Jump to content

Ահաբեկչութիւն

Չվերթ 175 United Airlines-ի բախումը Նիւ Եորքի Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոնի շէնքին։ Օդանաւին մէջ գտնուող 65 ճամբորդները արկածին հետեւանքով կը զոհուին։ Հարիւրաւոր մարդիկ կը մահանան աշտարակի պայթումին պատճառով։ Աւելի քան 637 մարդ կը մահանայ ակնթարթօրէն[1]։

Ահաբեկչութիւն, ահաբեկչութեան համակարգուած օգտագործման վրայ հիմնուած քաղաքականութիւն[2][3][4]։ Այն լայնօրէն կը կիրառուի իբրեւ դիտաւորեալ անհանդուրժող բռնութեան օգտագործման կամ վախի ստեղծման միջոց՝ քաղաքական, կրօնական կամ գաղափարական նպատակներու հասնելու համար[5]։ Հակառակ «ահաբեկչութիւն» եզրին իրաւական ուժին, ներկայիս ահաբեկչութիւնը ամբողջութեամբ նկարագրող որեւէ սահմանում դեռ գոյութիւն չունի[6][7]։ Միջազգային սահմանումի հասնելու խոչընդոտներէն մէկը ահաբեկչութեան սահմանումն է այնպիսի ձեւով, որ ան չներառէ ազատամարտիկներուն զինեալ գործողութիւնները[8]։ «Ահաբեկչութիւն» (լատ.՝ terror, վախ, սարսափ) բառին հոմանիշներն են «բռնութիւնը», «սարսափեցումը», «ահաբեկութիւնը»[9]։

Տարբեր երկիրներու օրէնսդրութիւններուն մէջ «ահաբեկչութիւն»-ը կ'ընդունուի իբրեւ յանցանք[10][11]։ Համաընդհանուր համաձայնութիւն դեռ գոյութիւն չունի այն մասին, թէ արդեօք «ահաբեկչութիւն»-ը որոշ առումներով պէտք է դիտարկել իբրեւ պատերազմական յանցանք[11][12]։

1960-ականներուն կը ստեղծուի ահաբեկչութիւնը բնութագրող նոր ու յստակ եզր մը՝ միջազգային ահաբեկչութիւն[13]՝ երկիրներու ղեկավարներու եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու առեւանգումն ու սպանութիւնը, դեսպանատուներու, միջազգային կազմակերպութիւններու շէնքերուն, տարբեր երկիրներու օդակայաններուն, կայարաններուն պայթեցումը, եւ այլն։

Մերիլենտի Համալսարանին կողմէ հրապարակուած Համաշխարհային ահաբեկչութեան տուեալներուն համաձայն, 2000-էն 2014 թուականները արձանագրուած է ոչ պետական ահաբեկչութեան աւելի քան 61,000 դէպք, որուն պատճառով արձանագրուած է առնուազն 140,000 մահ[14]։

Եակոպիններու խումբի կարգախօսը․ "Եակոպիններու հասարակութիւն, ազատութեան եւ հաւասարութեան ընկերներ"։
Կայսր Նափոլէոն Պոնափարտը կը կասեցնէ 5 Հոկտեմոեր 1795-ի Փարիզի արքայական ապստամբութիւնը։

Լատիներէն terrere բայը կը նշանակէ վախցնել[15]։

Անգլերէն "terror" բառը, ինչպէս ֆրանսական terreur-ը, կը բխի լատիներէն այդ բառէն եւ կը նշանակէ վախ, ահազանգ, տառապանք (սարսափելի), խուճապ։

Օքսֆորտի Անգլերէն Բառարանը կը նշէ, որ «ահաբեկիչ» բառը առաջին անգամ յայտնուած է 1794-ին՝ Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ։ Այնուհետեւ, «ահաբեկիչ» բառին առաջին նշանակութիւն ունեցող կիրառումը կը կատարուի Եակոպիններու կողմնակից կամ աջակից[16] իմաստով։ Օքսֆորտի բառարանին մէջ նշուած սահմանումը ցոյց կու տայ, որ «ահաբեկիչ» եզրը իր առաջին օգտագործման մէջ ունեցած է վիրաւորական բնոյթ՝ նկարագրելու համար հասցէատիրոջ քաղաքական կամ պատմական գաղափարները եւ ոչ թէ անոր անձնական գործողութիւնները[16]։

