«Ագաթանգեղոս» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ կետադրություն և բացատներ, փոխարինվեց: ը։Ա → ը։ Ա (5) oգտվելով ԱՎԲ
պարզեցնում եմ հղումները oգտվելով ԱՎԲ
Տող 31. Տող 31.
| ստորագրութիւն =
| ստորագրութիւն =
}}
}}
'''Ագաթանգեղոս''' (Ե. - Զ. դար) հայ գրականութեան Ոսկեդարի պատմիչ, «Պատմութիւն Հայոց» երկի (հայտնի է նաև «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն Եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով) հեղինակ։ Ագաթանգեղոս անունը յունական ծագում ունի, կը նշանակէ «բարի հրեշտակ», «բարի լրաբեր» տիրոջ կողմէ ուղարկուած աւետաբեր ([[Յունարէն|յունարէն]]՝ αvγαϑοvς՝ բարի, ανγγελος հրեշտակ, լրաբեր):
'''Ագաթանգեղոս''' (Ե. - Զ. դար) հայ գրականութեան Ոսկեդարի պատմիչ, «Պատմութիւն Հայոց» երկի (հայտնի է նաև «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն Եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով) հեղինակ։ Ագաթանգեղոս անունը յունական ծագում ունի, կը նշանակէ «բարի հրեշտակ», «բարի լրաբեր» տիրոջ կողմէ ուղարկուած աւետաբեր ([[յունարէն]]՝ αvγαϑοvς՝ բարի, ανγγελος հրեշտակ, լրաբեր):

== Պատմութիւն Հայոց ==
== Պատմութիւն Հայոց ==
Տող 39. Տող 39.
«Պատմութիւն Հայոց»ի նյութը չորրորդ դարի դէպքերն են, հատկապէս [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] մուտքը Հայաստան, [[Գրիգոր Լուսաւորիչ]]ի եևՀռիփսիմեանց կոյսերու հաւատքն ու չարչարանքները, Տրդատ գ.-ի պայքարը անոնց դէմ, ապա նոյնինքն Տրդատի կողմէն՝ քրիստոնէութիւնը 301 թուականին պետական կրօնք հաստատելը:Գիրքը հարուստ է դիցաբանական,առասպելական պատմութիւններով,որոնք գրուած են պատմական փաստերու հիման վրայ:Այդ գիրքը որպէս սկզբնաղբիւր օգտագործած են [[Մովսէս Խորենացի]] եւ ուրիշներ: Առաջին անգամ անոր մասին յիշատակած է [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]]ն: Մեծ է անոր ինչպէս պատմական, նոյնպէս ալ գրական- գեղարուեստական արժէքը:

Գիրքը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, [[Արաբերէ|արաբերէ]]ն, լատիներէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով, իսկ վերջերս թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, [[Անգլերէն |անգլերէն]] եւ արեւելահայերէն:
Գիրքը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, [[արաբերէ]]ն, լատիներէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով, իսկ վերջերս թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, [[անգլերէն]] եւ արեւելահայերէն:

== Պատմութիւն Հայոց»-ի Ստեղծման Թուականը եւ Հեղինակը ==
== Պատմութիւն Հայոց»-ի Ստեղծման Թուականը եւ Հեղինակը ==
«Պատմութիւն Հայոց»-ի ստեղծման թուականը եւ հեղինակի հարցը գիտական լուրջ վէճերու առարկայ է։ Ագաթանգեղոս իր գիրքի յառաջաբանին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս [[Լատիներէ|լատիներէ]]նի եւ [[Յունարէն|յունարէն]]ի գիտակ հռոմէացի, որ արքունի քարտուղարի պաշտօնով եկած է [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]] եւ Տրդատ գ.-ի հրամանով գրած է իր Պատմութիւնը։
«Պատմութիւն Հայոց»-ի ստեղծման թուականը եւ հեղինակի հարցը գիտական լուրջ վէճերու առարկայ է։ Ագաթանգեղոս իր գիրքի յառաջաբանին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս [[լատիներէ]]նի եւ [[յունարէն]]ի գիտակ հռոմէացի, որ արքունի քարտուղարի պաշտօնով եկած է [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]] եւ Տրդատ գ.-ի հրամանով գրած է իր Պատմութիւնը։

[[Մովսէս Խորենացի]]ի, Ղազար Փարպեցիի եւ միւս հայ [[Մատենագիր (արեւմտահայերէն)|մատենագիր]]ներու մօտ Ագաթանգեղոսի մասին յիշատակութիւնները միայն հաստատած են այդ աւանդական տեսակէտը։ Այստեղէն կը հետեւցնենք, որ Ագաթանգեղոս Դ. դարու պատմիչ է, անոր գիրքի բնագիրը եղած է յունարէն եւ թարգմանուած է հայերէնի Ե. դարուն, [[Հայ Գիրերու Գիւտ|հայ գիրերու գիւտ]]էն ետք։ Այս տեսակէտը ընդունուած է մինչեւ ԺԸ դարու երկրորդ կէսը։

Տող 54. Տող 54.
Բանասէրներու այլ խումբ մը (Հերման Ալֆրետ Կուտշմիթ եւ ուրիշներ) կասկածի ենթարկեց Ագաթանգեղոսի անունը, որ գոյութիւն ունի միայն հայկական խմբագրութեան մէջ: Այդ խումբը «Ագաթանգեղոս» անունը կը համարէ ո՛չ թէ յատուկ անուն, այլ՝ բառ մը, որուն ստուգաբանական իմաստը պէտք է համապատասխաներ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատմա-քաղաքական իրադարձութեան իմաստին, այսինքն՝ Agatangelos-բարի հրեշտակ, ինչպէս՝ evangelia աւետարան եւայլն։ Բայց Կուտշմիթը տարբեր խմբագրութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեամբ հաստատեց, որ Ագաթանգեղոսի բնագիրը հայերէն է, իսկ յունարէնը՝ անոր թարգմանութիւնը։

Ըստ [[Նիկողայոս Մառ (արեւմտահայերէն)|Նիկողայոս Մառ]]ի, Գրիգորի լուսաւորչական գործունէութեան մասին Դ․ դարուն եղած են զանազան զրոյցներ, որոնք վերապատմած եւ վերամշակած է [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոց]] երկը կոչելով Ագաթանգեղոս՝ Αγαθάγγελος, որ կը նշանակէ լաւ, բարի լուր տուող, լրատու կամ լրաբեր կամ բարի հրեշտակութիւն բերող։ Ագաթանգեղոսի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են նաեւ Յ. Տաշեանը, Գ. Զարբհանալեանը, Գր. Խալաթեանցը, Բ. Սարգիսեանը, Գ. Տէր–Մկրտչեանը, [[Մանուկ Աբեղեան|Մ. Աբեղեան]]ը, [[Նիկողայոս Ադոնց (արեւմտահայերէն)|Ն. Ադոնց]]ը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ժ. Կարիթը, Ա. Տէր–Ղեւոնդեանը, Պ. Մուրատեանը։ Այժմ կ՝ իշխէ այն տեսակէտը, որ Ա. հայ պատմագիր է, որ անոր երկը գրուած է Ե․ դարու առաջին կէսի հիւթեղ ու կենդանի [[Հայերէն|հայերէն]]ով:
Ըստ [[Նիկողայոս Մառ (արեւմտահայերէն)|Նիկողայոս Մառ]]ի, Գրիգորի լուսաւորչական գործունէութեան մասին Դ․ դարուն եղած են զանազան զրոյցներ, որոնք վերապատմած եւ վերամշակած է [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոց]] երկը կոչելով Ագաթանգեղոս՝ Αγαθάγγελος, որ կը նշանակէ լաւ, բարի լուր տուող, լրատու կամ լրաբեր կամ բարի հրեշտակութիւն բերող։ Ագաթանգեղոսի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են նաեւ Յ. Տաշեանը, Գ. Զարբհանալեանը, Գր. Խալաթեանցը, Բ. Սարգիսեանը, Գ. Տէր–Մկրտչեանը, [[Մանուկ Աբեղեան|Մ. Աբեղեան]]ը, [[Նիկողայոս Ադոնց (արեւմտահայերէն)|Ն. Ադոնց]]ը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ժ. Կարիթը, Ա. Տէր–Ղեւոնդեանը, Պ. Մուրատեանը։ Այժմ կ՝ իշխէ այն տեսակէտը, որ Ա. հայ պատմագիր է, որ անոր երկը գրուած է Ե․ դարու առաջին կէսի հիւթեղ ու կենդանի [[հայերէն]]ով:

== «Պատմութիւն Հայոց»-ի Բովանդակութիւնը ==
== «Պատմութիւն Հայոց»-ի Բովանդակութիւնը ==
Տող 65. Տող 65.
Ագաթանգեղոսի սկզբնաղբիւրները գրաւոր են ու բանաւոր։ Գրաւորներէն են՝ Աստուածաշունչը, վարքաբանական-վկայաբանական, աստուածաբանական եւ պատմագրական երկեր։ Բնաւոր աղբիւրներ են բանահիւսական նիւթերը՝ ժողովրդական զրոյցներն ու վէպերը. «Արտաւան եւ Արտաշիր» վէպը, Խոսրովի ու Անակի վիպական զրոյցը, հայրենական գահին տիրանալու համար Խոսրով թագաւորի ժառանգ Տրդատի տենչերն ու սխրանքները, «Տրդատ Եւ Հռիփսիմէ» վիպական դրուագըեւ ժողովրդական զրոյցներու մէջ պահպանուած «Լուսաւորչի Վէպը»:

Ագաթանգեղոսի երկին մէջ իրադարձութիւններու եւ դէպքերու պատճառականութիւնն ու վերլուծութիւնը անտեսուած են։ Պատմութեան առաջ մղիչ ուժը հրաշքն ու հրաշագործութիւնն են։ Ամէն ինչ կը բացատրուի Աստուծոյ միջամտութեամբ եւ գերբնական ուժերու մասնակցութեամբ։ Կեանքը պայքար է լոյսի ու խաւարի, Աստուծոյ եւ [[Սատանայ|սատանայ]]ի, հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ, այսպէս մեհեանները կը քանդուին [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|խաչ]]ի զօրութեամբ, մարդակերպ հրեշներն ու դեւերը կը ցրուին լուսաւորիչի միջոցով՝ խաչի ազդեցութեամբ, խոզ-խոզակերպ Տրդատն ու անհաւատ հայ իշխանները կ՝ ընկճուին եւ փրկութիւն կը գտնեն լուսաւոր Աստուծոյ միջնորդութեամբ եւ այլն։ Գործող անձերն այդ հակամարտ գերբնական ուժերու մարմնացումներն ու կրողներն են միայն։ Ագաթանգեղոսը նաեւ կը ձգտի հիմնաւորել հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյնութիւնը «առաքելական ծագումը» եւ «գերապատիւ արժանիքը»։ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնը ունի նաեւ գեղարուեստական արժէք։
Ագաթանգեղոսի երկին մէջ իրադարձութիւններու եւ դէպքերու պատճառականութիւնն ու վերլուծութիւնը անտեսուած են։ Պատմութեան առաջ մղիչ ուժը հրաշքն ու հրաշագործութիւնն են։ Ամէն ինչ կը բացատրուի Աստուծոյ միջամտութեամբ եւ գերբնական ուժերու մասնակցութեամբ։ Կեանքը պայքար է լոյսի ու խաւարի, Աստուծոյ եւ [[սատանայ]]ի, հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ, այսպէս մեհեանները կը քանդուին [[Խաչ (արեւմտահայերէն)|խաչ]]ի զօրութեամբ, մարդակերպ հրեշներն ու դեւերը կը ցրուին լուսաւորիչի միջոցով՝ խաչի ազդեցութեամբ, խոզ-խոզակերպ Տրդատն ու անհաւատ հայ իշխանները կ՝ ընկճուին եւ փրկութիւն կը գտնեն լուսաւոր Աստուծոյ միջնորդութեամբ եւ այլն։ Գործող անձերն այդ հակամարտ գերբնական ուժերու մարմնացումներն ու կրողներն են միայն։ Ագաթանգեղոսը նաեւ կը ձգտի հիմնաւորել հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյնութիւնը «առաքելական ծագումը» եւ «գերապատիւ արժանիքը»։ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնը ունի նաեւ գեղարուեստական արժէք։

Ագաթանգեղոսի երկը, որպէս [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]]ի պատմութեան աղբիւր, իր տեսակի մէջ թերեւս միակն է, որ կու տայ Հայաստանի դարձը, նիւթեր հայ [[Հեթանոսութիւն|հեթանոս]]ական կրօնքի եւ ժողովրդական հաւատալիքներու մասին, կ՝արտացոլէ հին ու նոր կրօնքներու՝ քրիստոնէութեան ու հեթանոսութեան պայքարի աստիճանական զարգացումը, առաջինի վերջնական յաղթանակը։ Վերջապէս, Ագաթանգեղոս կը հաղորդէ բաւական հարուստ տեղեկութիւններ Հայաստանի նախարարական կազմի, ներքին կեանքի, [[Աշխարհագրութիւն|աշխարհագրութեան]] եւ [[Տնտեսութիւն|տնտեսութեան]] մասին։

