Գասպար Կարոյեան
Ծնած է | 1884 կամ 1888 |
---|---|
Ծննդավայր | Փերչէնճ, Խարբերդի նահանգ |
Մահացած է | 17 Յունիս 1957 |
Մահուան վայր | Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կրթութիւն | Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ |
Գասպար Մկրտչի Կարոյեան (1884 կամ 1888, Փերչէնճ, Էլազըղի մարզ, Թուրքիա - 17 Յունիս 1957, Պոսթըն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), հայ բժիշկ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1884 (1888) թուականին Խարբերդի նահանգի, Խարբերդի գաւառի՝ Փերչէնճ գիւղի մէջ։ Հայրը եղած է Մեծ Եղեռնի զոհերէն։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի նախակրթարանին մէջ։ 1895-ին, մազապուրծ փրկուած է կոտորածէն։ Հայրը զինք տարած է Խարբերդ նահանգի Մեզիրէ քաղաքի՝ ֆրանսացի կապուչին հայրերու որբանոցը, ուր շարունակած է ուսումը։ Այնուհետեւ, միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է նոյն հաստատութեան գոլէճին մէջ։ 1900-ին աւարտած է գոլէճը։ 1900-10 թուականներուն գոլէճի պատմութեան, հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի պաշտօնը վարած է։ Ապա ուսանած է Վենետիկի մէջ։
1910-14 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժնին մէջ։
1914 թուականին, Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, դեռեւս ուսումը չաւարտած, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ ու ծառայած՝ որպէս զինուորական բժիշկ։ Ծառայած է Սուրիոյ եւ Պաղեստինի շրջաններուն մէջ։
Օսմանեան բանակին մէջ, իր հայրենակից պաշտօնակիցներուն պէս, անցած է բազմաթիւ վտանգներէ։ Բանակի բժշկական մտահոգութիւններով տարուած՝ ենթարկուած է բազմաթիւ սպառնալիքներու ու դաւադրութիւններու եւ հրաշքով փրկուած։
Պաղեստինի ռազմաճակատուին, գերի ինկած է յառաջացող անգլիական բանակին, բայց Եգիպտոսի հայոց առաջնորդարանի միջամտութեամբ ազատ արձակուած է։ Որոշ ժամանակ ծառայած է Կիպրոսի մէջ, ուր զբաղած է թուրք ռազմագերիներու բուժումով ու խնամքով։
1918 թուականին՝ պատերազմի աւարտէն ետք, անցած է Պէյրութ եւ ուսումը շարունակած նոյն՝ Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինէն ներս։ 1919-ին աւարտած է համալսարանը եւ ստացած՝ բժշկական վկայական։ Մեկնած է Փարիզ ու մասնագիտացման դասընթացքի հետեւած՝ առաջատար բժշկական հաստատութիւններու մէջ։
1919-20 թուականներուն աշխատած է Փարիզի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։ 1920 թուականի Օգոստոսին, անցած է ԱՄՆ ու հաստատուած է Մասաչուսեթս նահանգի Պոսթըն քաղաքը։ Պոսթընի համալսարանը յանձնած է բժշկական քննութիւնները ու բժիշկի հաւատարմագիր ստացած։ Պոսթըն բացած է իր բուժարանը։ Շուտով վայելած է շրջապատի սէրն ու յարգանքը։ Մօտէն հետեւած է ազգային-մտաւորական շարժման։ Երկար տարիներ թղթակցած է ամերիկահայ թերթերուն։ Եղած է «Հայրենիք» օրաթերթի գնահատուած աշխատակիցներէն մէկը եւ գրած է՝ բժշկական, գիտական, գրական, հանրային, քաղաքական բազմաթիւ յօդուածներ։
Տիրապետած է հայերէն, թրքերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն լեզուներուն։
1957 թուականին՝ մահէն քանի մը ամիս առաջ, լոյս տեսած է անոր երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը հանդիսացող՝ «Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները)» արժէքաւոր գիրքը։
1957 թուականի Յունիս 17-ին, մահացած է Պոսթընի մէջ՝ երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, մօտ 71 տարեկան հասակին։
Աշխատութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մեծ Եղեռնի Նահատակ Հայ Բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ. Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
- Գէորգեան Կարօ, Ամէնուն տարեգիրքը, Դ. տարի, 1957, Պէյրութ, 1958։
- Տոքթ. Գ. Մ. Կարոյեանի մահը, Ֆրեզնօ, «Ասպարէզ», 27-06-1958։
- Վահէ Հայկ, Խարբերդ եւ անոր ոսկեղէն դաշտը, Նիւ Եորք, 1959։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։