1795-ի Դեկտեմբերին, Էտմունտ Պուրկ կ'օգատգործէ «ահաբեկիչներ» եզրը, նկարագրելու Ֆրանսական նոր՝ Տիրեքտորիա կոչուող կառավարութեան նկարագրութեան նպատակով։

Ահաբեկչութեան արմատներն ու գործածութիւնը կը հասնին մինչեւ Ք.Ե. առաջին դար[17]։ «Ահաբեկչութիւն» եզրը՝ հիմնականը լայնօրէն կ'օգտագործուի Ֆրանսական յեղափոխութեան ժամանակ։ Եակոպիններու առաջնորդ Մաքսիմիլիէն Ռոպեսփիէր ըսած է. «Ահաբեկչութիւնը ոչ ինչ է, քան արդարութիւն, դրդում, դաժանութիւն, անզիջողութիւն»։

1858-ին իտալացի հայրենասէր Ֆելիչէ Օրսինին Նափոլէոն Գ.-ը սպաննելու փորձ կատարելու համար անոր վրայ կը նետէ երեք ռումբ[18]։ Այս գործողութեան ժամանակ կը մահանայ ութ եւ կը վիրաւորուի 142 հոգի[18]: Այս միջադէպը անկիւնադարձային կը նկատուի ահաբեկչական խումբերուն զարգացման պատմութեան մէջ։

Առաջին ահաբեկչական թեքնիք մեթոտները կ'օգատագործէ Իրլանտայի Հանրապետական Եղբայրութիւնը[19], որ կը հիմնադրուի 1858-ին իբրեւ իրլանտական ազգայնական յեղափոխական խումբ[20], եւ որ յարձակումներ կը գործէ Անգլիոյ տարածքին[21]։ Խումբը 1881-ին կը սկսի ֆրենեան շատ բուռն քարոզարշաւ, եւ որ կը նկատուի ժամանակակից առաջին ահաբեկչական արշաւներէն մէկը[22]։ Քաղաքական սպանութիւններու վրայ հիմնուած աւելի վաղ ահաբեկչութեան ձեւերու փոխարէն այս քարոզարշաւը իր քաղաքական նպատակներուն հասնելու համար կ՛օգտագործէր ժամանակակից պայթուցիկ՝ Մեծ Բրիտանիոյ շոգեկառքի ճամբորդներուն մէջ վախ տարածելու նպատակով[23]։

1878-ին Ռուսաստանի մէջ կը հիմնուի «Նարոտնայա Վոլիա» յեղափոխական ահբեկչական խումբը, որ կ'ոգեշնչուէր Սերգէյ Նեչայեւի եւ ահաբեկիչ Քարլօ Փիսասանի «արարքի քարոզարշաւէն»[17][24][25]։

Ահաբեկչութիւն ուսումնասիրողները կ'առանձնացնեն համաշխարհային ահաբեկչութեան չորս գլխաւոր ալիք․ ահաբեկչական, հակագաղութային, Նոր ձախ եւ կրօնական։ Առաջին երեքը ունեցած են 40 տարի տեւողութիւն ու յետոյ մարած են, իսկ չորրորդը ներկայիս կը գտնուի իր երրորդ տասնամեակին մէջ»[26]։

Ահաբեկչութեան ձեւեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ահաբեկչութիւնները ըստ բնոյթի կը բաժնուին հետեւեալ տեսակներուն․

  1. Անկազմակերպ կամ անհատական (մէկ անձի կողմէ ահաբեկչութիւն) - այս պարագային ահաբեկչական գործողութիւնը կ'իրականացուի մէկ կամ երկու հոգիի կողմէ, որոնց ետին ոչ մէկ կազմակերպութիւն կանգնած է (Տմիթրի Քարակոզով, Վերա Զազուլիչ, Ռաւեշոլ, Թիմոթի Մքրեւ եւ այլն)։
  2. Կազմակերպուած, խմբային - ահաբեկչական գործունէութիւնը կը նախատեսուի եւ կ'իրականացուի կազմակերպութիւններու կողմէ (Ժողովրդական կամք, ընկերվարական յեղափոխականներ, Ալ-Քայիտա, ՏԱՀԵՇ եւ այլն): Կազմակերպուած ահաբեկչութիւնը աւելի տարածուած է ժամանակակից աշխարհին մէջ։

