Անոյեա
Քաղաք | |
---|---|
Անոյեա | |
Ανώγεια | |
Երկիր | Յունաստան |
Շրջան | Կրետէ |
ԲԾՄ | 730 մեթր |
Բնակչութիւն | 2 201 (2021-ի մարդահամար) մարդ |
Հեռախօսային ցուցանիշ | 2834 |
Փոստային ցուցանիշ | 740 51 |
Պաշտօնական կայքէջ | anogeia.gr |
Անոյեա․ (յուն․՝ Ανώγεια)․ Կրետէի Ռեթիմնօ նահանգին Միլոբոթամոս գաւառի լեռնային գիւղաքաղաք։ Ռեթիմնոյէն հեռաւորութիւնը 54 քլ է։ Անոր արեւելքը կը գտնուի Զոմինթոս լեռնադաշտը՝ Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի Մինոասեան քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոններէն։
Ընդհանուր տեղեկութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դիրքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անոյեա կը գտնուի Փսիլորիթիս լեռնաշղթային Արմի լերան լանջին, ծովու մակերեսէն 830 մ․ բարձրութեան վրայ։ Բնակչութեան թիւն է 2 240 (2021-ի մարդահամար)։ Անոյեային մօտ կը գտնուին Սֆենդոնի քարայրը, Նիդա լեռնադաշտը, ինչպէս նաեւ Իդէօ Անտրօ, հոն ուր ըստ յունական դիցաբանութեան Զեւս մեծցաւ։
Անունը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անոյեա անունը առած է իր դիրքին պատճառով։ Անոյեա (Ανώγεια) կը նշանակէ «վերի հող» (άνω γη)։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անոյեա իր պատմութեան ընթացքին միշտ ընդդիմացած է տարբեր աշխարհակալներու դէմ եւ տուժած է։ Ինչպէս օրինակ, 130 տարուան ընթացքին՝ երեք ողջակիզութիւններ․ 1822 եւ 1867 թուրքերուն կողմէն եւ 1944-ին գերմանացիներուն կողմէն։
1182-ին Կրետէն կը բաժնուի Բիւզանդիոնի 12 աւատական ընտանիքներուն միջեւ։ Անոյեա կը յանձնուի Ֆոքաս ու աւելի ուշ Գալերղիս ընտանիքներուն։ Կ՛անուանուի «Թագաւորական Անոյեա»։
1648-ին թուրքերուն ձեռքը կ՛իյնայ։ Յունական ապստամբութեան ընթացքին, Մայիս 1822-ին Անոյեացիները թուրքերուն կը յաղթեն։ Թուրքերը զանգուածային ջարդով եւ հրկիզումով կը հակազդեն՝ 14 Յուլիս 1822։
Կրետական ապստամբութեան նախօրեակին՝ 1866-ին, Անոյեային մէջ տեղի կ՛ունենայ Արեւելեան Կրետէի ֆետայիներու խմբապետներու համագումարը։ 1867 Նոյեմբերին թուրքերը Անոյեան կը վերագրաւեն եւ կը հրկիզեն ու բնակիչները սուրէ կ՛անցընեն։ Անոյեացիները կը մասնակցին 1897-ի Ապստամբութեան եւ յաջորդող ազատագրական պայքարներուն։
Բ․ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, անոյեացիները զէնքով կ՛ընդիմանան գերմանական բռնիշխանութեան։ 1941-ին կը հիմնուի «Անոյեայի Ազատագրական գործունէութեան յանձնախումբ»ը։
Անոյեա կրետական ընդիմութեան դրօշակակիրը կը հանդիսանայ։ Անոյեացիները գերմանացիներուն քիթին տակ զօրավար Գրայբէն կ՛առեւանգեն ու կը յաջողին Ափրիկէ փախցնել։ Այդ դէպքին բռնիշխան գերմանացիները կը հակադարձեն «տղամարդոց գլխատման» հրամանագրով մը։ 13 Օգոստոս 1944-ին, գերմանական երեք զօրագունդեր Անոյեան կը պաշարեն, 80 ծերեր կը ձերբակալեն (մնացեալ տղամարդիկը կը յաջողին խոյս տալ եւ Փսիլորիթի ապաստան գտնել) եւ Իրաքլիօ կը ղրկեն, ուժանակով բնակարաններ կը պայթեցնեն եւ 800 տուներ հրոյ ճրագ կը դարձնեն։
