Տէր Զօր Քաղաք

Տէր Զօր (քաղաք), (արաբերէն՝ دير الزور), Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Վարչական կեդրոնը: Եփրատի ափին գտնուելու շնորհիւ, բնակչութիւնը Եփրատի ջուրերը կ'օգտագործէ, արտերը ոռոգելու, որ առիթ կ'ընծայէ բնակչութեան՝ զբաղելու ոռոգովի երկրագործութեամբ։

Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի այնպիսի վայրի մը մէջ, ուրկէ զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս անուանումը տրուած է օսմանեան պետութեան օրով, երբ շրջանը Հալէպէն կանջատուի, 1865-ին:

Հռոմէական ժամանակաշրջանին Եփրատ գետին վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»:

Անուանումին զանազան բացատրութիւնները կը յանգին այն եզրակացութեան, թէ «Տէր Զօր» բառը երեւան եկած է ԺԹ. դարուն:

Տէր Զօրի Բնակչութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տէր Զօրի բնակչութիւնը հիմնականօրէն կը սերի արաբական հետեւեալ տոհմերէն.

–  Պակկարա, կը բաժնուի երեք ցեղախումբերու` ապիտ, պուսըլթան, ապետ եւ ըկետաթ:

Աշխարհագրական-ընկերային շարք մը ուսումնասիրութիւններու մէջ հայերու ներկայութիւնը չէ յիշատակուած, այլ յիշուած է, որ բնակչութիւնը կազմուած է բացարձակապէս արաբներէ. շրջանին բնակիչներուն կազմութիւնը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով.

– Արաբ ցեղերէ, որ վերջին չորս դարերու ընթացքին կազմաւորուած են եւ հոն հաստատուած` ԺԹ. դարու վերջաւորութեան: Կը զբաղին հողագործութեամբ կամ անասնաբուծութեամբ, եւ հին արաբներէ, որոնք հաստատուած են պատմական քաղաքներուն մէջ[1]:

Պատմական Իրադարձութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • 272-ին, Զենուպիա թագուհին Փալմիրա (Թըտմոր) քաղաքը ձգելով` կ'ուղղուի դէպի Եփրատ, ուր կը հասնի «Տէր» կոչուած վայր մը` Եփրատի եզերքին: Գետը անցնելու համար նաւակ նստելու պահուն կը ձերբակալուի: Այս տեղեկութիւնը կը համարուի Տէր Զօրի մասին հնագոյն յիշատակումը[2]:
  • 636-ին, արաբական տիրապետութեան ատեն, արաբ աշիրեթները կը յաջողին արաբները ազատել հռոմէացիներու եւ պարսիկներու բռնութենէն:
  • 640-ին իսլամական կրօնը Տէր Զօր մուտք կը գործէ խալիֆա Օմար պըն Ապի Խաթթապի օրով, եւ այդպէս արաբները կը գիտակցին Տէր Զօրի աշխարհագրական, ռազմական եւ տնտեսական կարեւորութեան:
  • 786-ին խալիֆա Հարուն Ալ Ռաշիտ Տէր Զօրէն կ'անցնի դէպի Ռագգա եւ զայն կը դարձնէ իր ամրոցը:
  • 1696-ին յիսուսեան հայր Ժաքոպ Ֆիլիոփ կ'այցելէ Տէր Զօր:
  • 1864-ին օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր: Արաբները կը դիմադրեն: Օսմանցիները, երբ կը կազմեն իրենց վարչական երկրորդ բարենորոգումները, Տէր Զօր կը դառնայ սանճագ:
  • Տէր Զօր կը տարածուէր Անայի սահմաններէն մինչեւ Մեսքէնէ, որուն կը պատկանէր Փալմիրան` մինչեւ Նըսեպին (Մծբին):
  • 1864-ին առեւտրական առաջին շուկան «Սուք Պերեճիկ» անունը կը ստանայ` ի յիշատակ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայաբնակ Պերեճիկ գիւղէն բերուած ապրանքներուն:
  • 1865-ին Տէր Զօր կը դառնայ գայմագամութիւն, որ կապուած էր ուղղակիօրէն Բարձր Դրան: Խալիլ Սաքեպ Օրֆալլի Տէր Զօրի գայմագամ կը նշանակուի:
  • 1865-ին կը հիմնուի զինուորական առաջին զօրանոցը:
  • 1866-ին Եփրատի եզերքը գտնուող հովիտները կը բաժնուին աշիրեթներու միջեւ:
  • 1868-ին Տէր Զօր կը դառնայ գաւառ (մութասարիֆիէ), կ'անջատուի Հալէպէն եւ ուղղակի կը կապուի Պոլսոյ:
  • 1868-ին Տէր Զօրի կառավարիչ (մութասարեֆ) կը նշանակուի Արսլան փաշան:
  • 1868-ին Տէր Աթիքի մէջ կը կառուցուի Կառավարութեան տունը (կամ` Կառավարութեան պալատը):
  • 1870-ին Տէր Զօր գաւառ ըլլալէ կը դադրի եւ կը կապուի Հալէպի:
  • 1870-ին Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ (սանճագ)` կապուած Պոլսոյ:
  • 1876-ին Տէր Զօր կրկին կը կապուի Հալէպի:
  • 1878-ին անգլիացի արեւելագէտ լէյտի Անն Պլենթի կ'այցելէ Տէր Զօր, ձիեր գնելու նպատակով:
  • 1881-ին Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը դառնայ անկախ գաւառ:
  • 1882-ին կը կատարուի առաջին մարդահամարը: Բնակչութեան թիւը կ'ըլլայ 5 հազար: Քաղաքը կը բաժնուի չորս թաղամասերու. «Ապտուլ Ազիզ», «Ուասաթ» (մէջտեղ), «Ժամէ Քապիր» (մեծ մզկիթ), «Ղարպ» (արեւմուտք):
  • 1893-ին սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անունով «Համիտիէ» թերթը կը հրատարակուի:
  • 1904-ին Մեծ կամուրջին հիմքերը կը զետեղուին:
  • 1905-ին Հին կամ Փոքր կամուրջը կը կառուցուի:
  • 1911-ին Փալմիրան կ'անջատուի Տէր Զօրէն:
  • 1916-ին` համաճարակներ:
  • 1918-ին կը հիմնուի «Չէօլ» թերթը` Ապտիւլ Քատեր բեկի օրով:
  • 1918-ին Ռագգան կ'անջատուի Հալէպէն եւ կրկին կը կապուի Տէր Զօրի:
  • 1924-ին Տէր Զօր կ'անջատուի Հալէպէն եւ կը միանայ Դամասկոսի` Սուրիական ազգային կառավարութիւնը կազմելու:
  • 1932-ին ֆրանսացի զօրավար Տը Կոլ կ'այցելէ Տէր Զօր` իբրեւ գնդապետի տեղակալ:
  • 1936-ին կը հիմնուի Ահմատ Մուսթաֆայի «Ֆուրաթ» անունով առաջին տպարանը:

Տէր Զօրի ապստամբութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Տէր Զօրի մէջ պատմական իրադարձութիւններէն կը համարուին ապստամբութիւնները: Տէր Զօրի առաջին ապստամբութիւնը տեղի կ'ունենայ 1864-ին: Օսմանեան բանակը կը հասնի Տէր Զօր, ուր տեղի կ'ունենայ ժողովրդային դիմադրութիւն: Օսմանցիները տուրքեր կը պարտադրեն եւ տղամարդիկը կը ձերբակալեն:
  • Տէր Զօրի երկրորդ ապստամբութիւնը տեղի կ'ունենայ 1871-1874 թուականներուն: Կառավարիչ Օմար փաշայի օրով կը պարտադրուին տուրքեր, տեղի կ'ունենան թալան եւ ջարդեր, շատեր կը բանտարկուին:
  • 1889-ին տեղի կ'ունենայ արեւելեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն ընթացքին կը կատարուին բերքերու թալանում եւ ունեցուածքներու գրաւում:
  • 1895-ին տեղի կ'ունենայ արեւմտեան Տէր Զօրի ապստամբութիւնը, որուն պատճառով տեղի կ'ունենան բանտարկութիւններ եւ տուրքի գանձում:
  • 1913-ին կը հիմնուի «Ահըտ Ֆուրաթի» կազմակերպութիւնը, որմէ ետք ան կը դառնայ «Ահըտ» կազմակերպութեան կորիզը:
  • 1914-1918 տարիներուն թուրքերու դէմ ապստամբութիւններուն տեղի կ'ունենան անհատական եւ հաւաքական դիմադրութիւններ: Այդ ապստամբութիւններուն հերոսներն էին` Ռամատան Շլաշ, Մոհամետ Ֆուրաթի եւ ուրիշներ:
  • 1918-ին Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը զինուորական ուժ եւ կառավարիչ սպայ մը կ'ուղարկէ, որպէսզի ռազմական-վարչական գործերը կատարուին Սայքս Փիքոյի համաձայնութեան ծրագիրին հիման վրայ:
  • Ռամատան Շլաշի զբաղեցուցած է զինուորական պաշտօններ, իսկ 1919-ին եղած է Ռագգայի զինուորական կառավարիչը:
  • Տէր Զօրի մէջ Շլաշի ապստամբութիւնը ծանօթ է իբրեւ այդ ժամանակաշրջանի քաղաքական եւ ռազմական ամէնէն կարեւոր ապստամբութիւններէն մէկը, քանի որ քաղաքական տեսանկիւնէն Տէր Զօրը կը դարձնէ կեդրոն եւ կ'ըլլայ մեկնակէտը Իրաքի ապստամբութեան, իսկ ռազմական տեսանկիւնէն` կը վտարէ անգլիացիները եւ կ'ազատագրէ Տէր Զօրը:

Ցեղախումբերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ցեղախումբերու տեսակները կարելի է սահմանել հետեւեալ ձեւով. ուղտապան աշիրեթներ (շրջող պետեւիներ), խաշնարած աշիրեթներ եւ նստակեաց աշիրեթներ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]