Jump to content

Սեպագիր

Սեպագիր արձանագրութիւն Էրեբունի ամրոցի հիմնադրման մասին

Սեպագիրը ամէնէն հին հնչիւնական գիրն է։

Սեպագիր կը կոչուի, որովհետեւ կը գրուէր կաւի սալիկի վրայ` սեպաձեւ նշաններու միջոցով։

Գոյութիւն ունին 3 տեսակի սեպագիրեր՝ վանկագիրեր, գաղափարներ եւ որոշիչներ, որոնք ցոյց կու տան այդ սեպագիրին իմաստը։

Սեպագիրերը կարդալով կարելի է սորվիլ, թէ անոնք ինչպէս արտասանուած են այն լեզուով, որմով գրուած են։

Սկիզբը ուրարտացիները կը գրէին եւ կը կարդային իրենց թշնամիին լեզուով՝ ասորերէն, ապա երբ Իշպուինի եւ Մենուա կ'որոշեն ստեղծել նոր լեզու մը, որ ըլլայ ուրարտերէն, իսկ իրենց գիրը կը կոչեն սեպագիր։

Սեպագիր կը կոչուէր, որովհետեւ հին ատեն մարդիկ կը գրէին սեպերով (մեխերով) քարի վրայ, նաեւ՝ կը վերցնէին կաւէ սալիկ մը եւ բամբուկի ծայրամասով արագ կը գրէին վրան եւ կաւը կը ձգէին, որ չորնար։

Յետագային սեպագիրը տարածուած է այլ երկիրներու մէջ։ Սեպագիր արձանագրութիւններ կ'ըլլային տարբեր լեզուներով՝ աքքադերէն, խեթերէն եւ այլն։

Մեզմէ 4200 տարի առաջ, Էպլայի 20 հազար պատմական թանկարժէք սեպագիր գրատախտակներուն յայտնաբերումը կը հաստատէ, թէ Ք.Ա. 3500-2300 թուականներուն, Էպլայի` դասական պատմութեան մէջ անյայտ թագաւորութեան մը գոյութիւնը, որ դատելով իր դարակներու վրայ պահպանուած արխիւ-գրադարանէն, կարելի է նկատել զայն քաղաքակրթութեան բարձր մակարդակի հասած երկիր եւ ժողովուրդ:

Պատմաբաններ ընդհանրապէս ընդունած էին, որ քաղաքակրթութիւնը սկսած է Ք.Ա. շուրջ 3500 թուականին, շումերներուն կողմէ, Միջագետքի մէջ, այժմու Իրաք. Եփրատ եւ Տիգրիս գետերուն միջեւ եւ անոնց շուրջի տարածութեան մէջ, մինչեւ Պարսից ծոց եւ թէ` իրենց լեզուն, նախ պատկերագիր, ապա` սեպագիր, իբրեւ գրաւոր եւ խօսակցական` առաջինն էր, որ յետագային կ'օգտագործուի նաեւ շրջանի այլ ժողովուրդներու կողմէ: Շումերները հայկական Լեռնաշխարհէն գաղթած էին դէպի հարաւ, որուն պատճառով է, որ յարաբերութիւնները պահպանած էին հիւսիսին հետ (Էպլան ներկայիս Սուրիոյ տարածութեան մէջ կը գտնուի, հոն գտնուած արձանագրութիւններուն մէջ յիշատակուած է հայ ժողովուրդը՝ հայա անունով)[1]:

Սեպագիրի Զարգացումը[2]

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սեպագիրը աւելի քան 2000 տարուան ընթացքին զգալի փոփոխութիւններ կրած է։ Ստորեւ ներկայացուած պատկերը ցոյց կու տայ «SAĜ» (գլուխ) նշանին զարգացումը (Borger թիւ 184, U+12295 𒊕)։

Զարգացման Փուլերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կը ներկայացնէ պատկերագիրը (pictogram), ինչպէս որ կը գծուէր Ք.Ա. մօտաւորապէս 3000-ին։
  2. Կը ներկայացնէ շրջուած պատկերագիրը, ինչպէս որ կը գրուէր Ք.Ա. մօտաւորապէս 2800–2600 թուականներուն։
  3. Կը ներկայացնէ վերացականացուած նշանը հնագոյն յուշարձանային արձանագրութիւններու մէջ՝ Ք.Ա. մօտաւորապէս 2600-էն սկսեալ։
  4. Նոյն նշանն է՝ կաւի վրայ գրուած, 3-րդ փուլին ժամանակակից։
  5. Կը ներկայացնէ Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակի վերջաւորութեան ձեւը։
  6. Կը ներկայացնէ Ք.Ա. 2-րդ հազարամեակի սկզբնաւորութեան Հին Ասորեստանեան ոճը (ductus), որ նաեւ որդեգրուած է խեթերուն (Hittite) կողմէ։
  7. Պարզեցուած նշանն է, ինչպէս որ կը գրուէր ասորեստանցի դպիրներուն կողմէ Ք.Ա. 1-ին հազարամեակի սկիզբը՝ մինչեւ գիրին անհետացումը։

