Jump to content

Լեւոն Բ.

Լեւոն Բ.
Ծնած է 1150
Ծննդավայր Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Մահացած է 2 Մայիս 1219(1219-05-02)
Մահուան վայր Սիս, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ
Ամուսին Սիպիլ Լուսինեան եւ Isabelle of Antioch, Queen of Armenia?
Ծնողներ հայր՝ Ստեփան Ռուբինյան?, մայր՝ Ռիտա Պապեռոնցի?
Երեխաներ Ռիթա–Ստեփանիա?, Զապէլ Թագուհին եւ Ռիթա–Ստեփանիա?[1]
Ստորագրութիւն

Լեւոն Բ. (11502 Մայիս, 1219), հայոց թագաւոր 6 Յունուար 1198–էն։ Ռուբինեաններու արքայատոհմէն։ Յաջորդած է եղբօրը՝ Ռուբէն Գ.–ին։

Լեւոնը եղած է երկրի կարեւոր բերդ՝ Կապանի տէրը, աջակցած է եղբօրը՝ պետութեան պաշտպանութեան ու կառավարման գործերուն մէջ։ Ռուբէն Գ.–ի գերութենէն ետք երկրի իշխանութիւնը կեդրոնացուցած է իր ձեռքերուն մէջ։ Լեւոնի եւ Հեթումեան իշխան՝ Բակուրանի ջանքերով Անտիոքէն վերադարձած Ռուբէն Գ.-ը իշխանութիւնը կամովին յանձնած է Լեւոնին, քաշուած է Արքակաղնի վանք, ուր վախճանած է նոյն տարին։

1187–ի Մայիսին Ռաւին դաշտին մէջ Լեւոնը ջախջախեց Կիլիկիոյ Հայոց Իշխանութիւն ներխուժած Իկոնիոյ թուրքմէն հրոսակները, որոնց կը գլխաւորէր Ռոստոմ անունով էմիրը, ազատագրեց հայաբնակ քանի մը շրջաններ։ 1187–ին Լեւոնը յաղթեց եւ կախման մէջ դրաւ Կիլիկիա ներխուժած՝ Հալէպի եւ Դամասկոսի սուլթանը։

Կիլիկիոյ սկսած էր սպառնալ նաեւ Եգիպտոսի Այյուպեան սուլթան Սալահ ատ-Տինը, որուն դէպի Արեւմուտք առաջխաղացումը կանխուեցաւ 1189–ի Երրորդ խաչակրաց արշաւանքով։ Խաչակիրները 1190–ին ճամբարեցին Կիլիկիոյ Սելեւկիա քաղաքին մէջ։ Լեւոնի պատուիրակները, Ներսէս Լաբրոնացիի գլխաւորութեամբ, խաչակիրներուն խոստացան տրամադրել ձիեր եւ ռազմապաշար, իսկ Հենրիխ Զ. խոստացաւ Լեւոնը ճանչնալ հայոց թագաւոր։ Եգիպտոսի սուլթանութեան դէմ խաչակրաց արշաւանքի անյաջողութենէն ետք, Լեւոնը՝ պատրաստուելով դիմագրաւել Սալահ ատ–Տինին, 1193–ին անոր դաշնակից Անտիոքի դքսութենէն գրաւեց Պաղրաս եւ Դարպսակ բերդերը։ Կիլիկիոյ եւ մերձակայ երկիրներուն մէջ սփռուած ասորի հաւատակիցներուն հայոց կողմը ներգրաւելու համար Լեւոնը Թէոդորոս Պարուեհեպոն ասորիին 1192–ին յատուկ հրովարտակով Հռոմկլայի մէջ հռչակեց Ասորիոց կաթողիկոս՝ ի հակաթոռութիւն Անտիոքի մէջ նստող Միխայիլ կաթողիկոսի։ 1193–ին Սալահ ատ-Տինը, Անտիոքի դուքս Պոհեմունտ Գ. Կակազի սադրանքով մեծ բանակով շարժեցաւ դէպի Կիլիկիա, բայց սահմանամերձ Սեւ գետի մօտակայքը 4 Մարտ–ին յանկարծամահ եղաւ եւ խափանուեցաւ իր յառաջխաղացումը։

