեղին գոյութիւն ունեցող ճարտարապետական-կառուցողական արուեստի իւրայատուկ համադրում մըն է, որ հայկական-հելլենիստական մշակոյթի յուշարձան է:
Շինութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գառնիի ամրոցը Արարատեան դաշտավայրի հիւսիս-արեւելեան մատոյցներու պաշտպանական համակարգի յենակէտն էր: Հին շրջանին հրուանդանի եռանկնեան գագաթը կազմող բնական անանցանելի ժայռի շարունակութեան վրայ ստեղծուած է այն ատենուան համար անառիկ ամրաշինական հզօր կառուցուածք: Ամրոցին եռանկիւնաձեւ տարածքը, հարաւէն, հարաւ- արեւմուտքէն, մասամբ արեւելքէն երիզուած ըլլալով մինչեւ 300 մ. բարձրութիւն ունեցող ժայռերով, հիւսիսէն, հիւսիս-արեւմուտքէն եւ արեւելքէն շրջապատուած է տասնչորս աշտարակներու յաջորդականութեամբ ստեղծուած պարսպապատով, որու ամբողջ պարագիծը (աշտարակներու հետ) 314,28 մ. է:
Ամրոցին պաշտպանական համակարգին արեւելեան հատուածներուն մէջ, ուր տեղանքի պատճառով հակառակորդը դժուարութեամբ կրնար մօտենալ պարսպապատին, մօտենալու դէպքին մէջ ալ հակառակորդին յարձակումը հնարաւոր էր աւելի նուազ ուժերով ետ մղել, կառուցուած են աւելի քիչ թիւով աշտարակներ, այսինքն՝ իրարմէ ունին շուրջ՝ 25-32 մ. հեռաւորութիւն: Իսկ ամրոցին հիւսիսային եւ հիւսիս-արեւմտեան մասին մէջ, ուր թշնամին կրնար համեմատաբար անարգել, մօտենալ պարսպապատին, հետեւաբար պէտք էր, որ աւելի մեծ ուժեր կեդրոնացուէին անոր դէմ, կառուցուած են մեծ թիւով աշտարակներ, այսինքն՝ իրարու աւելի մօտ են՝ 10-13,5 մ. հեռաւորութեան վրայ: Իբրեւ ռազմապաշտպանական յատուկ միջոցառում, մուտքէն դէպի արեւմուտք, չորրորդ եւ հինգերորդ աշտարակները միւսներու համեմատութեամբ կառուցուած են աւելի ներս՝ ստեղծելով արհեստական աղեղ, որուն մէջ ներքաշուած հակառակորդին ուժերը, ըլլալով աննպաստ պայմաններու մէջ, պէտք է դառնային աւելի դիւրին խոցելի:
Պարսպապատը ունի աւելի քան երկու մեթր հաստութիւն: Անդրադառնալով ժամանակի պաշտպանական կառուցուածքներու պարիսպներուն՝ Վիտրուվիոս կը գրէ.
