Jump to content

Զոմինթոս

Զոմինթոս
Զոմինթոս
Ζώμινθος
Երկիր Յունաստան
Շրջան Կրետէ

Զոմինթոս (յուն․՝Ζώμινθος)․ Իդա լեռան լանջերուն գտնուող փոքր լեռնադաշտ, Կրետէ, Յունաստան։ Կը գտնուի Անոյեա գիւղաքաղաքին արեւմտեան կողմը, Քնոսոսէն դէպի Իդէօ Ադրօ ճամբուն վրայ։ Եղած է Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակի Մինոասեան քաղաքակրթութեան կարեւոր կեդրոններէն, ինչպէս եղած ենՔնոսոս, Ֆեսթոս, Զաքրոս եւ Մալիա։ Վայրը ծանօթ դարձաւ շնորհիւ յայտնաբերուած մինոասեան քաղաքակրթութեան պատկանող հսկայ շինութեան։

Բնութեան յուշարձան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հնաբանական վայրին մէջ, մուտքէն 30 մեթր ներս, կը գտնուի հսկայ ալոճենի մը 12մ․ բարձրութեամբ․ ալոճենիները ընդհանրապէս թուփ են կամ ալ ցած ծառեր։ Այդ պատճառով հսկայ ալոճենին յայտարարուած է Բնութեան Յուշարձան։

1982-ին յոյն հնաբան Եանիս Սաքելարաքիս, տեղացի հովիւի մը հետ իր ունեցած պատահական խօսակցութենէն ետք, հնաբանական պեղումներու կը ձեռնարկէ եւ կը յայտնաբերէ ընթարձակ, երկյարկանի շէնք մը՝ ծովուն մակերեսէն 1187մ․ բարձրութեան վրայ։ Շէնքին իւրայատուկ մեծութիւնը եւ ներփակած կարգ մը պատկերներ, որոնք յարմար են պալատի մը ճարտարապետական ոճին, հնաբաններուն հետաքրքրութիւնը կը գրաւէ։

Պեղումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր եւ ներկայիս կը հովանաւորուին Յունաստանի Հնաբանական Ընկերութեան եւ Հայտելպըրկ համալսարանի Դասական Հնաբանութեան Բաժանմունքին կողմէ։

Յայտնաբերուած հսկայ երկյարկանի եւ կամ ալ եռայարկանի շէնքին տարածութիւնն է 1360մ², հիւսիսէն դէպի հարաւ ուղղութեամբ։ Կառուցուած է տեղական մոխրագոյն քարով, ինչ որ օգնած է շէնքին լաւ վիճակին պահպանման համար։ Հսկայ եւ փառաւոր շինութիւնը կը բաղկանայ 80 սենեակներէ, ի միջի այլոց մառաններէ եւ աշխատանոցներէ։ Մինոասեան առաջին շինութիւնն է կառուցուած լեռներու վրայ։

Պեղումներուն կը մասնակցին բազմաթիւ երկիրներէ տարբեր մասնագիտութիւններու գիտնականներ՝ հնաբաններ, երկրաբաններ, հնակենդանաբաններ, հնաբուսաբաններ, հնաշխարհաբաններ, ճարտարապետներ, եւայլ։ Յայտնաբերուած շէնքը եւ իրերը կ՛ապացուցանեն թէ եղած է տնտեսական, կրօնական եւ արդիւնաբերական կեդրոն։

Ըստ Հոմերոսին, Մինոաս ինը տարի անգամ մը Փսիլորիթիս լերան վրայ գտնուող Իդէօ Ադրօ կը բարձրանար հոն ուր Զեւս ծնաւ, որպէսզի աստուածէն կառավարման օրէնքները առնէ։ Իրեն կ՛ընկերակցէին մինոացի ուխտաւորները։ Յոյն հնաբան Էֆի Սափունա-Սաքելարաքի, շրջանին մէջ յայտնաբերուած իրերէն կը հաւատայ թէ Զոմինթոսին շէնքը ծառայած է որպէս կայան դէպի Իդէօ Ադրօ ճամբուն վրայ։

[1] [2] [3] [4] [5]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]