Գէորգ Արծրունի
Գէորգ Արծրունի (1789, Վան - 7 Յունուար 1894, Թիֆլիս), հայ հասարակական գործիչ, քահանայ։
Մկրտութեան անունւ՝ Մարտիրոս, ծանծ է Երզնկա, զաւակն է Տ. Գէորգ քահանայի, որ վանահայրն էր Ս. Գէորգ մենաստանին, վեեւջինս Պոլիս գալով՝ Գարթալի մէջ վախճանած է։
Մարտիրոս, մանկութեան տարիներուն, վանքին ուլերը կ՛արածէ, իսկ ձմեռները «Պնակ» ու «Քերական» կը կարդայ։ 15 տարեկանին Պոլիս կու գայ եւ Օրթա գիւղի վարժարանին մէջ կը ստանայ իր դաստիարակութիւնը՝ Փէշտիմալճեան Գրիգորէն եւ ձայնաւոր սարկաւագ Պետորս վարժապետներէն։ Ուսումը աւարտելէն ետք՝ դպրոցին Միւթէվէլլի Մանանեան Յակոբ Ամիրայի տղոցը անձնական դասեր տալով մէկտեղ, 9 տարիի չափ ուսուցչութիւն կ՛ընէ (անձնական դասեր տալով տուներէ ներս)։ Ապա Մուլշայաճեան Աբրահամի քով կը նշանակուի՝ գրագիր եւ վերջապէս Խասգիւղի վարժարանին վարժապետ կը կարգուի՝ մանաւոր կոնդակով մը, որ ղրկուած էր Միւթէվէլլի Միսաքեան ամբրայի։
Մարտիրոս 3 տարի Խասգիւղի վարժարանին ներս ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ, այս միջոցին՝ 1831 թուականին, Եկեղեցին կը նորոգուի ու կ՛ընդարձակուի, զոր օծումը կը կատարէ Կարապետ Պատրիարք։
Եկեղեցիին շինութեան աւարտէն ետք, դպրոցին շինարարական աշխատանքներուն ձեռնարկումը կը կատարուի, ինչ որ տարիէ մը աւելի կը տեւէ։ Այդ պատճառով դպրոցը Ճաֆճաֆեան Մինասի տունը կը փոխադրուի։ Արծրունի այդ միջոցին կ՛ամուսնանայ, իսկ 1832 թուականին քահանայ կ՛օծուի՝ Ալաւնի Ստեփան Պտրիարքի ձեռամբ, Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Այն շրջանին Գաղէղ Յարութիւն ամբրան Պատրիարքէն կը պահանջէ, որ վարժագետի ցուցակ մը պատրաստուի, որուն մէջ գտնուէր նաեւ Արծրունին, զոր օծուած էր՝ իբրեւ Խասգիւղի եկեղեցւոյ քահանայ։
1835 թուականին Պատրիարքարանի կողմէ, կ՛ընտրուի «Դաստաստանական եւ Սրբաքննութեան Ժողովներ»ու անդամ, իրեն ընկեր ունենալով Բաշէոս վարդապետ, Տէր Գալուստ Օրթալիւի եւ Տ. Զաքարիա Բերայի։
Քահանայութենէն վերջ եւս ան շարունակած է վարժապետութիւնը եւ օգտուելով Ճէզայիրլեանի իր վրայ ունեցած համադրութենէն, «Կար Ժաբան»ը նորոգել եւ բարեկարգել տուած է. քանի մը հազար անձերու գործ գտնելու եւ կարգ մըն ալ պատանիներու՝ Եւրոպա ղրկել տալու խորհուրդը տուած է, բարեսիրտ Ամիրային։
Արծրունի 7 ամիս Չօրլու մնալով, այնտեղի Առաջնորդարանին մէջ, իրեն բազմաթիւ համակրողներ կը գտնէ, մասնաւորաբար Յակոբոս Կրճիկեանը,որ մեծանուն Ռէշիտ փաշայի անձնական քարտուղարն էր։ Անոնք չափազանց կ՛աշխատին քահանային վերադարձին համար։ Նոյն ինքն Յակոբոս Պատրիարք ալ համոզուելով Արծրունիի անմեղութեան, կ՛աշխատի նոյն գործին եւ հաւաքական դիմումներու եւ միջնորդութիւններու շնորհիւ Արծրունի Պոլիս կը վերադառնայ, ուր Պալեան ամբրայ ալ զգալով իր սխալիլը ներողութիւն կը խնդրէ Տ. Գէորգէն։
1845 թուականին Մատթէոս Պատրիարքէն մասնաւոր կոնդակով Աւագերեց կը կարգուի Խասգեղի Ս. Ստեփաննոս եկեղեցիին։
Այս ընթացքին, «Հոգեւոր Ժողով»ի անդամ կ՛ընտրուի եւ աւելի ետքը «Կրօնական Ժողով»ի անդամ. իր վերջին պաշտօնը կ՛ըլլայ, Յարութիւն Պատրիարքի օրով, «Աւագերիցանց Յանձնաժողովոյն» ատենապետութիւնը։
Արծրունի Շահնազարեան Կարապետ վրդ.-ի մտերիմը եղած է եւ Ներսէս Վարժապետեանին վարդապետ ձեռնադրուելու խորհուրդ տուած է։ Իր բոլոր ժամանակակից եկեղեցականներէն եւ նոյնիսկ Բողոքական միսիոնարներէն միշտ յարգուած է եւ իր տունը ժամադրավայր մը եղած՝ բոլոր մեծ անձնաւորութիւններուն, որոնք աշխարհի չորս կողմէն կու գային Պոլիս եւ անպատճառ Խասգեղ երթալով կ՛այցելէին հարիւրամեայ ծերունիին։ Գոհունակութեան կոնդակներ ստացած է Մատթէոս, Սիսի Կիրակոս եւ Գէորգ Կաթողիկոսներէն։ Իր միակ մանչ զաւակին կատարեալ կրթութիւն տուած է եւ երբ հէգ Տոքթ. Միհրան Արծրունի բժշկութեան վկայականը առած Բարիզէն կը վերադառնար, ահա տարաբաղդ հօր յոյսերը կը մեռնին. մահը կանխահաս կերպով կը խլէր զայն իր եւ ընտանիքին ձեռէքն։ Ինք սակայն, իբրեւ կատարեալ հաւատացեալ, կը հաւատար անմահութեան եւ անդադար կ՛օրհնէր կամքն «Յաւիտենականին Աստուծոյ»։
Արծրունի բացի ընտիր հայերէնէն, գիտէր նաեւ բաւական ֆրանսերէն եւ իտալերէն։ Ունէր անտիպ կրօնական եւ բարոյագիտական գրութիւններ, որոնց մէջ արտայայտած է՝ իր հակառակ ոգին, Լատին կղերին դէմ։ Այդ ձեռագրերը 1896 թուականին Խասգիւղի մէջ կողոպտուած եւ ջնջուած են։
Վախճանած է 1894 թուականի Յունուար 7-ին, 107 տարեկան հասակին, թողելով ճշմարիտ պաշտօնեայի անուն մը։
Աղբիւր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- Յիշատակարան, Վ. Գ. Զարդարեան, Կ.Պոլիս 1911,Ա. հատոր, էջ 72: