Ղազար Փարպեցի

Ղազար Փարպեցի
Ծնած է 442[1]
Ծննդավայր Փարպի, Այրարատ, Մեծ Հայք[1]
Մահացած է 510
Մահուան վայր Փարպի, Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան
Ազգութիւն Հայ[1]
Երկեր/Գլխաւոր գործ History of the Armenians?
Մասնագիտութիւն պատմաբան
1793 թուական Վենետիկի մէջ տպագրուած Ղազար Փարպեցի «Հայոց պատմութեան» շապիկը

Ղազար Փարփեցի (442[1], Փարպի, Այրարատ, Մեծ Հայք[1] - 510, Փարպի, Հայկական մարզպանութիւն, Սասանեան Պարսկաստան), միջնադարեան հայ պատմիչ, «Հայոց Պատմութեան» եւ «Թուղթ Առ Վահան Մամիկոնեան» երկերի հեղինակ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մերձաւոր կապ ունեցած է Մամիկոնեան նախարարական տան հետ։ Աւարայրի ճակատամարտէն յետոյ անոնց հետ տեղափոխուած է Ցուրտաւ (Վրաստան)։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Աշուշա պդեշխի պալատին մէջ, խաղընկերոջ՝ ապագայ մարզպան Վահան Մամիկոնեանի քեռի՝ Աղան Արծրունի վերահսկողութեամբ։ Մօտ 465-470 թուականներուն ուսանած է Բիւզանդիայի մէջ։ Վերադառնալով՝ հաստատուած է Կամսարականների նախարարական տիրույթի՝ Շիրակի մէջ, զբաղուած ուսումնա–կրթական գործերով։ 484-486 թուականներուն եղած է Սիւնիքի մէջ։ 486 թուականին մարզպան դարձած Վահան Մամիկոնեանը Ղազար Փարպեցին կանչած է Սիւնիքէն եւ նշանակած Վաղարշապատի վերակառուցուած վանքի առաջնորդ։ Ղազար Փարպեցին բարեկարգած է վանքի շինութիւնները, ստեղծած մատենադարան, ձեռնամուխ եղած լուսաւորական աշխատանքի, որ անոր դէմ առաջ բերած է հետադէմ հոգեւորականութեան թշնամութիւնը։ Ստիպուած հեռացած է (մօտ 490-ին) Ամիդ, ուրտեղ գրած է «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» ուղերձը։ Հայոց մարզպանը ետ կանչած է Ղազար Փարպեցին եւ պատուիրած գրած հայոց պատմութիւնը։ Ըստ աւանդութեան, թաղուած է Փարպիի ձորին մէջ։

«Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան»–ը վավերական աղբիւր է V դ. 2–րդ կէսին հայոց եկեղեցիին մէջ գոյութիւն ունեցող երկու թեւերու անհաշտ պայքարի մասին, երբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի մահէն յետոյ հետադէմ կղերականութիւնը հալածանք սկսած էր առաջադէմ մտաւորականութեանը։

Երկերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմական եւ գիտական առումով աւելի արժէքաւոր է «Պատմութիւն Հայոց»–ը։ Այն բաղկացած է առաջաբանէ եւ 3 դրուագէ։ կը Առաջաբանէ Ղազար Փարպեցին կը յիշատակէ իր նախորդներու՝ Ագաթանգեղոսի եւ Փաւստոս Բիւզանդի աշխատութիւններու համառոտ բովանդակութիւնը, կ'արժէքաւորէ իրենք, կը նշէ, որ գրաւոր սկզբնաղբիւրներէն բացի օգտագործած է նաեւ ականատեսներու պատմածները՝ նախապէս ստուգելով եւ ճշտելով։ Առաջին՝ Ա դրուագին մէջ մանրամասն շարադրուած են Վռամշապուհի գահակալութեան տարիներու քաղաքական պատմութիւնը եւ Սասանեան Պարսկաստանի պառակտիչ ու դաւադիր քաղաքականութիւնը մինչեւ Արշակունեաց թագաւորական հարստութեան անկումը (428)։ Երկրորդ՝ Բ դրուագի նիւթը Վարդանանց պատերազմն է, կը համընկնէ Եղիշէի «Վարդանի եւ Հայոց պատերազմի մասին» երկի ժամանակաշրջանին։ Երրորդ՝ Գ դրուագը ամէնաարժէքաւորն է, որովհետեւ Ղազար Փարպեցին իր նկարագրած դէպքերու ականատեսն է։ Այն կ'ընդգրկէ 460-480–ական թուական հայ–պարսկական փոխյարաբերութիւններու եւ հայերու 482-484–ի հակապարսկական ապստամբութեան պատմութիւնը։

