Յակոբ Մարթայեան
Յակոբ Մարթաեան | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | Յակոբ Մարթաեան |
Ծնած է | 22 Մայիս 1895 |
Ծննդավայր | Կ.Պոլիս |
Մահացած է | 12 Սեպտեմբեր 1979 |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա[1] |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա Թուրքիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Ռոպերթ Գոլէճ[1] Անգարայի Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | թուրքագետ, համալսարանի դասախօս, լեզուաբան, լրագրող |
Աշխատավայր |
Լույս Ռոպերթ Գոլէճ[1] Անգարայի Համալսարան Սոֆիայի համալսարան? Թուրքական լեզնաբանական ընկերություն? Ռահվիրա?[1] |
Անդամութիւն | թուրքական լեզուաբանական ընկերակցութիւն |
Ծնողներ | Վահան Մարթաեան եւ Էօժէնի Մարթաեան |
Յակոբ Մարթաեան (22 Մայիս 1895[1], Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն[1] - 12 Սեպտեմբեր 1979[1], Պոլիս, Թուրքիա[1]), հռչակաւոր լեզուաբան, բանասէր եւ ուսուցիչ: Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք զինք տուած է «Տիլաչար» մականունը[2][3]:
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պոլսահայ հռչակաւոր լեզուաբան եւ բանասէր Յակոբ Մարթաեան ծնած է Պիւյիւքտերէ 22 Մայիս 1895-ին: Հայրը՝ Վահան Մարթաեան իսկ մայրը՝ Էօժէնի Մարթաեան (ծնեալ Սարաֆեան): Մանկութիւնը անցուցած է Կէտիկփաշայի մէջ։ Չորս տարեկանին սկսած է յաճախել տեղւոյն ամերիկեան մանկապարտէզը, ուր միայն անգլերէն սորված է։ Միջնակարգի ուսումը ստացած է ամերիկեան վարժարանի մը մէջ։ 1907-ին խմբագրած է վարժարանին շաբաթաթերթը՝ «Սքուլ Նիուզ»: 1910 թուականին յաճախել սկսած է Ռոպէրթ Գոլէճ, ուր իր սորված լեզուներուն աւելցուցած է գերմաներէն, լատիներէն եւ դասական յունարէն: Իր ընկերներէն սորված է նաեւ ռուսերէն, լեհերէն եւ պուլկարերէն: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի պահուն Կովկասի ռազմաճակատին մէջ պաշտoն ստացած է որպէս պահեստի սպայ: 1918-ին գաղթած է Պէյրութ, ուր կարգուած է Սուրբ Նշան ազգային վարժարանի տնօրէնը[4]: Լիբանանի մէջ հիմնած էհայերէն «Լոյս» շաբաթաթերթը:
1919-ին վերադարձած է Պոլիս եւ ուսուցչութիւն ըրած՝ Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ։ 1922-ին ամուսնացած է Մելինէ անուն օրիորդի մը հետ, որմէ ետք մեկնած է Պուլկարիա: Հոն հրատարակած է «Մշակոյթ» շաբաթաթերթը եւ «Ռահվիրայ» ամսաթերթը։ Սոֆիայի համալսարանին մէջ սկսած է դասաւանդել դասական թրքերէն: Թրքերէն լեզուի մասին Պոլսոյ «Արեւելք» թերթին մէջ իր հրատարակած մէկ յօդուածին թարգմանութիւնը Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքի ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ Մուսթաֆա Քէմալ Մարթաեանը կը հրաւիրէ Թուրքիա, որպէսզի դասախօսէ լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան կաճառներուն մէջ:
Պաշտօնավարած է Թուրք Լեզուի Հաստատութեան քարտուղարութեան մէջ: 1934 թուականին մականունի օրէնքով, թրքերէնի մասին կատարած աշխատութիւններուն փոխարէն, Մուսթաֆա Քեմալ իրեն «Տիլաչար» մականունը (Թրքերէնի մէջ «տիլաչար» կը նշանակէ լեզու բացող) տուած է: Թուրքիոյ Խորհրդարանին առաջարկած է Մուսթաֆա Քեմալին «Աթաթիւրք» մականունը տրուիլը:
Մամուլի աշխատակից
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աշխատակցած է նաեւ Պոլսահայ մամուլին, մանաւանդ «Մարմարա» օրաթերթին:
Հրատարակութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայերէնով հրատարակած է երկու գրքոյկներ՝ «1500-ամեակի Խոհեր» (1951) եւ «Աստուածաշունչը եւ աշխարհաբարը» (1956): 1977-ին «Մարմարա» թերթի ձեռնարկութեամբ նշուած է Յակոբ Մարթաեանի գործունեութեան 70 ամեակը:
Ունի անտիպ բազմաթիւ ստեղծագործական լեզուագիտական եւ թարգմանական աշխատասիրութիւններ՝ «Սալին Վրայ» (գրական փորձեր),« Խոնջած Երազներ» (բանաստեղծութիւններ), «Ցայգաթիթեռ» (թատրերգութիւն), «Լեւոն Շանթ՝ Իր Փիլիսոփայութիւնը եւ Գեղարուեստը» (մենագրութիւն), «Հայ Դիւցազնավէպը Բաղդատական Հիմի Վրայ:
Մահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1979-ին Մարթաեան մահացած է Պոլսոյ մէջ, իր ետին ձգելով պարբերաթերթերու մէջ ցրուած անհամար յօդուածներ: Իր մահազդը «ԹէՐէԹէ-ի (թրք.՝ TRT) կողմէ ծանուցուեցաւ որպէս «Ատիլ Աչար»: Այս կացութեան հանդերձ իր Յակոբ անունը չյայտարարուեցաւ, միայն «Ա. Տիլաչար» ձեւով սխալը շտկեցին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,00 1,01 1,02 1,03 1,04 1,05 1,06 1,07 1,08 1,09 1,10 Հայկական սովետական հանրագիտարան — Երևան: 1981. — հատոր 7. — է. 315.
- ↑ «‘Cumhuriyet’in iyi çocuğu’ Hagop Martayan ya da A. Dilaçar | Agos»։ Agos (tr-TR)
- ↑ «Ս. ՅԱԿՈԲ ԵՒ ՄԻՒՍ ՅԱԿՈԲՆԵՐԸ - kantsasar weekly NEWS»։ kantsasar weekly NEWS (en-US)։ 2015-12-12[permanent dead link]
- ↑ LLC Revolvy,։ «"Agop Dilâçar" on Revolvy.com»։ www.revolvy.com (Անգլերէն)