Ըստ ինծի, պատի … հաստութիւնը պէտք է այնպիսի ձեւով մը ընել, որպէսզի անոր վրայէն իրարու դէմ յանդիման քալող երկու զինուորներ կարենան իրարու քովէն անարգել, անցնիլ: |
Պարսպապատերը կազմուած են կապտաւուն որձաքարի հսկայ (3-5 թոն) սրբատաշ քարէ, չոր, առանց շաղախի, որոնք հորիզոնական ուղղութեամբ իրարու միացած են, երկաթէ գամերով, եւ ասոնք ալ քարի փոսերուն մէջ ամրացուած են արճճով: Վերի եւ վարի շարքերուն միջեւ մետաղական կապեր չկան: Պարսպապատէն պահպանուած մասերը տեղ-տեղ 6-8 մ. բարձրութիւն ունին: Խորքին մէջ անոնք ունեցած են 12-15 մ. բարձրութիւն, իսկ առանձին տեղերուն մէջ՝ մինչեւ 25 մ. բարձրութիւն: Կիկլոպեան այդ կառոյցի անխտիր բոլոր քարերու ծանրութեան կեդրոններուն մէջ փորուած են 8 x 10 սմ. մակերեսով եւ 10-12 սմ. խորութեամբ յատուկ խոռոչներ, որոնց յատակի երկարութիւնը խոռոչի բացուածքի վերին եզրի երկարութեան համեմատութեամբ շատ աւելի մեծ է:
Դէպի վար լայնցող փոսին մէջ կ'ագուցուէր մետաղական երկճիւղանի սեպ մը, որու ճիւղերուն արանքին մէջ տեղադրուող կազմածին միջոցով սեպին ճիւղերը վարի մասին մէջ կը հեռանան իրարմէ եւ ուժեղ կը հպին փոսին շեղ կտրուածքի պատերուն: Սեպին ամրացումէն ետք, անոր վերի մասին մէջ եղած օղակի մէջ կ'ամրացուէր ճոպան, եւ ճախարակի միջոցով քարը կը բարձրանար ու կը տեղադրուէր իր համապատասխան տեղը: Այդ եղանակը հին կառուցողական արուեստին յայտնի էր յունական ճարտարապետութեան հնագոյն շրջանէն[23]:
Աշտարակները կառուցուած են երկու եղանակով. պաշտպանողական մասը կարեւոր հատուածին մէջ՝ մուտքին քով, ամբողջ մակերեսը շարուած է համատարած մեծ քարերով, իսկ միւս աշտարակներու արտաքինը պարագիծով կառուցուած են 1,15-1,50 մ. հաստութեամբ քարէ շրջանակներ, եւ անոնց մէջ լեցուած են բուտաբետուն՝ կազմուած կիրէ, աւազէ, ճեղքուած որձաքարէ եւ գետաքարէ: Գառնիի բերդը, իր հզօր պաշտպանական համակարգով, անառիկ ու անմատչելի եղած է իր ժամանակի արհեստագիտութեան համար:
Պալատական շէնք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պալատական համալիրը բաղկացած է քանի մը շէնքերէ: Պեղումներու հետեւանքով առայժմ բացուած են պալատական շէնքի 40 x 15 մ. տարածութիւն ընդգրկող նկուղային յարկի եւ հիմքերու մնացորդները:
Սենեակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նկուղային յարկի հարաւ-արեւելեան կիսուն մէջ 20 x 12,5 մ. մակերեսով կամարակապ դահլիճն է, իսկ միւս կիսուն՝ տնտեսական նպատակներու համար ծառայող բազմաթիւ սենեակներ են: Անոնց վրայ վերնայարկի սենեակներն են եւ արքայական ընդունելութեան սրահները: Այս շինութիւնները ժամանակին թերեւս ոչինչով չէին զիջած տաճարին, քանի որ կառուցման նախաձեռնող Տրդատ Գ. թագաւոր, ինչպէս Մովսէս Խորենացի կը տեղեկացնէ, անոնք զարդարուելու տրուած են «մահարձանօք, սքանչելի դրոշմուածովք, բարձր քանդակաւ …» (գիրք Բ, գլուխ 2):
Բաղնիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամրոցի այդ հատուածին մէջ կը գտնուի արքունական բաղնիքը՝ հին տաճարէն մօտ 50 մ. դէպի հիւսիս-արեւմուտք՝ բաղկացած միեւնոյն ուղղութեամբ, իրարու յաջորդող չորս սենեակէ: Առաջին սենեակը, իր դիրքին եւ ներքին առաւել հարուստ ձեւաւորման շնորհիւ (խճանկարով յատակ, կորագիծ խորշի մէջ ստեղծուած ջրաւազան եւայլն), եղած է բաղնիքի նախասրահ-հանդերձարանը:
Երկրորդ եւ երրորդ սենեակները, ունենալով յատակագծային միեւնոյն ձեւը եւ չափերը, եղած են լոգարաններ, երկրորդը՝ սառ ջուրի համար, երրորդը՝ գաղջ: Չորրորդ սենեակի մեծ մասը, որ անմիջապէս կը յաջորդէ սառ եւ գաղջ լողասենեակներուն եւ ունի անոնց ձեւն ու չափերը, եղած են տաք ջուրի լողասենեակը եւ ջուրի տաքացման մասը:
Հիւսիսարեւմտեան հատուածին մէջ գտնուած է ջրամբարը, հարաւարեւմտեան մասի յատակին տակ՝ կրակարանը՝ ջուր տաքցնելու համար: Ջուրը մատակարարուած է թրծուած կաւէ խողովակներով, իսկ բաղնիքը առհասարակ ջեռուցուած է հիպոկաուստի (յատակէն տաքցնելու) եղանակով: Ուշագրաւ է բաղնիքի լողասենեակներու՝ երկրի կողմերու նկատմամբ ունեցած կողմնորոշումը: Տաճարէն ընդամէնը 50 մ. հեռաւորութեան վրայ կառուցուած բաղնիքի շէնքը, որ տաճարին հետ կը դառնայ անոնց միջեւ ստացուած հրապարակը ձեւաւորող հիմնական շէնքերէն մէկը, ոչ թէ ճակատներով զուգահեռ է տաճարի պատերուն, այլ դրուած է կարծես պատահական ձեւով՝ թեք:
Բոլոր լոգարանները իրենց գլխաւոր ճակատներով ուղղուած են դէպի հարաւ-արեւելք, իսկ տաք ջուրով լողարանը, գլխաւոր ճակատով ուղղուած ըլլալով դէպի հարաւարեւելք, իր ամբողջ տարածական ծաւալային յօրինուածքով կը գտնուի բաղնիքին ամբողջ կառուցուածքին հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ: Ալեքսանտր Սահինեան կ՝եզրակացնէ․
Սենեակներու նման դասաւորումը, ինչպէս կ՝երեւի, եղած է միանգամայն պատճառաբանուած: Շէնքը տեղադրուած է ամրոցի տարածքին ամենատաք հատուածին մէջ եւ ունի բաղնիքներու շէնքերու բնորոշ կողմնորոշում, այսինքն՝ այնպիսին, որպէսզի օգտագործուի նաեւ արեւու ջերմութիւնը[24]: |
Բաղնիքին յատակի խճանկարը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիտական-գեղարուեստական մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ հանդերձարանի խճանկարը: Անիկա ամբողջութեամբ պատրաստուած է Ազատ գետէն հաւաքուած եւ անոր ջուրով յղկուած տասնհինգ գոյնի բնական քարերէն:
Բազմերանգ խճանկարին վրայ պատկերուած է ծով. ներկայացուած են տարբեր աստուածութիւններ, ջրահարսներ (ներեիդներ), ձիու իրանով ձկան վերջաւորութեամբ մարդ, ձկնորսութիւն, մեծ ու փոքր բազմատեսակ ձուկեր եւայլն: Պատկերներուն մէջ կան ծովու հետ կապուած զանազան արտայայտութիւններ («Ծովի խորք», «Ծովային անդորր» եւայլն) ու աստուածներու անուններ (Գլավկոս, Թետիս, Էթոս, Արգիոս, Պոթոս եւայլն): Խճանկարի կեդրոնին մէջ՝ հիւսուածապատ շրջանակին մէջ, պատկերուած են տղամարդու ու կնոջ կիսանդրիներ՝ յունարէնով համապատասխանաբար գրուած Ովկիանոս եւ Թալասսա: Ովկիանոսը, ըստ դիցաբանութեան, կը համարուի բոլոր աստուածներու հայրը, իսկ ծովը կը դիտարկուի իբրեւ գեղեցկութեան եւ սիրոյ աստուածուհի Ափրոտիթէի մայրը: Շրջանակին վերը գրուած է՝ «Ոչինչ չստանալով աշխատեցինք» արտայայտութիւնը: Խճանկարի առանձին պատկերները, մասնաւորապէս ձուկերու, կատարուած վարպետութեամբ պատկերուած են:
Վարդագոյն շրջանակի մէջ ծով պատկերուած է, ուր նուրբ մշակուած գունային (տոնալ) փոխանցումները կը ստեղծեն ջուրի ալիքներու շարժման պատրանք, նկարին տարբեր հատուածներուն մէջ ծովու ջուրերու տարբեր վիճակ մը կը տեսնուի:
Խճանկարի որոշ հատուածներ ոչնչացուած են, հարաւ արեւելեան մասին մէջ կ՝երեւին կրակի հետքեր[25]:
Շրջակայք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տաճարէն մօտ 20 մ. դէպի հիւսիս գտնուած է սպիտակ մարմարէ մեծ վարպետութեամբ քանդակուած ցուլի կճղակ: Հաւանաբար, ան պատկանած է տաճարին ներսը դրուած կուռքին, որ քրիստոնէական կրօնի ընդունումէն ետք հանուած է շէնքէն եւ ոչնչացուած է[26]:
Հայ եւ օտար սկզբնաղբիւրներէն յայտնի է, որ հայկական հեթանոսական տաճարներուն մէջ եղած են մարմարէ, փղոսկրէ, ոսկիէ, արծաթէ, պրոնզէ, պղինձէ եւ այլ նիւթերէ շինուած աստուածներու ու կուռքերու արձաններ: Ալեքսանտր Սահինեան կը գրէ.
