Jump to content

Իդէօ Անտրօ

Բնակավայր
Իդէօ Անտրօ
Ιδαίο Άντρο, (հին յուն․՝Ἰδαῖον Ἄντρον)
Իդէօ Անտրօ հնավայր, Փսիլորիթի, Կրետէ
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ

Իդէօ Անտրօ (հին յուն․՝ Ἰδαῖον Ἄντρον կամ Αρσένιο), Կրետէ, Յունաստան։ Փսիլորիթիսի Իդա լեռան լանջերուն վրայ քարայր, ուր ըստ յունական դիցաբանութեան Զեւս մօրը խնամքին տակ, հօրմէն՝ Քրոնոսէն գաղտնի, մեծցաւ։ Ծանօթ է նաեւ որպէս «Սբիլիարա թիս վոսքոբուլաս», «Վիթլէեմ թիս արպէոթիթաս», «սբիլիօ» (σπηλιάρα της βοσκοπούλας, Βηθλεέμ της αρχαιότητας, σπήλιο)։[1][2]

Կրետէի հռչակաւոր քարայրներէն է, ծանօթ է Ք․Ա․4000 թուականէն։

Առասպելը կը պատմէ թէ Իդէօ Անտրոյին մուտքը Քուրիթեսները կը հսկէին։ Անոնք ամէն անգամ որ փոքրիկ Զեւսը լար, անոնք իրենց թուրերը կը զարնէին իրենց բռնած վահաններուն վրայ, որպէսզի լացը Քրոնոս չլսէ։ Ըստ ուրիշ մեկնաբանութեան, անոնք զրահապատ՝ աշխոյժ պար մը կը պարէին, որպէսզի զրահներուն ձայնը ծածկէ փոքրիկ Զեւսին լացը։[3][4]

1884-ին քարայրին մէջ առաջին անգամ կը կատարուին հնաբանական պեղումներ։ Այնուհետեւ պարբերաբար կը շարունակուին։ Յայտնաբերուած են մինոասեան ժամանակաշրջանին պատկանող բազմաթիւ իրեր, ինչպէս օրինակ՝ հնադարեան արձաններ, շիշեր, պղինձէ վահաններ, եւայլն։ Անոնք կը պահուին Իրաքլիոնի Հնաբանական Թանգարանին մէջ։

Քնոսոսէն դէպի Իդէօ Անտրօ ճամբուն վրայ, կը գտնուի Զոմինթոսի հնաբանական վայրը, ուր ըստ ուսումնասիրութիւններուն յայտնաբերուած է մինոասեան կառոյց մը։[5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]