Jump to content

Նիճերիա

Նիճերիա
Նիգերիայի դրոշ? Զինանշանը


Կը ներառնէ Abia State?, Adamawa State?, Akwa Ibom State?, Անամբրա?, Բաուչի նահանգ?, Bayelsa State?, Բենուեի Զուտ Արժեքը?, Բորնո?, Cross River State?, Դելտա?, Էբոնիի Պետություն?, Էդո նահանգ?, Ekiti State?, Էնուգու?, Gombe State?, Իմո?, Jigawa State?, Կադունա նահանգ?, Kano State?, Katsina State?, Kebbi State?, Kogi State?, Kwara State?, Լագոս?, Նասարավա նահանգ?, Նիգեր նահանգ?, Օգուն?, Ondo State?, Օսուն?, Օյո նահանգ?, Պլատո (նահանգ)?, Ռիվերս նահանգ?, Սոկոտո (նահանգ)?, Տարաբա նահանգ?, Yobe State?, Zamfara State? եւ Federal Capital Territory?
Պետական լեզու անգլերէն[1]
Մայրաքաղաք Ապուճա
Օրէնսդիր մարմին National Assembly of Nigeria?
Երկրի ղեկավար Բոլա Թինուբու?[2]
Կառավարութեան ղեկավար Բոլա Թինուբու?[2]
Ազգաբնակչութիւն 211 400 708 մարդ (Յունիս 2021)
Օրհներգ Nigeria, We Hail Thee?
Կարգախօս Unity and Faith, Peace and Progress, Единство и вяра, мир и прогрес, Good people, great nation եւ Undod a Ffydd, Heddwch a Chynnydd
Հիմնադրուած է 1 Հոկտեմբեր 1963 թ.
Արժոյթ Նիգերիական նայրա?
Ժամային համակարգ UTC+1, Africa/Lagos?[3] եւ Արևմտյան Աֆրիկայի ժամանակ?
Հեռաձայնային համակարգ +234
Համացանցի յղում .ng?
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ 0,535[4]
nigeria.gov.ng(անգլերէն)

Նիճերիոյ Դաշնակցային Հանրապետութիւն (Federal Republic of Nigeria), պետութիւն Արեւմտեան Ափրիկէի մէջ։ Կը մտնէ Համագործակցութեան մէջ։ Սահմանակից է Պենինին, Նիկերին, Չատին եւ Քամերունին։ Հարաւը կ'ողողուի Կուինէական ծոցի ջուրերով։ Տարածութիւնը մօտ 923,8 հազար քմ2 է, բնակչութիւնը՝ 183,528,800[5] (2015)։ Մայրաքաղաքը՝ Ապուճա։ Վարչականօրէն կը բաժնուի 19 նահանգի։

Պենին քաղաքի գրաւումը 1668 թուական

Նիճերիոյ տարածքին առաջին բնակավայրերը քարի դարէն են։ Ք. ա. մօտ 8—10րդ դարերուն Նիճերիոյ հիւսիսը կազմաւորուած են հաուսա ժողովուրդի քաղաք-պետութիւնները, անոնցմէ արեւելք՝ Քանեմ Պորնու պետութիւնը, հարաւը՝ Պենին թագաւորութիւնը։ 1472-ին Նիճերիոյ տարածքին յայտնուած են փորթուկալցիները, 1553-ին՝ անգլիացիները։

19րդ դարու կէսէն մինչեւ 20րդ դարու սկիզբը Մեծն Բրիտանիան գաղութացուց Նիճերիան (1914-ին ներկայիս Նիճերիոյ տարածքը անուանուած է «Նիճերիա գաղութ եւ խնամակալութիւն»)։ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն (1914—1918) ետք Նիճերիոյ մէջ յառաջացան հասարակական-քաղաքական առաջին կազմակերպութիւնները։ Նիճերիոյ անկախութեան համար պայքարը ղեկավարեց 1944-ին ստեղծուած առաջին համանիճերիական քաղաքական կուսակցութիւնը՝ Նիճերիոյ եւ Քամերունի Ազգային խորհուրդը (1962-էն՝ Նիճերիական քաղաքացիներու ազգային խորհուրդ, ՆՔԱԽ), որ միաւորեց քանի մը տասնեակ (երիտասարդական, կանանց, արհմիութենական) կազմակերպութիւն։ Հակագաղութատիրական շարժումը չէզոքացնելու եւ ասպատակելու նպատակով Մեծն Բրիտանիան 1947-ին Նիճերիան բաժնեց հիւսիսային, արեւմտեան եւ արեւելեան մասերու։

1958-ի Հոկտեմբերին Լոնտոնի սահմանադրական բանակցութեան ժամանակ Նիճերիոյ բոլոր շրջաններու ներկայացուցիչները պահանջեցին անկախութիւն տալ Նիճերիոյ։

1 Հոկտեմբեր 1960-ին Նիճերիան դարձաւ անկախ պետութիւն։ Կառավարութիւնը ըրաւ շարք մը միջոցառումներ երկրի տնտեսական եւ մշակութային յետամնացութիւնը յաղթահարելու համար։

1 Հոկտեմբեր 1963-էն Նիճերիան յայտարարուեցաւ դաշնակցական հանրապետութիւն։

15 Յունուար 1966-ին տեղի ունեցաւ զինուորական յեղաշրջում։ Կազմուեցաւ դաշնակցային զինուորական կառավարութիւն։

1966Մայիսին Նիճերիան հռչակուեցաւ միացեալ պետութիւն, արգիլուեցաւ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը։ Նիճերիոյ մէջ առաջ եկաւ անջատողական շարժում։

29 Յուլիս 1966-ին զինուորական նոր յեղաշրջումէն ետք վերականգնեցաւ կառավարման դաշնակցային ձեւը։

1966-ին Լակոսի մէջ հրաւիրուեցաւ համանիճերիական սահմանադրական համաժողով՝ երկրի յետագայ պետական կառուցուածքը որոշելու համար։ Սակայն հիւսիսային Նիճերիոյ մէջ անկարգութիւններու եւ արեւելեան Նիճերիոյ ղեկավարութեան կողմէ (որ կը վարէր անջատողական քաղաքականութիւն) համաժողովը պոյքոթելու հետեւանքով հարցի լուծումը յետաձգուեցաւ։

1967-ի Մայիսին արեւելեան Նիճերիոյ ղեկավարութիւնը յայտարարեց արեւելեան Նիճերիոյ անջատում եւ ինքնուրոյն պետութիւն («Պիաֆրի Հանրապետութիւն») ստեղծելու մասին։

1967-ի Յուլիսին սկսաւ երկպառակտչական պատերազմ։

1970-ի Յունուարին անջատողականներու ուժերը պարտուեցան։

1970-ի Հոկտեմբերին առաջ քաշուեցաւ Նիճերիոյ վերակառուցման եւ զարգացման ծրագիրը։

1975-ի Յուլիսին զինուորական յեղաշրջումով իշխանութեան գլուխ անցած Մ․ Մոհամմետի կառավարութիւնը առաջ քաշեց մինչեւ 1979-ը զինուորական կառավարումէն աստիճանաբար քաղաքացիականի անցնելու ծրագիր։

1976-ին Մ․ Մոհամմետը սպաննուեցաւ։ Կառավարութեան գլուխ անցած Օ․ Օպասանճօն հաստատեց կառավարութեան որոշումը՝ 1979-ին անցած քաղաքացիական վարչութեան, որ տեղի ունեցաւ 2 Հոկտեմբեր 1979-ին։ Կառավարութիւնը կը վարէր դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւն՝ Ափրիկէի մէջ գաղութատիրութեան վերացման համար։

1960-էն ՄԱԿ-ի անդամ է։

1960-ին դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած են Նիճերիոյ եւ ԽՍՀՄ-ի միջեւ, կնքուած է (1968) տնտեսական, առեւտրական, մշակութային համաձայնագիրեր։

Նիճերիան դաշնակցային հանրապետութիւն է։ 1 Հոկտեմբեր 1979-էն գործող սահմանադրութեամբ պետութեան եւ կառավարութեան գլուխը նախագահն է, որ նաեւ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարն է։ Բարձրագոյն օրէնսդրական մարմինը երկպալատ (սենատ, ներկայացուցիչներու պալատ) Ազգային ժողովն է։ Նահանգներուն մէջ կը գործեն իշխանութեան ինքնավար մարմիններ՝ նահանգապետներ եւ նահանգներու ժողովներու միապալատ պալատներ։

Աշխարհագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նիճերիոյ քարտէսը

Ափերը ցածադիր են, թոյլ կտրտուած։ Ռելիեֆի մէջ կը գերակշռեն հարթավայրերն ու սարաւանդները։ Ափամերձ նեղ շերտը կը զբաղեցնէ կուտակումային հարթավայրը, որմէ հիւսիս տեղանքը բարձրանալով կ'առաջացնէ Եորուպա, Ուղի սարաւանդները եւ կեդրոնական մասի աստիճանաձեւ ընդարձակ սարաւանդները՝ 400-600 մեթր եւ 600—1000 մեթր միջին բարձրութիւններով։ Առաւել բարձրադիր է վերջինի միջին մասը՝ Զոս սարաւանդը (Շերէ լեռ, 1735 մ)։ Երկրի հիւսիս-արեւմուտքը սարաւանդը աստիճանաբար կը փոխուի Սոքոթօ գետի աւազանի, հիւսիս-արեւելքը՝ Պոռնիի հարթավայրերու։ Սարաւանդէն հարաւ կը տարածուին Նիկեր եւ Պենուէ գետերու հովիտները։ Նիճերիոյ տարածքը կը մտնէ Ափրիկեան յատակագիծին մէջ։ Փոխաբերական ապարները կը զբաղեցնեն տարածութեան աւելի քան 50%-ը եւ կը կազմեն Տահոմէա-Նիճերիական զանգուածն ու Քամերունի զանգուածի ծայրամասը։ Իջուածքները լեցուած են ծովային եւ ցամաքային նստուածքներով։ Կան քարիւղի, բնական կազի, քարածուխի, կոլումբաքարի, անագի, վոլփրամի, արճիճաքարի, ուրանի, ոսկիի, կապարի, զինկի, տիտանի, երկաթի, լուսածինի, կրաքարի հանքավայրեր։

Կլիման երկրի մեծ մասին մէջ հասարակածային-մուսսոնային է։ Հարաւային շրջաններու կլիմային վրայ որոշիչ ազդեցութիւն ունին ամառնային խոնաւ մուսսոնները, հիւսիսը՝ ձմեռնային չոր պասսատները (հարմատան), որոնց հետ կապուած են երկարատեւ չոր եղանակները։ Ամէնատաք ամսուան (Ապրիլ կամ Մայիս) միջին ջերմաստիճանը 25—33 °C է, ամէնացուրտ ամսուանը (Դեկտեմբեր կամ Յունուար)՝ 20—27 °C, ափամերձ հարթավայրին մէջ, համապատասխանաբար, 28 °C եւ 24 °C: Տարեկան տեղումները Նիկերի տելդային մէջ եւ հարաւ-արեւելքի մէջ մօտ 4000 մմ. են, կեդրոնական շրջանին մէջ՝ 1000—1350 մմ., հիւսիսի եւ հիւսիս-արեւելքի մէջ՝ 500 մմ.։

Գետային ցանցը խիտ է ափամերձ հարթավայրին եւ Զոս սարաւանդին մէջ։ Գլխաւոր գետը Նիկերն է՝ Պենուէ, Քատունա եւ այլ վտակներով։ Քայինճիի ՀԷԿ-ի կառուցումէն ետք, Նիկերը երկրի սահմաններուն մէջ ամբողջութեամբ դարձած է նաւարկելի։

Երկրի հարաւէն հիւսիս տարածուած են կարմրադեղնաւուն լատերիտային հողերը՝ հասարակածային խոնաւ անտառներով, կարմրա-լատերիտային հողերը՝ արեւադարձային անտառներով ու բարձրախոտ (1,5—4 մ) սաւաննաներով, կարմրագորշ հողերը՝ չոր սաւաննաներով։ Երկրի հիւսիսային մասին մէջ, Չատ լիճէն հարաւ եւ արեւմուտք կը տարածուին արեւադարձային չոր սաւաննաներու սեւահողերը, ճահճային հողերն ու աղուտները, գետահովիտներուն մէջ՝ ալիւվիալ հողերը՝ սաւաննաներով ու սրահային անտառներով, Կուինէական ծոցի առափնեայ նեղ շերտին վրայ՝ մանկրովային բուսածածկոյթով ալիւվիալ հողերը։

Կենդանական Աշխարհ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կենդանիներէն առաւել տարածուած են ընձառիւծը, շնագայլը, վայրի կատուն, այծքաղը, ընձուղտը, գետերու ողողատներուն մէջ՝ գետաձին։ Արեւադարձային անտառներուն մէջ շատ են կապիկները։ Սաւաննաներուն եւ սաւաննային անտառներուն մէջ պահպանուած են փիղեր ու ռնգեղջիւրներ, որոնց պահպանութեան համար ստեղծուած է արգելավայր։ Կը հանդիպին կոկորդիլոսներ, մողէսներ, օձեր։ Տարածուած են միջատները։

Նիճերիոյ Բնակչութեան աճը

Նիճերիոյ մէջ կը բնակին տարբեր լեզուներով խօսող աւելի քան 200 ժողովուրդներ։ Առաւել մեծաթիւ են եորուպաները, իպոները, հաուսաները։ Պաշտօնական լեզուն անգլերէնն Է, տոմարը՝ Գրիգորեանը։ Բնակչութեան մօտ կէսը իսլամներ են, զգալի մասը կը պահպանէ տեղական աւանդական հաւատալիքները, 1/3-ը քրիստոնեաներ են։ Նիճերիան Ափրիկէի ամէնաշատ բնակչութիւն ունեցող երկիրն է եւ ամէնախիտ բնակուածներէն մէկը։ Միջին խտութիւնը 1 քմ2 վրայ 200 մարդ է (2015)։ Առաւել խիտ բնակուած է երկրի հարաւ-արեւմուտքը, կեդրոնական եւ արեւելեան շրջանները։ Տնտեսապէս աշխուժ բնակչութեան մօտ 70%-ը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ։ Խոշոր քաղաքներն են Լակոսը, Ւպատանը, Օկպոմոշոն, Քանոն, Օշոկպոն, Իլորինը, Ապեոկուտան, Փորթ Հարքորթը, Զարիան, Իլեշան։

Տնտեսաշխարհագրական Ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիճերիան զարգացող լեռնահանքային արդիւնաբերութեամբ ակրարային երկիր է։ Կարեւոր դեր ունի նաեւ մշակուող արդիւնաբերութիւնը։ Անկախութեան հռչակումէն (1960) ետք երկրին մէջ ընդունուած են տնտեսութեան զարգացման ծրագիրներ, միջոցառումներ ձեռնարկուած են արտաքին դրամականի ազդեցութիւնը թուլցնելու, պետական բաժինը հզօրացնելու եւ ազգային դասակարգի դիրքերը ամրապնդելու ուղղութեամբ։ Դրամական աշխարհին մէջ Նիճերիան կը գրաւէ առաջատար տեղերէն մէկը ձիթատու արմաւենիի մթերքներու, քաքաոյի-ունտերու, գետնանուշի, բնական քաուչուկի, անագի խտանիւթի արտադրութեամբ եւ կոլումբաքարի արդիւնահանութեամբ։ 2010-էն Նիճերիան կը մտնէ քարիւղ արդիւնահանող խոշոր երկիրներու առաջին տասնեակին մէջ, իսկ 2014-էն քարիւղի արտահանումով Ափրիկէի մէջ կը զիջի միայն Լիպիոյ։

Գիւղատնտեսութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղատնտեսութեան գլխաւոր ճիւղը երկրագործութիւնն է։ Բնորոշ է համայնական հողատիրութիւնը։ Արտահանութեան եւ ներքին շուկայի համար արտադրանքի հիմնական մասը կու տան մանրապրանքային տնտեսութիւնները։ Մշակովի հողատարածութիւնները կը կազմեն հողային ֆոնտի 25,6%֊ը, մարգագետիններն ու արօտավայրերը՝ 33,3%-ը։ Կը մշակեն կորեկ, սորկօ, եգիպտացորեն, եամս, մանիոկա, ընղաւորներ, շաքարեղէգ, բամպակ, բանջարեղէն, բրինձ։ Արտահանութեան գլխաւոր տեսակներն են ձիթատու արմաւենին, քաքաոն, գետնանուշը դւ քաուչուկատուները։ Անասնապահութիւնը ունի ընդարձակ բնոյթ եւ կու տայ համախառն ազգային արդիւնքի արժէքի 10 %-ը։ Նիճերիան կաշիի հումքի եւ թանկարժէք անտառանիւթի մեծ արտահանողներէն է։

Արդիւնաբերութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քարիւղի Պահեստ Նիճերիոյ մէջ

2012-ին համախառն ներքին արդիւնքի արժէքի 43%-ը կու տար արդիւնաբերութիւնը[11], որուն առաջատար ճիւղերն են լեռնահանքային (45,6%) եւ մշակող արդիւնաբերութիւնը։ Քարիւղի հանոյթի (31 մլռ պարել 2014) հիմնական շրջանը Նիկեր գետի տելթան է։ Քարիւղարդիւնաբերութեան մէջ մեծ բաժին ունին անգլօ-հոլանտական եւ ամերիկեան ընկերութիւնները։ Կարեւոր Քարածուխի արդիւնահանումը էնուգուի շրջանին մէջ նշանակութիւն ունի անագի (3,9 հզ․) եւ կոլումբաքարի (0,8 հզ․ ա.) հանքանիւթի արդիւնահանումը։ կ'արդիւնահանեն նաեւ քարածուխ, վոլփրամ, ոսկի եւ այլն։ 1980-ին արտադրուած է 5,2 մլրդ կվտ/ժ ելեկտրական ուժ։ Մշակող արդիւնաբերութեան մէջ առաջատար դեր ունին սնունդի եւ կտորի արդիւնաբերութեան ճիւղերը։ Կը զարգանան կաշիի-կօշիկի, շփոցի, կրափոշիի, մետաղամշակման, փայտամշակման, քարիւղաքիմիական եւ արդիւնաբերութեան այլ ճիւղեր։ Արդ․ կեդրոններն են Լակոսը, Փորթ Հարքորթը, Ապեն, Քանոն, Իպատանը։ ԽՍՀՄ-ի համագործակցութեամբ կը կառուցուի մետաղագործական ընկերութիւն: Վարիի մէջ ստեղծուած է քարիւղագործ-մասնագէտներու պատրաստման ուսումնական կեդրոն։

Արտաքին առեւտուր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կ'արտահանէ քարիւղ, քաքաոյի ունտ, արմաւի մթերքներ, քաուչուկ, անագ, անտառանիւթ, գետնանուշ եւ այլն, կը ներմուծէ մեքենաներ եւ սարքաւորում, արտադրական ապրանքներ, պարէն, քիմիկատներ եւ այլն։

Գլխաւոր գործընկերներն են ԱՄՆ-ը, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Ճափոնը։ Կը զարգանան առեւտրական յարաբերութիւնները Նիճերիոյ Հայաստանի միջեւ։

Կրթութիւն Եւ Գիտական Հիմնարկներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին միսիոնարական դպրոցները երեւան եկած են 19րդ դարու կիսուն։ 1950-ին անգրագէտ էր երկրի բնակչութեան 90%-ը։ 1948-ին բացուած է Իպատանի համալսարանական քոլէճը։ Անկախութիւն ձեռք բերելէ ետք վիճակը համեմատաբար կը բարելաւուի։ Ուսման տեւողութիւնը զանազան շրջաններու տարրական դպրոցներուն մէջ տարբեր է (6—7 տարի)։ Միջնակարգ հանրակրթական դպրոցները գլխաւորաբար քերականական են (լրիւ, ուսուցումը՝ 5—6 տարի) եւ ժամանակակից (ոչ լրիւ, 3—4 տարի) գործնական թեքումով։ Ուսուցումը եւ քննութիւններու յանձնումը վճարովի է։ Զարգացում կ'ապրի մասնագիտական ուսուցումով կրթութիւնը։ Ունի 6 համալսարան՝ Իպատանի (հիմնադրուած՝ 1962-ին), Նսուկայի (հիմնադրուած՝ 1960-ին), Իֆէի (հիմնադրուած՝ 1961-ին), Լակոսի Ահմատու Պելոյի անուան (հիմնադրուած՝ 1962-ին), Պենինի (հիմնադրուած՝ 1972-ին)։ Շատ նիճերիացիներ բարձրագոյն կրթութիւն կը ստանան արտասահմանի մէջ։ Մեծ է թիւը համալսարաններուն կից գրադարաններուն, Ազգային գրադարանի կողքին (Լակոս)։ Ունի 6 թանգարան․ Լակոսի Ազգային, Պենինի, Իֆէի, Զոսի, Օրոնի, Քանոյի թանգարանները։ Կը գործեն արդիւնաբերական հետազօտութիւններու դաշնակցային, քաքաոյի-ունտերու, արմաւենիի իւղի եւն կեդրոնները։ Անտառագիտութեան հարցերով կը զբաղի Իպատանի Դաշնակցային անտառային կեդրոնը։ Բժշկական գիտահետազօտական աշխատանքները կը տարուին շարք մը կեդրոններու մէջ։ Նիճերիոյ ընկերային եւ տնտեսական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ (1957, Իպատան) կ'ուսումնասիրուին ծրագրային, գիւղատնտեսութեան, տնտեսագիտութեան, արդիւնաբերական, ներքին առեւտուրի, դրամական, լուսաւորութեան եւ ընկերային ապահովութեան հարցերը։ Հնագիտութեան, ազգագրութեան, բանահիւսութեան եւ ափրիկեան լեզուներու հարցերով կը զբաղին ափրիկեան հետազօտութիւններու կեդրոնները։ Գիտական ընկերութիւններէն առաւել մեծը տնտեսագիտական ընկերութիւնն է (19581970-ին հիմնուած է Գիտութեան եւ արհեստի, 1972-ին՝ բժշկական գիտահետազօտական խորհուրդը։

Նիճերիոյ ժողովուրդներու գրականութիւնը սերտօրէն կապուած է ժողովրդական բանաւոր ստեղծագործութեան հետ։ Ստեղծուած է եորուպա, իպօ, հաուսա լեզուներով գրական աւանդոյթ. հաուսա լեզուով գրականութիւնը կը գտնուի իսլամական ազդեցութեան տակ։ Նիճերիոյ գրողներուն մեծ մասը կը գրէ անգլերէնով։ 19րդ դարու վերջէն—20րդ դարու սկիզբները ձեւաւորուած է հրապարակախօսութիւնը, որ ծառայած է ազատագրական շարժման խնդիրներուն։ 1920—1940-ին երեւան եկած է քաղաքացիական պոեզին (Ն․ Ազիկիւէ, Դ․ Օսատեպէյ)։ 30-ական թուականներուն կը վերաբերի դրամատուրգիոյ կազմաւորումը, որ կապուած է Աստուածաշունչի թեմաներով կտորները խրախուսող քրիստոնէական եկեղեցիի գործունէութեան հետ։ 1930—1940-ական թուականներուն Նիճերիոյ որոշ քաղաքներուն մէջ (Օնիչա) առաջացած են գիրքի շուկաներ, որոնք նպաստած են բնակչութեան տարբեր խաւերու բարոյականութիւնն ու տրամադրութիւնները պարզունակ ձեւով արտացոլող ժողովրդական բանահիւսութեան տարածման։ Ատոնք ներգործած են նիճերիական ժամանակակից վէպին վրայ. դպրոց եղած Նիճերիոյ շատ գրողներու, որոնցմէ նիճերիական առաջին վէպի («Քաղաքի մարդիկ», 1954) հեղինակ Ս․ էկվենսի (ծնած է 1921-ին) համար։ 1960-ական թուականներուն կ'արձակէ նկատելի հետաքրքրութիւնը կենցաղի նկատմամբ, նահապետական Ափրիկէն եւրոպական ընթերցողի աչքին մէջ «վերականգնելու» ձգտում։ Արձակագիրներուն՝ Նզեկւու (ծնած է 1928-ին), Ֆլորա Նուապա (ծնած է 1931-ին), Կ․ Ակունուա (ծնած է 1933-ին), Տ․ Ալուկօ (ծնած է 1920-ին), Օ․ Իկպունա (ծնած է 1932-ին), Ն․ Նվանկուօ կը գրաւեն ընկերային խնդիրները։ Այս գրողներու վէպերուն մէջ կը վերակենդանանան գեղարուեստակառուցուածքային այն տարրերը, որոնք տիպաբանօրէն մօտ են 18րդ դարու Եւրոպայի լուսաւորական վէպին։ Նիճերիական արձակի զարգացման գլխաւոր միտումը քննադատական իրապաշտութիւնն է, որ բարձր մակարդակի հասած է Չ․ Աչեբեի (ծնած է 1930-ին) վէպերուն մէջ։ Նոր ձեւի որոնումներ կը դրսեւորեն Կ․ Օքարայի (ծնած է 1928-ին), Վ․ Շոյինկայի (ծնած է 1935-ին), Ք. Օմատոսոյի (ծնած է 1943-ին) վէպերուն մէջ։

Ճարտարապետութիւն եւ Կերպարուեստ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիճերիոյ Ժողովրդական ճարտարապետութեան տիպերու բազմազանութիւնը հետեւանք է երկրի տարբեր բնակլիմայական պայմաններուն։ Հարաւային, հարաւ-արեւմտեան եւ հարաւ-արեւելեան արեւադարձային շրջաններուն մէջ կը գերիշխեն ծղօտով եւ արմաւենիի տերեւներով ծածկուած երկթեք տանիքներով, ուղղանկիւն յատակագիծով, փայտէ, կաւածեփ կառոյցները։ Իպօ եւ եորուպա ժողովուրդներուն բնակելի եւ տնտեսական կառոյցները տեղադրուած են ուղղանկիւն բակի պարագիծով։ Կեդրոնական շրջաններուն մէջ գլխաւորաբար տարածուած են ծղօտէ կոնաձեւ տանիքներով, կաւածեփ, բոլորշի կառոյցները, հիւսիսը՝ տափաստանային եւ կիսանապատային շրջաններուն մէջ հարթ տանիքներով, ուղղանկիւն, կաւածեփ տուները։ 13—15րդ դարերուն զարգացած են քաղաքները՝ հարաւը կանոնաւոր յատակագիծով (Մեծ Պենին), հիւսիսը՝ ճառագայթաձեւ (Քանօ, Զարիա, Քացինա)։ Քաղաքներու տեսքը կտրուկ փոխուած է երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք․ Լակոսի, Իպատանիի, էնուկուի մէջ կառուցուած են բազմայարկ շէնքեր (գլխաւորաբար՝ անգլիացի ճարտարապետներու նախագիծերով, ժամանակակից շինանիւթերով)։ Անկախութեան հռչակումէն ետք ասպարէզ եկած են տեղացի ճարտարապետները (Օ․ Օլումույիւա, Ա․ Աճեմի), լայնօրէն օգտագործուած է ժողովրդական աւանդոյթներով ստեղծուած քանդակային յարդարանքը։ Կերպարուեստի հնագոյն յուշարձանները (թրծակաւէ քանդակներ) կը վերաբերին լոկ մշակոյթին (ք. ա. մօտ 900—ք. ա. 2րդ դար)։ Զեպպայի եւ Թատայի մէջ յայտնաբերուած են պրոնզէ մարդկային պատկերներ (մ․թ․ սկիզբ)։ 12—17րդ դարերուն զարգացած է Պենին եւ Իֆէ պետութիւններու քանդակագործութիւնը, որ կ'առանձնանայ ձեւերու նուրբ ձեւաւորմամբ, յաճախ զուգորդուած գծանկարչական յստակ, ցայտուն մանրամասներով։ Հինէն եորուպա, հաուսա, իպօ, իպիպիօ, իճօ, էկոի ժողովուրդներու մօտ կը կենցաղավարէ փայտէ մանրաքանդակը (կենդանիներու, մարդկանց պատկերներ)։ Բազմազան են փայտէ ծիսական դիմակները (այժմ կ'օգտագործուին քառնաւալներու ժամանակ)։ Տարածուած են ժողովրդական գեղարուեստական արհեստները (կը պատրաստեն տարբեր տեսակի աթոռակներ, ապարանջաններ, գործուածքներ, բրուտագործական, ապակիէ եւ կաշիէ անօթներ)։ Անկախութեան հռչակումէն ետք ձեւաւորուած է մասնագիտական կերպարուեստը։ Քանդակագործներ՝ Օ․ Իտահը, Ֆ․ Իտուպորը, Ա․ Ականճին, գեղանկարիչներ՝ Ու․ Օկեկեն, Ի․ Վանկպոժեն կը յենին նիճերիական արուեստի աւանդոյթներուն վրայ։ Եւրոպական ռէալիստական արուեստի հետեւորդներէն են գեղանկարիչ՝ Ա․ Օնապոլուն, քանդակագործ՝ Բ․ էնւոնւուն։ Նորաձեւութեան ազդեցութիւնը նկատելի է Զ․ Ակոլոյի, Ի․ Կրիլլոյի, Բ․ Օնոպրակփայէի, Ու․ էկոնուի գունանկարներուն մէջ եւ Բ․ Օսապէի, է․ Օ․ էմոկպայէի քանդակներուն մէջ։ Կը զարգանայ բեմանկարչութիւնը (Դ․ Նուոկօ)։

Նիճերիոյ ազգային նուագախումբ

Երաժշտարուեստը սկզբնաւորուած է շատ հինէն, զարգացած է միջնադարուն (գլխաւորաբար պաշտամունքային երաժշտութիւնը)։ Ամէնատարածուած նուագարաններէն են տարբեր ձեւերու թմբուկները։ Միսիոնարներու գործունէութիւնը 1-րդ դարուն յանգած է տեղական կրօններու ազդեցութեան նուազման եւ տեղական պաշտամունքային երաժշտութեան աստիճանական կորուստին։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք երաժիշտները սկսած են կիրառել եւրոպական նուագարաններ, որ նպաստած է եւրոպական երաժշտութեան տեսութեան տարածման եւ նոր երաժշտական ձեւերու ստեղծման, որոնք հիմնուած են ափրիկեան ժողովրդական երաժշտութեան լատային հիմքին վրայ եւ ունին կշռոյթի բարդ նկարագիր։ Անկախութիւն նուաճելէն ետք, Նիճերիոյ մէջ ստեղծուած են երաժշտական հաստատութիւններ։

1960—70-ական թուականներուն հանդէս եկած են առաջին մասնագէտ երաժշտահանները, որ երաժշտութիւն կը գրեն ե՛ւ ափրիկեան, ե՛ւ եւրոպական նուագարաններու համար։ Նշանաւորներէն են՝ Ակին Ցուպան, Ֆելա Սովանտէն, Սեմ Աքրոպոտը, Այօ Պանկոլեն, Ադամ Ֆիպերեզիման։ Քաղաքներուն մէջ տեղի կ'ունենան երաժշտութեան եւ պարի ամէնամեայ փառատօներ, որ կը կազմակերպեն Իպատանի ֆիլհարմոնիկ երգչախումբը, Իֆէի համալսարանի երգչախմբային ընկերութիւնը, Լակոսի նիճերիական երաժշտամշակութային ընկերութիւնը։

Նիճերիոյ ժողովուրդներու աւանդական թատերական ներկայացումներու հիմքը պարերն են (կենցաղային եւ ծիսական)։ Տօնական եւ նշանաւոր օրերուն կը կազմակերպուի թատերականացուած շքերթ՝ համապատասխան զգեստներով եւ դիմակներով, կը խաղացուին դիցաբանական բովանդակութեամբ մնջախաղեր։

20րդ դարուն սկիզբէն կը զարգանայ եւրոպական տեսակի թատրոնը։ Ցորուպա լեզուով թատրոնի հիմնադիրներէն է երգիչ եւ դպրոցի ուսուցիչ Գ․ Օկունտէն, որ 1944—45-ին կազմակերպած է շրջիկ թատերախումբ, գրած է խրատական բնոյթի եւ քաղաքական հրատապ թեմաներով կտորներ։ Նիճերիոյ անկախութենէն (1960) ետք դարձած է բարձրորակ շրջիկ թատերախումբ։ Ցորուպա լեզուով թատրոնի զարգացման նպաստած է Կ․ Օկունմոլայի (1950-ական թուականներուն սկիզբը ստեղծած է իր շրջիկ թատերախումբը, բեմադրած է իր կտորները) եւ դրամատուրգ Դ․ Լատիպոյի (բեմադրած է երաժշտա-թատերգական ներկայացումներ) արուեստը։ 1950-ական թուականներուն վերջը սկսած է սիրողական թատրոնի (անգլիական) բուռն զարգացումը, որուն օգնած է Իպատանի քոլէճի ուսանողական ընկերութեան գործունէութիւնը։

1955-ին քոլէճին կից կառուցուած է «Արթս թիեթր» թատերական շինութիւնը, 1962-ին Իպատանի համալսարանին կից ստեղծուած է թատերական դպրոց, որուն սաներէն 1968-ին կազմակերպուած է մշտական թատերախումբ։ 1960-ական թուականներուն սիրողական խումբերէն հանրաճանաչ է «Դիմակներ, 1960»-ը (ղեկավար եւ դրամատուրգ Վ․ Շոյինքա, առաջին ներկայացումը՝ «Անտառի պարը»), որմէ 1964-ին առաջացած է «Օրիսուն թիեթր» բարձրորակ թատերախումբը (գործած է մինչեւ 1969-ը)։ Լակոսի ճանչցուած սիրողական թատերախումբերէն են՝ «Թատերական արուեստանոց» (ղեկ․ Ս․ Իյամու, հիմնուած է 1962-ին), «Բեմի վարպետութիւն» (ղեկավար Ֆ․ Տեիս, հիմնուած է 1965-ին)։ Նիճերիոյ մէջ 1958-էն կը գործէ Արուեստի խորհուրդը։ 1967-էն իւրաքանչիւր նահանգի մէջ կայ այդ տիպի խորհուրդ։

1947-ին անգլիական ձեռնարկատէրերը Լակոսի մէջ կազմակերպած են շարժապատկերի ընկերութիւն, որ 1950-էն գործած է «Ֆեդերալ ֆիլմ յունիթ» անուամբ։ 1960-ական թուականներուն սկիզբը օտարերկրացի օփերատորներն ու ֆիլմ պատրաստողները նկարահանած են միայն վաւերագրական ֆիլմեր։ 1960-ական թուականներուն կիսուն եւրոպական շարժապատկերի դպրոցներուն մէջ բարձրորակ կրթութիւն ստացած Նիճերիոյ շարժանկարիչները նկարահանած են առաջին ֆիլմերը։ Քանի մը փաստավաւերագրական ֆիլմեր ցուցադրուած են միջազգային շարժապատկերի փառատօներուն, ինչպէս՝ Դաշքենդի (1969, 1974) եւ Մոսկուայի (1971) մէջ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 97 // https://wipolex.wipo.int/en/text/179202
  2. 2,0 2,1 https://en.wikipedia.org/wiki/President_of_Nigeria
  3. https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/africa
  4. Human Development ReportՄիավորված ազգերի կազմակերպության զարգացման ծրագիր, 2022.
  5. «Նիճերիոյ բնակչութիւնը 2015 թուականին»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-08 
  6. 6,00 6,01 6,02 6,03 6,04 6,05 6,06 6,07 6,08 6,09 6,10 6,11 6,12 6,13 6,14 6,15 6,16 6,17 6,18 6,19 6,20 6,21 6,22 6,23 6,24 6,25 6,26 6,27 6,28 6,29 6,30 6,31 6,32 6,33 6,34 6,35 6,36 6,37 6,38 6,39 6,40 6,41 6,42 6,43 6,44 6,45 6,46 6,47 6,48 6,49 Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  7. մարդահամար
  8. http://www.worldometers.info/world-population/nigeria-population/
  9. Համաշխարհային բանկի տվյալների բազաՀամաշխարհային Դրամատուն.
  10. https://www.worldometers.info/world-population/nigeria-population/
  11. «Ֆաստ Լրատվական Կայք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-03-18-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-08