Թիւրքագիտութիւն
Թիւրքագիտութիւն (անգլերէն՝ Turkology կամ Turcology եւ կամ Turkic studies) մարդկային գիտութիւններու ճիւղերէն մին է, որ կ՚ուսումնասիրէ թիւրքական ցեղերուն լեզուները, պատմութիւնը, գրականութիւնը, ազգախօսութիւնը, կրօնքներն ու հոգեւոր եւ նիւթական մշակոյթը, ժամանակագրական ու բաղդատական համաբնագիրի մը մէջ։ Թիւրքագիտութիւնը կը բովանդակէ արեւելեան Սիպիրէն մինչեւ Պալքաններ ու Մոլտովայի թիւրքական ցեղերը։[1]
Թիւրքագիտութիւն եւ թրքագիտութիւն (թուրքագիտութիւն)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թիւրքագիտութիւնը (խորհրդային կամ սովետական ուղղագրութեամբ՝Թյուրքագիտություն) կը վերաբերի այն լեզուաընտանիքին, որ կը ներառէ տարբեր լեզուները զորս կը խօսին այն ցեղերը պատմականօրէն թիւրքեր կոչուող ցեղերը (ուզպէքներ, քազախներ, թուրքեր, ազերիներ, Քազանեան թաթարեր, թուրքմէններ, Գըրքիզներ, չուվաշներ, պաշքիրներ, գարաքափլաք, եագութ, գումիք, Ղրիմի թաթարներ, ուիկուրներ եւ այլ ցեղեր)։[2]
Միւս կողմէն, թրքերէնը յատուկ լեզու մըն է, զոր կը խօսի Թուրքիոյ հանրապետութեան ժողովուրդը եւ Կիպրոսի գրաւուած՝ հիւսիսային տարածքին մէջ բնակող թուրքերը։[2]
Թիւրքերէնը լեզուաընտանիք մըն է, որ կը ներառէ թրքերէնը (արեւելահայերէն՝ թուրքերէնը), մինչ դեռ թրքերէնը այն մասնայատուկ լեզուն է, զոր կը խօսի Թուրքիոյ հանրապետութեան եւ Կիպրոսի գրաւուած՝ հիւսիսային տարածքին մէջ բնակող ժողովուրդը: [2]
Տե՛ս նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Արեւելագիտութիւն։
- Արաբագիտութիւն։
- Չինագիտութիւն։
- Արաբագիտութիւն։
- Հայագիտութիւն։
- Իրանագիտութիւն։
- Հրէագիտութիւն:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Menges, Karl H. The Turkic Languages and Peoples: An Introduction to Turkic Studies, 2nd revised edition. Wiesbaden: Harrassowitz, 1995.
- Poppe, Nicholas. Introduction to Altaic Linguistics. Wiesbaden: Harrassowitz, 1965.
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Turkology | Encyclopedia.com։ Արտագրուած է՝ 23/Սեպտեմբեր/2023-ին։
- ↑ 2,0 2,1 2,2 About | Turkish Language Studies (upenn.edu)։ Արտագրուած է՝ 23/Սեպտեմբեր/2023-ին։