Ֆլորանս Նայթինկէյլ

Ֆլորանս Նայթինկէյլ
անգլերէն՝ Florence Nightingale Smith
Նաեւ յայտնի է իբրեւ The Lady with the Lamp
Ծնած է 12 Մայիս 1820(1820-05-12)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ֆլորանս, Թոսքանայի Մեծ Դքսութիւն[4]
Մահացած է 13 Օգոստոս 1910(1910-08-13)[1][2][3][…] (90 տարեկանին)
Մահուան վայր Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4]
Քաղաքացիութիւն  Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
Կրօնք անգլիականութիւն
Մասնագիտութիւն Հիւանդապահ, վիճակագրագետ, գրագէտ, քաղաքական գործիչ, ուսուցիչ
Անդամութիւն Թագավորական վիճակագրական ընկերություն?
Ծնողներ հայր՝ Ուիլյամ Նայթինգեյլ?[5][6], մայր՝ Ֆրենսիս Սմիթ?[7][5][6]
Ստորագրութիւն

Ֆլորանս Նայթինկէյլ (անգլերէն՝ Florence Nightingale,12 Մայիս 1820(1820-05-12)[1][2][3][…], Ֆլորանս, Թոսքանայի Մեծ Դքսութիւն[4] - 13 Օգոստոս 1910(1910-08-13)[1][2][3][…], Լոնտոն, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն[4]), բրիտանացի նշանաւոր հիւանդապահուհի:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ֆլորանս՝ հարուստ ազնուական ընտանիքի մը մէջ. ծնողքը զինք կոչած են իր ծնած քաղաքի անունով եւ վերադարձած են Անգլիա 1821 թուականին: Իր ապրած ժամանակաշրջանին համար ան ստացած է ամենալաւ կրթութիւնը։ Տիրապետած է յունարէնի, լատիներէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի եւ իտալերէնի:

1846 թուականին Նայթինկէյլ քանի մը ամիս այցելած է հիւանդներ՝ ուսումնասիրելու բուժքրոջ աշխատանքը Իտալիոյ, Եգիպտոսի եւ Յունաստանի մէջ։

1850 թուականին Գերմանիոյ Կայզերվերտի համալսարանին իր մէկ այցը շրջադարձային եղած է: 1851 թուականին ուղեւորուած է Կայզերվերտի համալսարան, ուր ստացած է բուժքրոջ կրթութիւն։

1853 թուականին դարձած է Լոնտոնի Հարլի փողոցին վրայ գտնուող փոքրիկ հիւանդանոցի մը ղեկավարը: Այս մէկը անոր ճանաչում բերաւ եւ ան սկսաւ զանազան բուժական հաստատութիւններէն հրաւէրներ ստանալ:

Խրիմեան պատերազմի ընթացքին ան է, որ կազմակերպած է գթութեան քոյրերու աշխարհի մէջ առաջին ծառայութիւնը: 1854-ին Նայթինկէյլը մեկնած է Թուրքիա, այնուհետեւ Խրիմ` այցելելու հիւանդանոցները: Անոր կ՚ուղեկցէր 38 օգնական, որոնց մէջ էին գթութեան քոյրեր եւ միանձնուհիներ[8]: Յատուկ հետեւողականութեամբ Ֆլորանս սկսած է խնամել պատերազմի դաշտը վիրաւորուածները:

1856 թուականին Ֆլորանս իր գումարով պատուիրած է Խրիմի Պալակլավայի մօտ գտնուող բարձր լերան վրայ քանդակել մարմարեայ խաչ մը ի յիշատակ Խրիմի պատերազմին զոհուած զինուորներուն, բժիշկներուն եւ բուժքոյրերուն։

Առաջնագիծէն վերադարձած զինուորները անոր մասին առասպելներ կը պատմէին՝ զայն կոչելով «ջահով կին», քանի որ ան ջահը բռնած կ՚այցելէր հիւանդասենեակները եւ կը ստուգէր հիւանդները։ Յետագային այդպէս ալ զինք պատկերած են արուեստի մէջ՝ ջահը ձեռքին:

Անգլիա վերադառնալով (1856) Նայթինկէյլ իրեն առջեւ նպատակ մը դրաւ՝ վերակազմաւորել ռազմական բժշկական ծառայութիւնը: Հակառակ Ռազմական նախարարութեան արգելքներուն, ան 1857 թուականին յաջողեցաւ ստեղծել բանակի առողջական հարցերով զբաղող միութիւն մը եւ հակառակ որ այդ ժամանակ կիները այսպիսի միութիւններու անդամ չէին կրնար ըլլար, Նայթինկէյլ մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ միութեան գործունէութեան եւ միութեան տրամադրեց բաւական շատ տեղեկութիւն: Նայթինկէյլ կրցաւ իշխանութիւնը համոզել բարենորոգումներ կատարելու համար ներկայացնելով իր կատարած վիճակագրական ուսումնասիրութիւնները այն պարագային, երբ ընկերային վիճակագրութիւնը տակաւին նոր կը սկսէր տարածուիլ:

1859 թուականին Անգլիոյ ռազմական նախարարը կրկին Հերպերտ եղաւ, որուն օգնութեամբ Նայթինկէյլ հասաւ այն բանին, որ հիւանդանոցները ապահովուեցան օդափոխման համակարգով եւ կոյուղիով, բուժաշխատողներուն առջեւ յատուկ պատրաստուածութիւն անցընելու հարց դրուեցաւ, հիւանդանոցներէն ներս իրականացուեցան վիճակագրական վերլուծութիւններ: Կազմաւորուեցաւ նաեւ ռազմաբժշկական դպրոց, բանակին մէջ կատարուեցան հիւանդութիւններու կանխարգիլման կարեւորութեան ուղղուած բացատրական աշխատանքներ:

1859 թուականին Նայթինկէյլ ընտրուեցաւ Արքայական վիճակագրական հասարակութեան անդամ եւ ապա դարձաւ Ամերիկեան վիճակագրական ընկերութեան պատուաւոր անդամ:

Ան նաեւ հեղինակած է գիրքեր. «Նշումներ բրիտանական բանակի հիւանդանոցներուն մէջ առողջութեան վրայ ազդող գործօնններու արդիւնաւէտութեան եւ զանոնք վերահսկելու մասին» եւ «Ինչպէ՞ս խնամել հիւանդները» խորագիրներով: Վերջին գիրքը թարգմանուած է այլ լեզուներու:

1860 թուականին Ֆլորանս մեծ գումար նուիրաբերելով՝ Լոնտոնի Սուրբ Ֆոմայի հիւանդանոցին քով բացաւ բուժքոյրերուն համար Նայթինկէյլեան փորձարարական դպրոցը: Շուտով այդ դպրոցը աւարտողները ուրիշ հիւանդանոցներու քով եւ այլ երկիրներու մէջ սկսան ստեղծել համանման հաստատութիւններ: Էմմի Քարոլինա Ռափէն, որ 1866-1867 թուականներուն ուսանած էր այդ դպրոցին մէջ, նման դպրոց մը ստեղծեց Շուէտի մէջ: Յետագային անոր օրինակով ստեղծուեցան դպրոցներ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ, ուր բուժքոյրերը կը դասաւանդէին: 1864 թուականին Անրի Տիւնան Ժընեւի մէջ ստեղծեց Կարմիր խաչի համաշխարհային կազմակերպութիւնը: Այսօր ալ Նայթինկէյլեան դպրոցները աշխարհի տարածքին կը նկատուին հիւանդապահական գործի լաւագոյն կեդրոնները:

Նայթինկէյլը մահացած է Օգոստոս 13, 1910 թուականին, Լոնտոն:

Անոր ներդրումը մեծ եղած է աշխարհի մէջ բուժքոյրական դպրոց ու աւանդոյթներ հիմնելու եւ վիճակագրութիւն ստեղծելու գործին մէջ:

Ժամանակից ընկերային վիճակագրութեան հիմնադիրը կը նկատուի Ատոլֆ Կետլէն։ Մինչ այդ ընկերաբանութեան մէջ յստակ մեթոտներ չկային, քանի որ, ի տարբերութիւն բնութեան երեւոյթներուն՝ մարդուն վարքը կը նկատուէր խիստ անհատական եւ օրինաչափութիւններուն չենթարկուող բան մը: Կետլէն, գործածելով վիճակագրութիւնը եւ «միջին վիճակագրական մարդ» հասկացութիւնը, յայտնաբերեց բանաձեւեր, ստեղծեց օրէնքներ, որոնք կը կարգաւորէին մարդուն պահուածքը՝ «միջին» հասկացութեամբ: 1831 թուականին ան հրատարակեց իր ուսումնասիրութիւնները, որոնց մէջ կը նկարագրէր ոճրագործութիւններու կախուածութիւնը սեռէն, տարիքէն, կրթութենէն, կլիմայէն եւ տարուան եղանակէն։ Նայթինկէյլ անոր աշխատութիւններուն երկրպագուն էր։ Ան հասկցաւ, թէ ինչպէս կրնայ վիճակագրութիւնը օգնել բժշկական ծառայութիւններուն։

