Շաւարշ Նարդունի
Շաւարշ Նարդունի | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Ասքանազ Այվազեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Chavarch Nartouni |
Ծնած է | 1898 |
Ծննդավայր | Արմաշ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1968 |
Մահուան վայր | Մարսէյլ, Բուշ-դյու-Ռոն |
Քաղաքացիութիւն |
Օսմանեան Կայսրութիւն Ֆրանսա |
Ազգութիւն | Հայ[1] |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, բժիշկ |
Աշխատավայր |
Յառաջ Երկունք Մենք Զուարթնոց Անդաստան Հայ Բոյժ |
Վարած պաշտօններ | գլխաւոր խմբագիր |
Շաւարշ Նարդունի (1898, Արմաշ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1968, Մարսէյլ, Բուշ-դյու-Ռոն), աւազանի անունը՝ Ասքանազ Այվազեան, ստորագրած նաեւ՝ Վահրամ Սեւունի։ Հայ արձակագիր եւ հրապարակագիր։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած՝ Պոլսոյ մօտ, Արմաշ գիւղ. ուսումը ստացած է գիւղին, ապա՝ մերձակայ Ատաբազար քաղաքին Կեդրոնական վարժարանին մէջ։
1918-ին կը զինուորագրուի եւ կը մտնէ սպայից վարժարան։ Համաշխարհային Ա. պատերազմի լրումէն ետք՝ կը յաճախէ Պոլսոյ բժշկական համալսարանը, սակայն կը վտարուի՝ քաղաքական պատճառներով։ Կը շարունակէ իր համալսարանական ուսումը Փարիզի բժշկական համալսարանին մէջ, որուն ընթացքը կ՝ աւարտէ 1927-ին ու տարի մը կը պաշտօնավարէ Ամիէնի ֆրանսական յիմարանոցին մէջ, իբրեւ ներքին բժիշկ։
Բժշկական ճիւղի ուսումը՝ սկսած Պոլիս, կ'ընդհատուի Թուրքիայէն մեկնումով (1922–ին), եւ կ'աւարտի Փարիզ. բայց բժշկութենէն առաջ ու աւելի՝ կեանքը պիտի լեցնէ գրականութեամբ, հրապարակագրութեամբ եւ հանրային գործունէութեամբ։
Գրական վաստակ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութեան կոչուած է կանուխէն, բայց բաւական ուշ հրատարակած է՝ հատորներով. առաւելաբար արաձակ բանաստեղծութիւններ, հեքիաթներ, փորձագրական եւ ուսումնասիրական գործեր բանասիրութիւն, լեզուաբանութիւն։
Հայերէն արձակը միայն բացառիկներու մօտ հասած է Նարդունիի նուաճած գեղարուեստական մաքրութեան, բանաստեղծական շունչի, խոհական ներհայեցողութեան եւ անկեղծ յուզականութեան այդքան բարձր աստիճանի։ Բայց մանաւանդ ՊԱՐԶՈՒԹԻՒՆը եղաւ առանձնայատուկ նուաճումը Նարդունիի արձակին, որ թէեւ չունեցաւ սերնդակից Շահան Շահնուրի կամ Վազգէն Շուշանեանի արձակը յատկորոշող բռնկուն ուժականութիւնը եւ պոռթկումի թափը, բայց ոչ մէկ առումով զիջեցաւ ապրումի եւ խոհականութեան վաւերական կրակէն։
Հիմնած է եւ գրեթէ երեք տասնամեակ առանձինը հրատարակած՝ «Հայ Բոյժ» ամսաթերթը։ Մասնակցած է «Երկունք» եւ «Մենք» գրական պարբերականներու հիմնում-խմբագրման։ Սերտօրէն աշխատակցած է «Յառաջ»ին (Փարիզ), երկար ատեն մասնակցելով նաեւ խմբագրութեան՝ Շաւարշ Միսաքեանի կողքին եւ անոր մահէն ետք։
Զանազան հրատարակչականներու եւ միութիւններու նախածեռնութեամբ, հրատարակուած են.-
- «Հեքիաթներու Ալպոմ» (1927, պատմուածքներ եւ հեքիաթներ)
- «Մեղեդինե՜ր, Մեղեդինե՜ր» (1933, պատմուածքներ եւ հեքիաթներ)
- «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէմ» (1938, վիպերգութիւն)
- «Բանե՜ր, բանե՜ր, ի՜նչ բաներ»
- «Ծաղկամատեան»
- «Կանաչ Բաժակով» (1945)
- «Վարդամատեան» (1952)
- «Նարդեան Բաժակ» հատընտիրներու հաւաքածոն (1968)
- «Յանուն Մեսրոպ Մաշտոցի» (1969, Պաշտպանութիւն Հայ Լեզուի)
Մահացած է Փարիզ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Քիւրքճեան, Հայ կեանք եւ գրականութիւն, Բ-Գ կարգեր (գիրք), էջ 163:
- Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 183-184:
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շաւարշ Նարդունի (Այվազեան Ասքանազ, 1898-1968). Սփիւռքահայ գրականութեան մեղեդինե՜ր»ն ու «բանե՜ր»ը: Archived 2016-03-05 at the Wayback Machine.
- Ակնարկ Մը՝Հազիւ Մեր Ետին Թողած 2008-ը Տարուայ Տարեդարձներու եւ Տարելիցներու Վրայ։
- ↑ Krikorian A., Heratchian H. Le dictionnaire biographique: Arméniens d'hier et d'aujourd'hui — Maisons-Alfort: 2021. — P. 424. — ISBN 978-2-905686-93-0