Նոր ուսումնասիրուած նիւթերը ցոյց տուին, որ պաշտուող կուռքի արձանը կանգնած է նաեւ Գառնիի տաճարին մէջ: Ան դրուած է ցելլայի ետեւի պատին մօտ, բարձր պատուանդանին վրայ, ներառուած ճակտոնով պսակուած բաւական մեծ չափեր ունեցող ուղղանկիւն խորշի մէջ:[27] |
Այնպէս էր ամէն ինչ, որ շէնքէն դուրս՝ հրապարակի ուխտաւորները կարողանային զայն տեսնել: Պարբերաբար, հաւանաբար արեւադարձութեան կամ արեւակայութեան օրերուն, մոգերը այցելուներու համար կը կազմակերպէին իւրայատուկ միստիք ներկայացում մը: Որոշակի ժամանակ արեգակի ճառագայթները անկեան տակ տաճարի տանիքի քառակուսի անցքէն կ՝ինային տաճարի մուտքին առջեւ տեղադրուած՝ լաւ յղկուած քարէ կամ մետաղէ (պրոնզէ, արծաթէ) հայելիի վրայ, որոնք յայտնի եղած են Ք․Ա․ 3-րդ հազարամեակէն: Ապակիէ հայելիները՝ անագի կամ կապարի տակդիրով, երեւան եկած են հռոմէացիներու մօտ Ք․Ե․ Ա.-ին դարուն, որոնք միջին դարերու սկիզբը անհետացած, ապա նորէն յայտնուած են՝ միայն 13-րդ դարուն: Ահա այդպիսի հայելի կարող էր եղած ըլլալ նաեւ Տրդատին տրուած բազում թանկարժէք նուերներու մէջ, որ եւ օգտագործուած է միայն Գառնիի տաճարին մէջ:
Արտաքին յարդարանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեծ ուշադրութիւն դարձուած է տաճարի յարդարանքին: Քանդակազարդման արուեստի հիմքը ինկած է միասնական յօրինուածքին մէջ բազմազան նախշերու կիրառման սկզբունքը՝ բազմազանութիւնը միասնութեան մէջ: Իրար հետ չեն կրկներ տաճարի միւս մասերու ու մանրամասնութիւններու՝ խոյակներու բարձիկներու, արխիտրաւներու՝ սոֆիտներու, սիւնասրահներու, առաստաղի սալերու զարդաքանդակները: Տարբեր մշակումներ ունին նոյնիսկ գլխաւոր քիւի առանձին քարերու վրայ փորագրուած առիւծի գլուխներու քանդակները:
Ն. Տոկարսկ բարձր կը գնահատէ կառոյցին մէջ որձաքարի տաշի եւ քանդակման նուրբ գիտարուեստը, որուն, ըստ անոր, ի վիճակի հասած էին միայն տեղական վարպետները, քան դիւրամշակ մարմարի հետ գործ ունեցող դուրսէն եկած հռոմէացիները: Բայց միաժամանակ կը նշէ, որ Գառնիի հեթանոսական տաճարը լաւագոյն օրինակն է անոր, թէ ինչպէս տեղական վարպետները հմտօրէն միահիւսած են հռովմէական ճարտարապետութեան առանձին յատկանիշներ, գիծեր հելլենիստական հիմքին մէջ[28]:
Դահլիճ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դահլիճին փոքր չափերը ենթադրել կու տան, որ ներսը դրուած է աստուծոյ արձանը, իսկ ծիսակատարութիւնը տեղի ունեցած է դուրսը: Յայտնի է, որ Արեւի աստուած Միհրը յաճախակի պատկերուած է ցուլի դէմ մենամարտի ատեն:
Յիշատակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գառնիի ամրոցի պաշտպանական անառիկ համակարգը, մասնաւորապէս հին շրջանի տաճարի կառուցուածքը՝ «թախտն Տրդատայ», դարերէ ի վեր կը յիշուի հայ մատենագրութեան մէջ (Մովսէս Խորենացի, Եղիշէ, Փաւստոս Բիւզանդ, Ստեփանոս Տարոնեցի Ասողիկ, Կիրակոս Գանձակեցի, Վարդան Աշխարհագիր, Միքայէլ Ասորի, Գրիգոր Դարանաղցի եւայլն):