«Պատմութիւն Հայոց»-ը բաղկացած է.
«Պատմութիւն Հայոց»-ը բաղկացած է.
Տող 118. Տող 118.
{{ՀՍՀ}}
{{ՀՍՀ}}
{{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից}}
{{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից}}

[[Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ (արւմտ․)]]
[[Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ (արւմտ․)]]

22:03, 10 Ապրիլ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) Ագաթանգեղոս (Ե. - Զ. դար) հայ գրականութեան Ոսկեդարի պատմիչ, «Պատմութիւն Հայոց» երկի (հայտնի է նաև «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն Եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով) հեղինակ։ Ագաթանգեղոս անունը յունական ծագում ունի, կը նշանակէ «բարի հրեշտակ», «բարի լրաբեր» տիրոջ կողմէ ուղարկուած աւետաբեր (յունարէն՝ αvγαϑοvς՝ բարի, ανγγελος հրեշտակ, լրաբեր):

Պատմութիւն Հայոց

Պատկեր:Girk vipasanutyan.jpg
Ագաթանգեղոսի «Պատմութեան» առաջին տպագիր հրատարակութեան շապիկը (1709)

Ագաթանգեղոսը հեղինակ է հայ պատմագրութեան հնագույն հուշարձանի՝ «Պատմութիւն Հայոց» երկի, որ յայտնի է նաև «Գիրք Ս. Գրիգորիսի» կամ «Պատմութիւն եւ Վարք Ս. Գրիգորի» անուններով։ Գիրքին մէջ գրուած տեղեկութիւններուն համաձայն Ագաթանգեղոս համարուած է ծագումով հռոմէացի. Տրդատ Գ. Մեծի օրով եկած է Հայաստան եւ եղած է անոր քարտուղարը, որպէս Տրդատի եւ Գրիգորի աշխարհիկ եւ հոգեւոր սխրագործութիւններու ժամանակակից եւ ականատես, Տրդատի յանձնարարութեամբ գրած է Խոսրով Մեծի և իր դարաշրջանի Հայոց պատմութիւնը։

«Պատմութիւն Հայոց»ի նյութը չորրորդ դարի դէպքերն են, հատկապէս քրիստոնէութեան մուտքը Հայաստան, Գրիգոր Լուսաւորիչի եևՀռիփսիմեանց կոյսերու հաւատքն ու չարչարանքները, Տրդատ գ.-ի պայքարը անոնց դէմ, ապա նոյնինքն Տրդատի կողմէն՝ քրիստոնէութիւնը 301 թուականին պետական կրօնք հաստատելը:Գիրքը հարուստ է դիցաբանական,առասպելական պատմութիւններով,որոնք գրուած են պատմական փաստերու հիման վրայ:Այդ գիրքը որպէս սկզբնաղբիւր օգտագործած են Մովսէս Խորենացի եւ ուրիշներ: Առաջին անգամ անոր մասին յիշատակած է Ղազար Փարպեցին: Մեծ է անոր ինչպէս պատմական, նոյնպէս ալ գրական- գեղարուեստական արժէքը:

Գիրքը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, արաբերէն, լատիներէն, վրացերէն եւ այլ լեզուներով, իսկ վերջերս թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ արեւելահայերէն:

Պատմութիւն Հայոց»-ի Ստեղծման Թուականը եւ Հեղինակը

«Պատմութիւն Հայոց»-ի ստեղծման թուականը եւ հեղինակի հարցը գիտական լուրջ վէճերու առարկայ է։ Ագաթանգեղոս իր գիրքի յառաջաբանին մէջ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս լատիներէնի եւ յունարէնի գիտակ հռոմէացի, որ արքունի քարտուղարի պաշտօնով եկած է Հայաստան եւ Տրդատ գ.-ի հրամանով գրած է իր Պատմութիւնը։

Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի եւ միւս հայ մատենագիրներու մօտ Ագաթանգեղոսի մասին յիշատակութիւնները միայն հաստատած են այդ աւանդական տեսակէտը։ Այստեղէն կը հետեւցնենք, որ Ագաթանգեղոս Դ. դարու պատմիչ է, անոր գիրքի բնագիրը եղած է յունարէն եւ թարգմանուած է հայերէնի Ե. դարուն, հայ գիրերու գիւտէն ետք։ Այս տեսակէտը ընդունուած է մինչեւ ԺԸ դարու երկրորդ կէսը։

1709-ին Պոլսոյ մէջ Գրիգոր Մարզվանեցիի ջանքերով առաջին անգամ տպագրուեցաւ Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն Հայոց»-ի բնագիրը: 1762-ին Յովհաննէս Սթիլթինկը հրատարակեց յունարէն օրինակը եւ լատիներէն խմբագրութիւնը։ Ան եւս առաջին անգամ կասկածեցաւ Ագաթանգեղոսի հաղորդած պատմական շատ փաստերու վաւերականութեանը։ Սթիլթինկի յունարէն օրինակը հետագային բազմիցս վերահրատարակուեցաւ, իսկ Փոլ Տը Լակարտը կատարեց անոր քննական հրատարակութիւնը։ Հայերէն բնագիրի գիտական արժէք ներկայացնող առաջին հրատարակութիւնը լոյս տեսաւ 1835-ին, Վենետիկի մէջ։ Անոր քննական հրատարակութիւնը տպագրուեցաւ Թիֆլիսի մէջ, 1909-ին, իսկ 1911-ին Վիեննայի մէջ լոյս տեսաւ Վիեննայի կրկնագիր ձեռագիրի բնագիրը:

Հայկական բնագիրի եւ անոր տարալեզու խմբագրութիւններու հրատարկումը հնարաւորութիւն տուաւ համեմատական վերլուծութեան միջոցով մանրակրկիտ ուսումնասիրել Ագաթանգեղոսի երկասիրութիւնը։ Օտարազգի եւ հայ բանասէրներ փորձեցին լուծել Ագաթանգեղոսի առեղծուածը։ Նորայր Բիւզանդացին «Պատմութիւն Հայոց»-ի լեզուա-ոճական առանձնայատկութիւններէն հասաւ այն եզրակացութեան, թէ Ագաթանգեղոս եղած է յոյն, եւ Կորիւն, այլ երկերու կողքին, Ագաթանգեղոսի երկը եւս թարգմանած է հայերէնի։

Նորայր Բիւզանդացին այդ երկերը անուանեց առանձին «դաս»: Հայագէտ Թոռնեան Ագաթանգեղոսի կը վերագրէ այդ «դաս»ի բոլոր գրական յուշարձանները: Ագաթանգեղոսի ֆրանսերէն թարգմանիչ Վ. Լանկլուան յանգեցաւ այն կարծիքին, որ կարելի չէ ան ապրած ըլլայ Դ. դարուն եւ ըլլալ աշխարհիկ գործիչ (քարտուղար), սակայն չփորձեց ժխտել Ագաթանգեղոսի բնագիրը յունարէն գրուած ըլլալուն վարկածը:

Բանասէրներու այլ խումբ մը (Հերման Ալֆրետ Կուտշմիթ եւ ուրիշներ) կասկածի ենթարկեց Ագաթանգեղոսի անունը, որ գոյութիւն ունի միայն հայկական խմբագրութեան մէջ: Այդ խումբը «Ագաթանգեղոս» անունը կը համարէ ո՛չ թէ յատուկ անուն, այլ՝ բառ մը, որուն ստուգաբանական իմաստը պէտք է համապատասխաներ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած պատմա-քաղաքական իրադարձութեան իմաստին, այսինքն՝ Agatangelos-բարի հրեշտակ, ինչպէս՝ evangelia աւետարան եւայլն։ Բայց Կուտշմիթը տարբեր խմբագրութիւններու համեմատական ուսումնասիրութեամբ հաստատեց, որ Ագաթանգեղոսի բնագիրը հայերէն է, իսկ յունարէնը՝ անոր թարգմանութիւնը։