1941-էն մինչեւ 1944, գերմանական բռնիշխանութեան դէմ ընդիմութեան պայքարին ընթացքին, 104 անոյեացիներ կը զոհուին։
Հովիւներուն ուխտը եւ Սասմոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Փսիլորիթիին «Հովիւներուն ուխտը» ուղղուած Աստուծոյ, իր արմատները ունի յունական դիցաբանութեան մէջ «Էրմիս անասուններ գողցող»ին դիւցազնէն՝ անգիր տեղական ընկերական կեանքի օրէնքէն, որ ժամանակի ընթացքին զարգացած է եւ կը վերաբերի վրիժակռիւներու, ընդհանրապէս անասուն գողնալու, կողոպուտի եւ պատիւի հարցեր։
Որպէսզի Սասմոս Σασμός (հաշտութիւն/ներում) կայանայ, միջնորդները անհրաժեշտ են։ Անոնք երկու կողմերուն կը միջնորդեն։ Ուխտը, ամբաստանեալին պատճառաբանութիւնն է, որպէս վերջին լուծում ընկերական/համայնքին հաւասարակշռութեան համար, որ բոլորն ալ պարտաւոր են ընդունիլ որպէս իրականութիւն։
ՆԻԶԱ-ն (ΝΗΖΑ = Μα τον Δία Դիան վկայ) «Հովիւներուն ուխտ»ին զարգացման արդի փոխաձեւոութիւնն է․-
"Νη Ζα, φάσκω σου και κάτεχέ το,
πως δεν κατέω πράμα,
για την αραζό τση κλεψάς των οζώ σου".
Ազատ թարգմանութեամբ՝
«Դիան վկայ, կը յանձնուիմ,
եւ նկատի ունեցիր թէ ոչինչ գիտեմ,
քու անասուններուն գողութեան համար։»
Անոյեացիներու յատկանիշներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անոյեայի բնակչութիւնը, ժամանակի ընթացքին անփոփոխ պահած է լեզուն եւ տեղական իւրայատուկ բարբառը (որ կ՛ընդգրկէ հին յունարէնէն բառամթերք)։
Հովուական կեանքը համայնքի կեանքին կը տիրապետէ։ Որոշիչ ազդեցութիւն ունի Իդա լերը պատող լեռնային համայնքներուն արժէքներու դրութեան, տնտեսական կառոյցին, ընկերային կազմին եւ մշակութեային յատկանիշին։ Հնադարէն պահուած հովուութեան կիրառման ձեւը, բնակիչներուն թիւ մէկ զբաղումն է եւ ճանչցուած է որպէս Յունաստանի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութիւն։ Փսիլորիթիսին անասնապահութեամբ զբաղող հովիւները կը պահպանեն հօտի լուրջ լթիւ մը՝ 80 000-է աւելի։
Աւանդական հիւսուածութիւնն ու տնային ճարտարարուեստն ալ Անոյեացիներուն մէկ ուրիշ յատկութիւնն է։ Կը գործածուի ջուլհականոցը։
Ընկերային, հասարակութեան կեանքին մէջ, կինը յարգուած է եւ անոր դիրքը բարձր է։ Կրետէի համամայրի սերունդին ապացոյցն է։
[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Անոյեայի քաղաքպետութիւն(յունարէն)
- ↑ Սասմոսէն բարձր է Հոբիւներուն Ուխտը, 27-10-2021, Վիքի Վամիէդաքի(յունարէն)
- ↑ Փսիլորիթիսին մշակութային շառաւիղը, Եորղոս Քալոմիրիս(յունարէն)
- ↑ Անոյեա(յունարէն)
- ↑ Հովուութիւնը եւ հովիւին աշխարհը ճանչցուեցաւ որպէս Յունաստանի Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութիւն(յունարէն)
- ↑ Անոյեային արուեստները(յունարէն)
- ↑ ՆԻԶԱ․ դիւցազնին հրաւէրը Աստուծոյ (յունարէն)
- ↑ Հովիւներուն Ուխտը․ տեսերիզ
- ↑ Անոյեա (անգլերէն)
- ↑ Բնիկ Կրետէն․ Անոյեա(անգլերէն)