Բանաստեղծ Սիմոն Ապարանցի, 1593-ին այցելելով Գառնի, կը շեշտէ, թէ ի դէմս այնտեղ դեռ կանգուն մնացած տաճարը կը վերապրի հայ ժողովուրդի անցած ճամբան, կորսնցուցած պետականութիւնը, մշակոյթը եւ կը գրէ յուշարձանին նուիրուած իր «Ողբանք ի վերայ թախտին Տրդատայ թագաւորին» նշանաւոր պոեմը[29]: Գառնիի հին հեթանոսական տաճարը Ալեքսանտր Սահինեան համարած է «ճարտարապետական արուեստի կատարեալ ստեղծագործութիւն[30] մը», Թորոս Թորամանեան՝ «հայ գեղարուեստի թագուհի»[31], իսկ Յակոբ Մանանդեանը կը նշէ, որ «Հայկական մեծ անցեալի այս փառահեղ մնացորդը հայ ժողովուրդը պէտք է պահպանէ ամենամեծ խնամքով»[32]:
Սրճարանի կառուցում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դեկտեմբեր 2013-ին ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Վլատիմիր Պօղոսեան կը յայտարարէ, որ իրենք են Գառնիի ամրոցին մէջ՝ Գառնիի տաճարի հարեւանութեամբ սրճարան կառուցելու թոյլատուութիւն տուողները, եւ շինարարութիւնը կ՝ աւարտի 2014-ի գարնանը[33][34]:
Յայտարարութենէն ետք հասարակութեան տարբեր շրջանակներ՝ գիտնականներ, ճարտարապետներ, յուշարձանագէտներ, աշխոյժ քաղաքացիներ կը դատապարտեն ՀՀ Կառավարութեան այդ որոշումը:[35][36][37]: Հասարակութեան ընդվզումը օր ըստ օրէ քննադատական խօսքերէ կը վերածուի ֆիզիքական առճակատման: Մասնաւորապէս, քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ Գառնիի ամրոցէն դուրս կը բերեն սրճարանին համար նախատեսուած շինանիւթերը եւ կազմածները, զանոնք տեղափոխելով Երեւան եւ կը ձգեն ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան շէնքին դիմաց «Յասմիկինը՝ Յասմիկին» մակագրութեամբ[38][39]:
Հասարակական աճող բողոքը կանխելու նպատակով, այնուամենայնիւ, ՀՀ Մշակոյթի նախարարութիւնը կը նահանջէ եւ 8 Մարտ 2014-ին կը յայտարարէ, որ կը հրաժարի սրճարան կառուցելու որոշումէն[40]
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մրցանակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]28 Ապրիլ 2011-ին յայտնի կը դառնայ, որ Գառնիի պատմամշակութային համալիրը արժանացած է Մելինա Մերքուրիի անուան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Յունաստան 2011 մրցանակին[41]:
Համայնապատկեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Հայաստանի Հանրապետության կառավարության որոշում՝ Հայաստանի Հանրապետության Կոտայքի մարզի պատմության եւ մշակույթի անշարժ հուշարձանների ցանկը հաստատելու մասին:»։ Arlis.am։ արտագրուած է՝ սեպտեմբերի 10, 2015:
- ↑ Մովսես Խորենացի (1991)։ Հայոց պատմություն։ Երեւան։ էջ 77
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (1983)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ Երեւան։ էջեր 5:
- ↑ Ագանթագեղոս (1983)։ Հայոց պատմություն։ Երեւան։ էջեր 102–126:
- ↑ Փավստոս Բուզանդ (1987)։ Հայոց պատմություն։ Երեւան։ էջեր 61:
- ↑ Հովսեպոս Փլավիոս (1976)։ Դիոն Կասիոս.– Հին հունական աղբյուրներ։ Երեւան։ էջեր 203:
- ↑ Հովսեպոս Փլավիոս (1976)։ Դիոն Կասիոս.– Հին հունական աղբյուրներ։ Երեւան։ էջեր 204:
- ↑ К. В. Тревер (1953)։ Очерки по истории культуры древней Армении։ Москва։ էջեր 77–95
- ↑ Մովսես Խորենացի։ Հայոց պատմություն։ էջեր 188:
- ↑ К. В. Тревер (1953)։ Очерки по истории культуры древней Армении։ Москва։ էջեր 42–59
- ↑ Հակոբ Մանանդյան (1946)։ Գառնիի յունարէն արձանագրությունը եւ Գառնիի հեթանոսական տաճարի կառուցման ժամանակը։ Երեւան։ էջեր 134–135:
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (1983)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ Երեւան։ էջեր 24:
- ↑ Հակոբ Մանանդյան (1946)։ Գառնիի յունարէն արձանագրությունը եւ Գառնիի հեթանոսական տաճարի կառուցման ժամանակը։ Երեւան։ էջ 104
- ↑ Josef Strzygowski։ 13 Die Baukunst der Armenier und Europa [The Architecture of the Armenians and of Europe] Volume 1։ Kunstverlag Anton Schroll & Co.
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (1983)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ Երեւան։ էջեր 11:
- ↑ Նիկողայոս Բունիաթյան (1933)։ Հեթանոսական տաճար Տրդատի պալատին կից Գառնի ամրոցում։ Երեւան
- ↑ Б. Аракелян (1952)։ Гарни։ Ереван
- ↑ Н. М. Токарский (1961)։ Архитектура Армении IV–XIV вв։ Ереван
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (1983)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ Երեւան։ էջեր 213:
- ↑ Ս. Խ. Մնացականյան (1985)։ Հայկական ճարտարապետության հարցերը Նիկողայոս Մառի աշխատություններում։ Երեւան: Պատմաբանասիրական հանդես։ էջեր 23:
- ↑ Նիկողայոս Մառ (1989)։ Հայկական մշակույթ։ Երեւան։ էջեր 16:
- ↑ Robert Ker Porter։ Travels in Georgia, Persia, Armenia, ancient Babylonia, &c. &c. Volume 1։ London: Longman, Hurst, Rees, Orme, and Brown։ էջեր 624
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (Երեւան)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ 1983։ էջ 105
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (Երեւան)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ 1983։ էջ 60
- ↑ Զ. Կասեդովսկի (1987)։ Երբ Արեւն աստված էր։ Երեւան։ էջ 232
- ↑ О. Шуази (1938)։ История архитектуры։ Москва։ էջ 338
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (1983)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ Երեւան։ էջեր 84:
- ↑ Н. М. Токарский (1961)։ Архитектура Армении IV–XIV вв.։ Ереван։ էջեր 26–27
- ↑ Ղեւոնդ Ալիշան (1890)։ Այրարատ բնաշխարհի Հայաստանյայց։ Վենետիկ, Սբ․ Ղազար կղզի։ էջեր 367:
- ↑ Ալեքսանդր Սահինյան (1983)։ Գառնիի անտիկ կառույցների ճարտարապետությունը։ Երեւան։ էջեր 12:
- ↑ Թորոս Թորամանյան (1942)։ Նյութեր հայկական ճարտարապետության պատմության։ Երեւան։ էջեր 174:
- ↑ Թորոս Թորամանյան (1942)։ Նյութեր հայկական ճարտարապետության պատմության։ Երեւան։ էջեր 38:
- ↑ «Գառնիի տաճարի տարածքում սրճարան կը բացվի. մշակույթի նախարարություն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-03-17-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-15
- ↑ Գառնու տաճարի մոտ սրճարան է կառուցվելու
- ↑ Մշակույթի նախարարությունը հետ կկանգնի՞ Գառնու տաճարի մերձակայքում սրճարան կառուցելու՝ իր մտադրությունից:
- ↑ Ֆերդինանտ Առաքելյանը՝ Գալուստ Սահակյանը մասին. «Կուսակցականը չի կարող լինել մտավորական»:
- ↑ Մշակույթի նախարարությունը մշակութասպան նախարարություն է. արորդիները Գառնու տաճարի մոտ սրճարան կառուցելու մասին[permanent dead link]
- ↑ Շինարարական աղբը «ուղեւորվեց» մշակույթի նախարարություն