Ղազար Փարպեցի «Թուղթ»–ն ամբաստանագիր է ընդդեմ ժամանակի հոգեւորականութեան, անհատի իրաւունքներու պաշտպանութեան փորձ, միջնադարեան ազատամտութեան կարեւոր փաստաթուղթ։ Ղազար Փարպեցին կը հրաժարի աղանդաւորներու հետ կապերու խզելու եւ անոնց քննադատելու, քանի որ Քրիստոսը ուսուցանած է ուրիշին դատաւոր չըլլայ։ Ան կը գրէ բարոյական արժէքներու, հոգեւորականներու առաքինութեան ու աշխարհիկներու քաջութեան պատմութիւնը, որն կ'ընթանէ պայքարի, հակադրութիւններու ու ելեւէջներու ձեւով։ Ան աշխարհիկ ֆեոդալներու իշխանութիւնը կը սահմանափակէ տնտեսական, քաղաքական, եկեղեցին՝ կրօնական գործնէութեամբ։ Ղեկավարը, ըստ Ղազար Փարպեցի չպետք է բացարձակացնի, գերագնահատի իր իշխանութիւնն ու հեղինակութիւնը, անոր եւ ղեկավարուողի միջեւ պետք է ըլլայ որոշակի համապատասխանութիւն եւ հաղորդակցականութիւն։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ղազար Փարպեցին մեծցած ու դաստիարակուած է Հայոց ապագայ սպարապետ եւ մարզպան Վահան Մամիկոնեանի հետ՝ վերջինիս մօր՝ Ձվիկ իշխանուհի խնամակալութեան ներքո։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Գուգարաց Աշուշա պդեշխի պալատին մէջ՝ իշխանուհի եղբօր՝ V դարու ականաւոր կրթական գործիչ Աղան Արծրունի վերահսկողութեամբ, իսկ 465–470 թուականներուն ուսանած է Բիւզանդիայի մէջ։ 486 թուականին մարզպան Վահան Մամիկոնեանը անոր նշանակած է Վաղարշապատի վանքի առաջնորդ։ Փարպեցին բարեկարգած է վանքի շինութիւնները, ստեղծած մատենադարան, ձեռնամուխ եղած լուսաւորական աշխատանքի, սակայն հանդիպած է զորեղ հակառակորդներու։ Մօտ 490 թուականին ան ստիպուած հեռացած է Ամիդ եւ այնտեղէն գրած «Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան» ինքնապաշտպանական ուղերձը։ Մարզպանը անոր հետ կանչած է, պաշտպանել չարախօսներէն եւ հանձնարարած գրած է «Պատմութիւն Հայոց»-ը։ Փարպեցի «Թուղթը» կարեւոր տեղեկութիւններ կը հաղորդէ V դարու 2-րդ կէսին հայ եկեղեցական շրջանակներուն մէջ առկայ հունասէր եւ պարսկասէր խմբաւորումներու, անոնց փոխադարձ բանակռիւներու ու բախումներու մասին։ Այն առաջին անգամ հրատարակած է Մկրտիչ Էմինը 1853 թուականին, իսկ 1868 թուականին Միքայէլ Նալպանտեանը փոխադրած է աշխարհաբարի։ Առաւել արժէքաւոր է Փարպեցի «Պատմութիւն Հայոց»-ը, որ կը կոչուի նաեւ Երրորդ պատմութիւն՝ Ագաթանգեղոսի եւ Փաւստոս Բուզանդի երկերէն յետոյ։ Այն բաղկացած է առաջաբանէ եւ 3 դրուագէ։ Առաջաբանին մէջ պատմիչը շարադրած է նախորդներու պատմութիւններու համառոտ բովանդակութիւնը։ Բուն պատմութիւնը Փարպեցին սկսած է 387 թուականի իրադարձութիւններէն՝ Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիայի միջեւ Հայաստանի առաջին բաժանումէն։ Առաջին դրուագին մէջ շարադրած է Արշակ Գ-ի եւ Վռամշապուհի գահակալութեան տարիներու քաղաքական պատմութիւնը, Սասանեան Պարսկաստանի պառակտիչ քաղաքականութիւնը մինչեւ Արշակունեաց թագաւորական հարստութեան անկումը (428 թուական) եւ աւարտած է Սահակ Պարթեւի (439 թուական) ու Մեսրոպ Մաշտոցի (440 թուական) մահուան առնչուող դէպքերու նկարագրութեամբ։ Երկրորդ դրուագի նիւթը Վարդանանց պատերազմն է. կը համընկնէ Եղիշէի «Վարդանի եւ Հայոց պատերազմի մասին» երկի ժամանակաշրջանին։ Երրորդ դրուագը Հայաստանի՝ 460–484 թթ-ի պատմութեան միակ սկզբնաղբիւրն է, ուրտեղ նկարագրուած դէպքերու ականատեսն ու մասնակիցն է նաեւ հեղինակը։ Կը Ներկայացնէ այդ շրջանի հայ-պարսկական փոխյարաբերութիւններն ու հայերու՝ 482–484 թուականներու ապստամբութեան պատմութիւնը եւ կ'աւարտէ Վահան Մամիկոնեանի՝ Պարսից արքունիքի կողմէն Հայոց մարզպան ճանաչուելու բախտորոշ իրադարձութեամբ։ Փարպեցի «Պատմութիւն Հայոց»-ը տպագրուած է 1793 թուականին, Վենետիկի մէջ, աշխարհաբարը՝ 1895 թուականին, Ալեքսանդրապոլի մէջ։ Հրատարակուած է նաեւ ֆրանսերէն (1869 թուական)։ «Պատմութիւնը» եւ «Թուղթը» միասին («Պատմութիւն Հայոց եւ Թուղթ առ Վահան Մամիկոնեան») հրատարակուած է 1904 թուականին, Թիֆլիսի մէջ։ Ըստ ավանդութեան՝ Ղազար Փարպեցին թաղուած է Ղազարաւան գիւղի (այժմ՝ ՀՀ Արագածոտնի մարզին մէջ) եկեղեցի աւանդատանը, մէկ այլ տուեալով՝ Մշո Սբ Առաքելոց վանքի բակին մէջ։

Աշխատութիւններ եւ թարգմանութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. ԽուդավերդյանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.