Արսէն Բագրատունի

Արսէն Բագրատունի
Ծնած է 21 Օգոստոս 1790(1790-08-21)[1][2]
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս[1][2]
Մահացած է 24 Դեկտեմբեր 1866(1866-12-24)[1][2] (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Իտալիա[1][2]
Ազգութիւն Հայ[1]
Ազդուած է Մովսէս Խորենացի
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, բանասէր, լեզուաբան, փիլիսոփայ, թարգմանիչ, հոգեւորական

Արսէն Բագրատունի (21 Օգոստոս 1790(1790-08-21)[1][2], Կոստանդնուպոլիս[1][2] - 24 Դեկտեմբեր 1866(1866-12-24)[1][2], Ս. Ղազար կղզի, Վենետիկ, Իտալիա[1][2]), հայագէտ, փիլիսոփայ, գրող, թարգմանիչ, հայ գրականութեան մէջ դասական ուղղութեան ամենամեծ դէմքերէն մէկը, Մխիթարեան միաբանութեան անդամ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արսէն Բագրատունի ծնած է 21 Օգոստոս 1790-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, ուսումնառութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու մօտ. եղած է միաբանութեան անդամ։ Քաջատեղեակ էր դասական լեզուներուն։ Եղած է գրաբարի հմուտ։

Գրապայքարին մէջ կանգնած էր գրաբարեաններու կողմը։ Կատարած է բազմաթիւ թարգմանութիւններ դասական հեղինակներու։ Անոր խմբագրութեամբ հրատարակուած են հայերէն դասական ու թարգմանական երկեր։

Արսէն Բագրատունի վախճանած է 24 Դեկտեմբերին, Վենետիկ։

Գործերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1846-ին հրատարակած է «Տարերք հայերէն քերականութեան» գիրքը, դպրոցական ձեռնարկի մը ժամանակ եւ ունեցած է ութ հրատարակութիւններ։ Սակայն անոր հայերէնագիտական գործունէութիւնը նշանաւոր դարձած է «Հայերէն քերականութիւն ի պէտս զարգացելոց» գիրքին միջոցաւ (1852), որ մեծ ներդրում էր հայերէնի ուսումնասիրութեան մէջ։ Քերականութիւնը հետեւուած է փաստական նիւթի հարստութեամբ եւ դիտարկումներու համակողմանիութեամբ։ Մանրամասն ու բազմակողմանիօրէն քննուած են գրաբարի հնչիւնական, բառային, ձեւաբանական, շարահիւսական, ուղղագրական, նոյնիսկ ոճաբանական երեւոյթները։ Հին գրական հայերէնը դիտարկուած է ժամանակի մէջ, պատմական ընթացքով (5-12-րդ դարեր)։ Հեղինակին կարծիքով գրաբարը կը շարունակէ ապրիլ։ 4-6-րդ դարերը կ'ունենան «ոսկեդար», 7-12-րդ դարերը՝ «արծաթէ դար», 13-րդ դարը՝ «պղնձէ դար», իսկ յաջորդ դարերը՝ «երկաթէ, խեցիէ եւ վատթարագոյն եւ այլն»։

Բագրատունի Բանաստեղծութիւններ սկսած է գրել քսան տարեկանին եւ գրած է գրեթէ մինչեւ իր կեանքին վերջը։ Անոր չափածոյ ստեղծագործութիւններուն զգալի մասը‚ որոնք զետեղուած են «Տաղք մխիթարեան վարդապետաց» եռահատոր ժողովածոյին առաջին հատորին մէջ (Վենետիկ‚ 1852)‚ սկզբէն իսկ արժանացած են ժամանակակիցներու ուշադրութեան‚ իսկ անոնց լաւագոյնները՝ «Եղերերգ սոխակին»‚ «Գանգատ Պառնասեայ»‚ «Դատաստան Ապողոնի» եւ այլն‚ քանի մը անգամ կը վերահրատարակուին։