Ըստ նպատակի, ահաբեկչութիւնները կը բաժնուին հետեւեալ տեսակներուն․

  1. Ազգայնական - կը հետապնդէ անջատողական կամ ազգային ազատագրական նպատակներ։
  2. Կրօնական - կրնայ կապուած ըլլալ տարբեր կրօններու (հինտուներու եւ իսլամներու, իսլամներու եւ հրեաներու) եւ մէկ կրօնի (բողոքական-կաթողիկէներ, սիւնի-շիաներ) դաւանողներու միջեւ, եւ նպատակ կ'ունենայ խարխլել աշխարհիկ իշխանութիւնն ու ստեղծել կրօնական իշխանութիւն։
  3. Գաղափարապէս նշանակուած, ընկերվարական - կ'ուղղուի երկրին տնտեսական կամ քաղաքական համակարգին արմատական կամ մասնակի փոփոխութեան: Երբեմն ահաբեկչութեան այս տեսակը կը կոչուի յեղափոխութիւն: Գաղափարականօրէն ահաբեկչութեան տրուած օրինակ է անարխիստական, ընկերվարական-յեղափոխական, ֆաշիստական, եւրոպական «ձախ», բնապահպանական ահաբեկչութիւն բնորոշումները։

Ահաբեկչութեան այս բաժանումը պայմանական է եւ նմանութիւններ կարելի է գտնել բոլոր ձեւերուն մէջ:

Պատկերազարդ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զբօսաշրջութեան հետ կապուած

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Լուքսորի հոգեհանգիստի տաճար, զանգուածային սպանութեան վայրը։

Ահաբեկչութեան եւ զբօսաշրջութեան միջեւ կապը լայնօրէն կ'ուսումնասիրուի Եգիպտոսի մէջ Լուքսորի ահաչեկչութենէն ետք[27][28]։ 1970-ականներուն ահաբեկիչներուն թիրախ դարձան քաղաքական գործիչներն ու ոստիկանութեան պետերը, մինչ այսօր միջազգային զբօսաշրջիկներն ու այցելուները կ'ընտրուին իբրեւ յարձակումներու հիմնական թիրախներ: 11 Սեպտեմբեր 2001-ին Համաշխարհային Առեւտուրի Կեդրոնի եւ Փենթակոնի վրայ տեղի ունեցած յարձակումները ահաբեկչութեան նոր դարաշրջանի սկիզբ[29][30]։ Այս իրադարձութենէն սկսեալ, Արեւմուտքի հպարտութիւնը հանդիսացող հանգիստի գօտիները կ'ընկալուէին իբրեւ վտանգաւոր եւ սարսափելի վայրեր[31][32]։ Մաքսիմիլիանօ Է. Կորստանսէ կը պնդէ, որ ահաբեկչութիւնը կը ներկայացնէ ատելութեան երկխօսութիւն խումբ մը ապստամբներու եւ պետութեան միջեւ, որ չի կրնար կանխատեսել յաջորդ հարուածը: Զբօսաշրջութիւնն ու ահաբեկչութիւնը պատմականօրէն փոխկապակցուած են։ Լիուք Հօուի կը բացատրէ, որ ահաբեկիչներու գործողութիւնները չեն ուղղուիր ամբողջ քաղաքակրթութիւններու վերացման, ինչպէս ԶԼՄ-ները կը պատկերացնեն, այլ անոնք կը տարածեն ծայրահեղ վախի զգացում, որպէսզի իրենց պահանջքները ընդունուին: Ահաբեկիչները սովորաբար հոգեբանօրէն անտարբեր են ուրիշներու տառապանքներուն հանդէպ։ Շատ հաւանական է, որ ահաբեկչութեան հիմնական խնդիրներէն մէկը իր թիրախ լսարանին ուշադրութիւնը գրաւելու անհրաժեշտութիւնը ըլլայ:

Մարտավարութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուոլ Սթրիթի ռմբակոծումը 16 Դեկտեմբեր 1920-ի կէսօրին, կը մահանայ 38 հոգի եւ կը վիրաւորուին հարիւրաւորներ: Յանցաւորները չեն բռնուիր[33]։

Ահաբեկչական յարձակումները յաճախ նպատակաուղղուած կ'ըլլան առաւելագոյնի հասցնել վախն ու հրապարակայնութիւնը, սովորաբար օգտագործելով պայթուցիկ նիւթեր կամ թոյն[34]։

Ահաբեկչական խումբերը սովորաբար աւելի շուտ կը ծրագրեն յարձակումը եւ կը պատրաստեն մասնակիցներ, որոնց միջեւ կապը կը պահպանուի ժամանակակից հեռահաղորդակցութեան միջոցով եւ կամ հին ձեւերով, ինչպիսիք են, օրինակ, սուրհանդակները։

Ահաբեկչութիւնը պատերազմի տեսակ մըն է եւ աւելի կը տարածուի այն պարագային, երբ ուղղակիօրէն պայմանական պատերազմը կը կորսնցնէ իր արդիւնաւէտութիւնը[35]։

Հակամարտութեան տեսակները լայնօրէն կը տարբերին։ Պատմական օրինակներն են․

  • Տարածաշրջանէն դուրս գալը՝ նոր ինքնիշխան պետութիւն ձեւաւորելու կամ այլ պետութեան մաս դառնալու համար
  • Տարբեր բնիկ խումբերու տարածքներու կամ արտադրութիւններու վրայ իշխելը
  • Բնակչութեան տնտեսական կորուստը
  • Կրօնական ծայրայեղութիւն
  • եւ այլն

Պետական հովանաւորները ֆինանսաւորման հիմնական ձեւերը եղած են։ Պաղեստինի Ազատագրման Կազմակերպութիւնը, Պաղեստինի Ազատագրման Տեմոկրատական Ճակատը եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ նկատուող միւս խումբերը, ֆինանսաւորուած են Խորհրդային Միութեան կողմէ[36][37]: "Stern Gang"-ը ֆինանսաւորում կը ստանայ Պէյրութի մէջ գտնուող իտալական ֆաշիստական սպաներէ` Բրիտանիոյ պաղեստինեան իշխանութիւնը խաթարելու համար[38]։ Փաքիստանը ստեղծած եւ կազմաւորած է ահաբեկչական խումբեր` իր դրացի երկիրներուն եւ յատկապէս Հնդկաստանի հանդէպ իր մարտավարական նպատակներուն հասնելու համար[39]։

Ֆինանսաւորման այլ հիմնական աղբիւրներ կը ներառեն փախստականներու առեւանգումը, մաքսանենգութիւնը (ինչպէս, վայրի բնութեան անօրինական մաքսանենգութիւնը)[40], խարդախութիւնն ու կողոպուտը[36]։

Ֆինանսական Գործողութիւններու Գծով Յանձնաժողովը միջկառավարական մարմին է, որուն իշխանութիւնը 2001-ի Հոկտեմբերէն կը ներառէ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքար[41]։

Ստորեւ կը ներկայացուին 2015-ին տասը ամենաշատ ահաբեկչութեան ենթարկուած երկիրները[42]


Վարկանիշ
Երկիր Ցուցանիշ
1 Իրաք 10[43]
2 Աֆղանիստան 9.233[43]
3 Նիճերիա 9.213[43]
4 Փաքիստան 9.065[43]
5 Սուրիա 8.108[43]
6 Հնդկաստան 7.747[43]
7 Եմէն 7.642[43]
8 Սոմալիա 7.6[43]
9 Լիպիա 7.29[43]
10 Թայլանտ 7.279[43]

Ահաբեկչութեան տեսակ էր 27 Հոտկեմբեր 1999-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին վրայ կատարուած յարձակումը, որուն հետեւանքով զոհուեցան Ազգային ժողովի նախագահ Կարէն Դեմիրճեանը, վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը եւ վեց այլ պետական գործիչներ ու Ազգային ժողովի պատգամաւորներ։

Ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառած վնասները կանխելու եւ միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու նպատակով ընդունուած են բազմակողմանի համաձայնագրեր եւ օրէնսդրական փաստաթուղթեր, մշակուած են անվտանգութեան զանազան միջոցառումներ։

Ահաբեկչութիւններու թիրախ օդակայաններու մէջ պայթեցնող մեքանիզմներ եւ զէնք յայտնաբերելու նպատակով խստացած է ճամբորդներու ստուգումը. կ'օգտագործուին ռենտկենեան սարքեր, մետաղափնտրիչներ եւ պայթուցիկ նիւթեր յայտնաբերող վարժուած շուներ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «NIST NCSTAR 1–5: Reconstruction of the Fires in the World Trade Center Towers» (PDF)։ National Institute of Standards and Technology։ October 2005։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2012-08-26-ին 
  2. Oxford English Dictionary Second Edition 1989. Second general definition of terrorism: «A policy intended to strike with terror those against whom it is adopted; the employment of methods of intimidation; the fact of terrorizing or condition of being terrorized.»
  3. Согласно словарю Даля: «устращивание, устрашение смертными казнями, убийствами и всеми ужасами неистовства». Следует отметить, что во времена Даля под терроризмом прежде всего понималась политика государственного террора, по опыту Французской революции.
  4. «Online Etymology Dictionary»։ Etymonline.com։ 1979-10-20։ արտագրուած է՝ 2009-08-10 
  5. Fortna Virginia Page (20 May 2015)։ «Do Terrorists Win? Rebels' Use of Terrorism and Civil War Outcomes»։ International Organization 69 (3): 519–556։ doi:10.1017/S0020818315000089։ արտագրուած է՝ 28 September 2016 
  6. Halibozek Edward P., Jones Andy, Kovacich Gerald L. (2008)։ The corporate security professional's handbook on terrorism (illustrated հրտրկթն․)։ Elsevier (Butterworth-Heinemann)։ էջեր 4–5։ ISBN 0-7506-8257-4։ արտագրուած է՝ 17 December 2016 
  7. Robert Mackey (20 November 2009)։ «Can Soldiers Be Victims of Terrorism?»։ The New York Times։ արտագրուած է՝ 11 January 2010։ «Terrorism is the deliberate killing of innocent people, at random, in order to spread fear through a whole population and force the hand of its political leaders.» 
  8. Marsavelski, A. (2013) The Crime of Terrorism and the Right of Revolution in International Law Connecticut Journal of International law, Vol. 28, С. 246
  9. Террор — статья в словаре русских синонимов
  10. Schwenkenbecher Anne (13 August 2012)։ Terrorism: A Philosophical Enquiry։ Palgrave Macmillan։ էջ 10։ ISBN 978-0-230-36398-4 
  11. 11,0 11,1 «The Illusion of War: Is Terrorism a Criminal Act or an Act of War? – Mackenzie Institute»։ Mackenzie Institute։ 31 July 2014։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-14-ին։ արտագրուած է՝ 2017-04-29 
  12. Eviatar Daphne (13 June 2013)։ «Is 'Terrorism' a War Crime Triable by Military Commission? Who Knows?»։ Huffington Post։ արտագրուած է՝ 2017-04-29 
  13. История международного терроризма. О книге Беньямина Нетаньяху[permanent dead link] Կաղապար:Недоступная ссылка
  14. «Global Terrorism Index 2015»։ Institute for Economics and Peace։ էջ 33 
  15. Kim Campbell (27 September 2001)։ «When is 'terrorist' a subjective term?»։ Christian Science Monitor։ արտագրուած է՝ 11 January 2010։ «New York Times columnist William Safire wrote that the word "terrorist" has its roots in the Latin terrere, which means "to frighten" 
  16. 16,0 16,1 Shariatmadari David (27 January 2015)։ «Is it time to stop using the word 'terrorist'?»։ the Guardian։ արտագրուած է՝ 23 March 2017 
  17. 17,0 17,1 «PM Modi's vow to avenge Uri won't remain just words: Manohar Parrikar – Times of India»։ indiatimes.com 
  18. 18,0 18,1 Crenshaw, Martha, Terrorism in Context, p. 38.
  19. «Terrorism: From the Fenians to Al Qaeda»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 December 2012-ին։ արտագրուած է՝ 2012-12-17 
  20. Irish Freedom, by Richard English Publisher: Pan Books (2 November 2007), 0-330-42759-8 p179
