Տիգրան Դեւոյեանց
Տիգրան Դեւոյեանց | |
---|---|
| |
Ծնած է | 1894 |
Ծննդավայր | Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1962 |
Մահուան վայր | Պելճիքա |
Քաղաքացիութիւն |
Ռուսական Կայսրութիւն Խորհրդային Միութիւն |
Մասնագիտութիւն | Հետախոյզ |
Տիգրան Դեւոյեանց (1894, Երեւան, Ռուսական Կայսրութիւն - 1962, Պելճիքա), հայ ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան բանակի ռազմական հետախուզութեան ղեկավար[1], ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դեւոյեանց ծնած է Երեւան: 1903-ին ռուսական միջնակարգ դպրոցի աշակերտ եղած է: Ուսման ընթացքին մասնակցած է ցարական իշխանութիւններու կողմէ հայ եկեղեցւոյ ունեցուածքը բռնագրաւելու եւ հայկական դպրոցները փակելու դէմ սկսուած աշակերտական ընդվզումներուն եւ այդ պատճառով հեռացուած է դպրոցէն ու փախած` Թիֆլիս: Իր փոխարէն` ձերբակալուած է եղբայրը:
1906-ին փորձած է կիսատ ձգած ուսումը շարունակել Թիֆլիսի առեւտրական դպրոցին մէջ, սակայն դպրոցական վարչութեան կողմէ բացասական վերաբերմունքի հանդիպած է եւ այդ պատճառով ալ մեկնած է Երեւան, ուր ընդունուած է Երեւանի ուսումնարան եւ յաջողութեամբ աւարտած է զայն:
Տ. Դեւոյեանց, հայերէնի եւ ռուսերէնի կողքին, տիրապետած է նաեւ` ֆրանսերէնի, անգլերէնի, գերմաներէնի եւ թրքերէնի:
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մասնակցութիւնը հայ-թաթարական բախումներուն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1904-1905 թուականներուն կը մասնակցի հայ-թաթարական ընդհարումներուն: Դեւոյեանց Թիֆլիսի` Շէյթան պազարի շրջանին մէջ 12 հոգինոց մարտական խումբով սատար հանդիսացած է տեղւոյն հայ ազգաբնակչութեան ինքնապաշտպանութեան:
Դեւոյեանց իր դասընկեր Դրոյի հետ միասին ստեղծած է աշակերտական մարտական խումբ մը` 9-10 հոգիէ բաղկացած:
Այնուհետեւ ընդունուած է Թոմսքի համալսարանի լեռնային ճարտարագիտական բաժինը:
Ցարական իշխանութեան կողմէ թափ առած հայկական կուսակցութիւններու եւ առհասարակ հայ յեղափոխականներու նկատմամբ հալածանքներու ընթացքին (1907-1912 տարիներուն) Տ. Դեւոյեանց կրկին ձերբակալուած է:
1910-ին Երեւանի ՀՅ Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի աջակցութեամբ Դեւոյեանց փախած է բանտէն եւ մեկնած` Թաւրիզ: Պայազիտէն Թաւրիզ տանող ճանապարհին ան շարք մը ծածկանուններ օգտագործած է` Յակոբ Յակոբեան, Աշոտ Յովսէփեան եւ այլն: Այստեղ Դեւոյեանց ռուսերէն, երկրաչափութիւն եւ հանրահաշիւ դասաւանդած է Հայոց կեդրոնական դպրոցին մէջ: Ապրելով Նիկոլ Դումանի քով` ան մասնակցած է Դումանի խումբի աշխատանքներուն:
Դեւոյեանց շուրջ 9 տարի թղթակցած է «Պաքու» եւ «Կավկազսկի թելեկրաֆ» թերթերուն: Իր հեղինակած նիւթերը ան ստորագրած էր «Տիգր Տէօ», «Օմեկա» եւ «Աշոտ» կեղծանուններով, իսկ «Ալֆա» կեղծանունով թղթակցած էր ռուս սոցիալիստ-յեղափոխականներու «Զնամիա թրուտա» եւ Թաւրիզի «Առաւօտ» թերթերուն:
Թաւրիզի մէջ եւս դժուարութիւններ յառաջած են. Դեւոյեանց ձեռք բերելով տաճկական հիւպատոսարանի վկայական` Յակոբ Յակոբեան ծածկանունով, այլ դաշնակցականներու հետ Տիլմանի վրայով մտած է Վանայ լիճի շրջան:
1913-ի գարնան Տ. Դեւոյեանց կը գտնուէր Կ. Պոլիս: Տեսուչի պաշտօնը ստանձնելու համար Դեւոյեանց յանձնած է համապատասխան քննութիւն եւ ստացած է «Ուսողութեան մասնագէտ» տիտղոսը: Իսկ Սեպտեմբերին արդէն Օրտու քաղաք է, ուր ստանձնած է ազգային երկու դպրոցներու տնօրինութիւնը: Այդ ժամանակամիջոցին ան շարունակած է աշխատակցիլ շարք մը ռուսական թերթերու[2]:
Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տ. Դեւոյեանց 1917-ին Պաթումի ճանապարհին շարունակած է հայթայթել տարաբնոյթ նիւթեր` թրքական զօրահաւաքի, ինչպէս նաեւ Սամսոնի, Օրտուի, Տրապիզոնի, Ռիզէի իրադարձութիւններուն մասին, միւս կողմէ` նաեւ իրեն հետ վերցուցած է Մակու-Թաւրիզ-Վան-Պայազիտ-Էրզրում-Տրապիզոն-Կ. Պոլիս ճամբորդութեան մասին յուշագրութիւնը` ռուսական բանակի հետախուզական մարմիններուն ներկայացնելու համար:
Վերոնշեալ մարմինին հրահանգով Իգտիրի մէջ ստեղծուած է հայկական սպայակոյտ, ուր Դեւոյեանց ռուսական զինուորական իշխանութիւններուն հետ յարաբերութիւններ կարգաւորողն էր, աւելի ճիշդ` Դեւոյեանց զօր. Օկանովսկիի գլխաւորած 4-րդ զօրաբանակի հետախուզական բաժնի վարիչ էր:
Դեւոյեանց թրքական ուժերու մասին Իգտիրի հայկական սպայակոյտին միջոցով ձեռք բերած արժէքաւոր տեղեկութիւնները հաղորդած է Պ. Օկանովսկիին գլխաւորած զօրաբանակի հետախուզական բաժնի պետ` գլխապետ Վլատիմիր Օկոլին:
Յաճախելով սպայական դասընթացներուն` Դեւոյեանց գիտելիքներ կը ստանայ հետախուզական գործի կազմակերպումի մասին: Ստացուած արդիւնքներուն մասին զեկուցագրերը ներկայացուած էին գնդապետ Տանիէլ Տրացենքոյին, Ազգային բիւրոյին եւ ՀՅԴ Բիւրոյին:
Այնուհետեւ Դեւոյեանց Կովկասեան բանակի հրամանատարութեան կողմէ գործուղուած է Էրզրում` հետախուզութեան, ապա` Երզնկա:
Այնուհետեւ, Տիգրան Դեւոյեանցը` իբրեւ փորձառու հետախոյզ, մասնակցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ արդէն հետախուզական ծառայութեան ձեւաւորման բարդ, հակասական եւ չափազանց դժուարին գործառոյթներուն` դառնալով նորաստեղծ զինուորական նախարարութեան գլխաւոր սպայակոյտի հետախուզական եւ հակահետախուզական բաժանմունքի պետերէն մէկը, ծաւալած է հայրենանպաստ գործունէութիւն: 1918 Մայիսին, երկաթուղիով Վրաստանի Հանրապետութեան տարածքով անցնելու ժամանակ, Տ. Դեւոյեանց անակնկալօրէն ձերբակալուած է: Բանտ տարուած ճանապարհին Դեւոյեանց հասած է ոչնչացնել շարք մը կարեւոր, ծածկագրուած թուղթեր, որոնք կրնային դիւանագիտական բարդութիւններ յառաջացնել Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն համար: Զայն տարած են Մետեխի բանտ:
Դեւոյեանց բանտէն փախուստ տուած է իր մերձաւորներէն` Ասիայի հետ օգտագործելով կեղծ փաստաթուղթեր:
Հետախուզական գործունէութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակաշրջանին Տիգրան Դեւոյեանց իրականացուցած է հետախուզական աշխուժ գործունէութիւններ Վան-Մուշ-Պիթլիս շրջանին մէջ, իսկ 1919-ի վերջը եւ 1920-ի սկիզբը յայտնուած է Կ. Պոլիս, ուր կազմակերպուած է հետախուզական խումբ` հայթայթելով Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային-պետական անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէ արժէքաւոր տեղեկութիւններ թրքական զինուժի թուաքանակին եւ նախապատրաստութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայկական սահմանի ողջ երկայնքով թրքական զօրքերու տեղաբաշխումին մասին:
Տ. Դեւոյեանց կեանքի վերջին շրջանը անցուցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր հրապարակած է յուշագրութիւն մը` իր հետախուզական գործունէութեան մասին:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Պատմութիւն»։ www.sns.am (Արեւելահայերէն)։ արտագրուած է՝ 2020-10-22
- ↑ «|Page 243, Chan:52847176 |RSSing.com"»։ aztag19.rssing.com։ արտագրուած է՝ 2020-10-22
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ՄՈՌԱՑՒԱԾ ԴԷՄՔԵՐ։
- Տիգրան Դեւոյեանցի հետախուզական գործունէութիւնը /Վանիկ Վիրաբեան, Երեւան, ԵՊՀ հրատ., 2018, 152 էջ Archived 2019-02-15 at the Wayback Machine.։
- Կեանքիս դրուագներից, Տիկրան Դեւոյեանց, «Հայրենիք», էջ 84-85, Մարտ-Ապլիլ (1945)։