- ↑ Տեսանյութ
- ↑ «Գառնու տաճարի հարեւանությամբ սրճարան չի կառուցվի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-03-13-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-15
- ↑ «Գառնի տաճարին շնորհվել է Մելինա Մերկուրի միջազգային մրցանակը»։ Panorama.am։ ապրիլի 28, 2011։ արտագրուած է՝ Սեպտեմբեր 11, 2015
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թանանեան Գրիգոր (2014)։ «Գառնի պատմամշակութային կոթողը (տաճարի վերականգման 40-ամեակի առթիւ) [The Historic & Cultural Monument of Garni (to the 40th anniversary of the restoration of the temple)]»։ Պատմաբանասիրական հանդէս (2): 25–45
Մատենագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Khatchadourian Lori (2008)։ «Making Nations from the Ground up: Traditions of Classical Archaeology in the South Caucasus»։ American Journal of Archaeology 112 (2): 247–278։ doi:10.3764/aja.112.2.247[permanent dead link]
- Փանոսյան Ռազմիկ (2006)։ The Armenians: From Kings and Priests to Merchants and Commissars։ New York: Columbia University Press։ ISBN 9780231139267
- Ներսիսյան Վրեժ (2001)։ Treasures from the Ark: 1700 Years of Armenian Christian Art։ Los Angeles: J. Paul Getty Museum։ ISBN 9780892366392
- Bauer-Manndorff Elisabeth (1981)։ Armenia: Past and Present։ Lucerne: Reich Verlag
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Բատիկեան Հրաչ (1965)։ «Գառնիի յունարէն անձանագրութիւնը եւ Մովսէս Խորենացին [The Greek Inscription of Garni and Movses Khorenatsi]»։ Պատմաբանասիրական հանդէս (3): 229–234
- Mouradian G. S. (1981)։ «Греческая надпись Трдата I, найденная в Гарни [Tiridates I's Greek Inscription Discovered in Garni]»։ Պատմաբանասիրական հանդէս (ռուսերեն) (3): 81–94
- Սահինեան Ալեքսանտր (1979)։ «Գառնիի անտիկ տաճարի կառուցման ժամանակը [The Time of the Construction of the Antique Temple of Garny]»։ Պատմաբանասիրական հանդէս (3): 165–181
- Սահինեան Ալեքսանդր (1979)։ «Գառնիի անտիկ տաճարի վերակազմութեան գիտական հիմունքները [Scientific Foundations of the Reconstruction of the Ancient Temple of Garny]»։ Patma-Banasirakan Handes (4): 135–155
- Սահինեան Ալեքսանտր (1979)։ «Գառնիի անտիկ տաճարի վերականգնումը [The Reconstruction of the Ancient Temple of Garni]»։ Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու (10): 59–74։ ISSN 0320-8117
- Սահինեան Ալեքսանտր (1979)։ «Գառնիի անտիկ տաճարի համաչափական համակարգը [Proportional System of the Ancient Temple of Garni]»։ Լրաբեր հասարակական գիտութիւններու (12): 76–92։ ISSN 0320-8117
- Սարգիսեան Հարմա (1982)։ «Գառնիի հեթանոսական տաճարի վերականգնման ճարտարագիտական հարցերը [Engineering questions of the restoration of paganish temple of Garni]»։ Lraber Hasarakakan Gitutyunneri (12): 70–76։ ISSN 0320-8117
- Սահինեան Ալեքսանտր (1983)։ Գառնիի անտիկ կառուցներու ճարտարապետութիւնը [Architecture of ancient structures of Garni]։ Yerevan: Armenian SSR Academy of Sciences Publishing