  21. Irish Freedom, by Richard English Publisher: Pan Books (2 November 2007), 0-330-42759-8 p. 180
  22. Whelehan Niall (2012)։ The Dynamiters: Irish Nationalism and Political Violence in the Wider World 1867–1900։ Cambridge 
  23. «The Fenian Dynamite campaign 1881–85»։ արտագրուած է՝ 2012-12-17 
  24. History of Terrorism article by Mark Burgess Archived 11 May 2012 at the Wayback Machine.
  25. Hoffman 1998, p. 5
  26. «Terrorism as a Global Wave Phenomenon: Overview»։ Politics.oxfordre.com։ արտագրուած է՝ 1 December 2017 
  27. Sönmez S. F., Apostolopoulos Y., Tarlow P. (1999)։ «Tourism in crisis: Managing the effects of terrorism»։ Journal of Travel Research 38 (1): 13–18։ doi:10.1177/004728759903800104 
  28. Tarlow, P. E. (2006). "Tourism and Terrorism". In Wilks J, Pendergast D & Leggat P. (Eds) Tourism in turbulent times: Towards safe experiences for visitors (Advances in Tourism Research), Elsevier, Oxford, pp. 80–82.
  29. Bianchi R (2006)։ «Tourism and the globalisation of fear: Analysing the politics of risk and (in) security in global travel»։ Tourism and Hospitality Research 7 (1): 64–74։ doi:10.1057/palgrave.thr.6050028 
  30. Clayton A. Mustellier, Korstanje M.E (2014)։ «Understanding Perceptions and attitudes to Risk in the Tourism Industry»։ International Journal of Religious Tourism and Pilgrimage 2 (1): 48–57 
  31. Floyd, M. et al. (2003). "The Effects of Risk Perception on Intention to Travel in the Aftermath of September 11, 2001". In Safety and Security in Tourism: relationships, Management and Marketing, (Eds) Hall, M. Timothy, D. y Duval, T.. New York: Haworth Hospitality Press
  32. Brun W., Wolff K., Larsen S. (2011)։ «Tourist worries after terrorist attacks: Report from a field experiment»։ Scandinavian Journal of Hospitality and Tourism 11 (3): 387–94։ doi:10.1080/15022250.2011.593365 
  33. Gage Beverly (2009)։ The Day Wall Street Exploded: A Story of America in its First Age of Terror։ New York: Oxford University Press։ էջ 1։ ISBN 978-0-19-975928-6 
  34. Suicide bombings are the most effective terrorist act in this regard. See the following works: Cited in Richardson Louise (2006)։ What Terrorists Want: Understanding the Terrorist Threat։ London, UK: Hodder Headline։ էջ 33։ ISBN 0-7195-6306-2 
  35. «Hackers warn high street chains»։ BBC News։ 25 April 2008։ արտագրուած է՝ 2010-01-11։ «That's the beauty of asymmetric warfare. You don't need a lot of money, or an army of people.» 
  36. 36,0 36,1 Detection of Terrorist Financing, U.S. National Credit Union Administration (NCUA), 2002.
  37. Jeremy Lott (6 October 2004)։ «Tripped Up»։ Reason Magazine։ արտագրուած է՝ 2010-01-11։ «and before the Soviet Union fell, terrorist organizations were funding themselves through subsidies from Communist governments» 
  38. «Aims and activities of the Stern Group in Palestine»։ Research and Analysis Branch (Washington: National Archives) 2717 (R & N)։ 1 December 1944 
  39. Nelson Dean (8 July 2009)։ «Pakistani president Asif Zardari admits creating terrorist groups»։ The Daily Telegraph 
  40. Gerben Jan Gerbrandy claiming that terrorist networks hunt wildlife for funding themselves Archived 22 February 2014 at the Wayback Machine.
  41. «Terrorist Financing»։ The Financial Action Task Force։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 30 June 2017-ին։ արտագրուած է՝ 7 January 2011 
  42. По данным газеты «Коммерсант», № 169/П [3008] от 13.09.2004 г.
  43. 43,00 43,01 43,02 43,03 43,04 43,05 43,06 43,07 43,08 43,09 ИНСТИТУТ ЭКОНОМИКИ И МИРА: РЕЙТИНГ СТРАН МИРА ПО УРОВНЮ ТЕРРОРИЗМА 2015 ГОДА

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]