Ըստ Նիկողայոս Մառի, Գրիգորի լուսաւորչական գործունէութեան մասին Դ․ դարուն եղած են զանազան զրոյցներ, որոնք վերապատմած եւ վերամշակած է Մեսրոպ Մաշտոց երկը կոչելով Ագաթանգեղոս՝ Αγαθάγγελος, որ կը նշանակէ լաւ, բարի լուր տուող, լրատու կամ լրաբեր կամ բարի հրեշտակութիւն բերող։ Ագաթանգեղոսի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են նաեւ Յ. Տաշեանը, Գ. Զարբհանալեանը, Գր. Խալաթեանցը, Բ. Սարգիսեանը, Գ. Տէր–Մկրտչեանը, Մ. Աբեղեանը, Ն. Ադոնցը, Կ. Մելիք–Օհանջանեանը, Ժ. Կարիթը, Ա. Տէր–Ղեւոնդեանը, Պ. Մուրատեանը։ Այժմ կ՝ իշխէ այն տեսակէտը, որ Ա. հայ պատմագիր է, որ անոր երկը գրուած է Ե․ դարու առաջին կէսի հիւթեղ ու կենդանի հայերէնով:

«Պատմութիւն Հայոց»-ի Բովանդակութիւնը

Ագաթանգեղոսի պատմութիւնը կ՝ ընդգրկէ Գ․ դարու եւ Դ․ դարու սկիզբի իրադարձութիւնները՝ սկսած Սասանեաններու իշխանութեան սկիզբէն (226) մինչեւ Հայոց Տրդատ Գ․ թագաւորի գահակալութեան վերջին տարիները։ Բաղկացած է յառաջաբանէ ու երեք մասերէ։ Յառաջաբանին մէջ Ագաթանգեղոս տուեալներ կը հաղորդէ իր մասին եւ կը նշէ Պատմութիւնը գրելու շարժառիթները։

  • Առաջին մասը՝ «Վարք եւ Պատմութիւն Ս. Գրիգորի», նուիրուած է հայ-պարսկական պատերազմներուն, Տրդատ Գ․-ի գահակալութեանը, Գրիգոր Լուսաւորիչի «չարչարանքներուն» եւ Հռիփսիմեան կոյսերու հետ կապուած հրաշապատում անցուդարձերուն։
  • Երկրորդ բաժինը՝ «Վարդապետութիւն Ս. Գրիգորի», քրիստոնէութեան հիմունքները պարունակող քարոզ է, ծաւալով աւելի ընդարձակ, քան պատմութեան մնացած բոլոր մասերը միասին։ Այս բաժինը կը բացակայի յունական, աբարաբական թարգմանութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ հայերէն խմբագրութեան քանի մը ձեռագրերու մէջ։
  • Երրորդ մասին մէջ՝ «Դարձ փրկութեան Աշխարհիս Հայաստան», կը նկարագրուի քրիստոնէութեան տարածումը Հայաստանի մէջ։

Ագաթանգեղոսի սկզբնաղբիւրները գրաւոր են ու բանաւոր։ Գրաւորներէն են՝ Աստուածաշունչը, վարքաբանական-վկայաբանական, աստուածաբանական եւ պատմագրական երկեր։ Բնաւոր աղբիւրներ են բանահիւսական նիւթերը՝ ժողովրդական զրոյցներն ու վէպերը. «Արտաւան եւ Արտաշիր» վէպը, Խոսրովի ու Անակի վիպական զրոյցը, հայրենական գահին տիրանալու համար Խոսրով թագաւորի ժառանգ Տրդատի տենչերն ու սխրանքները, «Տրդատ Եւ Հռիփսիմէ» վիպական դրուագըեւ ժողովրդական զրոյցներու մէջ պահպանուած «Լուսաւորչի Վէպը»:

Ագաթանգեղոսի երկին մէջ իրադարձութիւններու եւ դէպքերու պատճառականութիւնն ու վերլուծութիւնը անտեսուած են։ Պատմութեան առաջ մղիչ ուժը հրաշքն ու հրաշագործութիւնն են։ Ամէն ինչ կը բացատրուի Աստուծոյ միջամտութեամբ եւ գերբնական ուժերու մասնակցութեամբ։ Կեանքը պայքար է լոյսի ու խաւարի, Աստուծոյ եւ սատանայի, հաւատացեալի եւ անհաւատի միջեւ, այսպէս մեհեանները կը քանդուին խաչի զօրութեամբ, մարդակերպ հրեշներն ու դեւերը կը ցրուին լուսաւորիչի միջոցով՝ խաչի ազդեցութեամբ, խոզ-խոզակերպ Տրդատն ու անհաւատ հայ իշխանները կ՝ ընկճուին եւ փրկութիւն կը գտնեն լուսաւոր Աստուծոյ միջնորդութեամբ եւ այլն։ Գործող անձերն այդ հակամարտ գերբնական ուժերու մարմնացումներն ու կրողներն են միայն։ Ագաթանգեղոսը նաեւ կը ձգտի հիմնաւորել հայ եկեղեցւոյ ազգային ինքնուրոյնութիւնը «առաքելական ծագումը» եւ «գերապատիւ արժանիքը»։ Ագաթանգեղոսի Պատմութիւնը ունի նաեւ գեղարուեստական արժէք։

