Յակոբ Մարթայեան

Յակոբ Մարթայեան
Ծննդեան անուն Յակոբ Մարթաեան
Ծնած է 22 Մայիս 1895
Ծննդավայր Կ.Պոլիս
Մահացած է 12 Սեպտեմբեր 1979
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր ­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Անգարայի Համալսարան
Մասնագիտութիւն լեզուաբան, համալսարանի դասախօս, լրագրող, թուրքագետ
Աշխատավայր Լույս
­Ռո­պերթ Գո­լէ­ճ
Անգարայի Համալսարան
Սոֆիայի համալսարան?
Թուրքական լեզնաբանական ընկերություն?
Ռահվիրա?
Անդամութիւն թուրքական լեզուաբանական ընկերակցութիւն
Ծնողներ Վահան Մարթայեան եւ Էօժէնի Մարթայեան

Յակոբ Մարթայեան (22 Մայիս 1895(1895-05-22), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 12 Սեպտեմբեր 1979(1979-09-12), Պոլիս, Թուրքիա), հռչակաւոր լեզուաբան, բանասէր եւ ուսուցիչ: Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրք զինք տուած է «Տիլաչար» մականունը[1][2]:

Կեանք եւ գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոլսահայ հռչակաւոր լեզուաբան եւ բանասէր Յակոբ Մարթայեան ծնած է Պիւյիւքտերէ 22 Մայիս 1895-ին: Հայրը՝ Վահան Մարթայեան իսկ մայրը՝ Էօժէնի Մարթայեան (ծնեալ Սարաֆեան): Մանկութիւնը անցուցած է Կէտիկփաշայի մէջ։ Չորս տարեկանին սկսած է յաճախել տեղւոյն Ամերիկեան Մանկապարտէզը, ուր ուսանած է միայն Անգլերէն: Միջնակարգի ուսումը ստացած է Ամերիկեան վարժարանի մը մէջ։ 1907-ին խմբագրած է վարժարանին շաբաթաթերթը «Սքուլ Նիուզ» անունով: 1910 թուականին յաճախել սկսած է Ռոպէրթ Գոլէճ որուն իր ուսանած լեզուներուն աւելցուցած է Գերմաներէն, Լատիներէն եւ դասական Յունարէն: Իր ընկերներէն սորված է նաեւ Ռուսերէն, Լեհերէն եւ Պուլկարերէն: Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի պահուն Կովկասի Ռազմաճակատին մէջ պաշտoն ստացած է որպէս պահեստի սպայ: 1918-ին գաղթած է Պէյրութ, ուր կարգուած է Սուրբ Նշան Ազգային Վարժարանի տնօրէնը[3]: Լիբանանի մէջ հիմնած էՀայերէն «Լոյս» շաբաթաթերթը:

1919-ին վերադարձած է Պոլիս եւ ուսուցչութիւն ըրած է Ռոպէրթ Գոլէճի մէջ։ 1922-ին ամուսնացած է Մելինէ անուն օրիորդի մը հետ որմէ ետք կը մեկնի դէպի Պուլկարիա: Հոն հրատարակած է «Մշակոյթ» շաբաթաթերթը եւ «Ռահվիրայ» ամսաթերթը։ Սոֆիայի Համալսարանին մէջ սկսած է դասաւանդել Դասական Թրքերէն: Թրքերէն լեզուի մասին Պոլսոյ «Արեւելք» թերթի մէջ իր հրատարակած յօդուածի մը թարգմանութիւնը Մուսթաֆա Քէմալ Աթաթիւրքին ուշադրութիւնը կը գրաւէ եւ Մուսթաֆա Քէմալ, Մարթայեանը կը հրաւիրէ Թուրքիա, որպէսզի դասախօսէ լեզուի, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան կաճառներու մէջ:

Պաշտօնավարած է Թուրք Լեզուի Հաստատութեան քարտուղարութեան մէջ: 1934 թուականին մականունի օրէնքով որպէս Թրքերէնի վրայ կատարած աշխատութիւններուն փոխարէնը Մուսթաֆա Քէմալ իրեն «Տիլաջար» մականունը (Թրքերէնի մէջ Տիլաջար կը նշանակէ լեզու բացող) նուիրած է: Թուրքիոյ Խորհրդարանին առաջարկած է Մուսթաֆա Քէմալին «Աթաթիւրք» մականունը տրուիլը:

Մամուլի աշխատակից[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշխատակցած է նաեւ Պոլսահայ մամուլին, մանաւանդ «Մարմարա» օրաթերթին:

Հրատարակութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայերէնով հրատարակած է երկու գրքոյկներ՝ «1500 Ամեակի Խոհեր» (1951) եւ «Աստուածաշունչը եւ Աշխարհաբարը» (1956): 1977-ին «Մարմարա» թերթի ձեռնարկութեամբ նշուած է Յակոբ Մարթայեանի գործունեութեան 70 ամեակը:

Ունի անտիպ բազմաթիւ ստեղծագործական լեզուագիտական եւ թարգմանական աշխատասիրութիւններ՝ «Սալին Վրայ» (գրական փորձեր),« Խոնջած Երազներ» (բանաստեղծութիւններ), «Ցայգաթիթեռ» (թատրերգութիւն), «Լեւոն Շանթ՝ Իր Փիլիսոփայութիւնը եւ Գեղարուեստը» (մենագրութիւն), «Հայ Դիւցազնավէպը »Բաղդատական Հիմի Վրայ:

Մահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1979-ին Մարթայեան մահացած է Պոլսոյ մէջ, իր ետին ձգելով պարբերաթերթերու մէջ ցրուած անհամար յօդուածներ: Իր մահազդը «ԹէՐէԹէ-ի (թրք.՝ TRT) կողմէ ծանուցուեցաւ որպէս «Ատիլ Աչար»: Այս կացութեան հանդերձ իրեն Յակոբ անունը չյայտարարուեցաւ, միայն «Ա. Տիլաչար» ձեւով սխալը շտկեցին:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]