Ատոնցմէ ետք Անտիոքի դուքսը ուզեց խարդախութեամբ ձերբակալել Լեւոնը։ Դուքսի նկրտումներուն մասին Լեւոնն իմացաւ դուքսի կնոջմէն, որ ըստ Միքայել Շաթիրեանի եղած է Լեւոն Բ.-ի սիրուհին ու կանխեց Պոհեմունտին։ Լեւոնը 1194–ին զինք հրաւիրեց Կաստոն ամրոցը, ձերբակալեց եւ տարաւ Սիս։ Դուքսը Լեւոնի հետ հաշտութիւն ստորագրեց, ճանչցաւ անոր աւագութիւնը, վերադարձուց Ռուբէն Գ.–ի գերութեան ժամանակ Կիլիկիայէն բռնագրաւուած հողերը։ Պայմանագիրը ամրապնդուեցաւ դուքսի գահաժառանգ որդի Ռայմոնտի եւ Լեւոնի եղբօր՝ 14–ամեայ դուստր Ալիսի ամուսնութեամբ։ Ռայմոնտը, որպէս պատանդ դաստիարակուելու էր Լեւոնի արքունիքին մէջ։ Ըստ անոր, Ռայմոնտի գահը կը ժառանգուի Ալիսէն ծնած որդիին։ Ատով Լեւոնը կը ձգտէր իրաւական հիմք ունենալ՝ ապագային Անտիոքի զգալիօրէն հայաբնակ իշխանութիւնը Կիլիկիոյ միաւորելու եւ աւելի կենսունակ ու հզօր պետութիւն կազմակերպելու համար։ Այսպիսով, Լեւոնի շրջակայ թշնամիներուն դէմ տարած շարք մը յաղթանակներով բարձրացուց պետութեան միջազգային հեղինակութիւնը եւ նախադրեալներ ստեղծեց Կիլիկեան Հայաստանի մէջ թագաւորութիւն հիմնելու համար։

1196–ին Գերմանիոյ Հենրիխ Զ. կայսրը թագ ուղարկեց Լեւոնին։ Լեւոնը թագադրուեցաւ 6 Յունուար 1198–ին, Տարսոն քաղաքի Մայր Տաճարին մէջ։

Նոր դաշնակիցներ ունենալու նպատակով Լեւոնը խնամիական կապեր հաստատեց մերձաւոր քրիստոնէական պետութիւններու արքունիքներուն հետ։ 1209-ին իր եղբօր կրտսեր դստերը՝ Փիլիպպինէին, Լեւոնը կնութեան տուաւ Նիկիոյ նորահաստատ կայսր Թէոդորոս Լասկարիսին, 1210–ին ինքը ամուսնացաւ Կիպրոսի թագաւոր Ամորի Լուսինեանի դուստր Սիպիլի, իսկ Ռուբէն Ռայմոնտը՝ Լուսինեան արքայատան ուրիշ դշխուհիի մը՝ Հելուիսի հետ։ 1214–ին իր դուստր Ռիթա–Ստեփանիան Լեւոնը ամուսնացուց Երուսաղէմի ֆրանսական թագաւոր Յովհան Պրիենի հետ։ 1218–ին Տաւրոսի մէջ ռազմական դաշինք կնքելով Պտղոմայիդէն հայրենիք վերադարձող Հունգարիոյ Անդրէաս թագաւորին հետ՝ Լեւոնը իր դեռատի դուստրը պսակեց անոր որդիին հետ՝ խոստանալով անոնց նշանակել հայոց գահաժառանգ։

Կիլիկեան Հայաստանը Լեւոն Բ. Մեծագործի օրերուն։

Լեւոնը հետեւողական պայքար ծաւալեց Անտիոքի ժառանգութեան համար։ Անտիոքի գահաժառանգ Ռայմոնտի եւ Լեւոնի եղբօր դուստր Ալիսի ամուսնութենէն 3 կամ 4 տարի ետք Ռայմոնտը մահացաւ։ Չունենալով արու օրինական ժառանգ (Լեւոն Բ.-ն ունէր արու ժառանգ (ոչ օրինական), բայց մինչ անոր քաղաքական ասպարէզ բերելը եւ այդ մասին բարձրաձայնելը, կինը՝ Սիպիլ իշխանուհին կը կազմակերպէ այդ տղուն սպանութիւնը) Լեւոնը Ռայմոնտի նորածին որդիին՝ Անտիոքի գահաժառանգ Ռուբէն–Ռայմոնտը որդեգրեց եւ հռչակեց Հայոց գահաժառանգ։ Դիւանագիտական այդ քայլով Լեւոնը կը ձգտէր Անտիոքի դքսութիւնը միաւորել Կիլիկիոյ թագաւորութեան, կազմակերպել քրիստոնեայ կայուն պետութիւն եւ նուաճողներէն ազատագրել հայկական բոլոր հողերը։ Անտիոքի գահաժառանգութեան համար պայքարին, Լեւոնին կ'աջակցէին Անտիոքի հայութիւնը, կաթողիկէներուն մէկ մասը՝ Պետրոս Ա. պատրիարքի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալ օրդենի ասպետները։ Մինչդեռ Պոհեմունտ Գ. Կակազի կրտսեր որդին՝ Տրիպոլսի դուքս Պոհեմունտ Միականին, անտեսելով Ռուբէն–Ռայմոնտի իրաւունքը, Տաճարական օրդենի ասպետներու եւ Հալէպի ամիրայութեան զինակցութեամբ, 1201–ին յափշտակեց Անտիոքի գահը։ Խաղաղ բանակցութիւններով արդիւնքի չհասնելով, 11 Նոյենբեր 1203–ին Լեւոնը գրաւեց Անտիոքը։ Ինքնահռչակ Պոհեմունտ Դ. փախաւ Տրիպոլիս։ 1206–ին Լեւոնը ջախջախեց նաեւ Պոհեմունտ Միականիին օգնող Հալէպի ամիրան։ Լեւոնի Անտիոքի Ս.Պետրոս մայր եկեղեցւոյ մէջ Պետրոս պատրիարքի ձեռքով պատանի Ռուբէն–Ռայմոնտը օծեց եւ բազմեցուց դքսութեան գահին՝ Ալիսը կարգելով խնամակալուհի։ Այս առիթով Լեւոնը իր անունով Անտիոքի մէջ հատեց արծաթեայ լատինագիր շքադրամ։ 1209–ին եւ 1211–ին Լեւոնը Նիկիոյ կայսր Թէոդորոս Լասկարիասի դաշնակցութեամբ ջախջախեց սպառնալից դարձած Իկոնիոյ սուլթանութիւնը։ 1211–ին հայոց զօրաբանակը պաշարեց եւ գրաւեց Փոքր Հայքի կեդրոն Կեսարիան։ Լեւոնը զայն սուլթանին վերադարձուց ռազմատուգանք ստանալէ եւ ձեռնտու հաշտութեան պայմանագիր ստորագրելէ ետք։ Այդ պայմանագրով Կեսարիոյ թեմի վրայ հաստատուեցաւ Լեւոնին հպատակուող Ասորիոց կաթողիկոսի հոգեւոր գերիշխանութիւնը։ 1216–ի սկիզբը, երբ Լեւոնը գամուած էր անկողինին, իսկ անոր ուժերուն զգալի մասը զբաղած էր Պոհեմունտ Միականիի դէմ պայքարով, Իկոնիոյ սելճուկ թուրքերը, խախտելով Լեւոնի հետ կնքած հաշտութեան պայմանագիրը, անսպասելիօրէն խուժեցին Կիլիկիա եւ 25 Յունուարին պաշարեցին սահմանային Կապան բերդը։ Հայկական հեծելազօրքի մէկ մասով թշնամիին ընդառաջ ելած Կոստանդին գունդստաբլը Շողականի դաշտին մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտի ընթացքին օժանդակութիւն չստանալով մեծ իշխան եւ պայլ Ատանէն, շրջապատուեցաւ եւ շարք մը զօրականներու հետ գերի ինկաւ։ Կամքի մեծ ուժով յաղթահարելով ցաւերը, Լեւոնը իր բանակով սկսաւ ասպատակել Իկոնիան՝ թշնամիին հարկադրելով վերացնել Կապանի պաշարումը եւ նահանջել Կիլիկիայէն։ Նոյն թուականի 14 Փետրուարին Լեւոնը Պոհեմունտէն վերստին գրաւեց Անտիոքը, վերջին անգամ զայն յանձնելով թուլակամ Ռուբէն–Ռայմոնտին։ 1219–ի սկիզբը Անտիոքի ֆրանկները, Կիլիոմ տը Ֆարապելի գլխաւորութեամբ, դաւադրաբար գրաւեցին Անտիոքը, 22–ամեայ Ռուբէն–Ռայմոնտը մատնելով փախուստի։ Լեւոնը զայն զրկեց գահակալական իրաւունքէն եւ հայոց գահաժառանգ օծեց իր մանկահասակ դուստրը՝ Զապէլը։

Լեւոնը վախճանեցաւ 2 Մայիս 1219-ին։ Լեւոնի կտակի եւ ժողովուրդի պահանջին համաձայն անոր մարմինը ամփոփուեցաւ Սիս, սիրտը՝ Ակներ։

Կառավարման Արդիւնք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեւոնի օրերուն Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան սահմանները կը տարածուէին Սելեւկիայէն մինչեւ Անտիոք, Միջերկրական ծովէն մինչեւ Տաւրոսի եւ Անտիտավրոսի լեռները։ Բուն Կիլիկիայէն բացի Լեւոնի վեհապետութեան տակն էին Պանփիլիան, Իսաւրիան, Լիկայոնիան եւ Գերմանիկէն։ Երկրի սահմանները հսկելու եւ պաշտպանելու համար Լեւոնը վերաշինեց հին բերդերը, հիմնեց նոր ամրութիւններ, կառուցեց բազմաթիւ հսկիչ դիտանոցներ, ստեղծեց մշտական հզօր բանակ, հաստատեց ռազմական ուսուցման որոշակի կարգ ու կանոն։ Լեւոնը կանոնաւորեց կառավարման մարմինները՝ արքունի գործակալութիւնները, սահմանեց վասալներու տեղերն ու պարտականութիւնները, ամրապնդեց օրինականութիւնը։ Պետական կայուն հարկեր սահմանելու համար Լեւոնը հաշուարկի ենթարկեց երկրի գիւղերը, ագարակները, այգիները, անդաստանները։ Անոր հրամանով նորոգուեցան հին վանքերը, հիմնուեցան նորերը եւ անոնց կից բացուեցան վարժարաններ։ Լեւոնը իր արքունիքը հրաւիրեց շատ գիտնականներ ու արուեստագէտներ, արտօնեալ պայմաններ ստեղծեց անոնց գործնէութեան համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։