Այս բոլորը‚ սակայն‚ ուշագրաւ երեւոյթներ ըլլալով հանդերձ‚ տեսակ մը նախապատրաստութիւններ էին գրական այն մեծարժեք գործին ստեղծման համար‚ որ կը հրատարակուի 1858-ին, Վենետիկ‚ «Հայկ Դիւցազն» անունով‚ որ իր մէջ խտացած ձեւով կ'ամփոփէ ամբողջ գրական ուղղութեան մը բնորոշ առանձնայատկութիւնները։

«Հայկ Դիւցազն»ը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Հայկ դիւցազն»ի նիւթը առնուած է գլխաւորաբար Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն» էն։ Բանաստեղծութեան մէջ Բագրատունին գովերգած է Հայկ Նահապետին պայքարը հայրենի երկրի անկախութեան եւ ազատութեան համար, կը շեշտէ հայկական պետութեան վերականգնման գաղափարը։

«Հայկ Դիւցազն»-ը կազմուած է 20 գլուխներէ: Թէեւ նիւթը Հայկի եւ Բելի՝ Խորենացիի աւանդած յայտնի աւանդութիւնն է‚ սակայն հեղինակը կատարած է բազմաթիւ յաւելումներ ու լրացումներ։ Օրինակ‚ ավելացված է Վստամի թեման‚ որ Հայաստանի տեղական բնիկներէն էր եւ դեմ էր Բելի դեմ պատերազմելուն‚ թէեւ‚ ի վերջոյ‚ կը փարի Հայկին։ Աւելացուած է Հայկին աղջիկը՝ Հայկանուշը‚ որը հօրը վիրաւորուելէն ետք կը հագնի անոր զէնքերը‚ կը նետուի կռիւի դաշտ եւ թշնամիները‚ կարծելով‚ որ գործ ունին Հայկին հետ‚ խուճապահար կը փախչին։Նոր են նաեւ Նոյ նահապետին եւ Բիւրասպին կերպարները‚ որոնցմէ առաջինը բոլոր ձեւերով կ'օգնէ Հայկին‚ միւսը՝ Բելին ու անոր կողմնակիցներուն։ Վերջապէս‚ ըստ Բագրատունիի‚ Հայկն ու Բելը իրարու կը հանդիպին եւ հինգ-վեց անգամ գոյամարտելէ ետք, միայն վերջին կռիւին Հայկ կը յաջողի յաղթել Բելին‚ մինչդեռ աւանդութիւնը կը սովորեցնէ‚ որ անոնք հանդիպած են միայն մէկ անգամ։

Որոշակիօրէն հետեւելով Հոմերոսին‚ Բագրատունին ալ իր հերոսները կը նկարագրէ որպէս մարդ-աստուածներ‚ որոնք որեւէ քայլ ձեռնարկելու ատեն կը խորհրդակցին աստուածներուն հետ‚ կը լսեն անոնց կարծիքը‚ կը ղեկավարեն անոնց ցուցմունքներով ու խորհուրդներով եւ այլն։ Հոս «Երկրային հերոսները» կը դառնան բարձրագոյն կամքի իւրատեսակ կամակատարներ միայն։ Հայկին‚ օրինակ‚ կ'օգնեն բոլոր բարի աստուածներն ու հրեշտակները‚ իսկ Բելի կողմն է դժոխքն իր սատանաներով ու դեւերով։ Ամէն մէկ յարմար առիթով անոնք խորհուրդներ կու տան երկրային իրենց «ներկայացուցիչներուն»‚ Հայկի ու Բելի կողմնակիցներուն կռիւներուն ատեն կռիւներ տեղի կ'ունենան նաեւ երկնային ուժերուն միջեւ‚ Բելի պարտութեամբ կը կործանին ամբողջ դժոխքի սեւ ուժերը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Թ. Գ. Ջուհարեան, Հայ Գրականութիւն, 1990 թ, «Լոյս» հրատարակչութիւն։
  • Հ. Պետրոսեան, Հայերէնագիտական բառարան, Ե., 1987։
  • Գրական թերթ‚ 1966‚ թիւ 51‚ 16 Դեկտեմբեր

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 1,11 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
  2. 2,00 2,01 2,02 2,03 2,04 2,05 2,06 2,07 2,08 2,09 2,10 Հայկական համառոտ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1990. — հատոր 1.