Մանկութեան Օրեր

Մանկութեան օրեր, Միքայէլ Նալբանդեանի ստեղծագործութիւններէն մին։
Բանաստեղծութեան նկարագիրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հոս բանաստեղծը յետադարձ ակնարկով կը քննէ իր կեանքը, սկսած մանկութենէն։ «Կեանքի խորհուրդ» ին սահմանումը կը կատարուի յեղափոխական խոր նուիրումով, նաեւ մտաւորական ուժգին թափով ու յստակութեամբ, որոնք յատուկ էին Նալբանդեանի անհատականութեան։
Միւս կողմէ, գրական արուեստի գետնի վրայ, հոս կրնանք համեմատել արեւմտահայ եւ արեւելահայ բանաստեղծական աւանդութիւնները․ մինչ առաջինը, Պէշիկթաշլեանի եւ Դուրեանի մէջէն, արդէն կ'երեւի իբր աւելի գեղարուեստական ու մշակեալ, երկրորդը քարոզչական է ու պարզ, աւելի մօտ՝ արձակի[1]։
Մանկութեան Օրեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վերլուծութիւն[2]
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բանաստեղծութեան սկիզբը հեղինակը կը յիշէ իր մանկութեան օրերը, որոնք այն երջանիկ ու անհոգ օրերն էին, որոնք անցան-գացին, եւ որոնք միայն ուրախացնելու ընդունակ էին։ Այդ օրերէն ետք արդէն եկաւ գիտակցութիւնը, եւ հեղինակը սկսաւ ծանր հայեացքով նայիլ աշխարհին, ամէն ինչ սկսաւ աւելի խորունկ մտածել, եւ իրեն ազատ վայրկեան չմնաց։
Գիտակցութեան արթնացման յաջորդեց ազգին վիճակին մասին մտահոգութիւնը։ Հեղինակը սկսաւ մեղադրել Ապողոնը՝ իրեն փարատիչ քնար տուած ըլլալուն համար։ Եւ այդ փարատիչ քնարը հեղինակին ձեռքը հնչեց լալագին ու վշտահար, ինչպէս սիրտն էր կը զգար, եւ այդ երգին մէջ հեղինակը ոչ մէկ ուրախ լար գտաւ։
Այդ ատեն ան արդէն զգաց, թէ չի կրնար ազատիլ ցաւերէն այնքան ատեն, մինչեւ որ իր ազգը ստրուկ է եւ օտարներու իշխանութեան տակ կը գտնուի։ Ետքը դարձեալ կը յիշէ, թէ մանկութեան օրերը որքա՜ն շուտ անցան ու գացին, երբ այն ատեն կը մտածէր, թէ ինքն աշխարհի իշխանն է ու տէրը։
Մանկութենէն ետք, դարձեալ կը նշէ, որ գերութեան (միտքի) շղթաները արդէն ծանրացած են իր վրայ, եւ կը նետէ այդ օրերը։ Քնարին դարձեալ կը պատուիրէ, որ լուռ մնայ, չհնչէ, իսկ Ապողոնին կ՚ըսէ, որ ետ առնէ զայն եւ տայ ուրիշ մարդու մը, որ անոր պէտքը ունի։
Կ՚ըսէ, թէ ինք պէտք է հրապարակ ելլէ առանց քնարի եւ առանց քնքոյշ բառերու․ պիտի գոչէ ու բողոքէ ամենուն դիմաց։ Ետքը կ՚ըսէ, թող որ Դելփեան պատգամախօսը թարգմանէ զրպարտութիւնը, մխիթարուի ծովու ափերուն, բայց ինքը՝ հեղինակը, միայն ազատութիւն պէտք է թարգմանէ։
Վերջին քառեակին մէջ Նալբանդեան կը դիմէ Աստուծոյ․
"Ո'վ հայր, ո'վ դու հայր, որ երկնքումն ես,
Խնայիր թշուառ մեր անտէր ազգին.
Մի' տար զոհ գնալ թշնամիների".
Նա այլ չէ լսում դելֆեան հարցուկին։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Յարութիւն Քիւրքճեան, Հայ կեանք եւ գրականութիւն, Ա գիրք, 2003։
- ↑ (հայերեն) Մանկության օրեր, 2024-03-07, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%84%D5%A1%D5%B6%D5%AF%D5%B8%D6%82%D5%A9%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D6%85%D6%80%D5%A5%D6%80&oldid=9482490, վերցված է 2026-05-18