Ագաթանգեղոսի երկը, որպէս Հայաստանի պատմութեան աղբիւր, իր տեսակի մէջ թերեւս միակն է, որ կու տայ Հայաստանի դարձը, նիւթեր հայ հեթանոսական կրօնքի եւ ժողովրդական հաւատալիքներու մասին, կ՝արտացոլէ հին ու նոր կրօնքներու՝ քրիստոնէութեան ու հեթանոսութեան պայքարի աստիճանական զարգացումը, առաջինի վերջնական յաղթանակը։ Վերջապէս, Ագաթանգեղոս կը հաղորդէ բաւական հարուստ տեղեկութիւններ Հայաստանի նախարարական կազմի, ներքին կեանքի, աշխարհագրութեան եւ տնտեսութեան մասին։

«Պատմութիւն Հայոց»-ը բաղկացած է.

Յառաջաբան[1]
  1. «Վարք եւ Պատմութիւն Սրբոյն Գրիգորի»[2]
  2. «Վարդապետութիւն Սրբոյն Գրիգորի»[3]
  3. «Դարձ Փրկութեան Աշխարհիս Հայաստան»

Թարգմանութիւններ

Ագաթանգեղոսի «Պատմութիւն»ը միջնադարուն թարգմանուած է յունարէն, արաբերէն, վրացերէն, հաբեշերէն, լատիներէն եւ ունեցած է քանի մը խմբագրութիւն: Առաջին եւ ամենակարեւոր թարգմանութիւնը յունականն է, որ ամբողջութեամբ յայտնի է միայն մէկ ձեռագիրի մէջ եւ կը գտնուի Ֆլորենսի Լարենդիանոս մատենադարանին մէջ (Լareոtianus, VII, 25): Ագաթանգեղոսի պատմութեան յունարէն թարգմանութեան ժամանակը բանասէրները կը համարեն Զ․ դարը: Սիմէոն Մեթափրասթեսը Ժ․ դարուն ամփոփեց յունարէն թարգմանութիւնը եւ տուաւ համառօտ խմբագրութիւն մը, որ ԺԱ դարուն թարգմանուեցաւ վրացերէնի: Յունարէնէ անփոփուած է նաեւ ԺԲ դարուն լատիներէն համառօտ խմբագրութիւնը:

Ագաթանգեղոսի պատմութեան յունարէն թարգմանութեան երեք նոր գրչագիրներ 1943–1946 թուականներուն հրապարակեց պելճիքացի հայագէտ Ժ. Կարիթը: Ագաթանգեղոսի երկի արաբերէն խմբագրութիւնը յայտնաբերած է Նիկողայոս Մառը 1902 թուականին, Եգիպտոսի Սինայի անապատի Ս. Կատարինէի վանքին մէջ: Անիկա բոլորովին ինքնուրոյն, ըստ Մառի, մեզ չհասած հայերէն նախօրինակէն թարգմանուած յունարէն կորսուած խմբագրութեան մը թարգմանութիւնն է:

1946 թուականին ժ. Կարիթը հրատարակեց Մատրիտի յունարէն գրչագիրներէն մէկուն մէջ (1107) գտնուող Ագաթանգեղոսի Պատմութեան նոր խմբագրութիւն մը, որ կոչեց «Վարք» (Գրիգոր Լուսաւորչի) եւ ցոյց տուաւ, որ վերոյիշեալ արաբ խմբագրութիւնը կը ծագի յունական այս «Վարք»էն: Այսպիսով Ժ. Կարիթը հաստատեց Մառի այն ենթադրութիւնը, թէ բացի մեզ յայտնի հայերէն ընդարձակ խմբագրութենէն գոյութիւն ունեցած է նաեւ հայերէն այլ խմբագրութիւն։ 1950 թուականին Ժ. Կարիթը հրատարակեց Ս. Կատարինէի վանքին մէջ յայտնաբերած արժէքաւոր արաբերէն ձեռագիր մը եւս, որ, անկախ Մառի յայտնաբերածէն, թարգմանուած է Ագաթանգեղոսի Պատմութեան յունարէն օրինակէն։

