Jump to content

Արշակ Ջամալեան

Արշակ Ջամալեան
Ծնած է 1882[1][2]
Ծննդավայր Գանձակ, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 1940[1][2]
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Մասնագիտութիւն հանրային գործիչ, քաղաքական գործիչ
Վարած պաշտօններ Հաղորդակցութեան Ճանապարհներու Նախարար
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Արշակ Ջամալեան (1882[1][2], Գանձակ, Ռուսական Կայսրութիւն - 1940[1][2], Փարիզ, Ֆրանսա), հասարակական, քաղաքական, պետական գործիչ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Ծնած է Գանձակ: Հայրը` Ջամալ Իսահակեան, որուն անունով Արշակ ընտրած է իր Ջամալեան մականունը:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գանձակի հայոց ծխական դպրոցին մէջ, ապա` Գանձակի ռուսական ուսումնարանը: 1897-ին ան ընդունուած է Գէորգեան ճեմարան, որ աւարտած է 1902-ին:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1905-ին, հայ-թաթարական ընդհարումներու ժամանակ մասնակցած է հայատեաց ցարական ոստիկանապետի ահաբեկման, որուն պատճառով 7 ամիս բանտարկուած է: 1906-ին Գերմանիոյ մէջ զբաղած է հասարակական գիտութիւններու ուսումնասիրութեամբ, հիմնադրած է ՀՅԴ Եւրոպայի հայ ուսանողական միութիւնը, հրատարակած է «Ուսանող» պարբերականը եւ հայ ազատագրական պայքարը լուսաբանող գրքոյկներ (հայերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն):

1907-ին կը մասնակցի ՀՅԴ Դ. Ընդհանուր ժողովին` իբրեւ Եւրոպայի ՀՅԴ ուսանողական միութեան պատգամաւոր:

1909-ին վերադարձած է Կովկաս, դասաւանդած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, աշխատակցած է «Հորիզոն» օրաթերթին:

Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն` հայ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչներէն մէկը եղած է եւ անձամբ կռուած է ուսանողական կամաւորական գունդին մէջ:

1914-ին Ջամալեան ՀՅԴ Ը. Ընդհանուր ժողովին թէեւ ներկայ չէ եղած, բայց եւ այնպէս ընտրուած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ:

1917-ին Հոկտեմբերէն` Հայոց ազգային խորհուրդի անդամ: Նոյն թուականին մասնակցած է Երզնկայի մէջ հաշտութեան բանակցութիւններուն ու կնքումին:

1918-ին` Անդրկովկասի Սէյմի անդամ:

1918-ին եղած է Հայոց ազգային խորհուրդի` Պերլին մեկնած Ազգ. պատուիրակութեան կազմին մէջ:

1919-ին` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վրաստանի` Թիֆլիսի մէջ: Նոյն թուականին ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր եւ Երեւան տեղափոխուած է Թիֆլիսէն. եղած է զինակոչի արտակարգ կոմիսար, 1920-ին մաս կազմած է Բիւրօ կառավարութեան` իբրեւ հաղորդակցութեան ճանապարհներու նախարար:

10 Օգոստոս 1920-ին Թիֆլիսի մէջ ստորագրած է զինադադարի համաձայնագիր` Խորհրդային Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Լեկրանի հետ:

1921-ին եղած է Դաշնակցութեան բանագնացը Ռիկայի մէջ` պոլշեւիկներու հետ կատարուած խորհրդակցութեանց ժամանակ: Այնուհետեւ անցած է Թիֆլիս, ապա` Կ. Պոլիս եւ վերջապէս հաստատուած է Ֆրանսա:

Ջամալեան՝ 17 Նոյեմբեր 1924–17 Յունուար 1925, Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ Ժ. Ընդհանուր ժողովին ընտրուած է Բիւրոյի անդամ ու այդ պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 1933 Փետրուար-21 Մարտ:

Փարիզի մէջ տեղի ունեցած ՀՅԴ ԺԲ. Ընդհանուր ժողովի որոշումով ան կոչուած է Դաշնակցութեան մնայուն քաղաքական գործիչի աշխատանքին ու պատասխանատուութեան: Ան եղած է Դաշնակցութեան ներկայացուցիչը Ընկերվար միջազգայնականի մէջ:

1925-1933 տարիներուն Փարիզի մէջ հրատարակուող ՀՅԴ-ի օրկան «Դրօշակ»ի խմբագրութեան անդամ եղած է:

Ջամալեանի ներդրումը մեծ եղած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայ օգնութեան միութեան վերաշխուժացման ու Եւրոպայի տարածքին Հայ կապոյտ խաչի հիմնադրութեան, տարածման եւ ժողովրդականացման գործին մէջ:

1934-ին կազմակերպած է «Հայ-վրացական միութիւնը»:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրած է «Դաշնակցութեան տեսութիւնը» գիտական աշխատութիւնը (1908)։

Թատրերգութիւններ`

  • «Տարերքի ընդվզումը»,
  • «Գծից դուրս»,
  • «Նահապետ Նահապետեան» եւ այլն[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։