Վերջին տարիներուն յառաջացած է հակառակ տեսակէտ մը, ըստ որուն՝ յուշանիշերը (tokens) գիրի նախակարապետը չեն հանդիսացած։

Սեպագիր արձանագրութիւնները եւ Մովսէս Խորենացին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մովսէս Խորենացի պատմահայրը, նկարագրելով Վանի բերդը եւ անոր վրայ եղած սեպագիր արձանագրութիւնները, կը պատմէ, թէ այս բոլորը ասորաց թագուհի Շամիրամի ձեռքին գործն են[3]։

Իսկ քարաժայռի բոլոր երեսը հարթելով, ինչպէս կը հարթեն մեղրամոմը, վրան շատ գիրեր գրել տուաւ, որոնց մէկ տեսքն իսկ բոլորը կը զարմացնէր։ Եւ ոչ միայն հոս, այլեւ հայոց աշխարհին մէջ բազմաթիւ տեղեր արձաններ կանգնեցուց եւ նոյն գիրերով իր մասին յիշատակ հրամայեց գրել, իսկ շատ վայրերու մէջ նոյն գիրով սահմաններ հաստատեց»։
- Մովսէս Խորենացի

19-րդ դարու 20-ական թուականներուն Մովսէս Խորենացիի հաղորդած այս տեղեկութեան վրայ ուշադրութիւն կը դարձնէ ֆրանսացի նշանաւոր արեւելագէտ Անթուան Ժան տէ Սեն Մարտենը (1791–1832)։ Անոր անմիջական նախաձեռնութեամբ Ֆրիդրիխ Շուլցը կ'ուղեւորուի արեւմտեան Հայաստան եւ 1828–1829 թուականներուն Վանի եւ անոր շրջակայ տարածքներուն մէջ կը յայտնաբերէ ու էստամպաժի միջոցով կ'արտատպէ շուրջ 40 սեպագիր արձանագրութիւն։ Սակայն Շուլցը շուտով կը սպաննուի տեղի քիւրտերուն կողմէ, իսկ անոր կատարած աշխատանքը կորստեան կը մատնուի։ Միայն ֆրանսական դեսպանի եւ հիւպատոսի միջամտութեամբ, այն ալ բաւական ժամանակ անց, հնարաւոր կը դառնայ յայտնաբերել այդ արձանագրութիւնները, որոնք 1840 թուականին լոյս կը տեսնեն «Ասիական հանդէս»-ի էջերուն մէջ։

Լեզուն եւ սեպագրութիւնը (Վանի թագաւորութիւն)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արձանագրութիւնները, որոնք մեծ մասամբ միատիպ են թէ՛ բովանդակութեամբ եւ թէ՛ ոճով, կը պարունակեն հինգ հարիւրէն քիչ մը աւելի բառեր, որոնց մէկ մասին նշանակութիւնը մինչեւ այսօր ամբողջովին պարզուած չէ։

Վանեան սեպագիրը երբեք չէ օգտագործուած տէրութեան սահմաններէն դուրս։ Մեծաթիւ հայ բնակչութեան ազդեցութեան հետեւանքով վանեան լեզուին մէջ կը յայտնուին այնպիսի բառեր, ինչպիսիք են արծիւ, ծառ, թիւ եւ այլն, իսկ հայերը փոխառած են բառեր՝ ինչպէս բուրգ, ծով, ուղտ եւ այլն։

Սեպագիրը այբուբենային գիրքէն կը տարբերի այն հանգամանքով, որ քանի մը տասնեակ տառերու (օրինակ՝ ա, դ, ժ, թ) փոխարէն կը հանդիպին վանկեր նշանակող հարիւրաւոր սեպախումբեր՝ բա, բի, բու, ագ, իգ, ուգ եւ այլն։ Սեպախումբերը կրնան նաեւ ամբողջ բառեր նշանակել, ինչպէս՝ տուն, ձի, ուտել, երթալ եւ այլն։

Պէտք է ընդունիլ, որ մենք այսօր եւս կ'օգտուինք նմանատիպ նշաններէ․ օրինակ՝ կը գրենք 2 եւ կը կարդանք երկու, թէեւ այնտեղ գրուած չեն ե-ր-կ-ու տառերը։ Սակայն սեպագրութեան մէջ այդպիսի նշանները շատ աւելի բազմաթիւ են։

Վանեան արձանագրութիւնները իրենց բովանդակութեամբ գլխաւորաբար կը ներկայացնեն նուաճումներ, ռազմական յաջող արշաւանքներ կամ շինարարական եւ կրօնական բնոյթի գրութիւններ։ Սեպագրով սովորաբար կը գրեն քարի վրայ, թէեւ պահպանուած են նաեւ մետաղէ իրերու եւ կաւէ սալիկներու վրայ փորագրուած սեպագիր արձանագրութիւններ։

Սեպագրութենէն զատ գործածուած են նաեւ տեղական մեհենագրեր, որոնց վերծանութիւնը միայն վերջերս սկսած է։ Սակայն առաջին արդիւնքները կը վկայեն, թէ այդ համակարգը հայալեզու բնոյթ ունի։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]