Ֆլորանսի 800 էջնոց «Նշումներ բրիտանական բանակի հիւանդանոցներուն մէջ առողջութեան վրայ ազդող գործօնններու արդիւնաւէտութեան եւ զանոնք վերահսկելու մասին» (1858) գիրքը ունէր նաեւ վիճակագրութեան նուիրուած բաժին մը։ Հետաքրքրական է, որ այդ թուականին ան գործածած է տուեալները ներկայացնող աղիւսակներ: Նայթինկէյլ այդպէսով դարձած է վիճակագրութեան մէջ աղիւսակներու եւ գծապատկերներու գործածման նորարարը։ Ան ստեղծած է կլոր ուրուագծեր, զորս անուանած է «աքլորի կատար»: Նշանաւոր բուժքոյրը կը գործածէր այդ ուրուագծերը, որպէսզի ցոյց տար պատերազմի ընթացքին մահացողներուն թիւը, որոնք կարելի էր կանխել։ Այդ ուրուագծերուն մեծ մասը ներառուեցան բանակի առողջապահութեան միութեան հաշուետուութեան մէջ։ Նայթինկէյլ այդ ուրուագծերը կը տարածէր խորհրդարանի, կառավարութեան եւ բանակի մէջ՝ քննադատութեան տեսքով: Որպէս հետեւանք կատարուեցան բարենորոգումներ եւ բանակէն ներս կազմակերպուեցաւ բժշկական վիճակագրական տուեալներու հաւաքում։

Նայթինկէյլ միաժամանակ բրիտանացի համաճարակագէտ եւ վիճակագիր Ուիլիըմ Ֆարի եւ ուրիշ բժիշկներու օգնութեամբ մշակեց զինուորական հիւանդանոցներու մէջ վիճակագրական տուեալներու հաւաքման ձեւը: Այդ ձեւը պէտք է միասնականացնէր զինուորական հիւանդանոցներու հիւանդներուն, առողջացածներուն, դուրս գրուածներուն, անբուժելիներու քանակին, հիւանդներուն՝ հիւանդանոցներուն կատարած միջին ժամանակին եւ այլնի վիճակագրական տուեալները։ Մեթոտը ընդունուեցաւ Լոնտոնի մէջ՝ 1860 թուականին Վիճակագիրներու միջազգային համաժողովին կողմէ, սակայն ձեւը շատ բարդ էր եւ կը ներառնէր հիւանդութիւններու դասակարգումը, որուն պատճառով լայն տարածում չստացաւ։ Սակայն Նայթինկէյլի կողմէ ներդրուած կանոնները եւ մանաւանդ վիրաւորներուն օգնութիւն ցուցաբերելու միջոցները բժշկութեան մէջ դարձան հիւանդներուն ժամանակակից խնամքին հիմքը։

Ֆլորանս Նայթինկէյլի համախտանիշը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոգեբանութեան մէջ գոյութիւն ունի համախտանիշ մը, որ կը կոչուի Ֆլորանս Նայթինկէյլի համախտանիշ: Այս համախտանիշին էութիւնը շատ ծանօթ է ամէն մարդու. երբ բժիշկը կամ բուժքոյրը հիւանդին հոգ կը տանի, կը սկսի անոր հանդէպ զգացումներ տածել, որ յետագային կրնայ վերաճիլ սիրոյ: Կան բազմաթիւ պատմութիւններ, ըստ որոնց Ֆլորանս Նայթինկէյլ սիրահարուած էր իր հիւանդներէն մէկուն։ Ան չէր ամուսնացած՝ վախնալով, որ ընտանիքը կը խանգարէ իր սիրած գործը:

Նայթինկէյլի անունով կը կոչուի նաեւ ուրիշ երեւոյթ մը՝ մշտական յոգնածութեան համախտանիշը, քանի որ Նայթինկէյլ կը տառապէր այս համախտանիշով իր ողջ կեանքի ընթացքին։ Բժշկութիւնը չի ճանչնար այդ համախտանիշը կամ ներգործութիւնը իբրեւ բժշկական հիւանդութիւն եւ զայն կը դիտէ որպէս բժշկական բարոյագիտութեան խախտում եւ ոչ-արհեստավարժութեան դրսեւորում:

Քորանա համաճարակի ժամանակ Լոնտոնի նորաբաց հիւանդանոցը կոչուած է «Նայթինկէյլ հոսփիթըլ», ուր կը գործեն քաղաքացիական եւ ռազմական բժիշկները. հիւանդանոցը կրնայ ընդունիլ մինչեւ 4 հազար խնամեալ։

Հաշխարհային ճանաչոիմ եւ յիշատակ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խրիմի պատերազմին իբրեւ բուժքոյր մասնակցելուն համար Ֆլորանս արժանացած է ազգային հերոսի պատուաւոր կոչումին։

1883 թուականին Նայթինկէյլ պարգեւատրուած է Արքայական Կարմիր խաչով, իսկ 1907-ին՝ «Մատուցած ծառայութիւններուն համար» շքանշանով։

1912 թուականին Կարմիր խաչի լիկան ստեղծած է Ֆլորանս Նայթինկէյլի մետալ[9], որ մինչ օրս կը նկատուի բուժքոյրերու պատուաւոր մրցանակ:

Լոնտոնի մէջ կը գործէ Ֆլորանս Նայթինկէյլի թանգարանը, ուր ներկայացուած են Ֆլորանսի իրերը եւ գործը: Ֆլորանս Նայթինկէյլի թանգարան մը կայ նաեւ Իսթանպուլի մէջ, Թուրքիա։ Զանազան քաղաքներու մէջ դրուած են անոր արձանները:

Նայթինկէյլի կեանքին մասին նկարահանուած են քանի մը գեղարուեստական եւ փաստագրական շարժանկարներ։ 1951 թուականին ճերմակ պաստառներ բաձրացաւ Հերպերթ Ուիլքոքսի պատմական «Լէյտին՝ ջահով» շարժանկարը, որուն գլխաւոր դերասանուհին Աննա Նիքըլն էր։

Նայթինկէյլին նուիրուած են նաեւ բեմադրիչներ՝ Տերիլ Տիւկայի եւ Նորման Սթոունի (1985 եւ 2008) շարժանկարները։

1975-1994 թուականներուն Ֆլորանս Նայթինկէյլի դիմանկարը պատկերուած է 10 բաունտ սթերլինի հակառակ երեսին:

Անոր պատուին կոչուած են Վեներա մոլորակի օղակներէն մէկը։

1955 թուականին բուժքրոջ դէմքով Գերմանիոյ մէջ դրոշմաթուղթ տպագրուած է:

Ռուսական «Հուկօ Ուկօ» խումբը ամենանշանաւոր բուժքրոջ 1990-ին նուիրած է «Ֆլորանս Նայթինկէյլ» երգը:

Անգլիացի բուժքրոջ կերպարը ներկայացուած է նաեւ խելախօսներու համար ստեղծուած Fate/Grand խաղին մէջ, որպէս աղախին[10]։

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 2,2 2,3 2,4 Մակտյուտոր մաթեմատիկայի պատմության արխիվ — 1994.
  3. 3,0 3,1 3,2 3,3 3,4 Selanders L. Encyclopædia Britannica
  4. 4,0 4,1 4,2 4,3 4,4 4,5 Найтингейл Флоренс // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохоров — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1969.
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Oxford Dictionary of National Biography / C. MatthewOxford: OUP, 2004.
  6. 6,0 6,1 6,2 6,3 6,4 Kindred Britain
  7. 7,0 7,1 7,2 Lundy D. R. The Peerage
  8. The Crimean War and the British Army Hospitals in Scutari, Turkey
  9. «Medals and Badges: Florence Nightingale Medal»։ British Red Cross (անգլերէն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ -ին 
  10. ««ՋԱՀՈՎ ԿԻՆԸ»»։ Hairenik Weekly Newspaper (en-US)։ 2020-05-12։ արտագրուած է՝ 2022-02-28