Երկեր

  • Հայերէն հրտ. Գիրք վիպասանութեան, որ կոչի հոմանունակի Ագաթանգեղոս..., ԿՊ, 1709։ Այլ հրտ., Կ.Պոլիս, 1822, Վնտ., 1835, 1862, 1930, Թ., 1882, 1914 Թրգմ.
  • Ագաթանգեղայ Պատմութիւն Հայոց, աշխատ. Գ. Տէր–Մկրտչեան և Ս. Կանայանց, Տփղիս, 1909 (քննական հրտ.)։
  • Storia di Agatangelo. Versione italiana, Illustrata dai monaci armeni Mechitaristi, riveduta quato allo stile da N. Tomaseo, Venezia, 1843
  • Agatange. Historie du regne de Tiridate et de la predication de Saint Gregoire I Jlluminateurl traduite..., V. Langloism, նրա Collection des bistoriends anciens et modernes de I'Armenie. t. 1, P., 1867
  • Марр Н., Крещение Армян, Грузии, Абхазов и Аланов Святым Григорием (Арабская версия), СПБ, 1905 (հայերեն հրտ., Վաղ–պատ, 1911)
  • Acta auctore Agathangelo; ex Bibliotheca Medicaea Florent. S. Laurentii, interprete J. Stiltingo, «Acta Sanctorum», Septemberis, 1762, t. 8;
  • Vida de S. Gregorio, patriarca da Armenia. Conversao dos Armenios ao cristianisimo. Versao etiopica, publ. por Francisco Maria Esteves Pareira, Liboa, 1903.

Գրականութիւն

  • Սարգիսեան Բ., Ագաթանգեղոս եւ իր բազմադարեան գաղտնիքը, Վենետիկ, 1890։
  • Յակովբոս Տաշեան, Ագաթանգեղոս առ Գէորգայ Ասորի եպիսկոպոսին եւ ուսումնասիրութիւն Ագաթանգեղեայ գրոց, Վիեննա, 1891:
  • Նորայր Բիւզանդացի, Կորիւն վարդապետ և նորին թարգմանութիւնք, Տփղիս, 1900։
  • Անասեան Հ.Մ.,հայկական մատենագիտութիւն, հտ. Ա, Երևան, 1959, էջ 161–213։
  • Մելիք Օհանջանեան Կ., Ագաթանգեղոսի պատմութիւնն ու անոր ժողովրդական բանաւոր սկզբնաղբիւրները,«Մառը Եւ հայագիտութեան հարցերը»,[ժողովածու],Ե.,1968:
  • Տէր–Ղեւոնդեան Ա., Ագաթանգեղոսի արաբական նոր խմբագրութիւնը (արաբերէն, բնագիր եւ ուսումնասիրութիւն), Ե., 1968։
  • Адонц Н., Армения в эпоху Юстиниана, СПБ, 1908.
  • Gutshmid A., Agathangelos, Lpz., 1877.
  • Thoumaian G., Agathangelos et la doctrine de l'Église Arménienne au V siècle Lauzanne, 1879.
  • Ryssel V., Ein Brief Georgs, Bischofs der Araber, an den Presbyter Jesus, aus dem Syrischen ubersetzt und erlautert..., «Erweiterter Separatabdruck aus den Theologischen Studien und Kritik», Gotha, 1883
  • Lagarde P., Agathangelus und die Akten Gregors von Armenien, Gottingen, 1887.
  • Carriere A., Les huit sanctuaires de I'Armenie payanne d'apres Agathange et Moise de Khoren, P., 1899.
  • Weber S., Die Katholische Kirche in Armenian..., Freiburg in Breisgau, 1903.
  • Garitte G., Documents pour I'Agathange R., 1946; Garitte G., Une version arabe de l'Agathange grec dans ie Sin. ar. 395; Louvain, 1950.
  • Թոփճեան Արամ, Ագաթանգեղոսի «Պատմութեան» Վիեննայի կրկնագիր ձեռագիրը.- «Պատմա-բանասիրական հանդէս», 2005, № 2, էջ 144-153:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

  • «Քրիստոնեայ Հայաստան» հանրագիտարան, Երեւան, 2002։

Արտաքին Յղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից

Կատեգորիա:Հայ պատմիչներ (արւմտ․)